ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ 17
Յիսուս կ՚աղօթէ Եկեղեցիին համար
1Յիսուս այս խօսքերը վերջացնելէ ետք աչքերը երկինք բարձրացուց եւ ըսաւ.
– Հա՜յր, ժամանակը հասած է, փառաւորէ՛ Որդիդ, որպէսզի Որդիդ ալ քեզ փառաւորէ։ 2Դուն անոր իշխանութիւն տուիր ամբողջ մարդկութեան վրայ, որպէսզի յաւիտենական կեանք տայ բոլոր անոնց՝ որ իրեն տուիր։ 3Եւ յաւիտենական կեանքը քեզ ճանչնա՛լն է՝ որպէս ճշմարիտ միակ Աստուած եւ ճանչնալ Յիսուս Քրիստոսը՝ որ դուն ղրկեցիր։ 4Երկրի վրայ ես քեզ փառաւորեցի՝ ամբողջացնելով այն գործը որ ինծի տուիր որ կատարեմ։ 5Եւ այժմ, ո՜վ Հայր, փառաւորէ՛ զիս այն փառքով որ ունէի քուհետդ՝ աշխարհի գոյութենէն առաջ։ 6Քեզ յայտնեցի բոլոր անոնց, որ ինծի տուիր այս աշխարհէն։ Անոնք քուկդ էին եւ ինծի տուիր զանոնք։ Անոնք խօսքերդ գործադրեցին 7եւ հիմա գիտցան թէ ինչ որ ինծի տուիր՝ քեզմէ կու գայ, 8որովհետեւ այն խօսքերը որ ինծի տուիր՝ ես իրենց տուի, եւ ընդունեցին ու ճշմարտապէս ճանչցան՝ որ ես քեզմէ ելայ, եւ հաւատացին թէ դուն ղրկեցիր զիս։
9Արդ, կ՚աղօթեմ իրենց համար։ Չեմ աղօթեր աշխարհին համար, այլ անոնց համար որ դուն ինծի տուիր, որովհետեւ անոնք քեզի կը պատկանին։ 10Ինչ որ իմս է՝ այդ բոլորը քուկդ է, եւ ինչ որ քուկդ է՝ ատիկա իմս է, եւ անոնք զիս փառաւորեցին։ 11Ահա արդէն քեզի կու գամ եւ այլեւս աշխարհի մէջ չեմ, բայց անոնք աշխարհի մէջ են։ Սո՛ւրբ Հայր, անվտանգ պահէ զանոնք քու անունիդ զօրութեամբ, որովհետեւ քու անունովդ զանոնք ինծի տուիր, որպէսզի մէկ ըլլան, ինչպէս ես եւ դուն մէկ ենք։ 12Աշխարհի մէջ երբ անոնց հետ էի, ես կը պահէի զանոնք քու անունիդ զօրութեամբ, որովհետեւ քու անունովդ զանոնք ինծի տուիր։ Ես պահպանեցի զանոնք եւ անոնցմէ ո՛չ մէկը կորսուեցաւ, բացի անկէ՝ որ կորսուելու ճամբուն մէջ է, որպէսզի իրականանայ Սուրբ գիրքին մէջ ըսուածը։ 13Բայց հիմա քեզի կու գամ, եւ այս խօսքերս աշխարհի վրայ կ՚ըսեմ, որպէսզի իրենց սիրտերը լեցուին իմ կատարեալ ուրախութեամբս։ 14Ես քու պատգամդ անոնց փոխանցեցի, եւ աշխարհը ատեց զանոնք, որովհետեւ անոնք այս աշխարհինչեն պատկանիր, ինչպէս ես աշխարհին չեմ պատկանիր։ 15Չեմ խնդրեր որ զանոնք աշխարհէն վերցնես, այլ՝ զանոնք Չարէն պահես։ 16Ինչպէս որ ես այս աշխարհին չեմ պատկանիր, այնպէս ալ իրենք այս աշխարհին չեն պատկանիր։ 17Սրբագործէ՛ զանոնք քու ճշմարտութեամբդ, որովհետեւ քու խօսքդ ճշմարտութիւն է։ 18Ինչպէս որ դուն զիս աշխարհ ղրկեցիր, ես ալ զանոնք աշխարհ ղրկեցի։ 19Իրենց համար ես ինքզինքս քեզի կը նուիրաբերեմ, որպէսզի իրենք ալ ճշմարտապէս սրբագործուին։
20Չեմ աղօթեր միայն իրենց համար, այլ նաեւ անոնց համար՝ որոնք անոնց քարոզութեամբ ինծի պիտի հաւատան։ 21Կ՚աղօթեմ որ անոնք բոլորն ալ մէկ ըլլան, ինչպէս որ դուն, ո՛վ Հայր, իմ մէջս ես եւ ես քու մէջդ, այնպէս ալ անոնք մեր մէջ ըլլան, որպէսզի աշխարհը հաւատայ, որ դուն ղրկեցիր զիս։ 22Այն փառքը որ ինծի տուիր՝ իրենց տուի, որպէսզի մէկ ըլլան, ինչպէս որ ես եւ դուն մէկ ենք։ 23Ես անոնց մէջ ըլլամ եւ դուն՝ իմ մէջս, այնպէս որ անոնք կատարեալ կերպով մէկ ըլլան, որպէսզի աշխարհը գիտնայ թէ դուն ղրկեցիր զիս եւ թէ սիրեցի զանոնք, ինչպէս որ դուն զիս սիրեցիր։
24Հա՛յր, անոնք որոնք ինծի տուիր՝ կ՚ուզեմ որ ինծի հետ ըլլան՝ ո՛ւր որ ըլլամ, որպէսզի տեսնեն իմ փառքս, այն փառքը՝ որ ինծի տուիր, որովհետեւ զիս սիրեցիր աշխարհի ստեղծագործութենէն առաջ։ 25Արդա՛ր Հայր, թէեւ աշխարհը քեզ չճանչցաւ, բայց ես քեզ ճանչցայ. եւ ասոնք ալ գիտցան թէ դուն ղրկեցիր զիս։ 26Քեզ ճանչցուցի անոնց եւ պիտի շարունակեմ ճանչցնել, որպէսզի անոնց մէջ ըլլայ այն սէրը որով զիս սիրեցիր եւ ես ըլլամ անոնց մէջ։