ՄԱՏԹԷՈՍ 19

1 I 2 I 3 I 4 I 5 I 6 I 7 I 8 I 9 I 10 I 11 I 12 I 13 I 14 I 15 I 16 I 17 I 18 I 19 I 20 I 21 I 22 I 23 I 24 I 25 I 26 I 27 I 28

Յիսուս ապահարզանի դէմ կը խօսի
(Մտ 5.31-32Մր 10.1-12Ղկ 16.18)

1Երբ Յիսուս իր ըսելիքները վերջացուց, ձգեց Գալիլեայի շրջանը եւ գնաց Հրէաստանի սահմանները՝ Յորդանան գետին միւս կողմը։ 2Իրեն հետեւեցաւ մեծ բազմութիւն մը, եւ հոն շատեր բժշկեց։
3Փարիսեցիներ Յիսուսը փորձելու մտադրութեամբ մօտեցան անոր եւ հարցուցին.
– Մեր Օրէնքով մէկը իրաւունք ունի՞ ոեւէ պատճառով իր կինը արձակելու։
4Յիսուս անոնց պատասխանեց.
– Չէ՞ք կարդացած Սուրբ գիրքերուն մէջ, թէ Աստուած սկիզբէն «արու եւ էգ ստեղծեց մարդիկը եւ ըսաւ անոնց. 5Այս պատճառով այրը պիտի ձգէ իր հայրն ու մայրը եւ իր կնոջ միանայ, եւ երկուքը մէկ մարմին պիտի ըլլան»։ 6Հետեւաբար այլեւս երկու չեն, այլ՝ մէկ մարմին։ Ուրեմն ոեւէ մէկը թող չբաժնէ անոնք՝ որ Աստուած միացուց։
7Փարիսեցիները դարձեալ հարցուցին.
– Հապա ինչո՞ւ Մովսէս օրէնք սահմանեց՝ բաժանման թուղթ տալ կնոջ եւ արձակել զայն։
8Յիսուս պատասխանեց.
– Մովսէս ձեր խստասրտութեան պատճառով արտօնեց արձակել ձեր կիները, սակայն ստեղծագործութեան ժամանակ արձակելու խօսք չկար։ 9Գիտցէք նաեւ, թէ ո՛վ որ իր կինը կ՚արձակէ առանց պոռնկութեան պատճառի եւ ուրիշ մը կ՚առնէ՝ շնութիւն ըրած կ՚ըլլայ, եւ ով որ արձակուած կինը կ՚առնէ՝ ան ալ շնութիւն ըրած կ՚ըլլայ։

Ամուսնութիւն եւ ամուրիութիւն


10Աշակերտները ըսին Յիսուսի.
– Եթէ ամուսնութիւնը այդպէս դատապարտութեան պատճառ կրնայ ըլլալ այր մարդուն եւ կնոջ համար, աւելի լաւ է չամուսնանալ։
11Յիսուս ըսաւ.
– Բայց ամէն մարդ չի կրնար առանց ամուսնութեան մնալ, այլ միայն անոնք՝ որոնց Աստուած կարողութիւն տուած է։ 12Որովհետեւ մարդիկ չեն ամուսնանար ա՛յն պարագաներուն, երբ ծնունդով ներքինի են, կամ՝ մարդոց կողմէ ներքինի եղած են եւ կամ՝ իրենք զիրենք ներքինի դարձուցած են երկինքի արքայութեան համար։ Ով որ կրնայ ընդունիլ իմ հաստատումս, թող կատարէ զայն։

Յիսուս կ՚օրհնէ մանուկները

(Մր 10.13-16Ղկ 18.15-17)

13Ժողովուրդէն ոմանք մանուկներ բերին Յիսուսի, որպէսզի ձեռք դնէ անոնց վրայ եւ աղօթէ, սակայն աշակերտները սաստեցին բերողները։ 14Յիսուս ըսաւ.
– Ձգեցէ՛ք որ մանուկները ինծի գան, արգելք մի՛ ըլլաք անոնց, որովհետեւ այդպիսիներուն է երկինքի արքայութիւնը։
15Եւ ձեռքերը դրաւ անոնց վրայ։ Ապա մեկնեցաւ հոնկէ։

Մեծահարուստ երիտասարդը
(Մտ 20.16Մր 10.17-31Ղկ 13.3018.18-30)

16Եւ ահա մէկը մօտեցաւ Յիսուսի եւ հարցուց.
– Բարի՛ Վարդապետ, ի՞նչ բարի գործ պէտք է կատարեմ, յաւիտենական կեանքը ընդունելու համար։
17Յիսուս պատասխանեց.
– Ինչո՞ւ բարիի մասին կը հարցնես ինծի։ Բարին մէկ է, միայն Աստուած բարի է։ Եթէ կ՚ուզես յաւիտենական կեանքը մտնել՝ պատուիրանները պահէ։
18Անիկա հարցուց.
– Ո՞ր պատուիրանները։
Յիսուս ըսաւ.
– Հետեւեալները.– «Մի՛ սպաններ, մի՛ շնար, մի՛ գողնար, սուտ վկայութիւն մի՛ տար, 19պատուէ՛ հայրդ ու մայրդ» եւ «Սիրէ՛ ընկերդ քու անձիդ պէս»։
20Երիտասարդը ըսաւ.
– Այդ բոլորը պատանութենէս ի վեր պահած եմ. դեռ ի՞նչ կը պակսի ինծի։
21Յիսուս պատասխանեց.
– Եթէ կ՚ուզես կատարեալ ըլլալ, գնա՛, ինչ որ ունիս՝ ծախէ եւ աղքատներուն տուր. այդպիսով երկինքի մէջ գանձ պիտի ունենաս, եւ յետոյ՝ հետեւէ՛ ինծի։
22Երիտասարդը երբ ասիկա լսեց՝ տրտում–տխուր գնաց, որովհետեւ շատ հարուստ էր։ 23Յիսուս իր աշակերտներուն ըսաւ.
– Վստահ գիտցէք, որ հարուստը շատ դժուար երկինքի արքայութիւն պիտի մտնէ։ 24Աւելին ալ կ՚ըսեմ ձեզի.– Պարանը շատ աւելի դիւրին ասեղի ծակէն կը մտնէ, քան հարուստը՝ Աստուծոյ արքայութիւնը։
25Աշակերտները երբ ասիկա լսեցին, շատ զարմացան եւ հարցուցին.
– Ուրեմն ո՞վ կրնայ փրկուիլ։
26Յիսուս նայեցաւ անոնց եւ ըսաւ.
– Մարդոց համար ատիկա անկարելի է, բայց Աստուծոյ համար ամէն բան կարելի է։
27Ասոր վրայ Պետրոս ըսաւ.
– Ահա մեր ամբողջ ունեցածը ձգեցինք եւ հետեւեցանք քեզի. մե՞նք ինչ պիտի ըլլանք։
28Յիսուս պատասխանեց.
– Երկրորդ գալուստին, երբ Մարդու Որդին իր փառքի աթոռին բազմի, դուք որ ինծի հետեւեցաք՝ պիտի բազմիք տասներկու գահերու վրայ, դատելու համար Իսրայէլի տասներկու ցեղերը։ 29Եւ ով որ ձգեց տուն, եղբայրներ, քոյրեր, հայր ու մայր, կին ու զաւակներ եւ ագարակներ՝ ինծի համար, հարիւրապատիկը պիտի ստանայ եւ յաւիտենական կեանքը ժառանգէ։ 30Բայց շատեր որոնք հիմա առաջին են՝ վերջին պիտի ըլլան, եւ շատ մը վերջին եղողներ՝ առաջին։