ՄԱՐԿՈՍ 14

Դաւ Յիսուսի դէմ
(Մտ 26.1-5Ղկ 22.1-2Յհ 11.47-53)

1Երկու օրէն Զատիկն էր եւ Բաղարջակերաց տօնը պիտի սկսէր։ Աւագ քահանաներն ու Օրէնքի ուսուցիչները միջոց մը կը փնտռէին, թէ ի՛նչպէս կրնան Յիսուսը նենգութեամբ ձերբակալել եւ սպաննել։ 2Բայց կ՚ըսէին.
– Այս տօնին ժամանակ թող չըլլայ, որպէսզի ժողովուրդին մէջ խռովութիւն չծագի։

Յիսուսի օծումը Բեթանիայի մէջ
(Մտ 26.6-13Յհ 12.1-8)

3Մինչ Յիսուս Բեթանիայի մէջ բորոտ Սիմոնին տան մէջ սեղան բազմած էր, կին մը եկաւ, որ ազնիւ եւ սուղ նարդոս իւղի շիշ մը ունէր, եւ շիշը կոտրելով՝ իւղը թափեց Յիսուսի գլխուն։ 4Աշակերտներէն ոմանք ընդվզեցան եւ ըսին.
– Ինչո՞ւ այդպէս վատնել անուշահոտը. 5կարելի էր զայն աւելի քան երեք հարիւր արծաթ դահեկանի ծախել եւ աղքատներուն տալ։
Եւ կը յանդիմանէին կինը։ 6Յիսուս ըսաւ անոնց.
– Ձգեցէ՛ք, ինչո՞ւ կ՚անհանգստացնէք զինք, քանի լաւ բան մը ըրաւ ինծի։ 7Աղքատները միշտ ձեզի հետ ունիք եւ երբ որ ուզէք՝ կրնաք անոնց բարիք գործել, բայց զիս միշտ չունիք ձեզի հետ։ 8Այս կինը ի՛նչ որ կրնար՝ ըրաւ. իմ մարմինս սկիզբէն օծեց թաղումիս որպէս նշան։ 9Լա՛ւ գիտցէք, թէ աշխարհի վրայ ու՛ր որ ալ Աւետարանը քարոզուի, մարդիկ իր ըրածին մասին պիտի խօսին եւ յիշեն զինք։

Յուդա կը համաձայնի Յիսուսը մատնել
(Մտ 26.14-16Ղկ 22.3-6)

10Ապա տասներկու աշակերտներէն Յուդա Իսկարիոտացին գնաց աւագ քահանաներուն մօտ, որպէսզի Յիսուսը անոնց մատնէ։ 11Անոնք ասիկա լսելով՝ շատ ուրախացան եւ խոստացան դրամ տալ իրեն։ Եւ Յուդա յարմար առիթի մը կը սպասէր՝ Յիսուսը մատնելու համար։

Վերջին ընթրիքը
(Մտ 26.17-30Ղկ 22.7-20Յհ 13.21-30Ա.Կր 11.23-25)

12Բաղարջակերաց տօնին առաջին օրը, երբ Զատիկին համար գառնուկը կը մորթէին, աշակերտները հարցուցին Յիսուսի.
– Ո՞ւր կ՚ուզես որ երթանք եւ զատկական ընթրիքը պատրաստենք։
13Յիսուս իր աշակերտներէն երկուքը ղրկեց, անոնց պատուիրելով.
– Քաղաք կ՚երթաք եւ հազիւ մտած՝ մարդու մը պիտի հանդիպիք, որ ուսին ջուրի սափոր մը ունի։ Անո՛ր հետեւեցէք 14եւ մտէք անոր գացած տունը եւ տանտիրոջ ըսէք. «Վարդապետը կը հարցնէ՝ թէ ո՛ւր է սենեակը, ուր աշակերտներուս հետ զատկական ընթրիքը պիտի ուտեմ»։ 15Անիկա վերնայարկը մեծ եւ կահաւորուած սենեակ մը ցոյց պիտի տայ ձեզի։ Հո՛ն պատրաստեցէք ընթրիքը մեզի համար։
16Աշակերտները գացին, մտան քաղաք եւ ամէն ինչ գտան Յիսուսի ըսածին պէս եւ պատրաստեցին զատկական ընթրիքը։
17Երեկոյեան, Յիսուս տասներկու աշակերտներուն հետ եկաւ։ 18Մինչ սեղան բազմած էին եւ տակաւին կ՚ընթրէին, Յիսուս ըսաւ.
– Կ՚ըսեմ ձեզի, թէ ձեզմէ մէկը, որ հիմա ինծի հետ կ՚ուտէ, պիտի մատնէ զիս։
19Անոնք տրտմեցան եւ մէկ առ մէկ կը հարցնէին անոր.
– Միթէ ե՞ս եմ, միթէ ե՞ս եմ։
20Յիսուս ըսաւ անոնց.
– Տասներկուքէդ մէկն է, ան՝ որ պատառը ինծի հետ պնակին երկարեց։ 21Մարդու Որդին պիտի մեռնի՝ ինչպէս որ այդ մասին գրուած է մարգարէական գիրքերուն մէջ. բայց վա՜յ այն մարդուն, որ զայն կը մատնէ։ Երանի՜ այդ մարդը ծնած իսկ չըլլար։
22Մինչ կ՚ուտէին, Յիսուս հաց առաւ, օրհնեց, կտրեց եւ աշակերտներուն տուաւ, ըսելով.
– Առէ՛ք, ասիկա մարմինս է։
23Ապա գինիի բաժակը առաւ, շնորհակալութիւն յայտնեց Աստուծոյ եւ աշակերտներուն տուաւ, եւ բոլորն ալ խմեցին բաժակէն։ 24Յիսուս ըսաւ անոնց.
– Ասիկա նոր ուխտի արիւնս է, որ շատերուն համար կը հոսի։ 25Կ՚ըսեմ ձեզի, թէ ասկէ ետք գինի պիտի չխմեմ՝ մինչեւ այն օրը, երբ նոր գինին խմեմ Աստուծոյ արքայութեան մէջ։
26Ապա գոհաբանական սաղմոսներ երգելէ ետք՝ ելան Ձիթենեաց Լեռ։

Յիսուս Պետրոսի ուրանալը կը գուշակէ
(Մտ 26.31-35Ղկ 22.31-34Յհ 13.36-38)

27Հոն Յիսուս ըսաւ անոնց.
– Այս գիշեր բոլորդ ալ պիտի լքէք զիս, որովհետեւ Սուրբ գիրքը կ՚ըսէ. «Պիտի սպաննեմ հովիւը, եւ ոչխարները պիտի ցրուին»։ 28Բայց յարութիւն առնելէս ետք ձեզմէ առաջ Գալիլեա պիտի երթամ։
29Պետրոս պատասխանեց.
– Նոյնիսկ եթէ բոլորը լքեն քեզ, ես պիտի չլքե՛մ։
30Յիսուս ըսաւ անոր.
– Կ՚ըսեմ քեզի, որ այս գիշեր աքաղաղը երկու անգամ չկանչած՝ դուն երեք անգամպիտի ուրանաս զիս։
31Բայց Պետրոս աւելի կը պնդէր ու կ՚ըսէր.
– Նոյնիսկ եթէ մեռնիլ պէտք ըլլայ քեզի հետ, պիտի քեզ չուրանամ։ Նոյնը կ՚ըսէին բոլորն ալ։

Յիսուս Գեթսեմանիի մէջ
(Մտ 26.36-46Ղկ 22.39-46)

32Եկան տեղ մը, որ կը կոչուէր Գեթսեմանի։ Յիսուս իր աշակերտներուն ըսաւ.
– Հո՛ս նստեցէք, մինչեւ որ ես աղօթեմ։
33Եւ իր հետ առաւ Պետրոսը, Յակոբոսն ու Յովհաննէսը։ Խռոված էր ու կը տագնապէր։ 34Այն ատեն ըսաւ անոնց.
– Հոգիս մեռնելու աստիճան տրտմած է. հո՛ս կեցէք եւ արթո՛ւն մնացէք։
35Ապա քիչ մը առաջ գնաց եւ երեսին վրայ գետին փռուելով կ՚աղօթէր, որ եթէ կարելի է՝ հեռանայ իրմէ տառապանքի այս ժամը։ 36Եւ ըսաւ.
– Հա՜յր, հա՜յր, քեզի համար ամէն ինչ կարելի է։ Այս բաժակը հեռացո՛ւր ինձմէ, բայց ո՛չ թէ ինչպէս որ ես կ՚ուզեմ, այլ ինչպէս որ դո՛ւն կ՚ուզես։
37Յետոյ եկաւ եւ տեսաւ որ երեք աշակերտները կը քնանային։ Պետրոսի ըսաւ.
– Սիմո՛ն, կը քնանա՞ս, չկրցա՞ր ժամ մը արթուն մնալ։ 38Արթուն մնացէք եւ աղօթեցէ՛ք, որպէսզի փորձութեան մէջ չիյնաք։ Հոգին յօժար կրնայ ըլլալ, բայց մարմինը տկար է։ 39Կրկին գնաց աղօթելու եւ նոյն խօսքերը ըսաւ։ 40Եւ երբ վերադարձաւ՝ զանոնք քնացած գտաւ։ Անոնց աչքերը չէին բացուեր եւ չէին գիտեր թէ ի՛նչ պատասխան տային անոր։
41Երրորդ անգամ երբ Յիսուս դարձաւ, ըսաւ անոնց.
– Ասկէ ետք քնացէք եւ հանգստացէք։ Բայց բաւակա՛ն է, ժամը հասաւ եւ ահա Մարդու Որդին մեղաւոր մարդոց ձեռքը պիտի յանձնուի։ 42Օ՛ն, ելէք երթա՛նք, որովհետեւ զիս մատնողը ահա մօտեցաւ։

Յիսուսի ձերբակալութիւնը
(Մտ 26.47-56Ղկ 22.47-53Յհ 18.1-11)

43Տակաւին կը խօսէր, երբ տասներկու աշակերտներէն Յուդա Իսկարիոտացին եկաւ։ Իրեն հետ էր սուրերով եւ բիրերով զինուած ամբոխ մը, որ ղրկուած էր աւագ քահանաներուն, Օրէնքի ուսուցիչներուն եւ երէցներուն կողմէ։ 44Մատնիչը անոնց նշան տուած էր՝ ըսելով.
– Ով որ համբուրեմ՝ անիկա՛ է Յիսուսը, ձերբակալեցէք զայն եւ զգուշութեամբ տարէք։
45Յուդա անմիջապէս մօտեցաւ Յիսուսի եւ ըսաւ.
– Վարդապե՛տ, Վարդապե՛տ։
Եւ համբուրեց զայն։
46Ապա բռնեցին Յիսուսը եւ ձերբակալեցին։ 47Իր շուրջը գտնուողներէն մէկը սուրը քաշեց եւ քահանայապետին ծառային զարկաւ, անոր ականջը կտրելով։ 48Յիսուս անոնց ըսաւ.
– Աւազա՞կ եմ որ այդպէս սուրերով ու բիրերով եկեր էք ձերբակալելու զիս։ 49Ամէն օր ձեզի հետ էի եւ կ՚ուսուցանէի տաճարին մէջ ու չձերբակալեցիք զիս։ Բայց այս բոլորը կը պատահին, որպէսզի Սուրբ գիրքերուն մէջ ըսուածները իրականանան։
50Այն ատեն աշակերտները բոլորն ալ ձգեցին զինք ու փախան։ 51Սակայն երիտասարդ մը, որ միայն կտաւով մը իր մերկութիւնը ծածկած էր, կը հետեւէր իրեն։ 52Երիտասարդները զայն ալ բռնեցին, բայց անիկա կտաւը ձգեց եւ մերկ փախաւ անոնցմէ։

Յիսուս Հրեաներու Ատեանին առջեւ
(Մտ 26.57-68Ղկ 22.54-55,63-71Յհ 18.13-14,19-24)

53Յետոյ Յիսուսը տարին Կայիափա Քահանայապետին տունը, ուր բոլոր աւագ քահանաները, Օրէնքի ուսուցիչներն ու երէցները սկսած էին հաւաքուիլ։ 54Պետրոս հեռուէն կը հետեւէր Յիսուսի, մինչեւ Քահանայապետին տան գաւիթը, ուր սպասաւորներուն հետ նստաւ կրակին մօտ՝ տաքնալու համար։ 55Աւագ քահանաները եւ ամբողջ Ատեանը կը ջանային Յիսուսի դէմ վկայութիւն գտնել, որպէսզի զայն սպաննեն, բայց չէին գտներ։ 56Շատ մը վկաներ սուտ վկայութիւն կու տային, սակայն վկայութիւնները իրարու համաձայն չէին։ 57Ուրիշներ ելան եւ սուտ վկայութիւն տալով՝ ըսին.
– 58Մենք իր բերնէն լսեցինք որ կ՚ըսէր. «Ես մարդոց կողմէ ձեռքով կառուցուած այս տաճարը պիտի քանդեմ եւ երեք օրէն պիտի շինեմ ուրիշ մը, որ մարդոց կողմէ շինուած չէ»։
59Սակայն ասոնց վկայութիւններն ալ իրարու չէին համապատասխաներ։ 60Յետոյ Քահանայապետը ելաւ եւ մէջտեղ գալով հարցուց Յիսուսի.
– Քեզի դէմ եղած այս ամբաստանութիւններուն պատասխան մը պիտի չտա՞ս։
61Բայց Յիսուս լուռ կը մնար եւ պատասխան չէր տար։ Քահանայապետը դարձեալ հարցուց Յիսուսի.
– Դո՞ւն ես Քրիստոսը, օրհնեալ Աստուծոյ Որդին։
62Յիսուս պատասխանեց անոր.
– Ես եմ։ Եւ դուք պիտի տեսնէք Մարդու Որդին, ամենազօր Աստուծոյ աջ կողմը նստած, եւ պիտի տեսնէք՝ որ կու գայ երկինքի ամպերուն մէջէն։
63Քահանայապետը անմիջապէս իր վերարկուն պատռեց եւ ըսաւ.
– Ալ ի՞նչ պէտք ունինք վկաներու, 64բոլորդ ալ իր իսկ բերնէն լսեցիք ըրած հայհոյութիւնը։ Ի՞նչ կը մտածէք։
Բոլորը Յիսուսը դատապարտելով վճռեցին եւ ըսին.
– Մահապարտ է։
65Ոմանք սկսան թքնել Յիսուսի երեսին. դէմքը կը ծածկէին, կը զարնէին ու կը հարցնէին.
– Քրիստո՛ս, գիտցի՛ր, ո՞վ է քեզի զարնողը։
Եւ սպասաւորները կ՚ապտակէին զինք։

Պետրոս կ՚ուրանայ Յիսուսը
(Մտ 26.69-75Ղկ 22.56-62Յհ 18.15-18,25-27)

66Մինչ Պետրոս վարը՝ գաւիթին մէջ էր, Քահանայապետին աղախիններէն մէկը գալով՝ 67տեսաւ որ կը տաքնար, նայեցաւ անոր եւ ըսաւ.
– Դո՛ւն ալ Նազովրեցի Յիսուսի հետ էիր։
68Պետրոս ուրացաւ, ըսելով.
– Չե՛մ ճանչնար զինք եւ չեմ գիտեր թէ ի՛նչ կ՚ըսես։
Պետրոս հազիւ գաւիթէն դուրս՝ նախագաւիթ ելած էր, երբ աքաղաղը կանչեց։ 69Աղախինը զինք կրկին տեսաւ եւ սկսաւ իր շուրջիններուն ըսել.
– Ասիկա ալ անոնցմէ է։
Բայց Պետրոս դարձեալ ուրացաւ։ 70Քիչ ետք շուրջինները կրկին ըսին Պետրոսի.
– Իրապէս որ դուն անոնցմէ ես, քանի Գալիլեացի ես եւ անոնց նման ալ կը խօսիս։
71Պետրոս ինքզինք անիծելով սկսաւ երդում ընել եւ ըսել.
– Ձեր ըսած մարդը չե՛մ ճանչնար։
72Նոյն պահուն աքաղաղը երկրորդ անգամ կանչեց։ Պետրոս յիշեց Յիսուսի խօսքը որ իրեն ըսած էր, թէ «Աքաղաղը երկու անգամ չկանչած՝ երեք անգամ պիտի ուրանաս զիս»։ Եւ սկսաւ լալ։