ԱՌԱՔԵԱԼՆԵՐՈՒ ԳՈՐԾԵՐԸ 1

1 I 2 I 3 I 4 I 5 I 6 I 7 I 8 I 9 I 10 I 11 I 12 I 13 I 14 I 15 I 16 I 17 I 18 I 19 I 20 I 21 I 22 I 23 I 24 I 25 I 26 I 27 I 28

ԱՌԱՔԵԱԼՆԵՐՈՒ ԳՈՐԾԵՐԸ 1

Սպասում Հօրը խոստումին

1Առաջին գիրքիս մէջ, ո՛վ Թէոփիլոս, գրեցի այնբոլորին մասին, որ Յիսուս կատարեց եւ սորվեցուց սկիզբէն 2մինչեւ այն օրը, երբ Սուրբ Հոգիին զօրութեամբ իր պատուէրները տալէ ետք իր ընտրած առաքեալներուն, երկինք համբարձաւ։ 3Իր չարչարանքներուն յաջորդող քառասուն օրերուն ընթացքին ան քանիցս երեւցաւ անոնց, բազմաթիւ կերպերով ցոյց տալով՝ թէ ինք այլեւս ողջ է, եւ խօսեցաւ Աստուծոյ արքայութեան մասին։ 4Եւ առիթով մը, երբ անոնց հետ միասին հաց կ՚ուտէր, անոնց պատուիրեց. – Երուսաղէմէն մի՛ հեռանաք, սպասեցէք՝ մինչեւ ստանաք Հօրը խոստումը, որուն մասին խօսեցայ ձեզի։ 5Յովհաննէս ջուրով մկրտեց, բայց դուք Սուրբ Հոգիով պիտի մկրտուիք մօտ ատենէն։

Յիսուսի համբարձումը

6Ուրիշ անգամ մը, երբ դարձեալ հաւաքուած էին, առաքեալները հարցուցին անոր.

–Տէ՛ր, արդեօք հիմա՞ է ժամանակը երբ պիտի վերականգնես Իսրայէլի թագաւորութիւնը։

7Յիսուս պատասխանեց.

–Դուք չէք կրնար գիտնալ ժամերն ու ժամանակները, որ Հայրը իր իշխանութեամբ որոշած է։ 8Բայց երբ Սուրբ Հոգին իջնէ ձեր վրայ, զօրութեամբ պիտի լեցուիք եւ իմ վկաներս պիտի ըլլաք՝ Երուսաղէմի, ամբողջ Հրէաստանի եւ Սամարիայի մէջ, եւ մինչեւ աշխարհի ծայրամասերը։

9Այս խօսքերէն ետք, մինչ անոր կը նայէին, Յիսուս երկինք համբարձաւ, եւ ամպ մը ծածկեց զինք անոնց տեսողութենէն։ 10Եւ երբ տակաւին առաքեալները իրենց աչքերը երկինք յառած՝ Յիսուսի մեկնիլը կը դիտէին, ահա երկու սպիտակազգեստ մարդիկ երեւցան անոնց 11եւ ըսին.

–Ո՛վ Գալիլեացիներ, ինչո՞ւ կեցեր երկինքը կը դիտէք։ Այս Յիսուսը որ երկինք համբարձաւ, օր մը դարձեալ պիտի գայ այնպէս՝ ինչպէս անոր երկինք երթալը տեսաք։

Խմբուած առաքեալները

12Ապա առաքեալները Ձիթենեաց լեռնէն վերադարձան Երուսաղէմ, որ լեռնէն հազիւ մէկ քիլոմեթր հեռաւորութիւն ունի։ 13Եկան քաղաք եւ գացին այն վերնատունը ուր կը մնային։ Ասոնք էին՝ Պետրոս եւ Յակոբոս, Յովհաննէս եւ Անդրէաս, Փիլիպպոս եւ Թովմաս, Բարթողոմէոս եւ Մատթէոս, Ալփէոսի որդին՝ Յակոբոս եւ Շմաւոն Նախանձայոյզ, եւ Յակոբոսի որդին՝ Յուդա։ 14Բոլորը միասնաբար յարատեւ աղօթքով կ՚անցընէին օրերը, շատ մը կիներու, Յիսուսի մօր՝ Մարիամի եւ Յիսուսի եղբայրներուն հետ միասին։

Մատաթիա կը փոխարինէ Յուդան

15Համբարձումէն քանի մը օրեր ետք, երբ շուրջ հարիւր քսանհաւատացեալներ մէկտեղուած էին, Պետրոս ոտքի ելլելով ըսաւ.

– 16Եղբայրնե՛ր, պէտք էր կատարուէր Սուրբ գիրքին մէջ գրուածը, այն՝ ինչ որ նախօրօք Սուրբ Հոգին ըսած էր Դաւիթի բերնով՝ Յուդայի մասին, որ Յիսուսը ձերբակալողներուն առաջնորդը եղաւ։ 17Յուդա մեր խումբէն էր, մեզի պէս առաքելական ծառայութեան համար ընտրուած։ 18Բայց իր անիրաւ մատնութենէն ետք, որուն վարձքով ագարակ մը գնեց, երեսն ի վայր ինկաւ այնտեղ եւ փորը ճեղքուելով՝ փորոտիքը դուրս թափեցաւ։ 19Բոլոր Երուսաղէմացիները այս մասին իմացան, եւ այս պատճառով ալ այդ ագարակը իրենց բարբառով Ակեղդամա, այսինքն՝ Արեան Ագարակ կը կոչեն։ 20Արդ, Սաղմոսներու գիրքին մէջ գրուած է. «Թող անոր տունը աւերակ մնայ, եւ հոն մարդ չբնակի». իսկ ուրիշ տեղ մը կ՚ըսէ. «Իր պաշտօնը ուրիշ մէկը թող առնէ»։ 21Այստեղ կան մարդիկ, որոնք միշտ մեր հետը եղած են Տէր Յիսուսի երկրաւոր առաքելութեան ամբողջ տեւողութեան, 22Յովհաննէսի ձեռքով անոր մկրտութենէն մինչեւ երկինք համբարձման օրը։ Ասոնցմէ մէկը պէտք է որ տասնըմէկիս միանայ՝ Քրիստոսի յարութեան վկայ ըլլալու համար։

23Այն ատեն հաւատացեալները երկու հոգի ներկայացուցին. Բարսաբա կոչուած Յովսէփը, որ Արդար մականուանուեցաւ, եւ Մատաթիան։ 24Ապա հետեւեալ աղօթքը ըրին.

–Դուն, Տէ՛ր, որ կը ճանչնաս բոլոր մարդոց սիրտերը, ցոյց տուր մեզի՝ թէ այս երկուքէն ո՛ր մէկը կ՚ընտրես 25առաքելական այս պաշտօնին համար, որմէ Յուդա ինկաւ՝ իրեն սահմանուած տեղը երթալու համար։

26Ապա երկու անուններուն վրայ վիճակ ձգեցին։ Վիճակը Մատաթիային ելաւ, եւ անիկա տասնըմէկ առաքեալներուն կարգին դասուեցաւ։