ՂՈՒԿԱՍ 11
Յիսուս աղօթել կը սորվեցնէ
(Մտ 6.9-13, 7.7-11)
1Պատահեցաւոր Յիսուս տեղմը կ՚աղօթէր։ Երբ աղօթելը վերջացուց, իր աշակերտներէն մէկը ըսաւ.
– Տէ՛ր, մեզի աղօթել սորվեցուր, ինչպէս որ Յովհաննէս Մկրտիչ իր աշակերտներուն սորվեցուց։
2Յիսուս ըսաւ.
– Երբ կ՚աղօթէք, ըսէք.
«Հա՜յր մեր, սրբաբանուի՛ անունդ.
թող գայ արքայութիւնդ։
3Ամենօրեայ մեր հացը
շնորհէ՛ մեզի օրէ օր։
4Եւ ներէ՛ մեր մեղքերը,
քանի մենք ալ կը ներենք
անոնց՝ որոնք մեզի դէմ
նոյնպէս յանցանք գործած են։
Եւ թոյլ մի՛ տար
որ փորձութեան մէջ իյնանք»։
5Եւ ապա շարունակեց.
Ենթադրենք որ ձեզմէ մէկը բարեկամ մը ունի, որուն կը դիմէ գիշեր ատեն եւ կ՚ըսէ. «Բարեկա՛մ, ինծի երեք հաց փոխ տուր, 6որովհետեւ ճամբորդ բարեկամ մը տունս իջեւանեցաւ եւ ես հրամցնելիք բան չունիմ»։ 7Անիկա ներսէն կը պատասխանէ, ըսելով. «Մի՛ յոգնեցներ զիս. դռները արդէն իսկ գոցած եմ եւ փոքրիկներս քովս անկողինին մէջ են. հետեւաբար չեմ կրնար ելլել տալ քեզի»։ 8Վստահ եղէք, որ նոյնիսկ եթէ բարեկամութեան սիրոյն չելլէ եւ անոր ուզածը չտայ, սակայն թախանձանքներուն տեղի տալով՝ պիտի կատարէ անոր խնդրանքը։ 9Ես ալ ձեզի կ՚ըսեմ.է Խնդրեցէ՛ք Աստուծմէ եւ պիտի տայ ձեզի, փնտռեցէ՛ք եւ պիտի գտնէք, բաղխեցէ՛ք եւ պիտի բացուի ձեզի։ 10Որովհետեւ խնդրողը կը ստանայ, փնտռողը կը գտնէ եւ բաղխողին առջեւ դուռը պիտի բացուի։ 11Ձեր մէջ կա՞յ հայր մը, որուն զաւակը ձուկ ուզէ եւ ինք ձուկին փոխարէն օձ տայ անոր, 12եւ կամ կարիճ տայ՝ երբ զաւակը հաւկիթ խնդրէ։ 13Արդ, եթէ դուք որ չար էք՝ գիտէք ձեր զաւակներուն լաւ պարգեւներ տալ, ձեր երկնաւոր Հայրը որքա՜ն աւելի լաւ պարգեւ մը՝ Սուրբ Հոգին պիտի տայ անոնց, որոնք իրեն կը դիմեն։
Յիսուս եւ Բէեղզեբուղ
(Մտ 9.32-34, 12.22-30, Մր 3.20-27)
14Օր մը Յիսուս կը բժշկէր դիւահար մը, որ համր էր։ Երբ չար ոգին դուրս ելաւ՝ մարդը խօսեցաւ, եւ ժողովուրդը զարմացաւ։ 15Բայց անոնցմէ ոմանք ըսին.
– Դեւերու իշխանին՝ Բէեղզեբուղին զօրութեամբ է որ անիկա չար ոգիները դուրս կը հանէ։
16Ուրիշներ ալ զինք ծուղակը ձգելու համար կ՚ուզէին որ հրաշք մը գործէ՝ երկինքէն իր վկայուած ըլլալը ցոյց տալու համար։
17Յիսուս գիտցաւ անոնց մտածումը եւ ըսաւ.
– Ոեւէ թագաւորութիւն որ ինքն իր մէջ բաժան–բաժան կ՚ըլլայ՝ կը կործանի. նոյնպէս ալ, ընտանիք մը որ ինքն իր մէջ բաժնուած է՝ կը քանդուի։ 18Հետեւաբար, եթէ Սատանան ինքն իր մէջ բաժան–բաժան եղած է, ինչպէ՞ս ուրեմն անոր թագաւորութիւնը կանգուն կրնայ մնալ։ Կ՚ըսէք թէ ես Բէեղզեբուղին զօրութեամբ չար ոգիները կը հանեմ։ 19Աղէկ, եթէ այդպէս է՝ ձեր հետեւորդնե՞րը ինչով դուրս պիտի հանեն զանոնք։ Ուրեմն, ձեր իսկ հետեւորդները ձեզ պիտի դատապարտեն։ 20Իսկ եթէ ես Աստուծոյ զօրութեամբ չար ոգիները կը հանեմ, կը նշանակէ թէ Աստուծոյ թագաւորութիւնը արդէն հասած է ձեզի։
21Երբ զօրաւոր մէկը, լաւապէս զինուած, իր տան կը հսկէ, իր ստացուածքը ապահով կը մնայ։ 22Սակայն եթէ անկէ զօրաւոր մէկը յարձակի եւ պարտութեան մատնէ զայն՝ կը գրաւէ անոր բոլոր զէնքերը, որոնց վրայ անիկա իր յոյսը դրած էր, եւ աւարն ալ կը բաշխէ։
23Ով որ ինծի հետ չէ՝ ինծի հակառակ է. եւ ով որ ինծի հետ չի հաւաքեր՝ կը ցրուէ։
Չար ոգիին վերադարձը
(Մտ 12.43-45)
– 24Երբ չար ոգի մը դուրս կ՚ելլէ մարդու մը մէջէն, կ՚երթայ եւ անջրդի վայրեր կը շրջի՝ հանգիստ տեղ մը գտնելու համար։ Երբ չի գտներ, ինքնիրեն կ՚ըսէ. «Ելլեմ երթամ իմ տունս, ուրկէ ելայ»։ 25Ուստի կը վերադառնայ իր նախկին տունը եւ զայն կը գտնէ մաքուր եւ յարդարուած։ 26Ապա կ՚երթայ եւ կը բերէ իրմէ աւելի չար եօթը այլ ոգիներ, որոնց հետ ներս մտնելով՝ կը բնակի հոն, որով այդ մարդուն վերջը իր նախկին վիճակէն աւելի գէշ կ՚ըլլայ։
Ճշմարիտ երանութիւնը
27Եւ մինչ Յիսուս կը խօսէր, բազմութեան մէջէն կին մը բարձրաձայն ըսաւ.
– Երանի՜ այն կնոջ, որ քեզ յղացաւ եւ դիեցուց։
28Յիսուս պատասխանեց.
– Մանաւանդ երանի՜ անոնց՝ որոնք Աստուծոյ խօսքը կը լսեն եւ կը գործադրեն զայն։
Հրաշքի մը խնդրանքը
(Մտ 12.38-42, Մր 8.11-12)
29Երբ ժողովուրդը սկսաւ խռնուիլ Յիսուսի շուրջ, անիկա սկսաւ ըսել.
– Այս սերունդը չար սերունդ է. նշան կը խնդրէ, բայց Յովնան մարգարէին նշանէն զատ ուրիշ նշան պիտի չտրուի անոր։ 30Եւ ինչպէս Յովնան Նինուէացիներուն նշան եղաւ, նոյնպէս ալ Մարդու Որդին այս սերունդին նշան պիտի ըլլայ։ 31Դատաստանի օրը Հարաւի թագուհին այս սերունդի մարդոց դիմաց պիտի կանգնի եւ պիտի դատապարտէ զիրենք, որովհետեւ անիկա իր հեռաւոր երկրէն եկաւ Սողոմոնի իմաստուն ուսուցումները լսելու համար։ Եւ ահա, Սողոմոնէն աւելի մեծ մէկը կայ հոս։ 32Դատաստանի օրը Նինուէացիները այս սերունդի մարդոց դիմաց պիտի կանգնին եւ պիտի դատապարտեն զիրենք, որովհետեւ անոնք Յովնանի քարոզութեամբ զղջացին իրենց մեղքերուն համար։ Եւ ահա, Յովնանէն աւելի մեծ մէկը կայ հոս։
Հաւատքին լոյսը
(Մտ 5.15, 6.22-23, Մր 4.21, Ղկ 8.16)
– 33Ոեւէ մէկը ճրագը վառելէ ետք չի պահեր կամ կաթսայի տակ չի դներ, այլ աշտանակի վրայ կը դնէ, որպէսզի ներս մտնողները լոյսը տեսնեն։ 34Աչքն է մարմնին ճրագը. երբ աչքդ առողջ է՝ ամբողջ մարմինդ լուսաւոր կ՚ըլլայ, իսկ երբ աչքդ վատառողջ է՝ ամբողջ մարմինդ խաւար կ՚ըլլայ։ 35Ուրեմն զգո՜յշ, չըլլա՜յ թէ քու մէջդ եղող լոյսը խաւարի։ 36Եթէ ամբողջ մարմինդ լուսաւոր է, առանց խաւարի մասնիկ մը ունենալու, այն ատեն ամէն ինչ լուսաւոր պիտի ըլլայ, այնպէս՝ ինչպէս երբ ճրագը իր շողերով կը լուսաւորէ քեզ։
Յիսուս կը դատապարտէ Փարիսեցիներն ու Օրէնքի ուսուցիչները
(Մտ 23.1-36, Մր 12.38-40)
37Տակաւին Յիսուս կը խօսէր, երբ Փարիսեցի մը խնդրեց իրմէ որ իր տունը ճաշի գայ։ Յիսուս ներս մտաւ եւ սեղան բազմեցաւ։ 38Երբ Փարիսեցին ասիկա տեսաւ՝ զարմացաւ, որովհետեւ ճաշելէ առաջ Յիսուս չլուացուեցաւ։ 39Տէրը ըսաւ անոր.
– Հիմա դուք՝ Փարիսեցիներդ, գաւաթին եւ պնակին արտաքինը մաքրելու մտահոգ էք, մինչ ձեր ներսը յափշտակութեամբ եւ չարութեամբ լեցուն է։ 40Անմիտնե՛ր, ան որ արտաքինը ստեղծեց, ներքինն ալ ինք չստեղծե՞ց։ 41Բայց ինչ որ կրնաք՝ տուէք իբրեւ ողորմութիւն, եւ ահա ամէն ինչ մաքուր պիտի ըլլայ ձեզի համար։
42Վա՜յ ձեզի, Փարիսեցինե՛ր, որ անանուխին, փեգենային եւ այլ կանաչեղէններուն տասանորդը կու տաք, բայց կ՚անտեսէք Աստուծոյ արդարութիւնն ու սէրը։ Ասոնք պէտք էր գործադրել, առանց միւսները անտեսելու։
43Վա՜յ ձեզի, Փարիսեցինե՛ր, որ ժողովարաններուն մէջ պատուոյ աթոռները նստիլ կը սիրէք, ինչպէս նաեւ հրապարակներու վրայ յարգալից բարեւներ ընդունիլ։
44Վա՜յ ձեզի, որովհետեւ կը նմանիք գերեզմաններու, որոնք չեն նշմարուիր եւ որոնց վրայէն մարդիկ կ՚անցնին՝ առանց գերեզման ըլլալը գիտնալու։
45Ասոր վրայ Օրէնքի ուսուցիչներէն մէկը ըսաւ Յիսուսի.
– Վարդապե՛տ, այս խօսքերը ըսելով մե՛զ ալ անարգած կ՚ըլլաս։
46Յիսուս պատասխանեց.
– Վա՜յ ձեզի ալ, Օրէնքի՛ ուսուցիչներ, որ դժուարակիր բեռներ կը դնէք մարդոց ուսերուն եւ դուք ձեր մատին ծայրովն իսկ չէք օգներ այդ բեռները կրելու։
47Վա՜յ ձեզի, որովհետեւ մարգարէներուն դամբարանները կը շինէք, մինչդեռ ձեր հայրերն էին որ զանոնք սպաննեցին։ 48Ահաւասիկ արդէն իսկ կը վկայէք թէ համաձայն էք ձեր հայրերու գործերուն։ Անոնք մարգարէները սպաննեցին, իսկ դուք անոնց դամբարանները կը շինէք։ 49Ասոր համար Աստուծոյ իմաստութիւնը կ՚ըսէ. «Անոնց մարգարէներ եւ պատգամաւորներ պիտի ղրկեմ, եւ իրենք պիտի սպաննեն անոնցմէ ոմանք եւ հալածեն միւսները»։ 50Հետեւաբար Աստուած այս սերունդէն պիտի առնէ աշխարհի սկիզբէն ի վեր՝ բոլոր մարգարէներուն թափուած արեան վրէժը, 51Աբելի արիւնէն մինչեւ արիւնը Զաքարիայի, որ տաճարին եւ զոհարանին միջեւ սպաննուեցաւ։ Այո՛. կ՚ըսեմ ձեզի, բոլոր ոճիրներուն պատիժը այս սերունդը պիտի կրէ։
52Վա՜յ ձեզի, Օրէնքի՛ ուսուցիչներ, որ գիտութեան դրան բանալին կը պահէք. դուք չէք մտներ եւ կ՚արգիլէք անոնց՝ որ կ՚ուզեն մտնել։
53Օրէնքի ուսուցիչներն ու Փարիսեցիները երբ լսեցին Յիսուսի այս խօսքերը, որ բոլոր մարդոց դիմաց ըսաւ, ամօթով մնացին։ Սկսան զինք քննադատել եւ իրեն հետ զանազան հարցերու մասին վիճաբանիլ, 54որպէսզի իր իսկ խօսքերով զինք ծուղակի մէջ ձգեն եւ ամբաստանեն զինք։