Գործք Առաքելոց
Chapters
1 I 2 I 3 I 4 I 5 I 6 I 7 I 8 I 9 I 10 I 11 I 12 I 13 I 14 I 15 I 16 I 17 I 18 I 19 I 20 I 21 I 22 I 23 I 24 I 25 I 26 I 27 I 28
ԱՌԱՔԵԱԼՆԵՐՈՒ ԳՈՐԾԵՐԸ
Առաքեալներու Գործերը գիրքը շարունակութիւնն է Ղուկասի Աւետարանին, գրուած նոյն ինքն Ղուկասի կողմէ։ Գլխաւոր նպատակն է պատմել, թէ ի՛նչպէս Քրիստոսի հետեւորդները՝ Սուրբ Հոգիին առաջնորդութեամբ՝ Աւետարանը տարածեցին Երուսաղէմի, Յուդայի, Սամարիայի եւ ամբողջ աշխարհի տարածքին։ Միաժամանակ, ցոյց տալ՝ դեռ նոր հիմնադրուած եկեղեցիներուն ապրած դժուարութիւնները եւ այդ դժուարութիւններուն տրուած լուծումները՝ Սուրբ Հոգիին օգնականութեամբ։ Խորքին մէջ քրիստոնէութեան պատմութիւնն է, որ սկսաւ Պաղեստինի մէջ եւ տարածուեցաւ աշխարհի չորս ծագերուն։
Առաքեալներու Գործերը կարելի է բաժնել երեք մասերու.–
1.- Քրիստոնէութեան տարածումը Երուսաղէմի մէջ՝ Յիսուսի համբարձումէն ետք (1.1—8.3)։
2.- Քրիստոնէութեան տարածումը Երուսաղէմի շուրջ եւ ամբողջ Պաղեստինի մէջ (8.4—12.25)։
3.- Քրիստոնէութեան տարածումը Միջերկրականեան երկիրներուն մէջ, մինչեւ Հռոմ (13.1—28.31)։
Գիրքին կարեւոր երեւոյթներէն մէկը՝ Սուրբ Հոգիին ունեցած դերն է, որ Հոգեգալուստի օրը Երուսաղէմի մէջ իջաւ հաւատացեալներուն վրայ որպէս զօրութիւն, եւ որ առաջնորդեց ու զօրացուց եկեղեցին եւ անոր առաջնորդները իրենց աշխատանքներուն մէջ։ Քրիստոնէութեան ուսուցումները ամփոփուած են կարգ մը ճառերու մէջ, ինչպէս՝ Պետրոս Առաքեալի քարոզը Հոգեգալուստէն ետք (2.14-36) եւ տաճարին մէջ՝ կաղին բժշկութենէն ետք (3.11-26), Ստեփանոսի խօսքը (7.1-53), Պօղոսի ճառերը (13.16-41, 17.22-31, 20.18-35, 22.1-21, 24.10-21, 26.2-23)։ Գիրքին մէջ յիշատակուած դէպքերը ցոյց կու տան, թէ ի՛նչպէս առաքեալներուն քարոզութիւններուն եւ ուսուցումներուն մղիչ ոյժը, այսինքն Սուրբ Հոգին, եկեղեցւոյ հաւատացեալներու կեանքին մէջ իր արտայայտութիւնը կը գտնէ եւ թէ ի՛նչպէս եկեղեցւոյ մշտական առաքելութիւնն է՝ Յիսուս Քրիստոսի Աւետարանը քարոզել աշխարհի չորս ծագերուն։
ԳԻՐՔԻՆ ԱՄՓՈՓ ԲՈՎԱՆԴԱԿՈՒԹԻՒՆԸ
• Առաքելական վկայութեան պատրաստութիւն (1.1-26)։
- Յիսուսի վերջին պատգամը եւ խոստումը (1.1-4)։
- Յուդան փոխարինող առաքեալի ընտրութիւնը (1.15-26)։
• Վկայութիւն Երուսաղէմի մէջ (2.1—8.3)։
• Վկայութիւն Հրէաստան նահանգին եւ Սամարիայի մէջ (8.4—12.25)։
• Պօղոսի առաքելութիւնը (13.1—28.31)։
- Պօղոսի առաքելական Առաջին ճամբորդութիւնը (13.1—14.28)։
- Երուսաղէմի ժողովը (15.1-35)։
- Առաքելական Երկրորդ ճամբորդութիւնը (15.36—18.22)։
- Առաքելական Երրորդ ճամբորդութիւնը (18.23—21.16)։
- Պօղոս բանտարկեալ Երուսաղէմի, Կեսարիայի եւ Հռոմի մէջ (21.17—28.31)։