ՄԱՏԹԷՈՍ 28
1 I 2 I 3 I 4 I 5 I 6 I 7 I 8 I 9 I 10 I 11 I 12 I 13 I 14 I 15 I 16 I 17 I 18 I 19 I 20 I 21 I 22 I 23 I 24 I 25 I 26 I 27 I 28
Յիսուսի յարութիւնը
(Մր 16.1-10, Ղկ 24.1-12, Յհ 20.1-18)
1Շաբաթ երեկոյէն ետք, երբ Կիրակին կը բացուէր, Մարիամ Մագդաղենացին եւ միւս Մարիամը գերեզմանը տեսնելու եկան։
2Յանկարծ զօրաւոր երկրաշարժ մը եղաւ, եւ Աստուծոյ հրեշտակը երկինքէն իջնելով՝ գլորեց գերեզմանի մուտքին դրուած քարը եւ նստաւ անոր վրայ։ 3Անոր տեսքը փայլակի կը նմանէր, եւ հագուստները ձիւնի պէս ճերմակ էին։ 4Պահապանները երբ ասիկա տեսան, սարսափեցան եւ մեռելի պէս եղան։ 5Հրեշտակը կիներուն ըսաւ.
– Դուք մի՛ վախնաք. գիտեմ որ խաչուած Յիսուսը կը փնտռէք։ 6Հոս չէ, որովհետեւ յարութիւն առաւ, ինչպէս ըսած էր։
Եկէք եւ տեսէ՛ք այն տեղը ուր դրուած էր։ 7Անմիջապէս գացէք եւ ըսէ՛ք իր աշակերտներուն՝ թէ յարութիւն առաւ։ Անիկա ձեզմէ առաջ Գալիլեա կը հասնի եւ հոն պիտի տեսնէք զինք. ահա ըսի ձեզի։
8Կիները վախով, բայց միեւնոյն ատեն մեծ ուրախութեամբ դուրս ելան գերեզմանէն եւ վազեցին՝ պատմելու համար աշակերտներուն։
9Յանկարծ Յիսուս հանդիպեցաւ անոնց եւ ըսաւ.
– Ողջո՜յն ձեզի։
Կիները մօտենալով՝ փարեցան անոր ոտքերուն եւ երկրպագեցին անոր։
10Յիսուս ըսաւ.
– Մի՛ վախնաք, գացէք եւ ըսէ՛ք իմ եղբայրներուս՝ որ Գալիլեա երթան. հո՛ն պիտի տեսնեն զիս։
11Երբ կիները գացին, պահապաններէն ոմանք քաղաք եկան եւ ինչ որ պատահած էր պատմեցին աւագ քահանաներուն։ 12Աւագ քահանաները եւ երէցները հաւաքուելով՝ խորհրդակցեցան եւ առատ դրամ տուին պահապաններուն 13եւ ըսին.
– Ըսէք՝ որ «իր աշակերտները գիշերով եկան եւ գողցան մարմինը, երբ մենք քնացած էինք»։ 14Եւ եթէ կառավարիչին ականջը հասնի ասիկա, մենք զայն կը գոհացնենք. անհո՛գ եղէք դուք։
15Պահապանները դրամը առին եւ ըրին ինչ որ պատուիրուած էր իրենց։ Եւ այսպիսով այս լուրը տարածուեցաւ Հրեաներուն մէջ մինչեւ այսօր։
Յիսուս կ՚երեւի տասնըմէկ աշակերտներուն
(Մր 16.14-18, Ղկ 24.36-49, Յհ 20.19-23, Գրծ 1.6-8)
16Իսկ տասնըմէկ աշակերտները գացին Գալիլեա, այն լեռը ուր Յիսուս ժամադրուած էր իրենց հետ։ 17Երբ տեսան զինք, երկրպագեցին իրեն. բայց ոմանք տարակուսեցան։ 18Յիսուս մօտենալով խօսեցաւ անոնց հետ։ Ապա ըսաւ.
– Ամէն իշխանութիւն տրուեցաւ ինծի երկինքի մէջ եւ երկրի վրայ։ Ինչպէս որ Հայրը զիս ղրկեց, այնպէս ալ ես ձեզ կը ղրկեմ։ 19Հետեւաբար, գացէք եւ բոլոր ժողովուրդները ինծի աշակերտ դարձուցէք։ Զանոնք մկրտեցէք՝ Հօր, Որդիին եւ Սուրբ Հոգիին անունով։ 20Անոնց սորվեցուցէք այն բոլոր պատուիրանները որ ես ձեզի տուի. եւ ահա միշտ ձեզի հետ պիտի ըլլամ, մինչեւ աշխարհիս վախճանը։