John 1

Որդին՝ կեանքի Խօսքը

1Աշխարհի ստեղծագործութենէն առաջ գոյութիւնունէր Բանը։ Բանը Աստուծոյ հետ էր եւ Բանը Աստուած էր։ 2Անիկա սկիզբէն Աստուծոյ հետ էր։ 3Անով էր որ Աստուած ամէն ինչ ստեղծեց. առանց անոր ո՛չ մէկ բան ստեղծեց։ 4Կեանքը անով սկիզբ առաւ։ Եւ կեանքը մարդոց համար լոյսն է՝ 5որ խաւարին մէջ կը փայլի. բայց խաւարը չկրցաւ հասկնալ զայն։
6Յովհաննէս, որ Աստուծոյ կողմէ ղրկուած մարդ մըն էր, 7եկաւ Լոյսին համար վկայութիւն տալու, որպէսզի ամէն մարդ անոր միջոցաւ հաւատայ։ 8Ինք Լոյսը չէր, այլ՝ Լոյսին համար վկայ մը։ 9Բանն էր ճշմարիտ Լոյսը, որ աշխարհ գալով՝ կը լուսաւորէ ամբողջ մարդկութիւնը։ 10Աշխարհի մէջ էր անիկա, աշխարհը իրմով ստեղծուեցաւ, սակայն աշխարհը զինք չճանչցաւ։ 11Իր իսկ ստեղծած աշխարհը եկաւ, բայց իր իսկ ստեղծած մարդիկը զինք չընդունեցին։ 12Իսկ զինք ընդունողներուն եւ իրեն հաւատացողներուն իշխանութիւն տուաւ Աստուծոյ որդիներ ըլլալու. 13ո՛չ արեան ճամբով եւ ո՛չ մարմինի կամ մարդկային կամքով, այլ՝ Աստուծմէ ծնելով։
14Եւ Բանը մարդ եղաւ եւ մեր միջեւ բնակեցաւ, եւ մենք տեսանք անոր փառքը. փառքը Միածինին, որ Հօրմէն եկաւ՝շնորհքով եւ ճշմարտութեամբ լեցուն։
15Յովհաննէս անոր մասին վկայեց, յայտարարելով.
– Ասիկա է ան՝ որուն մասին կ՚ըսէի. «Ան որ ինձմէ ետք պիտի գայ՝ ինձմէ մեծ է, որովհետեւ ինձմէ առաջ գոյութիւն ունէր»։
16Անոր լիառատ շնորհքէն է որ մենք բոլորս շնորհքի վրայ շնորհք ստացանք. 17որովհետեւ Օրէնքը Մովսէսի միջոցաւ տրուեցաւ, մինչ շնորհքն ու ճշմարտութիւնը՝ Յիսուս Քրիստոսի միջոցաւ։
18Ոեւէ մէկը երբեք զԱստուած չէ տեսած, բացի Միածինէն, որ Աստուած է եւ Հօրմէն անբաժան. եւ Որդին էր որ մեզի ճանչցուց զայն։

Յովհաննէս Մկրտիչի վկայութիւնը
(Մտ 3.1-12Մր 1.2-8Ղկ 3.1-18)

19Յովհաննէս հետեւեալ վկայութիւնը տուաւ, երբ Հրեայ ղեկավարներ Երուսաղէմէն քահանաներ եւ Ղեւտացիներ ղրկեցին իրեն՝ որպէսզի հարցնեն.
– Ո՞վ ես դուն։
20Անիկա առանց վարանելու խոստովանեցաւ եւ յայտարարեց.
– Ես չեմ Քրիստոսը։
– 21Հապա ո՞վ ես դուն,– հարցուցին.– Եղիա՞ն ես։
– Ո՛չ, Եղիան չեմ,– պատասխանեց։
– Մարգարէ՞ն ես դուն,– հարցուցին։
– Ո՛չ,– պատասխանեց։
– 22Ուրեմն ըսէ՛ մեզի, ո՞վ ես դուն, որպէսզի պատասխան մը տանք մեզ ղրկողներուն։ Դուն քու մասիդ ի՞նչ կ՚ըսես։ 23Յովհաննէս պատասխանեց.
– Ես «անապատին մէջ աղաղակողին ձայնն եմ,– ինչպէս կ՚ըսէ Եսայի մարգարէն,– հարթեցէ՛ք Տիրոջ ճամբան»։
24Ղրկուած պատգամաւորները, որոնք Փարիսեցիներ էին, 25հարցուցին Յովհաննէսի.
– Հապա ինչո՞ւ կը մկրտես, եթէ դուն Քրիստոսը չես, ոչ ալ Եղիան կամ մարգարէն։
26Յովհաննէս պատասխանեց.
– Ես ձեզ ջուրով կը մկրտեմ, բայց ձեր մէջ կայ մէկը, թէպէտ դուք չէք ճանչնար, 27որ ինձմէ ետք եկողն է։ Ես անոր կօշիկներուն կապերն անգամ քակելու արժանի չեմ։
28Այս խօսակցութիւնը տեղի ունեցաւ Բեթաբարայի մէջ, Յորդանան գետին միւս կողմը, ուր Յովհաննէս կը մնար ու կը մկրտէր։

Աստուծոյ Գառնուկը

29Յաջորդ օր Յովհաննէս տեսաւ Յիսուսը, որ իրեն կու գար, եւ ըսաւ.
– Ահաւասիկ Աստուծոյ գառնուկը, որ աշխարհի մեղքը կը վերցնէ։ 30Ասիկա է այն անձը, որուն համար կ՚ըսէի. «Ինձմէ ետք կու գայ մէկը, որ ինձմէ մեծ է, որովհետեւ ինձմէ առաջ գոյութիւն ունէր»։ 31Ես ինքս ալ չէի ճանչնար զայն. բայց ես եկայ եւ ջուրով մկրտեցի, որպէսզի անիկա Իսրայէլի ժողովուրդին յայտնուի։
32Յովհաննէս տուաւ այս վկայութիւնն ալ.
– Տեսայ Հոգին, որ աղաւնիի պէս կ՚իջնէր երկինքէն եւ կը հանգչէր անոր վրայ։ 33Այո՛, ես չէի ճանչնար զինք, բայց ան՝ որ զիս ղրկեց ջուրով մկրտելու, ըսաւ ինծի. «Որուն վրայ որ տեսնես թէ կ՚իջնէ ու կը հանգչի Հոգին, անիկա է որ Սուրբ Հոգիով պիտի մկրտէ»։ 34Ես տեսայ ատիկա եւ կը վկայեմ թէ ի՛նքն է Աստուծոյ Որդին։

Յիսուսի առաջին աշակերտները
(Մտ 4.18-22Մր 1.16-20Ղկ 5.1-11)

35Յաջորդ օր Յովհաննէս դարձեալ հոն կեցած էր իր երկու աշակերտներուն հետ։ 36Տեսնելով որ Յիսուսը այդտեղէն կ՚անցնէր, ըսաւ.
– Ահաւասիկ Աստուծոյ գառնուկը։
37Երկու աշակերտները լսելով Յովհաննէսի այս խօսքը, հետեւեցան Յիսուսի։ 38Յիսուս երբ ետեւ դարձաւ եւ տեսաւ որ անոնք իրեն կը հետեւին, ըսաւ.
– Ի՞նչ կ՚ուզէք։
Անոնք ըսին.
– Ռաբբի՛, ո՞ւր կը մնաս։ (Ռաբբի կը նշանակէ վարդապետ, այսինքն՝ ուսուցիչ)։
39Յիսուս պատասխանեց.
– Եկէք եւ տեսէք։
Անոնք գացին եւ տեսան թէ ո՛ւր կը մնար, եւ այդ օրը անոր մօտ մնացին, որովհետեւ կէսօրէ ետք շուրջ ժամը չորս էր։ 40Անդրէասը՝ Սիմոն Պետրոսի եղբայրը, մէկն էր այն երկու աշակերտներէն, որոնք Յովհաննէսի վկայութիւնը լսեցին եւ Յիսուսի հետեւեցան։ 41Անիկա անմիջապէս իր եղբայրը՝ Սիմոնը գտաւ եւ ըսաւ անոր.
– Մեսիան գտանք։ (Մեսիա կը նշանակէ Քրիստոս, այսինքն՝ Օծեալ)։
42Յետոյ տարաւ զինք Յիսուսի մօտ։ Յիսուս նայեցաւ անոր եւ ըսաւ.
– Դուն Սիմոնն ես, Յովնանի որդին։ Դուն Կեփաս պիտի կոչուիս։ (Կեփաս կը նշանակէ Պետրոս, այսինքն՝ ժայռ)։

Յիսուս կը կանչէ Փիլիպպոսը եւ Նաթանայէլը

43Յաջորդ օր Յիսուս մտադրեց Գալիլեա երթալ։ Տեսաւ Փիլիպպոսը եւ ըսաւ անոր.
– Հետեւէ՛ ինծի։
44Փիլիպպոս Բեթսայիդայէն էր, Անդրէասի եւ Պետրոսի քաղաքէն։ 45Փիլիպպոս գտաւ Նաթանայէլը եւ ըսաւ անոր.
– Գտանք այն մարդը, որուն մասին գրեցին Մովսէս՝ իր Օրէնքի գիրքին մէջ, ինչպէս նաեւ մարգարէները։ Անիկա Յիսուսն է, Յովսէփի որդին, Նազարէթ քաղաքէն։
46Նաթանայէլ հարցուց.
– Բայց կարելի՞ է որ Նազարէթէն լաւ բան մը ելլէ։
Փիլիպպոս ըսաւ.
– Եկուր եւ տե՛ս։
47Երբ Յիսուս տեսաւ Նաթանայէլը, որ իրեն կու գար, ըսաւ անոր.
– Ահաւասիկ ճշմարիտ Իսրայէլացի մը, որուն մէջ նենգութիւն չկայ։
48Նաթանայէլ հարցուց.
– Ուրկէ՞ կը ճանչնաս զիս։
Յիսուս պատասխանեց.
– Տակաւին Փիլիպպոսը քեզ չկանչած՝ տեսայ քեզ, երբ թզենիին տակն էիր։
49Նաթանայէլ ըսաւ.
– Ռաբբի՛, դուն Աստուծոյ Որդին ես, դուն Իսրայէլի թագաւորն ես։
50Յիսուս պատասխանեց.
– «Թզենիին տակ քեզ տեսայ» ըսելո՞ւս համար կը հաւատաս. ասկէ ետք աւելի մեծ բաներո՛ւ ականատես պիտի ըլլաս։
51Եւ խօսքը շարունակելով ըսաւ.
– Վստա՛հ եղէք, երկինքը բացուած պիտի տեսնէք եւ Աստուծոյ հրեշտակները՝ որոնք կ՚ելլեն ու կ՚իջնեն Մարդու Որդիին վերեւ։