ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ 4
Յիսուս եւ Սամարացի կինը
1-2Փարիսեցիները լսեցին թէ Յիսուս շատ աւելի հետեւորդներ կը շահի ու կը մկրտէ՝ քան Յովհաննէսը։ (Թէեւ Յիսուս անձամբ չէր մկրտեր, այլ իր աշակերտներն էին մկրտողները)։ Յիսուս երբ իմացաւ այդ մասին, 3ձգեց Հրէաստանը եւ կրկին գնաց Գալիլեա։ 4Ստիպուած էր Սամարիայէն անցնիլ։ 5Ճամբուն վրայ եկաւ Սիւքար, որ Սամարիայի քաղաքներէն մէկն էր, մօտիկը այն տեղին, որ Յակոբ իր զաւակին՝ Յովսէփի տուած էր։ 6Հոն կը գտնուէր նաեւ Յակոբի ջրհորը։ Յիսուս ճամբորդութենէն յոգնած՝ նստաւ ջրհորին քով։ Գրեթէ կէսօր էր։
7Սամարացի կին մը եկաւ ջուր քաշելու։ Յիսուս ըսաւ անոր.
– Ջուր տուր ինծի։
8(Մինչ այդ, աշակերտները քաղաք գացած էին ուտելիք գնելու համար)։
9Սամարացի կինը ըսաւ.
– Դուն որ Հրեայ մըն ես, ինչպէ՞ս ինձմէ՝ Սամարացի կնոջմէ մը խմելու ջուր կ՚ուզես։ (Քանի Հրեաները Սամարացիներուն հետ երբեք չեն յարաբերիր)։
10Յիսուս պատասխանեց.
– Եթէ գիտնայիր Աստուծոյ պարգեւը եւ թէ ո՛վ է որ քեզի կ՚ըսէ՝ ջուր տուր ինծի, հաւանաբարդո՛ւն իրմէ ջուր պիտի ուզէիր, եւ անիկա քեզի կենսատու ջուր պիտի տար։
11Կինը ըսաւ.
– Տէ՛ր, դուն դոյլ անգամ չունիս, եւ ջրհորը խորունկ է. ուրեմն ուրկէ՞ պիտի ունենաս կենսատու ջուրը։ 12Միթէ դուն աւելի՞ մեծ մէկն ես, քան մեր նախահայրը՝ Յակոբը, որ այս ջրհորը տուաւ մեզի, ուրկէ խմեցին ինք, իր որդիներն ու իր անասունները։
13Յիսուս պատասխանեց.
– Ով որ այս ջուրէն խմէ՝ դարձեալ պիտի ծարաւնայ, 14բայց ով որ իմ տալիք ջուրէս խմէ՝ յաւիտեան պիտի չծարաւնայ։ Ընդհակառակը, ջուրը որ ես պիտի տամ՝ անոր մէջ պիտի վերածուի աղբիւրի մը, որ ջուր կը ցայտէ եւ յաւիտենական կեանք կու տայ։
15Կինը ըսաւ.
– Տէ՜ր, տո՛ւր ինծի այդ ջուրը, որպէսզի այլեւս չծարաւնամ եւ հոս չգամ ջուր քաշելու համար։
16Յիսուս ըսաւ.
– Գնա՛ ամուսինդ կանչէ եւ կրկին հոս եկուր։
– 17Ամուսին չունիմ,– պատասխանեց կինը։
Յիսուս ըսաւ.
– Ճի՛շդ ըսիր, թէ ամուսին չունիս. 18որովհետեւ հինգ ամուսին ունեցեր ես, եւ ան՝ որուն հետ որ կ՚ապրիս, ամուսինդ չէ. ատիկա շիտակ ըսիր։
19Կինը ըսաւ.
– Տէ՛ր, ինծի կը թուի թէ դուն մարգարէ ես։ 20Մեր հայրերը այս լերան վրայ զԱստուած պաշտեցին, բայց դուք՝ Հրեաներդ, կ՚ըսէք՝ թէ Երուսաղէմն է միակ այն վայրը, ուր պէտք է զԱստուած պաշտել։
21Յիսուս ըսաւ.
– Ո՜վ կին, հաւատա՛ ինծի, թէ ժամանակը կու գայ՝ երբ ո՛չ այս լերան վրայ եւ ո՛չ ալ Երուսաղէմի մէջ պիտի պաշտէք Հայրը։ 22Դուք՝ Սամարացիներդ զԱստուած կը պաշտէք առանց զայն ճանչնալու, մինչ մենք՝ Հրեաներս, զԱստուած կը պաշտենք՝ ճանչնալով զանիկա, որովհետեւ փրկութիւնը Հրեաներէն պիտի գայ։ 23Բայց ժամանակը կու գայ եւ արդէն իսկ եկած է, երբ ճշմարիտ երկրպագուները հոգիով եւ ճշմարտութեամբ պիտի պաշտեն Հայրը, որովհետեւ Հայրն ալ կ՚ուզէ որ իր երկրպագուները այդպիսին ըլլան։ 24Հոգի է Աստուած, եւ անոր երկրպագուները պէտք է հոգիով եւ ճշմարտութեամբ զայն պաշտեն։
25Կինը ըսաւ Յիսուսի.
– Գիտեմ թէ Մեսիան, այսինքն Քրիստոսը պիտի գայ. երբ անիկա գայ՝ ամէն ինչ պիտի պատմէ մեզի։
26Յիսուս ըսաւ.
– Ե՛ս եմ անիկա, ես՝ որ հետդ կը խօսիմ։
27Ճիշդ այդ ատեն աշակերտները վերադարձան եւ զարմացան որ Յիսուս կնոջ հետ կը խօսէր. բայց անոնցմէ ոչ ոք հարցուց՝ «Ի՞նչ կ՚ուզես», կամ «Ի՞նչ կը խօսիս անոր հետ»։
28Այն ատեն կինը իր սափորը ձգեց եւ քաղաք գնաց եւ այնտեղի մարդոց ըսաւ.
– 29Եկէք տեսէք. մարդ մը կայ, որ իմ բոլոր ըրածներս ըսաւ ինծի։ Արդեօք ա՞ն է Քրիստոսը։
30Անոնք քաղաքէն ելան եւ եկան Յիսուսի մօտ։
Յիսուսի կերակուրը մարդոց փրկութիւնն է
31Մինչ այդ աշակերտները կ՚աղաչէին Յիսուսի՝ ըսելով.
– Վարդապե՛տ, հաց կեր։
32Յիսուս պատասխանեց.
– Ես ուտելիք կերակուր մը ունիմ, որ դուք չէք գիտեր։
33Աշակերտները սկսան իրարու հարցնել.
– Արդեօք մէկը իրեն կերակուր բերա՞ւ։
34Յիսուս ըսաւ.
– Իմ կերակուրս այն է՝ որ գործադրեմ զիս ղրկողին կամքը եւ լրումին հասցնեմ անոր գործը։ 35Դուք չէ՞ք ըսեր. «Չորս ամիսէն հունձքի ժամանակը կու գայ»։ Բայց ես կ՚ըսեմ ձեզի.– Բարձրացուցէ՛ք ձեր աչքերը եւ դիտեցէ՛ք արտերը. որովհետեւ դեղնած են եւ հնձուելու պատրաստ։ 36Հնձողը իր վարձքը կ՚առնէ եւ յաւիտենական կեանքի համար հունձք կը հաւաքէ, որպէսզի ցանողն ու հնձողը միասին ուրախանան։ 37Շատ շիտակ է ըսուած խօսքը. «Ցանողը ուրիշ, հնձողը ուրիշ»։ 38Ես ձեզ ղրկեցի հնձելու այն՝ որուն համար դուք աշխատանք չէիք տարած։ Ուրիշներ աշխատեցան եւ դուք անոնց յոգնութենէն օգտուեցաք։
39Այդ քաղաքէն շատ մը Սամարացիներ հաւատացին Յիսուսի, կնոջ տուած այն վկայութեան վրայ, թէ՝ «Իմ բոլոր ըրածներս ըսաւ ինծի»։ 40Հետեւաբար երբ Սամարացիները եկան Յիսուսի մօտ, աղաչեցին որ իրենց մօտ մնայ. եւ Յիսուս երկու օր հոն մնաց։ 41Տակաւին ուրիշ շատեր ալ հաւատացին իրեն՝ իր խօսքերուն համար։ 42Անոնք կնոջ կ՚ըսէին.
– Ասկէ ետք կը հաւատանք՝ ո՛չ թէ քու խօսքիդ համար, այլ որովհետեւ մենք անձամբ լսեցինք զինք եւ գիտենք թէ ճշմարտապէս ի՛նքն է աշխարհի Փրկիչը։
Պալատականին որդիին բժշկութիւնը
(Մտ 8.5-13, Ղկ 7.1-10)
43Երկու օր ետք Յիսուս հոնկէ մեկնեցաւ եւ Գալիլեա գնաց։ 44Յիսուս ինք ըսած էր, թէ մարգարէն իր գաւառին մէջ յարգ չունի, 45բայց երբ Գալիլեա հասաւ, Գալիլեացիները զինք ընդունեցին, որովհետեւ իրենք ալ տօնին առիթով Երուսաղէմ գացեր էին եւ տեսեր այն բոլոր հրաշքները, որ գործեր էր տօնին ժամանակ։
46Յիսուս դարձեալ եկաւ Գալիլեայի Կանա քաղաքը, ուր ջուրը գինիի փոխած էր։ Պալատական մարդ մը կար, որուն որդին հիւանդ էր Կափառնաումի մէջ։ 47Անիկա երբ լսեց թէ Յիսուս Հրէաստանէն Գալիլեա եկած է, գնաց Յիսուսի մօտ եւ աղաչեց որ Կափառնաում երթայ եւ բժշկէ իր որդին, որ մահամերձ էր։
48Յիսուս ըսաւ անոր.
– Մինչեւ որ նշաններ եւ հրաշքներ չտեսնէք՝ պիտի չհաւատաք։
49Պալատականը ըսաւ.
– Տէ՛ր, երթա՛նք, քանի տակաւին զաւակս չէ մեռած։
50Յիսուս ըսաւ.
– Գնա՛, զաւակդ ողջ է։
Պալատականը հաւատաց Յիսուսի խօսքին ու գնաց։ 51Մինչ կ՚երթար, իր ծառաները դիմաւորեցին զինք եւ աւետեցին՝ ըսելով.
– Տղադ առողջացաւ։
– 52Ո՞ր ժամուն ապաքինեցաւ զաւակս,– հարցուց պալատականը ծառաներուն։
Անոնք պատասխանեցին.
– Երէկ կէսօրէ ետք ժամը մէկ էր, երբ տաքութիւնը գնաց։
53Այն ատեն հայրը անդրադարձաւ՝ թէ ճիշդ այն ժամուն էր, երբ Յիսուս ըսաւ իրեն՝ «Գնա՛, զաւակդ ողջ է»։ Եւ ինք ու իր ամբողջ ընտանիքը հաւատացին։
54Ասիկա երկրորդ հրաշքն էր, որ Յիսուս կատարեց Հրէաստանէն Գալիլեա գալէն ետք։