Առակաց

by Bishop Krikor Chiftjian on November 3, 2025

ԱՌԱԿԱՑ 1

ԱՌԱԿՆԵՐՈՒՆ ԱՐԺԷՔԸ
1Իսրայէլի թագաւորին Դաւիթին որդիին Սողոմոնին առակները.-
2Իմաստութիւնն ու խրատը գիտնալու համար,
Հանճարին խօսքերը հասկնալու համար,
3Իմաստութեան կրկնութիւնը ընդունելու համար,
Այսինքն՝ արդարութիւնը, դատաստանը եւ ուղղութիւնը՝
4Միամիտներուն սրամտութիւն տալու համար
Ու երիտասարդներուն՝ գիտութիւն եւ հանճար։
5Իմաստունը թող լսէ ու իր իմաստութիւնը աւելցնէ
Ու հանճարեղ մարդը խոհեմութիւն ստանայ։
6Առակն ու նմանութիւնը հասկնալու համար,
Նաեւ իմաստուններուն խօսքերը ու անոնց խրթնաբանութիւնները։
ԽՐԱՏ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԻՆ
7Իմաստութեան սկիզբը Տէրոջը վախն է,
Բայց յիմարները իմաստութիւնն ու կրթութիւնը կ’անարգեն։
8Որդեա՛կ իմ, քու հօրդ խրատին մտի՛կ ըրէ
Ու քու մօրդ օրէնքը մի՛ մերժեր.
9Քանզի անոնք քու գլխուդ՝ շնորհաց պսակ
Եւ քու պարանոցիդ մանեակներ պիտի ըլլան։
10Որդեա՛կ իմ, եթէ մեղաւորները քեզ գլխէ հանել ուզեն,
Դուն անոնց հաւանութիւն մի՛ տար։
11Եթէ ըսեն. «Մեզի հետ եկո՛ւր,
Արեան համար դարանամուտ ըլլա՛նք,
Անմեղ մարդուն համար առանց պատճառի ծածուկ տեղ սպասենք,
12Գերեզմանի պէս զանոնք ողջ ողջ
Գուբը իջնողներուն նման կլլենք.
13Ամէն տեսակ պատուական ստացուածք գտնենք
Ու մեր տուները աւարով լեցնենք,
14Քու վիճակդ մեր մէջ ձգէ,
Ամէնքս մէկ քսակ ունենանք»։
15Որդեա՛կ իմ, անոնց հետ ճամբայ մի՛ երթար,
Անոնց շաւիղէն քու ոտքերդ հեռո՛ւ պահէ.
16Քանզի անոնց ոտքերը դէպի չարութիւն կը վազեն
Եւ արիւն թափելու կ’արտորան։
17Արդարեւ ոեւէ թռչունի աչքերուն առջեւ
Պարապ տեղ վարմեր կը լարուին.
18Բայց անոնք իրենց արեանը համար դարան կը մտնեն
Ու իրենց կեանքին համար ծածուկ տեղ կը սպասեն։
19Ամէն ագահի ճամբաները այսպէս են։
Ագահութիւնը իրեն անձնատուր եղողները կը մեռցնէ։
ԻՄԱՍՏՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ԿԱՆՉԷ
20Իմաստութիւնը դուրսը բարձրաձայն կ’աղաղակէ
Ու հրապարակներու մէջ իր ձայնը կու տայ։
21Անիկա բազմութիւն եղած տեղերուն գլուխը
Եւ դռներուն մուտքերուն մէջ կ’աղաղակէ
Ու քաղաքին մէջ իր խօսքերը կ’ըսէ.
22«Ո՛վ անմիտներ, մինչեւ ե՞րբ անմտութիւնը պիտի սիրէք,
Մինչեւ ե՞րբ ծաղր ընողները ծաղր ընելով պիտի զուարճանան
Ու յիմարները գիտութիւնը պիտի ատեն։
23Իմ յանդիմանութեանս դարձէ՛ք։
Ահա իմ Հոգիս ձեր վրայ պիտի թափեմ,
Իմ խօսքերս ձեզի պիտի հասկցնեմ։
24Որովհետեւ ես կանչեցի ու դուք չուզեցիք լսել.
Ձեռքս երկնցուցի ու մտիկ ընող չեղաւ։
25Հապա իմ բոլոր խրատներս մերժեցիք
Եւ իմ յանդիմանութիւնս չուզեցիք։
26Ես ալ ձեր թշուառութեանը վրայ պիտի ծիծաղիմ
Ու ձեր վախը հասնելուն՝ ծաղր պիտի ընեմ։
27Երբ ձեր վախը հեղեղի պէս հասնի,
Ձեր թշուառութիւնը մրրիկի պէս պատահի
Եւ ձեր վրայ նեղութիւն ու տառապանք գայ,
28Այն ատեն ինծի պիտի աղաղակեն ու պատասխան պիտի չտամ.
Զիս պիտի փնտռեն ու պիտի չկրնան գտնել.
29Որովհետեւ գիտութիւնը ատեցին
Ու Տէրոջը վախը չընտրեցին։
30Իմ խրատներս չուզեցին
Ու բոլոր յանդիմանութիւնս անարգեցին,
31Ուրեմն անոնք իրենց ճամբուն պտուղէն պիտի ուտեն
Ու իրենց խորհուրդներով պիտի կշտանան։
32Վասն զի անմիտներուն խոտորիլը զիրենք պիտի մեռցնէ
Եւ յիմարներուն անհոգութիւնը զիրենք պիտի կորսնցնէ։
33Բայց ինծի մտիկ ընողը ապահովութեամբ պիտի բնակի
Ու չարիքներու վախէն հանդարտ պիտի ըլլայ»։
 

Preacher: Bishop Krikor Chiftjian

{:en}Bishop Krikor Chiftjian{:}{:hy}Գերշ. Տ. Գրիգոր Եպս. Չիֆթճեան{:}