Յիսուս Քրիստոս Աստուածաշունչին Մէջ
ՅԻՍՈՒՍ ՔՐԻՍՏՈՍ
Ծննդոցին մէջ՝ Յիսուս Քրիստոս Կեանքի շունչն է
Ելքին մէջ՝ Մեր Զատկուան Գառնուկն է
Ղեւտացւոցին մէջ՝ Մեր Քահանայապետն է
Թուոցին մէջ՝ Մեր կեանքը առաջնորդող ցերեկուան Ամպի Սիւնն է, իսկ գիշերուան՝ Կրակէ
Սիւնը
Երկրորդումն Օրինացին մէջ՝ Մովսէսի նմանող մարգարէն է
Յեսուին մէջ՝ Մեր փրկութեան Առաջնորդն է
Դատաւորացին մէջ՝ Մեր Դատաւորն ու Օրէնստուն է (Օրէնքը տուողը)
Հռութին մէջ՝ Մեր Ազգականն ու Փրկիչն է
Ա. եւ Բ. Թագաւորացին մէջ՝ Մեր վստահելի Մարգարէն է
Գ. եւ Դ. Թագաւորացին ու Ա. եւ Բ. Մնացորդացին մէջ՝ Մեր Տէրն ու Թագաւորն է
Եզրին եւ Նեհեմիային մէջ՝ Մարդկային կեանքին քանդուած պարիսպները Վերաշինողն է
Եսթերին մէջ՝ Մեր Մուրթքէն է
Յոբին մէջ՝ Յաւիտենապէս ապրող անվախճան Փրկիչն է
Սաղմոսին մէջ՝ Մեր Հովիւն է
Առակացին եւ Ժողովողին մէջ՝ Մեր Իմաստւթիւնն է
Երգ Երգոցին մէջ՝ Մեզ սիրող ճշմարիտ ու երկնաւոր Փեսան է
Եսայիին մէջ՝ Խաղաղութեան Իշխանն է
Երեմիային մէջ՝ Արդարութեան Որթատունկն է
Ողբք Երեմիային մէջ՝ Ողբացող Մարգարէն է
Եզեկիէլին մէջ՝ Քառակերպեան հրաշալի Մարդն է
Դանիէլին մէջ՝ Բոցավառ հնոցին մէջ գտնուող չորրորդ Անձն է
Ովսիային մէջ՝ Հաւատարիմ Ամուսինն է, յաւէտ ամուսնացած անուղղայ կնոջ հետ
Յովէլին մէջ՝ Կրակով եւ Սուրբ Հոգիով Մկրտողն է
Ամոսին մէջ՝ Մեր բեռն ու ծանրութիւնները Կրողն է
Աբդիային մէջ՝ Մեր հզօր Ազատարարն է
Յովնանին մէջ՝ Օտար մեծ Քարոզիչն է
Միքեային մէջ՝ Գեղեցիկ ոտքերով Պատգամաբերն է
Նահումին մէջ՝ Մեր Վահանն ու Զօրութիւնն է
Ամբակումին մէջ՝ Աստուծոյ բարձրաղաղակ Քարոզիչն է
Սոփոնիային մէջ՝ Մեր Փրկիչն է
Անգեային մէջ՝ Աստուծոյ կորսուած ժառանգութեան Վերականգնիչն է
Զաքարիային մէջ՝ Մեղքերն ու անմաքրութիւնները մաքրող Դաւիթի տան մէջ բացուած
Աղբիւրն է
Մաղաքիային մէջ՝ Բժշկութիւնն իր թեւերուն վրայ ունեցող Արդարութեան Որդին է
Մատթէոսին մէջ՝ Յիսուս Քրիստոս հրեաներուն Թագաւորն է
Մարկոսին մէջ՝ Ծառան է
Ղուկասին մէջ՝ Մարդու Որդին է, որ մեզի հետ կը զգայ եւ կը տառապի
Յովհաննէսին մէջ՝ Աստուծոյ Որդին է
Գործք Առաքելոցին մէջ՝ Աշխարհի Փրկիչն է
Հռոմայեցիներուն մէջ՝ Աստուծոյ Արդարութիւնն է
Ա. Կորնթացիներուին մէջ՝ Ժայռն է եւ Իսրայէլի Հայրը է
Բ. Կորնթացիներուին մէջ՝ Յաղթնակողն ու յաղթանակ Պարգեւողըն է
Գաղատացիներուն մէջ՝ Մեր Ազատութիւնն է – որովհետեւ մեզ մեղքի գերութենէն
ազատագրեց
Եփեսացիներուն մէջ՝ Եկեղեցիին Գլուխն է
Փիլիպպեցիներուն մէջ՝ Մեր Ուրախութիւնն է
Կողոսացիներուն մէջ՝ Մեր Կատարելութիւնն է (անոր մէջ կը գտնենք մեր ամբողջութիւնը)
Ա. եւ Բ. Թեսաղոնիկեցիներուն մէջ՝ Մեր Յոյսն է
Ա. Տիմոթէոսին մէջ՝ Մեր Հաւատքն է
Բ. Տիմոթէոսին մէջ՝ Մեր Կայունութիւնն է
Տիտոսին մէջ՝ Ճշմարտութիւնն է
Փիլիմոնին մեջ՝ Մեր Բարերարն է
Եբրայեցիներուն մէջ՝ Մեր Քահանայապետն է
Յակոբոսին մէջ՝ Մեր հաւատքը զսպանակող Զօրութիւնն է
Ա. Պետրոսին մէջ՝ Մեր Օրինակն է
Բ. Պետրոսին մէջ՝ Մեր Անարատութիւնն է
Ա. Յովհաննէսին մէջ՝ Մեր Կեանքն է
Բ. Յովհաննէսին մէջ՝ Մեզ Առաջնորդողն է
Գ. Յովհաննէսին մէջ՝ Մեր կեանքի մղիչ Ոյժն է
Յուդային մէջ՝ Մեր հաւատքի Խարիսխն ու Հիմքն է
Յայտնութիւն Յովհաննուին մէջ՝ Գալիք Թագաւորն է
ՅԻՍՈՒՍ ՔՐԻՍՏՈՍ Առաջինն ու Վերջինն է, Այբը եւ ֆէն, Սկիզբն ու Վախճանը,
Ստեղծագործութեան Պահապանն եւ ամէն ինչի Արարիչը: Տիեզեքի Ճարտարապետն ու
ժամանակի Կարգաւորողը:
Ան միշտ էր, միշտ է եւ միշտ պիտի ըլլայ: Ան անշարժ, անփոփոխ, անայլայլ եւ
անյաղթահարելին է:
Իր վէրքերով մենք բժշկուեցանք: Մեր սիրոյն՝ ան խոցուեցաւ, ցաւի տէր դարձաւ,
հալածուեցաւ, սակայն մեզի ազատութիւն բերաւ: Մեռաւ, բայց մեզի կեանք պարգեւեց:
Յարութիւն առաւ եւ մեզի յաւիտենական կեանքի յոյսն ու զօրութիւնը տուաւ: Համբարցաւ եւ
մեզի խաղաղութիւն շնորհեց:
Աշխարհը չի կրնար հասկնալ զինք: Զօրքերը չեն կրնար պարտութեան մատնել զինք:
Դպրոցները չեն կրնար իր մասին բացատրութիւն տալ: Աշխարհի ղեկավարները չեն կրնար
անտեսել զինք:
Հերովդէս չկրցաւ սպաննել զինք: Փարիսեցիներ չկրցան սպառել զինք: Մարդիկ չկրցան
արգելք հանդիսանալ իրեն ու բռնել զինք: Ներոն Կայսրը չկրցաւ կասեցնել ու ճզմել զինք:
Ան Կենդանի է ու կ՚ապրի: Ան միակ ու ճշմարիտ Սէրն է, Բարութիւնն ու Խոնարհութիւնն է:
Կատարեալ Աստուածն է, Արդարութիւնն ու Սրբութիւնն է: Հզօրն է, Ամենակարողը,
Իշխանութիւնն ու Տէրութիւնն է:Անոր ճամբաները ուղիղ են, Խօսքը՝ անվախճան եւ
յաւիտենական, Կամքը՝ անփոփոխ եւ իր զօրութիւնը իմ վրաս է եւ զիս կը հովանաւորէ:
Ան իմ Փրկիչս է, իմ Ազատարարս է, իմ Աստուածս է, իմ Ուրախութիւնս է, իմ Խաղաղութիւնս
ու իմ Հանգիստս է: Ան իմ Տէրս է եւ յաւէտ կը թագաւորէ կեանքիս վրայ:
Յաւիտեանս յաւիտենից. ԱՄԷՆ: