ՄԱՐԿՈՍ 11

Յիսուսի յաղթական մուտքը Երուսաղէմ
(Մտ 21.1-11Ղկ 19.28-40Յհ 12.12-19)

1Երբ մօտեցան Երուսաղէմի, Բեթփագէիեւ Բեթանիայի, Ձիթենեաց լերան մօտիկը, Յիսուս իր աշակերտներէն երկու հոգի ղրկեց, 2անոնց պատուիրելով.
– Գացէք սա դիմացի գիւղը. հազիւ մտած՝ հոն կապուած աւանակ մը պիտի գտնէք, որուն վրայ ոչ ոք նստած է տակաւին։ Քակեցէ՛ք զայն եւ բերէ՛ք։ 3Եթէ ոեւէ մէկը հարցնէ՝ «Ինչո՞ւ կը քակէք աւանակը», իրենըսէք՝ «Տէրը անոր պէտք ունի», եւ անիկա անմիջապէս հոս պիտի ղրկէ զայն։
4Երկու աշակերտները գացին եւ դուրսը փողոցին մէջ գտան աւանակը, տան մը դրան կապուած, ու քակեցին զայն։ 5Հոն կեցողներէն ոմանք ըսին.
– Այդ ի՞նչ կ՚ընէք, ինչո՞ւ կը քակէք աւանակը։
6Աշակերտները պատասխանեցին այնպէս՝ ինչպէս պատուիրած էր Յիսուս. ուստի թոյլ տուին իրենց։ 7Աշակերտները բերին զայն Յիսուսի եւ իրենց վերարկուները աւանակին վրայ դրին։ Ապա Յիսուս նստաւ անոր վրայ։ 8Շատեր իրենց վերարկուները կը փռէին ճամբուն վրայ, իսկ ուրիշներ ծառերէն ոստեր կը կտրէին եւ կը տարածէին ճամբուն վրայ։ 9Անոնք որոնք Յիսուսի առջեւէն կ՚երթային կամ կը հետեւէին իրեն, կ՚աղաղակէին.–
«Ովսաննա՜ Բարձրեալին,
օրհնեա՜լ ըլլաս դուն որ կու գաս Տիրոջ անունով.
10օրհնեա՜լ ըլլայ քու թագաւորութիւնդ,
մեր հօր Դաւիթի թագաւորութիւնը, որ կու գայ,
խաղաղութի՜ւներկինքիմէջեւ
փա՜ռք Բարձրեալին»։
11Յիսուս Երուսաղէմ մտաւ եւ տաճար գնաց, ուր իր շուրջըամէն ինչ աչքէ անցուց։ Եւ որովհետեւ արդէն երեկոյ եղած էր, տասներկու աշակերտներուն հետ Բեթանիա գնաց։

Յիսուս կ՚անիծէ թզենին
(Մտ 21.18-19)

12Յաջորդ օր, երբ Բեթանիայէն կ՚ելլէին, Յիսուս անօթեցաւ։ 13Հեռուն տերեւներով լեցուն թզենի մը տեսնելով՝ գնաց դէպի ծառը, յուսալով որ վրան թուզ պիտի գտնէ։ Բայց երբ մօտեցաւ, տերեւէ զատ ոչինչ գտաւ, որովհետեւ թուզի ժամանակը չէր։ 14Յիսուս թզենիին ըսաւ. – Այլեւս մա՛րդ քեզմէ պտուղ թող չուտէ բնաւ։ Եւ ասիկա աշակերտները լսեցին։

Յիսուս տաճարը կը մաքրագործէ
(Մտ 21.12-17Ղկ 19.45-48Յհ 2.13-17)

15Երուսաղէմեկան։ Յիսուստաճար մտաւեւսկսաւ դուրս հանել անոնք որոնք տաճարին մէջ առուծախ կ՚ընէին։ Լումայափոխներուն սեղանները եւ աղաւնեվաճառներուն աթոռները շրջեց 16եւ թոյլ չտուաւ որ ոեւէ մէկը ոեւէ բան անցընէ տաճարին շրջափակին մէջէն։ 17Ապա ժողովուրդին սկսաւ ուսուցանել, ըսելով.
– Սուրբ գիրքերուն մէջ գրուած է, թէ «Իմ տունս բոլոր ժողովուրդներուն համար աղօթքի տուն պիտի կոչուի», մինչ դուք զայն աւազակներու որջի վերածած էք։
18Աւագ քահանաները եւ Օրէնքի ուսուցիչները լսեցին ասիկա եւ սկսան միջոց մը փնտռել, թէ ի՛նչպէս սպաննեն զայն։ Անոնք Յիսուսէն կը վախնային, որովհետեւ ամբողջ ժողովուրդը կը հիանար անոր ուսուցումներուն վրայ։
19Երբ երեկոյ եղաւ, Յիսուս եւ իր աշակերտները ձգեցին քաղաքը։

Չորցած թզենիին դասը
(Մտ 21.20-22)

20Առաւօտ կանուխ, երբնոյն ճամբայէն կ՚անցնէին, տեսան թզենին, որ արմատէն չորցած էր։ 21Պետրոս յիշեց պատահածը եւ ըսաւ.
– Վարդապե՛տ, ահաւասիկ թզենին որ անիծեցիր՝ չորցեր է։
22Յիսուս ըսաւ անոնց.
– Աստուծոյ վրայ հաւատք ունեցէք։ 23Վստա՛հ եղէք, ով որ այս լերան ըսէ. «Ե՛լ եւ ծով ինկիր», եւ եթէ մտքին մէջ չտարակուսի, այլ հաւատայ թէ իր ըսածը պիտի ըլլայ, ի՛նչ որ ըսէ՝ պիտի կատարուի։ 24Այս պատճառով կ՚ըսեմ ձեզի, թէ ի՛նչ որ աղօթքով խնդրէք, հաւատացէք որ պիտի ստանաք եւ ձեր խնդրածը պիտի տրուի ձեզի։ 25Եւ երբ կ՚աղօթէք, ներեցէ՛ք եթէ բան մը ունիք ուրիշին դէմ, որպէսզի ձեր երկնաւոր Հայրն ալ ձեզի ներէ ձեր յանցանքները։ 26Որովհետեւ եթէ դուք ուրիշին չներէք, ձեր երկնաւոր Հայրն ալ ձեր յանցանքները պիտի չներէ ձեզի։

Յիսուսի իշխանութեան հարցը
(Մտ 21.23-27Ղկ 20.1-8Յհ 2.18-22)

27Յիսուս եւ իր աշակերտները դարձեալ Երուսաղէմ եկան։ Մինչ Յիսուս տաճարին մէջ կը պտըտէր, իրեն մօտեցան աւագ քահանաները, Օրէնքի ուսուցիչներն ու երէցները 28եւ հարցուցին.
– Ի՞նչ իշխանութեամբ կը կատարես այս բաները։ Ո՞վ քեզի այդ իշխանութիւնը տուաւ։
29Յիսուս պատասխանեց անոնց.
– Լա՛ւ, ձեզի պիտի ըսեմ թէ ի՛նչ իշխանութեամբ կ՚ընեմ ասոնք, եթէ դուք ալ իմ հարցումիս պատասխանէք։ 30Յովհաննէսի մկրտելու իշխանութիւնը Աստուծմէ՞ տրուած էր իրեն թէ մարդոցմէ։ Պատասխանեցէ՛ք տեսնեմ։
31Անոնք սկսան իրարու միջեւ խորհիլ եւ ըսել.
– Եթէ ըսենք՝ «Աստուծմէ տրուած էր», մեզի պիտի ըսէ՝ թէ ինչո՛ւ չհաւատացիք իրեն. 32իսկ «Մարդոցմէ էր» չենք կրնար ըսել՝ ժողովուրդէն վախնալով, որովհետեւ ամէն մարդ գիտէ թէ Յովհաննէս ճշմարտապէս մարգարէ է։
33Ուստի պատասխանեցին Յիսուսի.
– Չենք գիտեր։
Յիսուս ալ իրենց հարցումին պատասխանելով ըսաւ.
– Այն ատեն՝ ես ալ ձեզի չեմ ըսեր թէ ի՛նչ իշխանութեամբ կ՚ընեմ այս բաները։