ՂՈՒԿԱՍ 1

Նախաբան
(Գրծ 1.1)

1Ո՜վ պատուական Թէոփիլոս, Շատեր ձեռնարկեցին պատմելու եւ դասաւորելու այն բոլոր դէպքերը, որոնք մեր մէջ տեղի ունեցան 2եւ որ մեզի աւանդեցին անոնք՝ որոնք սկիզբէն իսկ անոնց ականատես եւ Աստուծոյ խօսքին քարոզիչ եղան։ 3Նոյնպէս ալ ես, սկիզբէն բծախնդրութեամբ հետազօտած ըլլալով այս դէպքերը՝ քեզի կը գրեմ դասաւորելով զանոնք, 4որպէսզի գիտնաս թէ ճշմարիտ է ինչ որ սորվեցար։

Աւետում Յովհաննէս Մկրտիչի ծնունդին

5Հրէաստանի Հերովդէս թագաւորի օրերուն Զաքարիա անունով քահանայ մը կար, որ Աբիայի քահանայական ընտանիքին կը պատկանէր, իսկ անոր կինը՝ Եղիսաբէթ, Ահարոնի սերունդէն էր։ 6Անոնք երկուքն ալ Աստուծոյ աչքին արդար էին եւ իրենց ամբասիր կեանքով կը հնազանդէին Տիրոջ պատուիրաններուն եւ օրէնքներուն։ 7Անոնք զաւակ չունէին, որովհետեւ Եղիսաբէթ ամուլ էր եւ արդէն երկուքն ալ ծերացած էին։
8Օր մը, երբ Զաքարիայի քահանայական դասակարգին հերթը եկած ըլլալով՝ իր պաշտօնը կը կատարէր Աստուծոյ առջեւ, 9քահանայական սովորութեան համաձայն՝ վիճակով իրեն ինկաւ Տիրոջ սրբարանը մտնել՝ խնկարկելու համար։ 10Խուռն բազմութիւն մը դուրսը կեցած կ՚աղօթէր խնկարկութեան ժամանակ։ 11Եւ ահա Զաքարիայի երեւցաւ Տիրոջ հրեշտակը, որ խունկի սեղանին աջ կողմը կեցած էր։ 12Երբ Զաքարիա հրեշտակը տեսաւ, շփոթեցաւ եւ սարսափի մատնուեցաւ։ 13Տիրոջ հրեշտակը ըսաւ.
– Զաքարիա՛, մի՛ վախնար, Աստուած լսեց աղօթքդ։ Կինդ՝ Եղիսաբէթը մանչ զաւակ մը պիտի ծնի եւ զայն Յովհաննէս պիտի կոչես։ 14Անիկա քեզի ուրախութեան եւ ցնծութեան պատճառ պիտի ըլլայ եւ շատեր անոր ծնունդով պիտի ուրախանան։ 15Անիկա մեծ պիտի ըլլայ Տիրոջ աչքին։ Գինի եւ օղի պիտի չխմէ։ Անիկա տակաւին չծնած՝ Սուրբ Հոգիով պիտի լեցուի 16եւ Իսրայէլի ժողովուրդէն շատեր իրենց Տէր Աստուծոյն պիտի դարձնէ։ 17Անիկա Տիրոջ առջեւէն պիտի քալէ՝ Եղիայի հոգիով եւ զօրութեամբ լեցուած, որպէսզի հայրերը իրենց որդիներուն հետ հաշտեցնէ եւ անհնազանդները առաջնորդէ արդարներու իմաստութեան, եւ այսպիսով Տիրոջ գալուստին նախապատրաստուած ժողովուրդ մը պատրաստէ։
18Զաքարիա ըսաւ հրեշտակին.
– Ի՞նչպէս հաւատամ ըսածիդ. որովհետեւ ես ծեր եմ եւ կնոջս ալ տարիքը յառաջացած է։
19Հրեշտակը պատասխանեց.
– Ես Գաբրիէլն եմ եւ Տիրոջ ներկայութեան կը կանգնիմ։ Տէրը զիս ղրկեց, որ քեզի հետ խօսիմ եւ այս լուրը աւետեմ։ 20Եւ քանի չհաւատացիր խօսքերուս, որոնք իրենց ժամանակին պիտի իրականանան, համր պիտի ըլլաս, պիտի չկարենաս խօսիլ մինչեւ այն օրը, երբ ըսածս կատարուի։
21Մինչ այդ, ժողովուրդը Զաքարիայի կը սպասէր եւ կը զարմանար որ անիկա սրբարանէն դուրս գալու կ՚ուշանար։ 22Երբ դուրս ելաւ, չէր կրնար խօսիլ, ուստի հասկըցան որ սրբարանին մէջ տեսիլք մը ունեցեր է։ Զաքարիա պապանձած էր եւ միայն շարժումներով կը խօսէր անոնց հետ։
23Երբ Զաքարիայի պաշտօնավարութեան օրերը լրացան, իր տունը գնաց։ 24Այդ օրերուն իր կինը Եղիսաբէթ յղացաւ։ Հինգ ամիս տունէն դուրս չելաւ. կ՚ըսէր.
– 25Այս օրերուս ահա Տէրը այսպէս օգնեց ինծի՝ վերցնելով մարդոցմէ կրած նախատինքս։

Աւետում Յիսուսի ծնունդին

26Եղիսաբէթիյղութեանվեցերորդամսուան, Աստուած Գաբրիէլ հրեշտակը ղրկեց Գալիլեայի Նազարէթ քաղաքը, 27կոյսի մը մօտ, որ նշանուած էր Դաւիթի սերունդէն Յովսէփ անունով մէկու մը հետ։ Կոյսին անունը Մարիամ էր։ 28Հրեշտակը Մարիամի գալով ըսաւ.
– Ուրախացի՛ր, շնորհալի՛ կոյս, որովհետեւ Աստուած քեզի հետ է։
29Մարիամ այս խօսքին վրայ խռովեցաւ. կը մտածէր թէ ի՛նչ կը նշանակէ այս ողջոյնը։ 30Սակայն հրեշտակը ըսաւ իրեն.
– ՄԻ՛ վախնար, Մարիա՛մ, որովհետեւ Աստուծոյ շնորհքին արժանացար։ 31Ահա պիտի յղանաս եւ զաւակ մը ծնիս, որ Յիսուս պիտի կոչես։ 32Անիկա մեծ պիտի ըլլայ եւ Բարձրեալին Որդին պիտի կոչուի։ Տէր Աստուած անոր պիտի տայ իր հօրը՝ Դաւիթի գահը, 33եւ անիկա Յակոբի սերունդներուն վրայ յաւիտեանս պիտի թագաւորէ։ Անոր թագաւորութիւնը անվախճան պիտի ըլլայ։
34Մարիամ ըսաւ հրեշտակին.
– Ատիկա ի՞նչպէս կրնայ պատահիլ, երբ ամուսնացած չեմ։
35Հրեշտակը պատասխանեց.
– Սուրբ Հոգին քեզի պիտի գայ եւ Բարձրեալին զօրութիւնը քու վրադ պիտի հանգչի. ուստի ծնելիք զաւակդ սուրբ է եւ Աստուծոյ Որդի պիտի կոչուի։ 36Ահա ազգականդ Եղիսաբէթն ալ, հակառակ ծեր եւ ամուլ ըլլալուն՝ վեցերորդ ամիսն է որ յղի է։ 37Գիտցի՛ր, որ Աստուծոյ համար անկարելի բան չկայ։
38Մարիամ ըսաւ.
– Աստուծոյ աղախինն եմ, թող քու ըսածդ ըլլայ։
Ապա հրեշտակը գնաց Մարիամի քովէն։

Մարիամ Եղիսաբէթի կ՚այցելէ

39Նոյն օրերուն, Մարիամ ճամբայ ելլելով՝ աճապարանքով գնաց Յուդայի լեռնային շրջանի քաղաքներէն մէկը։ 40Հոն Զաքարիայի տունը մտնելով՝ Եղիսաբէթի ողջոյն տուաւ։ 41Երբ Եղիսաբէթ Մարիամի ողջոյնը լսեց, իր որովայնին մէջ երեխան շարժեցաւ, եւ Եղիսաբէթ Սուրբ Հոգիով ներշնչուած՝ 42բարձրաձայն ըսաւ.
– Կիներուն մէջ օրհնեա՜լ ես դուն եւ օրհնեա՜լ է զաւակը որ կը կրես որովայնիդ մէջ։ 43Ի՜նչ երջանկութիւն, որ Տիրոջս մայրը ինծի կ՚այցելէ. 44որովհետեւ երբ ողջոյնդ լսեցի, երեխաս ուրախութեամբ շարժեցաւ որովայնիս մէջ։ 45Երանի՜ քեզի որ հաւատացիր, որովհետեւ Աստուծոյ կողմէ քեզի ըսուածները պիտի կատարուին։

Մարիամի օրհներգութիւնը

46Մարիամ ըսաւ.
«Տէրը պիտի գովաբանեմ.
47Ահա հոգիս կ՚ուրախանայ
Աստուծմով, իմ Փրկիչովս,
48որովհետեւ ան տեսաւ
իր աղախինին հեզութիւնը։
Ասկէետք բոլոր սերունդները
երանի պիտի տան ինծի,
49քանի հզօրն Աստուած ինծի համար
մեծամեծ գործեր կատարեց.
սուրբ է անունը անոր։
50Բոլոր ժամանակներուն մէջ
ողորմութեամբ ան կը նայի
աստուածավախ մարդոց վրայ։
51Իր բազուկով ան զօրութիւն ցոյց տուաւ,
ոչնչացուց հպարտները՝
իրենց բոլոր խորհուրդներով։
52Գահազրկեց արքաները
եւ բարձրացուց խոնարհները։
53Անօթիները բարիքներով լիացուց,
մինչ հարուստները դատարկաձեռն արձակեց։
54Պաշտպան եղաւ իր ծառային՝ Իսրայէլի,
հաւատարիմ մնալով իր ողորմութեան,
55ինչպէս որ խոստացած էր մեր հայրերուն՝
Աբրահամի եւ անոր զաւակներուն»։
56Մարիամ Եղիսաբէթի մօտ շուրջ երեք ամիս մնալէ ետք վերադարձաւ իր տունը։

Յովհաննէս Մկրտիչի ծնունդը

57Եղիսաբէթի ծննդաբերութեան ժամանակը հասաւ եւ զաւակ մը ծնաւ։ 58Դրացիներն ու ազգականները երբ լսեցին, թէ որքան մեծ եղած է Տիրոջ ողորմութիւնը անոր հանդէպ՝ ուրախացան Եղիսաբէթի հետ։
59Փոքրիկին ծննդեան ութերորդ օրը եկան զայն թլփատելու, եւ երբ զայն իր հօր անունով Զաքարիա պիտի կոչէին, 60մայրը ըսաւ.
– Ո՛չ, Յովհաննէս պիտի կոչուի.
61Սակայն ներկաները կ՚առարկէին, ըսելով.
– Բայց ձեր գերդաստանին մէջ Յովհաննէս անունով մէկը չկա՛յ։
62Այս պատճառով նշանացի դիմեցին հօրը, գիտնալու համար թէ ի՛նչ կ՚ուզէ որ կոչուի մանուկը։ 63Զաքարիա տախտակ մը ուզեց եւ գրեց՝ Յովհաննէս։ Բոլորն ալ զարմացան։ 64Նոյն վայրկեանին Զաքարիայի լեզուն բացուեցաւ, սկսաւ խօսիլ եւ օրհնել զԱստուած։ 65Վախ ինկաւ բոլոր ներկաներուն եւ դրացիներուն մէջ, որոնք ասիկա լսեցին, եւ Հրէաստանի լեռնակողմը ամէ ն մարդ այս մասին կը խօսէր։ 66Ասիկա լսելով՝ ամէնքն ալ կը խորհէին ու կ՚ըսէին.
– Արդեօք այս մանուկը ի՞նչպիսի մէկը պիտի ըլլայ։
Եւ Տիրոջ զօրութիւնը անոր հետ էր։

Զաքարիայի օրհներգութիւնը

67Հայրը՝ Զաքարիան, Սուրբ Հոգիով լեցուած՝ մարգարէացաւ, ըսելով.
68«Օրհնեա՜լ է Իսրայէլի Տէր Աստուածը,
որ օգնութեան հասաւ
եւ փրկութիւն բերաւ իր ժողովուրդին։
69Իր ծառային՝ Դաւիթի սերունդէն
հզօր Փրկիչ մը տուաւ մեզի։
70Իր սուրբ մարգարէներուն միջոցաւ
կանուխէն մեզի խոստացաւ
71փրկել մեր թշնամիներէն ու բոլոր մեզատողներէն,
72եւ մեր հայրերուն հանդէպ իր ողորմութիւնը ցոյց տալ՝
իր սուրբ ուխտին հաւատարիմ մնալով,
73մեզի տալու այն՝ ինչ որ երդումով
մեր հօր Աբրահամի խոստացած էր,
74որպէսզի առանց վախի,
այլեւս մեր թշնամիներէն փրկուած՝ զինք պաշտենք
75մեր կեանքի բոլոր օրերուն,
եւ իրեն ներկայանանք
որպէս սուրբ եւ արդար մարդիկ։
76Եւ դուն, զաւա՛կս,
Բարձրեալին մարգարէն պիտի կոչուիս
եւ Տիրոջ առջեւէն պիտի քալես՝
անոր ճամբան պատրաստելու,
77որպէսզի գիտցնես իր ժողովուրդին,
թէ պիտի փրկուին՝
իրենց մեղքերուն ներում գտնելով.
78որովհետեւ Աստուած իր գթառատ ողորմութեամբ
իբրեւ Արեգակ՝ երկինքէն պիտի ծագի մեր վրայ,
79եւ յայտնուի մեզի,
որ խաւարի մէջ եւ մահուան շուքին տակ կը մնայինք,
որպէսզի մեր ոտքերը
դէպի խաղաղութեան ճամբան ուղղէ»։
80Փոքրիկը կ՚աճէր մարմինով եւ կը զօրանար հոգիով։ Անիկա անապատին մէջ կը բնակէր մինչեւ այն օրը, երբ երեւցաւ Իսրայէլի մէջ։