ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ 10

Բարի եւ քաջ հովիւը

– 1Հաստատ գիտցէք, ան որ ոչխարներուն փարախը դռնէն չի մտներ, այլ ուրիշ տեղէ կը մագլցի, անիկա գող է եւ աւազակ. 2իսկ ան որ դռնէն կը մտնէ, անիկա ոչխարներուն հովիւն է։ 3Դռնապանը դուռը կը բանայ անոր եւ ոչխարները իր ձայնին կը հետեւին։ Իրենց անուններով կը կանչէ իր ոչխարները եւ դուրս կը տանի զանոնք։ 4Եւ երբ իր ոչխարները դուրս կը հանէ՝ ի՛նք կ՚առաջնորդէ, եւ ոչխարները կը հետեւին իրեն, որովհետեւ իր ձայնը կը ճանչնան։ 5Օտարին չեն հետեւիր. ընդհակառակը, կը փախչին անկէ, որովհետեւ օտարներուն ձայնը չեն ճանչնար։
6Յիսուս այս առակը խօսեցաւ անոնց, սակայն անոնք չհասկցան թէ ի՛նչ ըսել կ՚ուզէր իրենց։ 7Ուստի Յիսուս կրկին ըսաւ անոնց.
– Հաստատ գիտցէք, թէ ե՛ս եմ ոչխարներուն դուռը։ 8Բոլոր անոնք որոնք ինձմէ առաջ եկան, գող էին եւ աւազակ. բայց ոչխարները անոնց չհետեւեցան։ 9Ե՛ս եմ դուռը։ Ով որ ինձմէ անցնելով ներս մտնէ՝ պիտի փրկուի. պիտի մտնէ եւ ելլէ եւ ճարակ գտնէ։ 10Գողը կու գայ միայն գողնալու, սպաննելու եւ փճացնելու համար։ Ես եկայ՝ որպէսզի կեանք ունենան, եւ լեցուն կեանք ունենան։
11Ե՛ս եմ իրաւ հովիւը։ Իրաւ հովիւը իր կեանքը կու տայ ոչխարներուն համար. 12մինչ վարձկանը, որ հովիւ չէ եւ որուն չեն պատկանիր ոչխարները, երբ կը տեսնէ որ գայլը կու գայ՝ կը լքէ ոչխարները ու կը փախչի, ձգելով որ գայլը յափշտակէ եւ ցրուէ ոչխարները, 13որովհետեւ վարձկանը չի մտահոգուիր ոչխարներուն վիճակով։ 14Ե՛ս եմ իրաւ հովիւը։ Կը ճանչնամ ոչխարներս եւ անոնք ալ զիս կը ճանչնան, 15այնպէս՝ ինչպէս Հայրը զիս կը ճանչնայ եւ ես՝ Հայրը։ Ես կեանքս կու տամ ոչխարներուս համար։ 16Տակաւին ուրիշ ոչխարներ ալ ունիմ, որոնք այս փարախէն դուրս են. պարտաւոր եմ զանոնք եւս ներս բերել։ Անոնք ալ ինծի մտիկ պիտի ընեն, եւ պիտի ըլլան մէկ հօտ՝ մէկ հովիւով։ 17Հայրը զիս կը սիրէ, որովհետեւ կեանքս կու տամ՝ վերստին առնելու համար զայն։ 18Ոչ ոք կրնայ կեանքս ինձմէ խլել։ Ես իմ կամքովս կեանքս կու տամ։ Իրաւունք ունիմ զայն տալու, ինչպէս նաեւ իրաւունք ունիմ զայն կրկին առնելու։ Ահա այսպէս պատուիրեց Հայրս ինծի։
19Դարձեալ երկպառակութիւն ինկաւ Հրեաներուն մէջ՝ այս խօսքերուն պատճառով։ 20Անոնցմէ շատեր կ՚ըսէին.
– Դեւ կայ անոր ներսիդին եւ խենթացած է. ինչո՞ւ մտիկ կ՚ընէք իրեն։
21Բայց ուրիշներ ալ կ՚ըսէին.
– Ըսած խօսքերը դիւահարի խօսքեր չեն. միթէ դեւը կրնա՞յ կոյրի մը աչքերը բանալ։

Յիսուս՝ Աստուծոյ Որդին

22Ձմեռ էր. Երուսաղէմի մէջ տաճարին նաւակատիքի տօնակատարութիւնը տեղի կ՚ունենար։ 23Յիսուս տաճարին Սողոմոնի սիւնագաւիթին մէջ կ՚երթեւեկէր, 24երբ իր շուրջ հաւաքուեցան Հրեաները եւ հարցուցին.
– Մինչեւ ե՞րբ մեր հոգին պիտի հանես. եթէ դուն ես Քրիստոսը՝ յստակ ըսէ մեզի։
25Յիսուս պատասխանեց.
– Արդէն իսկ ձեզի ըսած եմ, սակայն չէք հաւատար։ Այն գործերը որ Հօրս անունով կը կատարեմ, անոնք իսկ կը վկայեն՝ թէ ով եմ ես։ 26Բայց դուք չէք հաւատար, որովհետեւ իմ ոչխարներէս չէք։ 27Ես ոչխարներս կը ճանչնամ. անոնք ձայնս կը լսեն եւ կը հետեւին ինծի, 28եւ ես անոնց յաւիտենական կեանք կու տամ. անոնք բնաւ պիտի չկորսուին։ Ոչ ոք պիտի կարենայ զանոնք յափշտակել իմ ձեռքէս։ 29Հայրս այդ ոչխարները ինծի տուաւ, եւ ոչ ոք կրնայ յափշտակել զանոնք իմ Հօրս ձեռքէն, որովհետեւ Հայրս բոլորէն աւելի մեծ է։ 30Ես եւ Հայրս մէկ ենք։
31Հրեաները քարեր առին՝ քարկոծելու համար զինք։ 32Յիսուս ըսաւ անոնց.
– Հօրս կողմէ բազմաթիւ բարի գործեր կատարեցի ձեր ներկայութեան, անոնցմէ ո՞ր մէկուն համար կ՚ուզէք քարկոծել զիս։
33Հրեաները պատասխանեցին.
– Բարի գործերուդ համար չէ որ կ՚ուզենք քարկոծել քեզ, այլ՝ քու ըրած հայհոյութեանդ համար, որովհետեւ դուն մարդ ես եւ դուն քեզ Աստուած կ՚ընես։
34Յիսուս պատասխանեց անոնց.
– Չէ՞ որ ձեր Օրէնքին մէջ գրուած է՝ «Ես ըսի թէ աստուածներ էք»։ 35Ահաւասիկ Աստուած ինք «աստուածներ» կ՚անուանէ այն մարդիկը, որոնց իր խօսքը կ՚ուղղէ։ Եւ Սուրբ գիրքին ըսածը կարելի չէ ջնջել։ 36Արդ, Հայրը ինք ընտրեց զիս եւ աշխարհ ղրկեց. եւ որովհետեւ ըսի թէ Աստուծոյ Որդին եմ՝ ասո՞ր համար «Կը հայհոյես» կ՚ըսէք։ 37Եթէ ես իմ Հօրս ուզած գործերը չկատարեմ՝ մի՛ հաւատաք ինծի. 38իսկ եթէ կը կատարեմ՝ նոյնիսկ եթէ ինծի չէք հաւատար, բայց գործերուս հաւատացէք, որպէսզի գիտնաք ու ճանչնաք թէ Հայրը իմ մէջս է եւ ես՝ Հօրս մէջ։
39Դարձեալ ուզեցին բռնել Յիսուսը, բայց անիկա խոյս տուաւ անոնց ձեռքէն։ 40Ապա կրկին գնաց Յորդանան գետին դիմացի կողմը, հոն՝ ուր Յովհաննէս նախապէս կը գտնուէր եւ կը մկրտէր։ Ու հոն մնաց։ 41Շատեր եկան իրեն. անոնք կ՚ըսէին.
– Յովհաննէս ոեւէ հրաշք չգործեց, 42բայց ինչ որ ըսաւ այս մարդուն մասին՝ ճիշդ էր։
Եւ հոն շատեր հաւատացին Յիսուսի։