Ուղղափառ Հաւատքի Դաւանութիւն
by Very Rev. Fr. Boghos Tinkjian on March 12, 2014
Ամբողջական մտքով կը դաւանինք, եւ կը հաւատանք Հօր Աստուծոյ, որ անեղ է, ո՛չ ոքէ ծնած կամ սկսած. բայց ինքն է ծնողը Որդիին եւ բղխողը Սուրբ Հոգիին:
Կը հաւատանք Բան Աստուծոյ, որ անեղ է, Հօրմէն ծնած եւ սկսած՝ բոլոր ժամանակներէն առաջ. ո՛չ անկէ ետք է, ո՛չ ալ անկէ կրտսեր. այլ որքան որ Հայրը հայր է, նոյնքան ալ Որդին՝ որդի:
Կը հաւատանք Սուրբ Հոգի Աստուծոյ, որ անեղ է եւ անժամանակ. ո՛չ թէ ծնած, այլ՝ բղխած Հօրմէն. էակից Հօրը եւ փառակից Որդիին:
Կը հաւատանք Սուրբ Երրորդութեան, որ մէկ բնութիւն եւ մէկ աստուածութիւն է. ո՛չ թէ երեք աստուածներ, այլ՝ մէ՛կ Աստուած, մէկ կամք, մէկ թագաւորութիւն, մէկ իշխանութիւն, արարիչ՝ բոլոր երեւցող եւ չերեւցող արարածներուն:
Կը հաւատանք սուրբ Եկեղեցիին, մեղքերու թողութեան եւ սուրբերու հաղորդակցութեան:
Կը հաւատանք թէ երեք անձերէն մէկը, Բան Աստուածը, որ Հօրմէն ծնած է բոլոր ժամանակներէն առաջ, սահմանուած ժամանակին իջաւ Աստուածածին կոյս Մարիամի մէջ, եւ անոր արիւնէն առնելով՝ միաւորեց իր աստուածութեան, իննամսեայ ժամանակ մը համբերելով անարատ Կոյսին արգանդին մէջ. եւ կատարեալ Աստուածը եղաւ կատարեալ մարդ՝ հոգիով, մտքով եւ մարմնով: Եղաւ մէկ անձ, մէկ դէմք եւ միաւորեալ մէկ բնութիւն: Աստուածը մարդացաւ՝ առանց փոխուելու կամ այլ բան մը դառնալու: Առանց սերմի յղացուեցաւ եւ առանց ապականութեան ծնաւ: Ինչպէս որ անսկիզբ է իր աստուածութիւնը, այնպէս ալ անվախճան է իր մարդկութիւնը, որովհետեւ «Յիսուս Քրիստոս նոյնն է միշտ – երէկ, այսօր եւ յաւիտեան» (Եբր 13.8):
Կը հաւատանք թէ մեր Տէրը, Յիսուս Քրիստոս, շրջեցաւ երկրի վրայ: Երեսուն տարիներ ետք եկաւ մկրտուելու: Հայրը վերէն վկայեց. «Ատիկա է իմ սիրելի որդիս» (Մտ 3.17), եւ Սուրբ Հոգին աղաւնիի կերպարանքով իջաւ անոր վրայ: Փորձուեցաւ Սատանայէն եւ յաղթեց անոր: Մարդոց փրկութիւն քարոզեց: Յոգնեցաւ մարմնով, անօթեցաւ ու ծարաւցաւ: Յետոյ կամաւորաբար եկաւ չարչարուելու: Խաչուեցաւ ու մեռաւ մարմնով, բայց կենդանի մնաց աստուածութեամբը: Մարմինը գերեզման դրուեցաւ՝ աստուածութեան հետ միաւորուած, իսկ հոգիով դժոխք իջաւ՝ առանց բաժնուելու աստուածութենէն: Քարոզեց հոգիներուն. դժոխքը աւերեց եւ հոգիները ազատեց: Երեք օր ետք մեռելներէն յարութիւն առաւ եւ երեւցաւ աշակերտներուն:
Կը հաւատանք թէ մեր Տէրը, Յիսուս Քրիստոս, նոյն մարմինով երկինք համբարձաւ եւ Հօրը աջ կողմը նստաւ:
Կը հաւատանք նաեւ, թէ նոյն մարմնով եւ Հօրը փառքով պիտի գայ՝ ողջերն ու մեռածները դատելու, եւ բոլոր մարդիկ յարութիւն պիտի առնեն:
Կը հաւատանք նաեւ թէ իւրաքանչիւր ոք իր գործերուն համաձայն հատուցում պիտի ստանայ. արդարները՝ յաւիտենական կեանք, իսկ մեղաւորները՝ յաւիտենական տանջանք: