ՄԱՏԹԷՈՍ 26

1 I 2 I 3 I 4 I 5 I 6 I 7 I 8 I 9 I 10 I 11 I 12 I 13 I 14 I 15 I 16 I 17 I 18 I 19 I 20 I 21 I 22 I 23 I 24 I 25 I 26 I 27 I 28

Դաւ Յիսուսի դէմ
(Մր 14.1-2Ղկ 22.1-2Յհ 11.45-53)

1Երբ Յիսուս այս բոլոր խօսքերը վերջացուց, իր աշակերտներուն ըսաւ.
– 2Ինչպէս գիտէք, երկու օրէն Զատիկ է եւ Մարդու Որդին պիտի մատնուի՝ խաչուելու համար։
3Այն ատեն աւագ քահանաները, Օրէնքի ուսուցիչները եւ ժողովուրդին երէցները հաւաքուեցան ապարանքը Քահանայապետին, որ Կայիափա կը կոչուէր, 4եւ որոշեցին Յիսուսը նենգութեամբ ձերբակալել եւ սպաննել։ Բայց կ՚ըսէին.
– 5Այս տօնի ժամանակ թող չըլլայ, որպէսզի ժողովուրդին մէջ խռովութիւն չծագի։

Յիսուսի օծումը Բեթանիայի մէջ
(Մր 14.3-9Յհ 12.1-8)

6Եւ երբ Յիսուս Բեթանիա կը գտնուէր, բորոտ Սիմոնի տան մէջ, 7իրեն մօտեցաւ կին մը, որ թանկագին իւղի շիշ մը ունէր, եւ իւղը թափեց Յիսուսի գլխուն, երբ անիկա սեղան բազմած էր։ 8Երբ աշակերտները ասիկա տեսան, բարկացան եւ ըսին.
– Ինչո՞ւ այդպէս վատնել անուշահոտը. 9կարելի էր զայն սուղ գինով ծախել եւ դրամը աղքատներուն տալ։
10Յիսուս գիտցաւ ինչ որ կ՚ըսեն եւ ըսաւ.
– Ինչո՞ւ կ՚անհանգստացնէք այդ կինը, քանի լաւ բան մը ըրաւ ինծի։ 11Աղքատները միշտ ձեզի հետ ունիք, բայց զիս միշտ ձեզի հետ չունիք։ 12Իմ մարմնիս վրայ այդ իւղը թափեց՝ իմ թաղումիս որպէս նշան։ 13Լա՛ւ գիտցէք, թէ աշխարհի վրայ ո՛ւր որ ալ Աւետարանը քարոզուի, մարդիկ իր ըրածին մասին պիտի խօսին եւ յիշեն զինք։

Յուդա կը համաձայնի Յիսուսը մատնել
(Մր 14.10-11Ղկ 22.3-6)

14Ապա տասներկու աշակերտներէն մէկը, որ Յուդա Իսկարիոտացի կը կոչուէր, գնաց աւագ քահանաներուն մօտ եւ ըսաւ.
– 15Ի՞նչ կուտաք ինծի, եթէ Յիսուսը յանձնեմ ձեզի։
Անոնք երեսուն արծաթ դահեկան հաշուեցին եւ տուին Յուդայի։ 16Անկէ ետք, անիկա յարմար առիթի մը կը սպասէր՝ Յիսուսը մատնելու համար։

Վերջին Ընթրիքը
(Մր 14.12-26Ղկ 22.7-28Յհ 13.21-30Ա.Կր 11.23-25)

17Բաղարջակերաց տօնին առաջին օրը աշակերտները մօտենալով Յիսուսի, ըսին.
– Ո՞ւր կ՚ուզես որ քեզի համար զատկական ընթրիքը պատրաստենք։
18Անիկա պատասխանեց.
– Քաղաք գացէք, այսինչ մարդուն մօտ, եւ ըսէք անոր. «Վարդապետը կ՚ըսէ՝ ժամանակս մօտեցած է. քու տունդ պիտի ուտեմ զատկական ընթրիքը, աշակերտներուս հետ»։
19Աշակերտները կատարեցին Յիսուսի հրահանգը եւ պատրաստեցին զատկական ընթրիքը։ 20Երեկոյեան, Յիսուս իր տասներկու աշակերտներուն հետ ընթրիքի նստաւ։ 21Մինչ անոնք կ՚ուտէին, Յիսուս ըսաւ.
– Կ՚ըսեմ ձեզի, որ ձեզմէ մէկը պիտի մատնէ զիս։
22Աշակերտները խռովքի մատնուեցան եւ իւրաքանչիւրը սկսաւ հարցնել իրեն.
– Տէ՛ր, միթէ ե՞ս եմ։
23Յիսուս պատասխանեց.
– Ան որ իր ձեռքը ինծի հետ պնակին երկնցուց՝ ան է մատնիչը։ Մարդու Որդին պիտի մեռնի, ինչպէս որ գրուած է Սուրբ գիրքերուն մէջ, բայց վա՜յ այն մարդուն, որուն ձեռքով Մարդու Որդին պիտի մատնուի։ Երանի՛ անիկա ծնած չըլլար։
25Յուդան, որ պիտի մատնէր զինք, հարցուց Յիսուսի.
– Վարդապե՛տ, միթէ ե՞ս եմ։
Յիսուս պատասխանեց.
– Ահա դո՛ւն ըսիր։
26Եւ մինչ անոնք կ՚ուտէին, Յիսուս հաց առաւ, օրհնեց, կտրեց եւ բաժնեց աշակերտներուն, ըսելով.
– Առէք, կերէք, ասիկա իմ մարմինս է։
27Ապա առաւ բաժակը, գոհութիւն յայտնեց Աստուծոյ եւ տուաւ իր աշակերտներուն, ըսելով.
– 28Բոլորդ խմեցէք ասկէ. ասիկա իմ արիւնս է, որով Աստուծոյ հետ նոր ուխտ կը կնքուի եւ որ շատերու համար կը թափուի՝ իրենց մեղքերու թողութեան համար։ 29Բայց նաեւ կ՚ըսեմ ձեզի.– Այլեւս այս գինիէն պիտի չխմեմ մինչեւ այն օրը, երբ ձեզի հետ պիտի խմեմ նոր գինին՝ իմ Հօրս արքայութեան մէջ։
30Ապա գոհաբանական սաղմոսներ երգելէ ետք ելան Ձիթենեաց լեռ։

Յիսուս Պետրոսի ուրանալը կը գուշակէ
(Մր 14.27-31Ղկ 22.31-34Յհ 13.36-38)

31Հոն Յիսուս ըսաւ անոնց.
– Այս գիշեր դուք բոլորդ ալ պիտի լքէք զիս, որովհետեւ Սուրբ գիրքը կ՚ըսէ. «Պիտի սպաննեմ հովիւը, եւ հօտին ոչխարները պիտի ցրուին»։ 32Բայց յարութիւն առնելէս ետք՝ ձեզմէ առաջ Գալիլեա պիտի երթամ։
33Պետրոս պատասխանեց.
– Նոյնիսկ եթէ բոլորը լքեն քեզ, ես պիտի չլքե՛մ։
34Յիսուս ըսաւ անոր.
– Կ՚ըսեմ քեզի, որ այս գիշեր աքաղաղը չկանչած՝ դուն երեք անգամ պիտի ուրանաս զիս։
35Պետրոս ըսաւ.
– Նոյնիսկ եթէ մեռնիլ պէտք ըլլայ քեզի համար, քեզ պիտի չուրանա՛մ։
Նոյնը կ՚ըսէին բոլոր աշակերտներն ալ։

Յիսուս Գեթսեմանիի մէջ
(Մր 14.32-42Ղկ 22.39-46)

36Ապա Յիսուս իր աշակերտներուն հետ եկաւ տեղ մը, որուն անունը Գեթսեմանի էր, եւ ըսաւ անոնց.
– Հոս նստեցէք, մինչեւ որ ես երթամ աղօթեմ։
37Եւ իր հետ առաւ Պետրոսը եւ Զեբեդէոսի երկու որդիները։ Տրտում էր ու կը տագնապէր։ 38Այն ատեն ըսաւ անոնց.
– Հոգիս մեռնելու աստիճան տրտում է. հոս կեցէք եւ ինծի հետ արթո՛ւն մնացէք։
39Ապա քիչ մը առաջ գնաց եւ երեսին վրայ գետին փռուելով աղօթեց, ըսելով.
– Հա՜յր իմ, եթէ կարելի է, այս բաժակը հեռացո՛ւր ինձմէ, բայց ո՛չ թէ ինչպէս որ ես կ՚ուզեմ, այլ ինչպէս որ դո՛ւն կ՚ուզես։
40Յետոյ վերադարձաւ երեք աշակերտներուն մօտ եւ զանոնք քնացած գտաւ։ Պետրոսի ըսաւ.
– Չկրցա՞ք ժամ մը արթուն մնալ ինծի հետ։ 41Արթուն մնացէք եւ աղօթեցէ՛ք, որպէսզի փորձութեան մէջ չիյնաք։ Հոգին յօժար կրնայ ըլլալ, բայց մարմինը տկար է։
42Կրկին, երկրորդ անգամ ըլլալով, Յիսուս գնաց աղօթելու եւ ըսաւ.
– Հա՜յր իմ, եթէ կարելի է՝ այս բաժակը թող հեռանայ ինձմէ, ապա թէ ոչ՝ պիտի խմեմ զայն. քու կամքդ թող ըլլայ։
43Վերադարձաւ եւ դարձեալ իր աշակերտները քնացած գտաւ. անոնց աչքերը չէին բացուեր։ 44Յիսուս դարձեալ ձգեց զիրենք ու գնաց եւ երրորդ անգամ աղօթեց՝ նոյն խօսքերը ըսելով։ 45Ապա վերադարձաւ իր աշակերտներուն մօտ եւ ըսաւ.
– Ասկէ ետք քնացէք եւ հանգստացէք. բայց ահա ժամը հասած է եւ Մարդու Որդին մեղաւոր մարդոց ձեռքը պիտի յանձնուի։ 46Ելէք երթա՛նք այստեղէն, որովհետեւ զիս մատնողը ահաւասիկ հասաւ։

Յիսուսի ձերբակալութիւնը
(Մր 14.43-50Ղկ 22.47-53Յհ 18.2-11)

47Տակաւին կը խօսէր, երբ ահա եկաւ Յուդան՝ տասներկու աշակերտներէն մէկը։ Իրեն հետ էր սուրերով եւ բիրերով զինուած մեծ ամբոխ մը՝ աւագ քահանաներուն եւ ժողովուրդի երէցներուն կողմէ ղրկուած։ 48Յիսուսը մատնողը անոնց նշան տուած էր, ըսելով.
– Ով որ համբուրեմ՝ անիկա է Յիսուսը, ձերբակալեցէ՛ք զայն։
49Յուդա շուտով մօտեցաւ Յիսուսի եւ ըսաւ.
– Ողջո՛յն, Վարդապե՛տ,– եւ համբուրեց զայն։
50Յիսուս ըսաւ անոր.
– Բարեկա՛մ, ասոր համա՞ր եկար։
Ապա մօտեցան, բռնեցին Յիսուսը եւ ձերբակալեցին։ 51Եւ ահա Յիսուսի հետ եղողներէն մէկը ձեռքը երկարեց եւ սուրը քաշելով՝ զարկաւ Քահանայապետին ծառային եւ անոր ականջը կտրեց։ 52Յիսուս ըսաւ անոր.
– Սուրդ տեղը դիր, որովհետեւ ո՛վ որ սուր կ՚առնէ՝ սուրով պիտի մեռնի։ 53Կը կարծես թէ չե՞մ կրնար Հօրս աղաչել, որ հիմա աւելի քան տասներկու գունդ հրեշտակ ղրկէ ինծի։ 54Սակայն ինչպէ՞ս պիտի իրականանան Սուրբ գիրքերուն մէջ գրուածները, թէ այսպէս պէտք է ըլլայ։
55Ապա Յիսուս ամբոխին դառնալով ըսաւ.
– Աւազա՞կ եմ որ այդպէս սուրերով եւ բիրերով վրաս կը յարձակիք՝ զիս ձերբակալելու համար։ Ամէն օր ձեզի հետ տաճարին մէջ կը նստէի եւ կ՚ուսուցանէի ու չձերբակալեցիք զիս։ 56Բայց այս բոլորը կը պատահին, որպէսզի Սուրբ գիրքերուն մէջ մարգարէներուն ըսածները իրականանան։
Այն ատեն աշակերտները բոլորն ալ ձգեցին զինք ու փախան։

Յիսուս Հրեաներու Ատեանին առջեւ
(Մր 14.53-65Ղկ 22.54-55,63-71Յհ 18.12-14,19-24)

57Անոնք ձերբակալեցին Յիսուսը եւ տարին Կայիափա Քահանայապետին տունը, ուր Օրէնքի ուսուցիչները եւ երէցները հաւաքուած էին։ 58Պետրոս հեռուէն կը հետեւէր Յիսուսի, մինչեւ Քահանայապետին տան գաւիթը, ուր մտնելով նստաւ սպասաւորներուն հետ՝ տեսնելու համար թէ վերջը ի՛նչ պիտի ըլլայ։ 59Մինչ այդ, աւագ քահանաները եւ ամբողջ Ատեանը կը ջանային Յիսուսի դէմ սուտ վկայութիւն գտնել, որպէսզի զայն սպաննեն։ 60Բայց չգտան, հակառակ անոր որ շատ մը սուտ վկաներ ալ եկան։ 61Ի վերջոյ՝ երկու սուտ վկաներ եկան եւ ըսին.
– Այս մարդը կ՚ըսէր. «Ես կրնամ Աստուծոյ տաճարը քանդել եւ երեք օրէն շինել զայն»։
62Քահանայապետը ոտքի ելաւ եւ հարցուց Յիսուսի.
– Քեզի դէմ եղած այս ամբաստանութիւններուն պատասխան մը պիտի չտա՞ս։
63Բայց Յիսուս լուռ կը մնար։ Քահանայապետը դարձեալ հարցուց Յիսուսի.
– Կենդանի Աստուծոյ անունով՝ ըսէ՛ մեզի թէ դո՞ւն ես Քրիստոսը, Աստուծոյ Որդին։
64Յիսուս պատասխանեց.
– Դո՛ւն կ՚ըսես։ Բայց կ՚ըսեմ ձեզի.– Ասկէ ետք պիտի տեսնէք Մարդու Որդին՝ ամենազօր Աստուծոյ աջ կողմը նստած. եւ պիտի տեսնէք որ կու գայ երկինքի ամպերուն մէջէն։
65Ասոր վրայ Քահանայապետը իր վերարկուն պատռեց եւ ըսաւ.
– Հայհոյեց. ալ ի՞նչ պէտք ունինք վկաներու. ահա հիմա լսեցինք ըրած հայհոյութիւնը66Ի՞նչ կը մտածէք։
Անոնք պատասխանեցին.
– Մահապարտ է։
67Ապա սկսան թքնել անոր երեսին եւ ծեծեցին զայն. ոմանք կ՚ապտակէին զինք ու կը հարցնէին.
– 68Քրիստո՛ս, գիտցի՛ր, ո՞վ է քեզի զարնողը։

Պետրոս կ՚ուրանայ Յիսուսը
(Մր 14.66-72Ղկ 22.56-62Յհ 18.15-18,25-27)

69Մինչ Պետրոս դուրսը գաւիթին մէջ նստած էր, աղախին մը մօտեցաւ եւ ըսաւ.
– Դուն ալ Գալիլեացի Յիսուսին հետ էիր։
70Պետրոս բոլորին դիմաց ուրացաւ եւ ըսաւ.
– Չե՛մ գիտեր թէ ի՛նչ բանի մասին կը խօսիս։
71Երբ գաւիթէն դուրս կ՚ելլէր, դրան առջեւ ուրիշ կին մը տեսաւ զինք եւ հոն եղողներուն ըսաւ.
– Ասիկա ալ Նազովրեցի Յիսուսին հետ էր։
72Պետրոս դարձեալ ուրացաւ եւ ըսաւ.
– Կ՚երդնում որ չեմ ճանչնար այդ մարդը։
73Քիչ ետք հոն գտնուողները մօտեցան եւ ըսին Պետրոսի.
– Իրապէս որ դուն ալ անոնցմէ ես, քանի խօսակցութեանդ շեշտը քեզ կը մատնէ։
74Պետրոս ինքզինք անիծելով՝ սկսաւ երդում ընել եւ ըսել.
– Այդ մարդը չեմ ճանչնար։
Եւ նոյն պահուն աքաղաղը կանչեց։ 75Պետրոս յիշեց Յիսուսի խօսքը, թէ «Տակաւին աքաղաղը չկանչած՝ երեք անգամ պիտի ուրանաս զիս»։ Եւ դուրս ելլելով՝ լացաւ դառնագին։