John 11

Ղազարոսի մահը

1Հիւանդմէկըկար, Ղազարոս անունով, որ Բեթանիայէն էր. այն գիւղէն, ուրկէ էին Մարիամ եւ քոյրը՝ Մարթա։ 2Ասիկա այն Մարիամն էր, որ իւղով օծեց Տիրոջ ոտքերը եւ մազերով սրբեց, եւ որուն եղբայրն էր Ղազարոս, որ հիւանդ էր։ 3Ղազարոսի քոյրերը մարդ ղրկեցին Յիսուսի մօտ, որպէսզի անոր ըսեն.
– Տէ՛ր, քու սիրելի բարեկամդ հիւանդ է։
4Յիսուս երբ լսեց, ըսաւ.
– Այս հիւանդութիւնը ո՛չ թէ մահուան, այլ Աստուծոյ փառքին պիտի ծառայէ եւ պատճառ պիտի ըլլայ որ Աստուծոյ Որդին փառաւորուի։
5Յիսուս կը սիրէր զանոնք՝ Մարթան, անոր քոյրը Մարիամը եւ Ղազարոսը։ 6Սակայն հակառակ Ղազարոսի հիւանդութեան լուրը առնելուն, երկուօր եւս մնաց հոն՝ ուր կը գտնուէր։ 7Յետոյ ըսաւ իր աշակերտներուն.
– Եկէք կրկին Հրէաստան երթանք։
8Աշակերտները իրեն ըսին.
– Վարդապե՛տ, Հրէաստանցիները դեռ նոր կ՚ուզէին քեզ քարկոծել, հիմա կրկի՞ն հոն կ՚երթաս։
9Յիսուս անոնց պատասխանեց.
– Ցերեկը տասներկու ժամ չէ՞։ Ան որ ցերեկ ատեն կը քալէ՝ չի սայթաքիր, որովհետեւ այս աշխարհի լոյսով իր շուրջը կը տեսնէ։ 10Բայց ան որ գիշեր ատեն կը քալէ՝ կը սայթաքի, որովհետեւ լոյս չունի։
11Յիսուս այս խօսքերը ըսելէ ետք՝ աւելցուց.
– Մեր բարեկամը՝ Ղազարոս քնացած է, երթամ արթընցնեմ զինք։
12Աշակերտները իրեն ըսին.
– Տէ՛ր, եթէ քնացած է՝ ուրեմն կ՚առողջանայ։
13Յիսուս Ղազարոսի մահուան ակնարկութիւն կ՚ընէր, մինչ աշակերտներուն այնպէս թուեցաւ՝ թէ անոր քնանալուն կ՚ակնարկէ։ 14Այն ատեն բացայայտ կերպով ըսաւ.
– Ղազարոս մեռաւ. 15բայց ես հոն չըլլալուս՝ ձեզի համար ուրախ եմ, որովհետեւ դուք ինծի պիտի հաւատաք։ Ուրեմն եկէք իր քով երթանք։
16Թովմաս, որ Երկուորեակ կը կոչուէր, ընկերներուն ըսաւ.
– Օ՛ն, եկէք մենք ալ երթանք իրեն հետ մեռնելու։

Յիսուս՝ յարութիւն եւ կեանք

17Երբ Յիսուս Բեթանիա հասաւ, արդէն իսկ Ղազարոս չորս օրէ ի վեր թաղուած էր։ 18Բեթանիա Երուսաղէմի մօտիկ է, միայն երեք քիլոմեթր հեռու։ 19Հրեաներէն շատեր հոնկէ եկած էին Մարթայի եւ Մարիամի մօտ, զանոնք մխիթարելու համար իրենց եղբօր մահուան առիթով։ 20Մարթա երբ լսեց թէ Յիսուս կու գայ, դիմաւորելու գնաց, մինչ Մարիամ տունը մնաց։ 21Մարթա Յիսուսի ըսաւ.
– Տէ՛ր, եթէ հոս ըլլայիր՝ եղբայրս չէր մեռներ։ 22Բայց հիմա իսկ գիտեմ, թէ ի՛նչ որ Աստուծմէ խնդրես՝ Աստուած քեզի պիտի տայ։
23Յիսուս անոր ըսաւ.
– Եղբայրդ յարութիւն պիտի առնէ։
24Մարթա պատասխանեց.
– Գիտեմ որ յարութիւն պիտի առնէ վերջին օրը, յարութեան ատեն։
25Յիսուս ըսաւ.
– Ե՛ս եմ յարութիւնը եւ կեանքը։ Ան որ ինծի կը հաւատայ, թէպէտեւ մեռնի՝ պիտի ապրի։ 26Իսկ ան որ ողջ է եւ ինծի կը հաւատայ՝ երբեք պիտի չմեռնի։ Կը հաւատա՞ս ըսածիս։
– 27Այո՛, Տէ՜ր,– պատասխանեց Մարթա,– կը հաւատամ թէ դուն ես Քրիստոսը, Աստուծոյ Որդին, որ աշխարհ պիտի գայիր։

Ղազարոսի յարութիւնը

28Մարթա այս խօսքերը ըսելէ ետք գնաց եւ իր քոյրը՝ Մարիամը կանչեց եւ փսփսալով ըսաւ.
– Վարդապետը եկած է եւ քեզ կը կանչէ։
29Մարիամ լսելուն պէս ոտքի ելաւ եւ Յիսուսի մօտ գնաց։ 30Յիսուս տակաւին գիւղ չէր մտած, այլ կեցած էր հոն՝ ուր Մարթա զինք դիմաւորած էր։ 31Տան մէջ գտնուող Հրեաները, որոնք Մարիամը կը մխիթարէին, երբ տեսան որ աճապարանքով ոտքի ելլելով գնաց, հետեւեցան անոր, որովհետեւ կարծեցին թէ գերեզման կ՚երթայ՝ հոն լալու համար։ 32Մարիամ հասաւ այնտեղ՝ ուր Յիսուս կեցած էր։ Հազիւ զայն տեսած, անոր ոտքերուն ինկաւ եւ ըսաւ.
– Տէ՛ր, եթէ հոս ըլլայիր, եղբայրս չէր մեռներ։
33Յիսուս երբ տեսաւ Մարիամը որ կու լար, ինչպէս նաեւ անոր հետ եկող Հրեաները որոնք կու լային, հոգեպէս խռովեցաւ եւ յուզուած՝ 34ըսաւ.
– Ո՞ւր թաղեցիք զինք։
Անոնք ըսին.
– Տէ՜ր, եկո՛ւր եւ տես։
35Յիսուս լացաւ։ 36Հրեաները իրարու կ՚ըսէին.
– Տեսէք թէ ո՛րքան կը սիրէր զայն։
37Ոմանք ալ կ՚ըսէին.
– Այս մարդը որ կոյրին աչքը բացաւ, չէ՞ր կրնար այնպէս մը ընել՝ որ Ղազարոսը չմեռնէր։
38Յիսուս դարձեալ ներքնապէս յուզուեցաւ եւ մօտեցաւ գերեզմանին, որ քարայր մըն էր եւ որուն մուտքին քար մը դրած էին։ 39Յիսուս ըսաւ.
– Վերցուցէ՛ք քարը։
Մարթան, մեռնողին քոյրը, ըսաւ անոր.
– Տէ՛ր, հիմա նեխած պէտք է ըլլայ, որովհետեւ չորս օրէ ի վեր թաղուած է։
40Յիսուս Մարթային ըսաւ.
– Քեզի չըսի՞, որ եթէ հաւատաս՝ Աստուծոյ փառքը պիտի տեսնես։
41Երբ անոնք քարը վերցուցին, Յիսուս աչքերը վեր բարձրացուց եւ ըսաւ.
– Հա՜յր, շնորհակալութիւն քեզի՝ որ լսեցիր զիս։ 42Գիտեմ որ միշտ կը լսես զիս. բայց ինչ որ այժմ կ՚ըսեմ՝ շուրջս գտնուող ժողովուրդին համար կ՚ըսեմ, որպէսզի անոնք հաւատան թէ դուն ղրկեցիր զիս։
43Ասիկա ըսելէ ետք՝ բարձր ձայնով կանչեց.
– Ղազարո՛ս, դո՛ւրս եկուր։
44Ու Ղազարոս դուրս ելաւ՝ ոտքերը եւ ձեռքերը պատանքով փաթթուած եւ երեսը վարշամակով ծածկուած։ Յիսուս ըսաւ անոնց.
– Քակեցէ՛ք պատանքը եւ ձգեցէք որ երթայ։
45Հրեաներէն շատեր, որոնք Մարիամենց տունը եկած էին, երբ Յիսուսի կատարած այս հրաշքը տեսան, հաւատացին անոր։ 46Սակայն ուրիշներ գացին Փարիսեցիներուն մօտ եւ պատմեցին ինչ որ Յիսուս կատարեց։

Դաւադրութիւն՝ Յիսուսը սպաննելու համար
(Մտ 26.1-5Մր 14.1-2Ղկ 22.1-2)

47Աւագ քահանաներն ու Փարիսեցիները կանչեցին Ատեանի անդամները եւ ըսին.
– Ի՞նչ ընելու ենք, քանի այս մարդը բազմաթիւ հրաշքներ կը գործէ։ 48Եթէ զինք այսպէս ձգենք՝ բոլորն ալ իրեն պիտի հաւատան, եւ Հռոմայեցիները պիտի գան ու կործանեն մեր տաճարն ու ազգը։
49Անոնցմէ մէկը, որուն անունը Կայիափա էր եւ որ այդ տարի Քահանայապետն էր, ըսաւ անոնց.
– Դուք բան չէք գիտեր. 50չէ՞ք խորհիր թէ մեզի համար աւելի լաւ է՝ որ մէկ հոգի մեռնի ժողովուրդին համար, քան թէ ամբողջ ազգը կորսուի։
51Այս խօսքերը անիկա ինքնիրմէ չըսաւ, այլ՝ այդ տարի Քահանայապետը ըլլալուն՝ մարգարէացաւ թէ Յիսուս պիտի մեռնէր իր ժողովուրդին համար։ 52Եւ ո՛չ միայն Հրեայ ժողովուրդին համար, այլ՝ որպէսզի Աստուծոյ ցրուած որդիներն ալ ի մի հաւաքէ։
53Եւ այսպէս, այդ օրէն սկսեալ Հրեայ ղեկավարները որոշեցին սպաննել Յիսուսը։ 54Յիսուս անկէ ետք համարձակ չէր շրջեր Հրէաստանի մէջ. ուստի այդտեղէն ելլելով՝ գնաց անապատին մօտիկ շրջանին մէկ քաղաքը, որ Եփրայիմ կը կոչուէր, եւ հոն մնաց իր աշակերտներուն հետ։
55Մօտ էր Հրեաներուն Զատիկը։ Այդ գաւառէն շատեր Երուսաղէմ ելան, որպէսզի Զատիկէն առաջ մաքրուին իրենց ծիսական սովորութեան համաձայն։ 56Անոնք Յիսուսը կը փնտռէին, եւ երբ տաճարին մէջ հաւաքուած էին՝ իրարու կը հարցնէին.
– Ի՞նչ կը կարծէք. արդեօք տօնին առիթով հոս պիտի չգա՞յ։
57Աւագ քահանաներն ու Փարիսեցիները պատուիրած էին, որ եթէ մէկը անոր ուր ըլլալը գիտնայ՝ իմացնէ, որպէսզի ձերբակալեն զայն։