Գործք Առաքելոց 20
Համարներ: 1 I 2 I 3 I 4 I 5 I 6 I 7 I 8 I 9 I 10 I 11 I 12 I 13 I 14 I 15 I 16 I 17 I 18 I 19 I 20 I 21 I 22 I 23 I 24 I 25 I 26 I 27 I 28
Պօղոս Մակեդոնիա եւ Յունաստան կ՚երթայ
¹ Խռովութիւնը հանդարտելէն ետք, Պօղոս Տիրոջ աշակերտածները կանչեց, յորդորեց զիրենք եւ հրաժեշտ առնելէ ետք՝ ելաւ Մակեդոնիա գնաց։ ² Իսկ այդ կողմերը շրջելէ եւ բազմաթիւ հանդիպումներով զանոնք յորդորելէ ետք՝ եկաւ Յունաստան։
³ Երեք ամիս հոն մնալէ ետք, երբ կ՚ուզէր նաւով Սուրիա երթալ՝ Հրեաները իրեն դէմ դաւ մը նիւթեցին։ Ուստի որոշեց Մակեդոնիայի վրայով վերադառնալ։ ⁴ Իրեն կ՚ընկերանային՝ Բերիացի Պիռոսի որդի Սոպատրոսը, Թեսաղոնիկեցի Արիստարքոսն ու Սեկունդոսը, Դերբեցի Գայիոսը, Տիմոթէոսը եւ Ասիացի Տիքիկոսն ու Տրոֆիմոսը։ ⁵ Ասոնք մեզմէ առաջ գացին եւ Տրովադայի մէջ մեզի կը սպասէին։ ⁶ Իսկ մենք Բաղարջակերաց տօնի օրերը Փիլիպպէի մէջ անցուցինք, եւ ապա հոնկէ նաւ առնելով՝ հինգ օրէն իրենց միացանք Տրովադայի մէջ, ուր մնացինք եօթը օր։
Հրաժեշտի երեկոյ Տրովադայի մէջ
⁷ Շաբաթ իրիկուն, մինչ հաւաքուած էինք հացը բեկանելու համար, Պօղոս խօսեցաւ անոնց, որովհետեւ յաջորդ օր պիտի մեկնէր, եւ քարոզութիւնը երկարեց մինչեւ կէս գիշեր։ ⁸ Բազմաթիւ լապտերներ կը լուսաւորէին այն վերնատունը, ուր հաւաքուած էինք։ ⁹ Եւտիքոս անունով երիտասարդ տղայ մը պատուհանին մէջ նստած էր. երբ Պօղոս խօսքը երկարեց, Եւտիքոս հետզհետէ խոր քունի անցաւ եւ քունով տարուած՝ երրորդ յարկէն վար ինկաւ, եւ մեռած վերցուցին։ ¹⁰ Պօղոս վար իջնելով՝ հակեցաւ անոր վրայ, զայն գրկեց եւ ըսաւ.
–Ողբ ու կոծ մի՛ ընէք. հոգին վրան է։
¹¹ Յետոյ վեր ելաւ, եւ հացը կտրելէ ու ճաշակելէ ետք՝ դեռ երկար խօսեցաւ անոնց, մինչեւ լուսաբաց, եւ ապա ելաւ գնաց։ ¹² Իսկ պատանին ողջամբ տուն տարին, եւ անչափօրէն մխիթարուեցան։
Տրովադայէն դէպի Միլետոս
¹³ Իսկ մենք նաւ մտնելով՝ ճամբայ ելանք դէպի Ասսոս, ուր դարձեալ մեզի հետ պիտի առնէինք Պօղոսը։ Որովհետեւ այնպէս կարգադրած էր՝ որ ինք քալելով երթայ։ ¹⁴ Երբ Ասսոսի մէջ մեզ գտաւ, զինք նաւ առինք եւ եկանք Միտիլինէ, ¹⁵ ուրկէ շարունակելով՝ յաջորդ օրը Քիոսի քովէն անցանք, իսկ միւս օրը Սամոսը անցնելով՝ գիշերը Տրոգիլիոն մնացինք, եւ յաջորդ օր եկանք Միլետոս։ ¹⁶ Արդարեւ Պօղոս որոշած էր Եփեսոս չհանդիպիլ, որպէսզի Ասիա նահանգին մէջ ժամանակ չկորսնցնէ, որովհետեւ կ՚աճապարէր՝ Պենտէկոստէի օրը Երուսաղէմ ըլլալու համար, եթէ կարենար։
Հրաժեշտի խօսք Եփեսոսի երէցներուն
¹⁷ Միլետոսէն Պօղոս լուր ղրկեց Եփեսոս եւ եկեղեցւոյ երէցները իր քով կանչեց։ ¹⁸ Երբ անոնք եկան, ըսաւ անոնց.
–Դուք անձամբ գիտէք, թէ Ասիա գալուս առաջին օրէն ի վեր ի՛նչպէս վարուեցայ ձեզի հետ, ամբողջ այս ժամանակամիջոցին։ ¹⁹ Ամենայն խոնարհութեամբ եւ յաճախ արցունքով ծառայեցի Տիրոջ, Հրեաներուն նիւթած բոլոր փորձութիւնները կրելով։ ²⁰ Գիտէք, թէ բնաւ չքաշուեցայ ձեզմէ, օգտակար բաներու մասին խօսեցայ եւ սորվեցուցի ձեզի, հրապարակաւ ըլլայ թէ տուներու մէջ։ ²¹ Թէ՛ Հրեաներուն եւ թէ՛՛ հեթանոսներուն տուի նոյն վկայութիւնը եւ պատգամը՝ ապաշխարութեամբ Աստուծոյ դառնալու եւ մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի հաւատալու։
²² Հիմա, ահաւասիկ, Սուրբ Հոգիին մղումով Երուսաղէմ կ՚երթամ։ Չեմ գիտեր թէ հոն ի՛նչ պիտի պատահի ինծի։ ²³ Միայն գիտեմ, թէ ամէն մէկ քաղաքի մէջ Սուրբ Հոգին կ՚ազդարարէ ինծի՝ ըսելով թէ բանտարկութիւն եւ նեղութիւն կը սպասեն ինծի։ ²⁴ Բայց հոգս չէ. ինծի համար կարեւորը կեանքս չէ, այլ՝ կ՚ուզեմ ուրախութեամբ իր վախճանին հասցնել սկսած գործս, այն պաշտօնը որ Տէր Յիսուս տուաւ ինծի՝ Աստուծոյ շնորհքը աւետարանելու։
²⁵ Հիմա գիտեմ, թէ այսուհետեւ պիտի չտեսնէք զիս։ Եկայ ձեզի բոլորիդ, շրջեցայ եւ Աստուծոյ արքայութիւնը քարոզեցի, ²⁶ եւ ահաւասիկ կը յայտարարեմ այսօր՝ թէ խիղճս հանդարտ է, ²⁷ որովհետեւ առանց քաշուելու յայտնեցի ձեզի Աստուծոյ կամքը։ ²⁸ Հսկեցէ՛ք ձեր անձերուն եւ ձեր ամբողջ հօտին, որուն տեսուչ կարգեց ձեզ Սուրբ Հոգին։ Հովուեցէ՛ք Տիրոջ եկեղեցին, որ ան իր արիւնով գնեց։ ²⁹ Որովհետեւ գիտեմ, թէ իմ մեկնումէս ետք յափշտակիչ գայլեր պիտի մտնեն ձեր մէջ, որոնք պիտի չխնայեն հօտին։ ³⁰ Ձեր մէջէն եւս պիտի ելլեն մարդիկ, որոնք սխալ բաներ պիտի ուսուցանեն, հաւատացեալները իրենց ետեւէն տանելու համար։ ³¹ Հետեւաբար արթո՛ւն եղէք, յիշեցէք թէ ի՛նչպէս երեք տարի անդադար, գիշեր ու ցերեկ, արցունքով խրատեցի իւրաքանչիւրդ։ ³² Եւ հիմա ձեզկը յանձնեմ Աստուծոյ եւ իր շնորհքի Աւետարանին, որ կրնայ ձեզ հոգեւորապէս աճեցնել եւ իր բոլոր սուրբերուն ժառանգակից դարձնել։ ³³ Ոեւէ մէկուն արծաթին, ոսկիին կամ հագուստին չցանկացի։ ³⁴ Դուք ինքնին գիտէք, թէ իմ այս ձեռքերովս շահեցայ եւ հոգացի թէ՛ իմ եւ թէ՛ ընկերակիցներուս պէտքերը։ ³⁵ Եւ կեանքիս օրինակով ցոյց տուի՝ թէ այսպէս պէտք է աշխատիլ եւ տկարներուն օգնել, յիշելով այն խօսքը որ Տէր Յիսուս ինք ըսաւ, թէ՝ «Աւելի երջանկաբեր է տալը, քան առնելը»։
³⁶ Իր խօսքը վերջացնելէ ետք, Պօղոս բոլորին հետ ծունկի եկաւ եւ աղօթեց։ ³⁷ Բոլորը սկսան լալ եւ Պօղոսի վիզին փաթթուելով կը համբուրէին զինք։ ³⁸ Կը մորմոքէին մանաւանդ անոր համար, որ կ՚ըսէր՝ թէ այլեւս զինք պիտի չտեսնեն։ Ապա անոր ընկերակցեցան մինչեւ նաւ։