Զղջում Եւ Արձակում

by Fr. Ardak Demirjian on March 26, 2014

Զղջում

1. – Մեղանչեցի ամենասուրբ Երրորդութեան՝ Հօրը, Որդիին եւ Սուրբ Հոգիին դէմ: Մեղաւոր եմ Աստուծոյ առջեւ: Բոլոր գործած մեղքերս կը խոստովանիմ Աստուծոյ առջեւ, սուրբ Աստուածածինին եւ բոլոր սուրբերուն առջեւ, ինչպէս նաեւ քու առջեւդ, հա՛յր սուրբ: Մեղանչեցի՝ մտածումով, խօսքով ու գործով. երբեմն գիտակցաբար եւ երբեմն անգիտակցաբար՝ մեղանչեցի Աստուծոյ դէմ (մեղայ Աստուծոյ)։

2. – Մեղանչեցի՝ թէ՛ հոգիովս եւ անոր ձգտումներովը, թէ՛ միտքովս եւ անոր գրգիռներովը, եւ թէ՛ մարմնովս, զգայարանքներով:
ա. Մեղանչեցի՝ հոգեկան ձըգտումներովս.- Խորամանկութեամբ, անզգամութեամբ, յանդգնութեամբ եւ երկշոտութեամբ, չռայլութեամբ եւ ժլատութեամբ, զեղխութեամբ եւ անիրաւութեամբ. չարիքին հաւանութիւն տալով, եւ ինքզինքս յուսահատութեան ու կասկածամըտութեան մատնելով մեղանչեցի Աստուծոյ դէմ (մեղայ Աստուծոյ)։

բ. Մեղանչեցի՝ մտքիս չար խորհուրդներովը.- Նենգութեամբ, ատելութեամբ, ծուռ նայուածքով, նախանձով եւ չար աչքով: Գիշեր ու ցերեկ վաւաշոտ եւ պոռնկական խորհուրդներ ունեցայ՝ ըլլա՛յ արուական, ըլլայ իգական, ըլլա՛յ անասնական, ըլլայ գազանական: Երեւակայութեամբ գիջութիւն ըրի եւ երազի մէջ իսկ գարշելի աղտոտութիւն ընելով՝ մեղանչեցի Աստուծոյ դէմ (մեղայ Աստուծոյ)։

գ.- Մեղանչեցի՝ մարմնական ցանկութիւններովս.- Հեշտասիրութեամբ, թուլամորթութեամբ, քընկոտ յօրանջումներով, մարմնական գրգիռներով, եւ զանազան պժգալի ախտերով: Ականջներս հեշտագին խօսքերու տուի, աչքերս՝ անամօթ
նայուածքներու, սիրտս՝ անառակ ցանկութիւններու, ռունգերս՝ մեղկ բուրմունքներու, եւ բերանս՝ ցանկալից համբոյրներու: Անժուժկալութեամբ, չուայտութեամբ եւ արբեցութեամբ՝ մեղանչեցի Աստուծոյ դէմ (մեղայ Աստուծոյ)։

3. – Մեղանչեցի՝ լեզուովս.- Չարախօսութեամբ, ստախօսութեամբ, սուտ երդումով, երդմնազանցութեամբ, հակառակախօսութեամբ, շողոքորթութեամբ, քսութեամբ, դատարկաբանութեամբ եւ ծաղրով, զրպարտութեամբ, պառակտիչ խօսքերով ու անէծքով: Տրտնջալով, դժգոհելով, բամբասելով եւ հայհոյելով՝ մեղանչեցի Աստուծոյ դէմ:

4. – Մեղանչեցի՝ ձեռքերովս.- Գողնալով, ագահելով, զրկելով, զարնելով, սպաննելով եւ քաշկռտելով` մեղանչեցի Աստուծոյ դէմ (մեղայ Աստուծոյ)։

5. – Մեղանչեցի՝ շինուածքիս բոլոր մասերովը եւ մարմնիս բոլոր անդամներովը, հինգ զգայարանքներովս եւ հոգիիս վեցեակ շարժումներովը.-
ա. վերամբարձ գոռոզութեամբ տկարները ոտնահարելով,
բ. գետնաքարշ կեղծաւորութեամբ զօրաւորները շողոքորթելով,
գ.-դ. աջ ու ձախ խոտորելով,
ե. ինձմէ առաջ գտնուողներուն դէմ մեղանչելով, եւ
զ. ինձմէ ետք եկողներուն չար օրինակ դառնալով՝ մեղանչեցի Աստուծոյ դէմ (մեղայ Աստուծոյ):

6. – Տակաւին, մեղանչեցի այն եօթը յանցանքներով որոնք մահացու մեղքերն են.-
ա. – Հպարտութեամբ,
բ. – Նախանձով,
գ. – Բարկութեամբ,
դ. – Ծուլութեամբ,
ե. – Ագահութեամբ,
զ. – Որկրամոլութեամբ,
է. – Պղծասիրութեամբ,
եւ ասոնց բոլոր տեսակներովը՝ մեղանչեցի Աստուծոյ դէմ (մեղայ Աստուծոյ)։

7. – Եւ դեռ՝ մեղանչեցի Աստուծոյ բոլո՛ր պատուիրաններուն դէմ, թէ՛ յանձնառութիւններուս եւ թէ՝ հրաժարելիքներուս մէջ, որովհետեւ ո՛չ յանձն առածներս կատարեցի եւ ո՛չ ալ հրաժարած բաներէս հեռացայ: Օրէնքը սորվեցայ, սակայն Օրէնքի գործադրութեան մէջ ծուլացայ: Քրիստոնէութեան շարքերուն անցայ, բայց գործերովս անարժան գտնուեցայ: Չարիքը գիտնալով հանդերձ՝ կամաւորաբար շեղեցայ, եւ ես իմ կամքովս բարի գործերէն հեռացայ: Վա՜յ ինծի, վա՜յ ինծի, վա՜յ ինծի. ո՞ր մէկը ըսեմ, ո՞ր մէկը խոստովանիմ, ա՜յնքան շատ են յանցանքներս, չըսուելի՛ք են անօրէնութիւններս, աններելի են ցաւերս եւ անբժշկելի
են վէրքերս․ մեղանչեցի՜ Աստուծոյ դէմ (մեղայ Աստուծոյ)։

8. – Հա՛յր սուրբ, ինծի համար հաշտութեան միջնորդ եւ բարեխօ՛ս եղիր Աստուծոյ Միածին Որդիին քով, եւ քեզի տրուած իշխանութեամբ՝ զիս իմ մեղքերուս կապանքներէն արձակէ՛, կ’աղաչե՜մ:

Արձակում

Տէ՜ր, ողորմէ՛։ Տէ՜ր, ողորմէ՛։ Տէ՜ր, ողորմէ՛։
Թող ամենազօր Տէրը ողորմի ձեզի եւ թողութի՛ւն շնորհէ ձեր բոլոր յանցանքներուն, թէ՛ ձեր խոստովանածներուն եւ թէ՛մոռցածներուն: Իսկ ես՝ քահանայական կարգիս իշխանութեամբ եւ աստուածային հրամանին համաձայն՝ թէ «ինչ որ երկրի վրայ արձակէք՝ երկինքի մէջ ալ արձակուած պիտի ըլլայ», Հօրը, Որդիին եւ Սուրբ Հոգիին անունով կ’արձակեմ ձեզ՝ մտածումով, խօսքով ու գործով կատարած ձեր բոլոր մեղքերէն, եւ վերստին ձեզ կը յանձնեմ սուրբ Եկեղեցւոյ խորհուրդներուն, որպէսզի ի՛նչ բարիք որ գործէք՝ Աստուծոյ քով բարեգործութիւն նկատուի ձեզի համար եւ հասնիք յաւիտենական կեանքի փառքին: Ամէն:

Preacher: Fr. Ardak Demirjian