ՄԱՐԿՈՍ 2

Յիսուս անդամալոյծ մը կը բժշկէ
(Մտ 9.1-8Ղկ 5.17-26)

1Քանի մը օրեր ետք Յիսուս վերադարձաւ Կափառնաում։ Անմիջապէս որ լուր տարածուեցաւ թէ տան մէջ կը գտնուի, 2շատեր հաւաքուեցան հոն, այնքան՝ որ դրան առջեւ իսկ տեղ չէր մնացած։ Եւ Յիսուս Աստուծոյ խօսքը կը քարոզէր անոնց։
3Այդ միջոցին Յիսուսի բերին անդամալոյծ մը, որ չորս հոգիներ շալկած էին։ 4Երբ բազմութեան պատճառով չկրցան զայն Յիսուսի մօտ բերել, քակեցին տունին տանիքը եւ առաստաղը բանալով՝ անդամալոյծը մահիճով վար իջեցուցին։ 5Յիսուս անոնց հաւատքը տեսնելով, ըսաւ անդամալոյծին.
– Որդեա՜կ, մեղքերդ ներուա՛ծ ըլլան քեզի։
6Օրէնքի ուսուցիչներէն ոմանք, որոնք հոն նստած էին, սկսան մտովի քննադատել զայն. 7«Ինչպէ՞ս կը համարձակի ասանկ բան ըսել. ըրածը հայհոյութիւն է։ Աստուծմէ զատ ո՞վ կրնայ մեղքերը ներել»։
8Յիսուս վայրկեանին գիտցաւ անոնց մտածումը եւ ըսաւ.
– Ինչո՞ւ այդպէս կը մտածէք։ 9Ո՞ր մէկը դիւրին է. անդամալոյծին՝ «Մեղքերդ ներուած են քեզի» ըսե՞լը, թէ՝ «Ել՛, մահիճդ առ եւ տո՛ւնդ գնա» ըսելը։ 10Բայց պէտք է գիտնաք, թէ Մարդու Որդին երկրի վրայ իշխանութիւն ունի մեղքերը ներելու։
11Ու դառնալով անդամալոյծին, ըսաւ.
– Քեզի կ՚ըսեմ, ե՛լ, ա՛ռ մահիճդ եւ տունդ գնա։
12Անդամալոյծը անմիջապէս բոլորին դիմաց ոտքի ելաւ, վերցուց իր մահիճը եւ դուրս ելաւ։ Բոլորն ալ զարմացան. կը փառաւորէին զԱստուած եւ կ՚ըսէին.
– Այսպիսի բան բնաւ տեսած չէինք։

Յիսուս կը կանչէ Ղեւին

(Մտ 9.9-13Ղկ 5.27-32)

13Յիսուս կրկին Գալիլեայի լիճին եզերքը գնաց։ Ամբողջ ժողովուրդը իրեն կու գար եւ ինք անոնց կ՚ուսուցանէր։ 14Մինչ կ՚երթար, տեսաւ Ալփէոսի որդին՝ Ղեւին, որ մաքս գանձելու նստած էր, եւ ըսաւ անոր.
– Հետեւէ՛ ինծի։
Ղեւի ելաւ եւ անոր հետեւեցաւ։ 15Ապա Յիսուս ճաշի նստաւ անոր տան մէջ, ուր շատ մը մաքսաւորներ եւ մեղաւորներ ալ կային, որոնք Յիսուսի եւ իր աշակերտներուն հետ բազմած էին, որովհետեւ շատեր անոր կը հետեւէին։
16Օրէնքի ուսուցիչներն ու Փարիսեցիները երբ տեսան որ Յիսուս մաքսաւորներուն եւ մեղաւորներուն հետ կը ճաշէ, անոր աշակերտներուն ըսին.
– Ինչո՞ւ մեղաւորներուն եւ մաքսաւորներուն հետ կ՚ուտէ ու կը խմէ։
17Յիսուս երբ լսեց ասիկա, անոնց ըսաւ.
– Առողջները չե՛ն որ բժիշկի պէտք ունին, այլ հիւանդները։ Չեկա՛յ արդարները կանչելու, այլ՝ մեղաւորները։

Ծոմապահութեան հարցը
(Մտ 9.14-17Ղկ 5.33-39)

18Առիթով մը, երբ Յովհաննէսի աշակերտները եւ Փարիսեցիները ծոմ կը պահէին, ոմանք եկան եւ Յիսուսի հարցուցին.
– Ինչո՞ւ Յովհաննէսի աշակերտները եւ Փարիսեցիները ծոմ կը պահեն, իսկ քու աշակերտներդ չեն պահեր։
19Յիսուս անոնց պատասխանեց.
– Կրնա՞ք հարսանիքի հրաւիրեալներուն ըսել որ ծոմ պահեն, երբ տակաւին փեսան իրենց հետ է։ Այնքան ատեն որ փեսան իրենց հետ է, կարելի չէ ծոմ պահել։ 20Ժամանակ պիտի գայ, երբ փեսան պիտի վերցուի իրենցմէ եւ այն ատեն անոնք ալ ծոմ պիտի պահեն։
21Ոչ ոք չլուացուած նոր կտոր մը կը գործածէ հին հագուստի մը համար կարկտան ընելու։ Այլապէս, նոր կտորը քաշուելով՝ հագուստը կը պատռտէ եւ աւելի մեծ կ՚ըլլայ պատռուածքը։ 22Նմանապէս, ոչ ոք նոր գինին հին տիկերու մէջ կը լեցնէ. այլապէս, նոր գինին կը պայթեցնէ հին տիկերը եւ պատճառ կ՚ըլլայ որ թէ՛ գինին թափի եւ թէ՛ տիկերը փճանան։ Ընդհակառակը, նոր գինին նոր տիկերու մէջ դրուելու է։

Շաբաթ օրը յարգելու հարցը
(Մտ 12.1-8Ղկ 6.1-5)

23Յիսուս Շաբաթ օր մը ցորենի արտերուն մէջէն կ՚անցնէր։ Աշակերտները երթալու ատեն սկսան հասկեր փրցնել եւ ուտել։ 24Փարիսեցիները ըսին Յիսուսի.
– Տե՛ս, աշակերտներդ ի՞նչ կ՚ընեն Շաբաթ օրով, բան մը՝ որ մեր Օրէնքով արգիլուած է։
25Յիսուս անոնց պատասխանեց.
– Չէ՞ք կարդացած թէ ի՛նչ ըրաւ Դաւիթ, երբ պէտք էր ուտել, այսինքն՝ երբ ինք եւ իր հետ եղողները անօթեցան։ 26Աստուծոյ տունը չմտա՞ւ, երբ Աբիաթար Քահանայապետ էր, չկերա՞ւ առաջաւորութեան հացերը եւ չտուա՞ւ նաեւ իր հետ եղողներուն, բան մը՝ որ Օրէնքին համաձայն միայն քահանաներուն արտօնուած էր։
27Ապա աւելցուց.
– Շաբաթ օրը մարդուն համար եղաւ եւ ո՛չ թէ մարդը՝ Շաբաթ օրուան։ 28Ուրեմն, Մարդու Որդին Շաբաթ օրուան ալ Տէրն է։