ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ 19

1Պիղատոս առաւ Յիսուսը եւ զայն մտրակով ծեծել տուաւ։ 2Զինուորները փուշէ պսակ մը շինեցին եւ դրին անոր գլխուն եւ ապա ծիրանի զգեստ հագցուցին անոր։ 3Անոնք իրեն կու գային ու կ՚ըսէին.
– Ողջո՛յն, Հրեաներու թագաւոր։
Եւ կ՚ապտակէին զինք։
4Պիղատոս դարձեալ դուրս ելաւ եւ ըսաւ ամբոխին.
– Ահա դուրս կը բերեմ զայն ձեզի, որպէսզի գիտնաք՝ թէ ես ոեւէ յանցանք չեմ գտներ անոր վրայ։
5Եւ Յիսուս դուրս ելաւ՝ փուշէ պսակը գլխուն եւ ծիրանի զգեստը՝ վրան։ Պիղատոս ըսաւ անոնց.
– Ահա՛ ձեր մարդը ձեզի։
6Երբ աւագ քահանաները եւ սպասաւորները տեսան զինք, բարձրաձայն աղաղակեցին.
– Խա՛չը հանէ, խա՛չը հանէ զայն։
Պիղատոս ըսաւ.
– Այն ատեն՝ դո՛ւք առէք եւ ձեր ձեռքով խաչը հանեցէք, որովհետեւ ես ոեւէ յանցանք չեմ գտներ իր վրայ։
– 7Մենք Օրէնք ունինք,– վրայ բերին Հրեայ ղեկավարները,– եւ մեր Օրէնքին համաձայն պէտք է մեռնի, որովհետեւ ինքզինք Աստուծոյ Որդի ըրաւ։
8Պիղատոս ասիկա որ լսեց, ա՛լ աւելի վախցաւ։ 9Կրկին պալատ մտաւ եւ հարցուց Յիսուսի.
– Ուրկէ՞ ես դուն։
Բայց Յիսուս չպատասխանեց։ 10Պիղատոս ըսաւ անոր.
– Չե՞ս խօսիր ինծի հետ. չե՞ս գիտեր՝ թէ իշխանութիւն ունիմ քեզ խաչը հանելու, ինչպէս նաեւ՝ քեզ ազատ արձակելու։
11Յիսուս պատասխանեց.
– Իմ վրաս ո՛չ մէկ իշխանութիւն պիտի ունենայիր՝եթէ քեզի վերէն՝ Աստուծմէ տրուած չըլլար։ Հետեւաբար մեծ մեղքը անորն է՝ որ զիս քեզի յանձնեց։
12Այս խօսքին վրայ՝ Պիղատոս կերպ մը կը փնտռէր, որ ազատ արձակէ Յիսուսը, բայց Հրեայ ղեկավարները կ՚աղաղակէին.
– Եթէ ազատ արձակես՝ կայսրին բարեկամ չես։ Ով որ ինքզինք թագաւոր կը կոչէ՝ հակառակ է կայսրին։
13Երբ Պիղատոս այս խօսքերը լսեց, դուրս հանեց Յիսուսը եւ ատեան նստաւ, այն տեղը՝ որ Քարայատակ կը կոչուէր, Եբրայերէն՝ Կապպաթա։ 14Զատիկի նախորդ օրն էր, կէսօրուան մօտ։ Պիղատոս ըսաւ ամբոխին.
– Ահա՛ ձեր թագաւորը ձեզի։
15Բայց անոնք աղաղակեցին.
– Սպաննէ՛ զայն, սպաննէ՜ զայն. խա՛չը հանէ զինք։
Պիղատոս հարցուց.
– Ձեր թագաւորը խա՞չը հանեմ։
Աւագ քահանաները պատասխանեցին.
– Մենք կայսրէն զատ ուրիշ թագաւոր չունի՛նք։
16Այն ատեն Պիղատոս Յիսուսը անոնց ձեռքը յանձնեց, որպէսզի խաչուի։

Յիսուսի խաչելութիւնը
(Մտ 27.32-44Մր 15.21-32Ղկ 23.26-43)

Անոնք առին Յիսուսը եւ տարին։ 17Յիսուս խաչը շալկած ելաւ այն տեղը, որ Գանկի վայր կը կոչուէր, Եբրայերէն՝ Գողգոթա։ 18Հոն խաչեցին զինք եւ իրեն հետ՝ երկու հոգի եւս՝ երկու կողմերէն, իսկ Յիսուս անոնց մէջտեղ։ 19Պիղատոս խաչին վրայ դնել տուաւ ցուցատախտակ մը, ուր գրուած էր. «Յիսուս Նազովրեցի՝ Հրեաներու թագաւորը»։ 20Հրեաներէն շատեր այս գրութիւնը կարդացին, որովհետեւ հոն՝ ուր Յիսուսը խաչուեցաւ, քաղաքին մօտ էր։ Արձանագրութիւնը գրուած էր Եբրայերէն, Լատիներէն եւ Յունարէն լեզուներով։
21Հրեաներու աւագ քահանաները ըսին Պիղատոսի.
– Մի՛ գրեր «Հրեաներու թագաւորը», այլ գրէ՝ «Այս մարդը ըսաւ.– Ես Հրեաներու թագաւորն եմ»։
22Պիղատոս պատասխանեց.
– Ինչ որ գրեցի՝ գրեցի։
23Զինուորները Յիսուսը խաչելէ ետք՝ առին անոր հագուստները եւ չորս մասի բաժնեցին, իւրաքանչիւրին մէկ մաս։ Իսկ քանի որ պատմուճանը առանց կարի վերէն վար միակտուր հիւսուած էր, 24իրարու ըսին.
– Չպատռենք ասիկա. այլ եկէք վիճակ ձգենք եւ տեսնենք, թէ որո՞ւ պիտի ելլէ։
Ասիկա պատահեցաւ՝ որպէսզի իրականանայ Սուրբ գիրքին մէջ գրուածը.–
«Հագուստներս իրենց միջեւ բաժնեցին
եւ պատմուճանիս վրայ վիճակ ձգեցին»։
Արդ, զինուորները գրուածն էր որ կատարած եղան։
25Յիսուսի խաչին մօտիկ կեցած էին՝ իր մայրը, մօրաքոյրը, Կղէոպասի կինը՝ Մարիամը եւ Մարիամ Մագդաղենացին։ 26Յիսուս երբ տեսաւ իր մայրը եւ իր սիրած աշակերտը, որ մօրը քով կեցած էր, ըսաւ մօրը.
– Մա՛յր, ահաւասիկ զաւակդ։
27Յետոյ ըսաւ իր աշակերտին.
– Ահաւասիկ մայրդ։
Եւ այդ օրուընէ աշակերտը զայն իր մօտ առաւ։

Յիսուսի մահը
(Մտ 27.45-56Մր 15.33-41Ղկ 23.44-49)

28Անկէ ետք Յիսուս գիտցաւ թէ ամէն ինչ վերջացած է, եւ որպէսզի Սուրբ գիրքը ամբողջապէս կատարուած ըլլայ, ըսաւ.
– Ծարաւ եմ։
29Հոն քացախով լեցուն աման մը կար։ Զինուորները սպունգը լեղիով խառն քացախին մէջ թաթխելով՝ անցուցին զոպայի ճիւղի մը ծայրը եւ մօտեցուցին անոր բերանին։ 30Երբ Յիսուս լեղիով խառն քացախը խմեց, ըսաւ.
– Ամէն ինչ վերջացած է։
Ապա գլուխը խոնարհեցուց եւ հոգին աւանդեց։

Զինուորները Յիսուսի կողը կը խոցեն

31Զատիկի նախորդ օրն էր։ Հրեայ ղեկավարները չուզեցին որ մարմինները խաչերուն վրայ մնան Շաբաթ օրով, քանի այդ Շաբաթը տօնական մեծ օր մըն էր։ Ուստի Պիղատոսէն խնդրեցին՝ որ խաչեալներուն սրունքները կոտրեն եւ մարմինները մէջտեղէն վերցնեն։ 32Զինուորները եկան եւ առաջինին սրունքները կոտրեցին, նոյնպէս ալ միւսին՝ որ Յիսուսի հետ խաչուած էր։ 33Բայց երբ Յիսուսի եկան, տեսան որ անիկա արդէն իսկ մեռած էր, ուստի չկոտրեցին անոր սրունքները։ 34Սակայն զինուորներէն մէկը նիզակը անոր կողը խրեց, եւ անմիջապէս արիւն ու ջուր հոսեցաւ։ 35Ան որ տեսաւ ասիկա՝ ի՛նք վկայեց այս մասին եւ անոր տուած վկայութիւնը վաւերական է։ Անիկա գիտէ որ ըսածը ճշմարտութիւնն է, որպէսզի դուք ալ հաւատաք։ 36Ասիկա պատահեցաւ՝ որպէսզի իրականանայ Սուրբ գիրքերուն մէջ ըսուածը. «Անոր ոեւէ մէկ ոսկորը պիտի չփշրուի», 37ինչպէս նաեւ միւս գրուածը, որ կ՚ըսէ. «Պիտի նային անոր՝ որ խոցեցին»։

Յիսուսի թաղումը
(Մտ 27.57-61Մր 15.42-47Ղկ 23.50-56)

38Անկէ ետք, Յովսէփ՝ որ Արիմաթեա քաղաքէն էր, Պիղատոսէն խնդրեց որ Յիսուսի մարմինը իրեն յանձնեն։ Յովսէփ Յիսուսի հետեւորդներէն էր, բայց ծածուկ կերպով, Հրեայ ղեկավարներէն վախնալով։ Պիղատոս արտօնեց, ուստի Յովսէփ եկաւ եւ վերցուց Յիսուսի մարմինը։ 39Յովսէփի միացաւ նաեւ Նիկոդեմոս, ան՝ որ նախապէս գիշերով Յիսուսի մօտ գացած էր։ Անիկա իրեն հետ բերաւ շուրջ երեսուն քիլօ հալուէով խառն զմուռս40Անոնք առին Յիսուսի մարմինը եւ կտաւներով փաթթեցին՝ զմուռսին ու հալուէին հետ միասին, ինչպէս Հրեաներուն սովորութիւնն էր պատանքել։ 41Յիսուսի խաչուած տեղը պարտէզ մը կար եւ պարտէզին մէջ՝ ժայռափոր նոր գերեզման մը, ուր երբեք մէկը չէր թաղուած։ 42Հրեաներու Զատիկին նախօրեակը ըլլալուն համար՝ հոն դրին Յիսուսի մարմինը, քանի գերեզմանը մօտ էր։