ՄԱՏԹԷՈՍ 18
1 I 2 I 3 I 4 I 5 I 6 I 7 I 8 I 9 I 10 I 11 I 12 I 13 I 14 I 15 I 16 I 17 I 18 I 19 I 20 I 21 I 22 I 23 I 24 I 25 I 26 I 27 I 28
Ո՞վ է մեծը
(Մր 9.33-37, Ղկ 9.46-48)
1Նոյն պահուն Յիսուսի աշակերտները մօտեցան իրեն եւ հարցուցին.
– Մեզմէ ո՞վ է մեծը երկինքի արքայութեան մէջ։
2Յիսուս մանուկ մը կանչեց եւ զայն անոնց մէջտեղ կանգնեցնելով՝ 3ըսաւ.
– Վստահ գիտցէք, որ եթէ չփոխուիք եւ մանուկներու պէս չըլլաք, երկինքի արքայութիւնը պիտի չմտնէք։ 4Արդ, ով որ իր անձը այս մանուկին պէս կը խոնարհեցնէ՝ անիկա է մեծը երկինքի արքայութեան մէջ։ 5Եւ ով որ այսպիսի մանուկ մը իմ անունովս կ՚ընդունի՝ զիս ընդունած կ՚ըլլայ։
Գայթակղութեան հարց
(Մր 9.42-48, Ղկ 17.1-2)
– 6Ով որ ինծի հաւատացող այս փոքրիկներէն մէկը գայթակղեցնէ, աւելի լաւ կ՚ըլլայ, որ գայթակղեցնողին վիզին մեծ երկանաքար անցուի եւ ծովուն խորքը ձգուի՝ ընկղմելու համար։ 7Վա՜յ աշխարհին, քանի գայթակղութիւնները անպակաս են հոն։ Գայթակղութիւններ անպայման պիտի պատահին. բայց վա՛յ այն մարդուն, որուն ձեռքով ուրիշներ գայթակղութեան մէջ կ՚իյնան։ ԽՔ 6 (8Եթէ ձեռքդ կամ ոտքդ քեզ կը գայթակղեցնէ՝ կտրէ ու նետէ՛ զայն, որովհետեւ աւելի լաւ է մէկ ձեռքով կամ կաղ մտնել կեանքը, քան թէ երկու ձեռք եւ երկու ոտք ունենալ եւ իյնալ յաւիտենական կրակին մէջ։ 9Եւ եթէ աչքդ քեզ կը գայթակղեցնէ՝ հանէ եւ նետէ՛ զայն. աւելի լաւ է միականի մտնել կեանք, քան թէ երկու աչք ունենալ եւ իյնալ դժոխքի կրակին մէջ։
Կորսուած ոչխարին առակը
(Ղկ 15.3-7)
– 10Զգո՜յշ, մի՛ արհամարհէք այս փոքրիկներէն մէկը. գիտցէք, որ անոնց հրեշտակները երկինքի մէջ միշտ կը տեսնեն իմ երկնաւոր Հայրս։ 11Որովհետեւ Մարդու Որդին եկաւ կորսուածը փրկելու համար։
12Ի՞նչ կը կարծէք. եթէ մարդ մը իր հարիւր ոչխարներէն մէկը կորսնցնէ, չի՞ ձգեր իննսունինը ոչխարները լերան վրայ եւ չ՚ե՞րթար փնտռելու կորսուած ոչխարը։ 13Եւ եթէ պատահի որ գտնէ, վստահ եղէք որ աւելի՛ կ՚ուրախանայ այդ ոչխարին համար, քան թէ իննսունինը ոչխարներուն համար, որոնք կորսուած չեն։ 14Նմանապէս ալ Հայրս, որ երկինքի մէջ է, չ՚ուզեր որ այս փոքրիկներէն մէկը կորսուի։
Ազդարարութիւն մեղանչող եղբօր
15Եթէ եղբայրդ քեզի դէմ մեղանչէ, գնա յանդիմանէ զայն, երբ որ երկուքդ առանձին էք։ Եթէ մտիկ ընէ քեզի՝ եղբայրդ շահած կ՚ըլլաս։ 16Իսկ եթէ մտիկ չընէ քեզի՝ հետդ մէկ կամ երկու հոգի եւս առ, որպէսզի «երկու կամ երեք վկաներու բերնով հաստատուի ամէն ամբաստանութիւն»։ 17Իսկ եթէ անոնց ալ մտիկ չընէ՝ բոլոր հաւատացեալներուն ներկայութեան ըսէ, եւ եթէ անոնց ալ մտիկ չընէ՝ զինք նկատէ հեթանոս մը եւ կամ մաքսաւոր մը։
18Վստահ գիտցէք, թէ ինչ որ կապէք երկրի վրայ՝ կապուած պիտի ըլլայ երկինքի մէջ, եւ ինչ որ արձակէք երկրի վրայ՝ արձակուած պիտի ըլլայ երկինքի մէջ։
Քրիստոսի ներկայութիւնը աղօթողներուն մէջ
19Եւ կ՚ըսեմ ձեզի, որ եթէ ձեզմէ երկու հոգի երկրի վրայ միաբանին ոեւէ խնդրանքի համար, ի՛նչ որ ալ խնդրեն՝ երկնաւոր Հայրս պիտի կատարէ ատիկա։ 20Որովհետեւ ուր որ երկու կամ երեք հոգի հաւաքուին իմ անունովս, ես հոն եմ՝ անոնց միջեւ։
Աններող ծառային առակը
21Այն ատեն Պետրոս մօտեցաւ Յիսուսի եւ հարցուց.
– Տէ՛ր, քանի՞ անգամ եթէ եղբայրս մեղանչէ ինծի դէմ՝ պէտք է ներեմ իրեն. մինչեւ եօ՞թը անգամ։
22Յիսուս պատասխանեց.
– Ոչ թէ եօթը անգամ, այլ եօթանասուն անգամ եօթը։ 23Որովհետեւ երկինքի արքայութիւնը կը նմանի հետեւեալին.–
Թագաւոր մը կար, որ ուզեց իր ծառաներուն հաշիւները քննել։ 24Եւ երբ հաշուեքննութեան սկսաւ, իրեն բերին պարտապան մը, որ միլիոնաւոր ոսկի պարտք ունէր։ 25Եւ քանի վճարելու կարողութիւն չունէր, տէրը հրամայեց որ զայն իր կնոջ եւ զաւակներուն հետ որպէս ստրուկ ծախեն, ինչպէս նաեւ ունեցածը վաճառեն եւ պարտքը վճարեն։ 26Ծառան թագաւորին ոտքերուն ինկաւ եւ աղաչեց՝ ըսելով. «Համբերէ եւ ժամանակ տուր ինծի, եւ ես բոլորը կը վճարեմ քեզի»։ 27Ծառային տէրը գթաց եւ պարտքը շնորհելով՝ ղրկեց զինք։
28Հազիւ ծառան դուրս ելաւ, գտաւ իր ծառայակիցներէն մէկը, որ չնչին գումար մը պարտական էր իրեն։ Անոր կոկորդէն բռնելով կը խեղդէր զայն ու կ՚ըսէր. «Պարտքդ վճարէ ինծի»։ 29Ծառայակիցը ոտքերուն ինկաւ եւ աղաչեց՝ ըսելով. «Համբերէ եւ ժամանակ տուր ինծի, եւ ես պարտքս կը վճարեմ»։ 30Բայց անիկա չուզեց լսել։ Ընդհակառակը, գնաց եւ բանտ նետել տուաւ զայն՝ մինչեւ որ պարտքը վճարէ։
31Երբ միւս ծառաները պատահածը տեսան, շատ նեղուեցան եւ եկան ու իրենց տիրոջ պատմեցին ինչ որ պատահեցաւ։ 32Այն ատեն տէրը կանչեց այդ ծառան եւ ըսաւ. «Չա՛ր ծառայ, ամբողջ պարտքերդ շնորհեցի քեզի, որովհետեւ աղաչեցիր ինծի։ 33Պէտք չէ՞ր որ դուն ալ ողորմէիր ընկերոջդ, ինչպէս որ ես քեզի ողորմեցայ»։ 34Եւ տէրը բարկանալով՝ դահիճներուն յանձնեց զայն, որպէսզի պատժեն, մինչեւ որ վճարէ իր բոլոր պարտքերը։
35Ապա Յիսուս աւելցուց.
– Ահա նոյն ձեւով իմ երկնաւոր Հայրս պիտի վարուի ձեզի հետ, եթէ ձեզմէ իւրաքանչիւրը սրտանց չներէ իր եղբօր՝ անոր յանցանքները։