Գործք Առաքելոց 6
Համարներ: 1 I 2 I 3 I 4 I 5 I 6 I 7 I 8 I 9 I 10 I 11 I 12 I 13 I 14 I 15 I 16 I 17 I 18 I 19 I 20 I 21 I 22 I 23 I 24 I 25 I 26 I 27 I 28
Եօթը օգնականները
¹ Ժամանակ մը ետք, երբ Յիսուսի հետեւորդները շատցան, յունախօս Հրեաները սկսան տրտնջալ եբրայախօս Հրեաներուն դէմ, որովհետեւ ամենօրեայ նպաստի բաշխումին մէջ իրենց այրիները կ՚անտեսուէին։ ² Այն ատեն, տասներկու առաքեալները կանչեցին բոլոր հաւատացեալները եւ ըսին.
–Մենք չենք ուզեր Աստուծոյ խօսքին քարոզութիւնը ձգել եւ ուտելիք մատակարարելով զբաղիլ։ ³ Հետեւաբար, եղբայրնե՛ր, ձեր կողմէ վկայուած եօթը հոգի ընտրեցէք, որոնք Սուրբ Հոգիով եւ իմաստութեամբ լեցուն ըլլան։ Զանոնք այս անհրաժեշտ գործին համար կարգենք, ⁴ իսկ մենք աղօթքի եւ Աստուծոյ խօսքին մատակարարման նուիրուինք։
⁵ Հաւատացեալները ուղիղ գտան առաջարկը եւ հետեւեալները ընտրեցին.– Ստեփանոսը, որ հաւատքով եւ Սուրբ Հոգիով լեցուն մարդ մըն էր, Փիլիպպոսը, Պրոքորոնը, Նիկանորը, Տիմոնը, Պարմենասը եւ Նիկողայոսը, որ հրէութեան դարձած Անտիոքացի մըն էր։ ⁶ Ապա զանոնք բերին առաքեալներուն առջեւ, որոնք աղօթեցին եւ իրենց ձեռքը դրին անոնց վրայ։
⁷ Ահա այսպէս, Աստուծոյ խօսքը կը տարածուէր եւ Երուսաղէմի մէջ հաւատացեալներու թիւը մեծապէս կը շատնար։ Նոյնիսկ քահանաներէն շատ–շատեր հաւատքը կ՚ընդունէին։
Ստեփանոսի ձերբակալութիւնը
⁸ Ստեփանոս Աստուծոյ շնորհքով եւ զօրութեամբ լեցուն մարդ մըն էր, որ ժողովուրդին մէջ մեծամեծ հրաշքներ եւ նշաններ կը կատարէրցոյց կու տար։ ⁹ Այդ իսկ պատճառով, Լիպիացիներու, Կիրենացիներու, Աղեքսանդրացիներու, Կիլիկեցիներու եւ Ասիացիներու ժողովարանէն կարգ մը Հրեաներ եկան Ստեփանոսի հետ վիճաբանելու։ ¹⁰ Սակայն չէին կրնար դէմ դնել անոր իմաստուն եւ Սուրբ Հոգիէն ներշնչուած խօսքերուն։ ¹¹ Այն ատեն քանի մը հոգի կաշառեցին, որպէսզի անոնք վկայութիւն տան, ըսելով.
–Անձամբ լսեցինք, որ այս մարդը Մովսէսի եւ Աստուծոյ դէմ հայհոյալից խօսքեր կ՚ընէր։ ¹² Այս ձեւով գրգռեցին ժողովուրդը, երէցները եւ Օրէնքի ուսուցիչները, եւ Ստեփանոսի վրայ յարձակելով՝ զայն բռնեցին Ատեան բերին։ ¹³ Ապա մէջտեղ բերին սուտ վկաները, որոնք կ՚ըսէին.
–Այս մարդը անդադար հայհոյալից խօսքեր կ՚ընէ այս սրբավայրին եւ Աստուծոյ Օրէնքին դէմ։ ¹⁴ Անձամբ լսեցինք որ կ՚ըսէր՝ թէ Նազովրեցի Յիսուսը պիտի քանդէ այս տաճարը եւ պիտի փոխէ այն աւանդութիւնները որ Մովսէս մեզի տուաւ։
¹⁵ Ատեանին մէջ նստողները իրենց հայեացքը Ստեփանոսի դարձուցին եւ տեսան անոր դէմքը, որ հրեշտակի դէմքի կը նմանէր։