ՄԱՏԹԷՈՍ 24

1 I 2 I 3 I 4 I 5 I 6 I 7 I 8 I 9 I 10 I 11 I 12 I 13 I 14 I 15 I 16 I 17 I 18 I 19 I 20 I 21 I 22 I 23 I 24 I 25 I 26 I 27 I 28

Տաճարի աւերումին մասին
(Մր 13.1-2Ղկ 21.5-6)

1Յիսուս տաճարէն դուրս ելլելով կ՚երթար, երբ աշակերտները մօտեցան իրեն՝ ցոյց տալու համար տաճարին շինութիւնները։ 2Յիսուս անոնց ըսաւ.
– Այս բոլոր շինութիւնները կը տեսնէք, չէ՞. կ՚ըսեմ ձեզի, որ ամէնքն ալ պիտի քանդուին, քար քարի վրայ պիտի չմնայ։

Նեղութիւններ, հալածանքներ եւ աւերումներ
(Մտ 10.17-23Մր 13.3-13Ղկ 21.7-19)

3Եւ մինչ Յիսուս նստած էր Ձիթենեաց լերան վրայ, աշակերտները առանձինն հարցուցին իրեն.
– Ըսէ՛ մեզի, ե՞րբ պիտի պատահի ատիկա. ի՞նչ նշանով պիտի գիտնանք թէ ե՛րբ պիտի ըլլայ քու գալուստդ եւ աշխարհի վախճանը։
4Յիսուս անոնց պատասխանեց.
– Զգո՛յշ եղէք, չըլլայ որ մէկը ձեզ խաբէ, 5որովհետեւ շատեր պիտի գան իմ անունովս եւ ըսեն՝ թէ «Ես եմ Քրիստոսը», եւ պիտի մոլորեցնեն շատերը։ 6Դուք պիտի լսէք պատերազմներու ձայները եւ պատերազմներու լուրերը. զգո՛յշ եղէք, մի՛ խռովիք, որովհետեւ պէտք է որ ատոնք պատահին։ Բայց ասիկա չի՛ նշանակեր թէ աշխարհի վախճանն է։ 7Ազգեր իրարու դէմ պիտի կռուին ու թագաւորութիւններ՝ թագաւորութիւններու դէմ։ Զանազան տեղեր սով, համաճարակ եւ երկրաշարժներ տեղի պիտի ունենան, 8բայց այս բոլորը դեռ երկունքին սկիզբն են։ Այն ատեն ձեզ նեղութեան պիտի մատնեն ու սպաննեն եւ բոլոր ազգերը պիտի ատեն ձեզ իմ պատճառովս։ 10Այն ատեն շատեր իրենց հաւատքը պիտի կորսնցնեն, զիրար պիտի մատնեն եւ զիրար պիտի ատեն։ 11Յետոյ բազմաթիւ սուտ մարգարէներ պիտի ելլեն ու շատերը մոլորեցնեն։ 12Անօրէնութեան բազմանալուն պատճառով շատերուն սէրը պիտի ցամքի։ 13Բայց ով որ մինչեւ վերջը դիմանայ՝ անիկա պիտի փրկուի։ 14Արքայութեան Աւետարանը պիտի քարոզուի ամբողջ աշխարհի մէջ՝ իբրեւ վկայութիւն բոլոր ժողովուրդներուն. եւ ապա պիտի գայ վախճանը։

Մեծ նեղութիւնը
(Մր 13.14-23Ղկ 17.23-2421.20-24)

15Երբ սուրբ վայրին վրայ կանգնած տեսնէք «Աւերուածին սրբապղծութիւնը», որուն մասին խօսած է Դանիէլ մարգարէ, կարդացողը թող հասկնայ 16այն ատեն անոնք որոնք Հրէաստանի մէջ են՝ թող լեռները փախչին, 17ան որ տանիքն է՝ վար իջնելէ ետք թող տուն չմտնէ բան մը առնելու համար, 18եւ ան որ դաշտն է՝ թող ետ չդառնայ վերարկուն առնելու համար։
19Այդ օրերուն վա՜յ է եկեր յղիներուն եւ ստնտու կիներուն։ 20Աղօթեցէք որ ձեր փախուստը ձմեռ ատեն կամ Շաբաթ օր չպատահի։ 21Որովհետեւ այնպիսի՛ մեծ նեղութեան օրեր պիտի գան, որոնց նմանը աշխարհի ստեղծագործութեան սկիզբէն մինչեւ այսօր չէ պատահած եւ ոչ ալ պիտի պատահի։ 22Եւ եթէ Աստուած այդ օրերուն թիւը նուազեցուցած չըլլար՝ ո՛չ մէկը պիտի փրկուէր։ Բայց իր ընտրեալներուն համար Աստուած այդ օրերը պիտի նուազեցնէ։
23Այն ատեն երբ մէկը ձեզի ըսէ՝ «Ահաւասիկ հոս է Քրիստոսը», կամ ըսէ՝ «հոն է», մի՛ հաւատաք, 24որովհետեւ սուտ քրիստոսներ եւ սուտ մարգարէներ պիտի ելլեն եւ մեծ հրաշքներ ու նշաններ կատարեն՝ որպէսզի մոլորեցնեն, եթէ կարենան, նոյնիսկ Աստուծոյ ընտրեալները։ 25Ահաւասիկ ամէն ինչ սկիզբէն ըսի ձեզի։ 26Հետեւաբար, եթէ ըսեն ձեզի՝ «Ահաւասիկ անապատին մէջ է ան», հոն մի՛ երթաք. եւ կամ եթէ ըսեն՝ «Մառանին մէջ է», մի՛ հաւատաք։ 27Որովհետեւ Մարդու Որդին պիտի գայ կայծակի նման, որ երբ փայլատակէ՝ կը լուսաւորէ ամբողջ երկնակամարը, արեւելքէն արեւմուտք։ 28Անգղները կը հաւաքուին հոն՝ ուր դիակ կայ։

Մարդու Որդիին գալուստը
(Մր 13.24-31Ղկ 21.25-33)

– 29Նեղութեան այդ օրերէն անմիջապէս ետք արեւը պիտի խաւարի եւ լուսինը այլեւս պիտի չփայլի. երկինքէն աստղերը պիտի իյնան եւ երկնային մարմինները պիտի սասանին։ 30Ապա Մարդու Որդիին նշանը պիտի երեւի երկինքի մէջ, եւ աշխարհի բոլոր ժողովուրդները պիտի ողբան, երբ տեսնեն Մարդու Որդին, որ կու գայ ամպերուն վրայ բազմած՝ զօրութեամբ եւ մեծ փառքով31Երբ մեծաձայն փողը հնչէ, ան իր հրեշտակները պիտի ղրկէ, որպէսզի հաւաքեն իր ընտրեալները աշխարհի չորս կողմերէն, երկինքի մէկ ծայրէն մինչեւ միւսը։
32Թզենին ձեզի թող օրինակ ըլլայ։ Երբ տեսնէք որ անոր ճիւղերը կը կակուղնան եւ տերեւ կ՚արձակեն, գիտէք թէ ամառը մօտ է։ 33Նոյնպէս ալ, երբ բոլոր ըսածներս կատարուին, գիտցէք թէ Մարդու Որդիին գալուստը մօտ է եւ արդէն հասնելու վրայ։ 34Վստահ եղէք, որ այս սերունդը չանցած՝ ասոնք բոլորը պիտի պատահին։ 35Նոյնիսկ եթէ երկինքն ու երկիրը անհետանան, խօսքերս պիտի չանհետանան։

Ոչ ոք գիտէ օրը կամ ժամը
(Մր 13.32-37Ղկ 12.39-4017.26-30,34-35)

– 36Սակայն ո՛չ ոք գիտէ թէ ե՛րբ պիտի գայ այդ օրը կամ ժամը. ո՛չ երկինքի հրեշտակները, ո՛չ ալ Որդին, բայց միայն՝ Հայրը։ 37Եւ ինչպէս պատահեցաւ Նոյի օրերուն, նոյնը պիտի պատահի Մարդու Որդիին գալուստի ժամանակ։ 38Այդ օրերուն, երբ տակաւին ջրհեղեղը չէր պատահած, մարդիկ կ՚ուտէին ու կը խմէին, այր կամ կին կ՚առնէին, մինչեւ այն օրը՝ երբ Նոյ տապան մտաւ. 39բայց ժողովուրդը չգիտցաւ՝ մինչեւ որ ջրհեղեղը սկսաւ եւ բոլորը բնաջնջեց։ Ահա այդպէս պիտի պատահի Մարդու Որդիին գալուստին ժամանակ։ 40Այն ատեն, երբ դաշտին մէջ երկու հոգի ըլլան՝ անոնցմէ մէկը պիտի առնուի եւ միւսը ձգուի, 41կամ եթէ երկու կին մէկ ջաղացքի մէջ ցորեն աղան՝ անոնցմէ մէկը պիտի առնուի եւ միւսը ձգուի։ 42Արթո՛ւն մնացէք, որովհետեւ չէք գիտեր թէ ձեր Տէրը ե՛րբ կու գայ։ 43Այս ալ գիտցէք, որ եթէ տանտէրը գիտնար՝ թէ գողը ո՛ր ժամուն պիտի գայ, արթուն կը մնար եւ թոյլ չէր տար որ գողը պատը քանդելով տունը մտնէ։ 44Այս պատճառով, դուք ալ պատրաստ եղէք, որովհետեւ Մարդու Որդին ձեր չակնկալած ժամուն կրնայ գալ։

Հաւատարիմ եւ անհաւատարիմ ծառաներ
(Ղկ 12.41-46)

– 45Ուրեմն, ո՞վ է հաւատարիմ եւ իմաստուն ծառան։ Անիկա է, որ տէրը իր ծառաներուն վրայ վերակացու կը կարգէ, որպէսզի ճիշդ ատենին կերակուրի անոնց բաժինը տայ։ 46Երանի՜ այն ծառային, որուն տէրը երբ կու գայ՝ զինք կը գտնէ իր պաշտօնը լաւապէս կատարած։ 47Կ՚ըսեմ ձեզի, որ տէրը այդ ծառան իր բոլոր ստացուածքներուն վերակացու պիտի կարգէ։ 48Սակայն երբ ծառան չար ըլլայ եւ ինքնիրեն խորհի՝ ըսելով. «Տէրս կ՚ուշանայ գալու», 49եւ սկսի իր ծառայակիցները ծեծել, գինովներու հետ ուտել ու խմել, 50յանկարծ իր չակնկալած ատենին եւ չսպասած ժամուն տէրը պիտի գայ, 51եւ այն ատեն զայն խստութեամբ պիտի պատժէ, կեղծաւորներուն կարգին դասելով։ Հոն պիտի լայ եւ ակռաները կրճտէ։