John 12
Յիսուսի ոտքերուն օծումը Բեթանիայի մէջ
(Մտ 26.6-13, Մր 14.3-9)
1Զատիկէն վեց օր առաջ Յիսուս Բեթանիա եկաւ, հոն՝ ուր Ղազարոսը կ՚ապրէր, այն մարդը՝ որ մեռած էր եւ որուն Յիսուս մեռելներէն յարութիւն տուած էր։ 2Հոն իրեն ընթրիք պատրաստեցին։ Մարթան կը սպասարկէր եւ Ղազարոսն ալ սեղանակիցներէն մէկն էր։ 3Ընթրիքի ատեն Մարիամ շիշ մը ազնիւ եւ սուղ նարդոսի իւղ առնելով՝ օծեց Յիսուսի ոտքերը եւ իր մազերով սրբեց զանոնք։ Տունը իւղին անուշահոտութեամբը լեցուեցաւ։ 4Աշակերտներէն մէկը՝ Յուդա Իսկարիոտացին, որ զայն մատնողը պիտի ըլլար, ըսաւ.
– 5Ինչո՞ւ այդ իւղը երեք հարիւր արծաթ դահեկանի չծախուէր եւ աղքատներուն չտրուէր։
6Ասիկա ըսաւ՝ ո՛չ թէ անոր համար որ կը մտահոգուէր աղքատներով, այլ որովհետեւ գող էր։ Իր քով կը գտնուէր գանձանակը եւ ի՛նչ որ հոն կը ձգուէր՝ անկէ կ՚օգտուէր։ 7Յիսուս պատասխանեց.
– Ազա՛տ ձգէ զինք, որովհետեւ թաղումիս օրը ըլլալիքն է որ հիմա կ՚ընէ։ 8Աղքատները ամէն ատեն ձեզի հետ ունիք, բայց զիս միշտ ձեզի հետ չունիք։
Դաւ Ղազարոսի դէմ
9Հրեաներու մեծ բազմութիւն մը, երբ գիտցաւ թէ Յիսուս Բեթանիայի մէջ է, եկաւ՝ ո՛չ միայն Յիսուսի համար, այլ նաեւ տեսնելու համար Ղազարոսը, որուն Յիսուս մեռելներէն յարութիւն տուած էր։ 10Ուստի աւագ քահանաները որոշեցին Ղազարոսն ալ սպաննել, 11որովհետեւ Հրեաներէն շատեր Ղազարոսը տեսնելու կ՚երթային ու կը հաւատային Յիսուսի։
Յիսուսի յաղթական մուտքը Երուսաղէմ
(Մտ 21.1-11, Մր 11.1-11, Ղկ 19.28-40)
12Յաջորդ օր, ժողովուրդի մեծ բազմութիւն մը, որ Զատիկի տօնին առիթով Երուսաղէմ եկած էր, երբ լսեց թէ Յիսուս Երուսաղէմ կու գայ, 13արմաւենիի ճիւղեր առաւ եւ Յիսուսը դիմաւորելու ելաւ, բարձրաձայն աղաղակելով.
«Ովսաննա՜,
օրհնեա՜լ ըլլայ ան՝ որ կու գայ Տիրոջ անունով,
Իսրայէլի թագաւորը»։
14Յիսուս էշ մը գտնելով՝ նստաւ անոր վրայ, ինչպէս որ Սուրբ գիրքերուն մէջ գրուած է.–
15«Մի՛ վախնար, ո՜վ Երուսաղէմ, Սիոնի՛ աղջիկ.
ահա թագաւորդ քեզի կու գայ
իշու մը աւանակին վրայ նստած»։
16Յիսուսի աշակերտները այս բոլորը չհասկցան ատենին, բայց երբ Յիսուս փառաւորուեցաւ՝ այն ատեն յիշեցին, թէ այս կատարուածները Յիսուսի համար գրուած էին եւ իրենք այդ գրուածն էր որ կատարեցին։ 17Բոլոր անոնք, որոնք Յիսուսի հետ էին՝ երբ անիկա Ղազարոսը կանչեց գերեզմանէն եւ զայն մեռելներէն յարուցանեց, այդ մասին վկայութիւն կու տային։ 18Այդ իսկ պատճառով Երուսաղէմ գտնուողները բոլորն ալ զինք դիմաւորելու ելան, որովհետեւ լսած էին, թէ ի՛նչպէս անիկա յարութեան հրաշքը գործած էր։ 19Իսկ Փարիսեցիները իրարու կ՚ըսէին.
– Կը տեսնէ՞ք որ բան մըն ալ չենք կրնար ընել. ահա ամ– բողջ աշխարհը իրեն կը հետեւի։
Փառաւորումի ժամը հասած
20Տօնին առիթով կարգ մը Յոյներ ալ եկած էին Երուսաղէմ՝ Աստուծոյ երկրպագելու։ 21Անոնք մօտեցան Փիլիպպոսի, որ Գալիլեայի Բեթսայիդա քաղաքէն էր, եւ աղաչելով ըսին.
– Տէ՛ր, կ՚ուզենք Յիսուսը տեսնել։
22Փիլիպպոս եկաւ Անդրէասին ըսաւ եւ երկուքը միասին Յիսուսի ներկայացուցին անոնց խնդրանքը։
23Յիսուս պատասխանեց անոնց.
– Ահա Մարդու Որդիին փառաւորուելու ժամը հասաւ։ 24Վստահ գիտցէք, որ եթէ ցորենի հատիկը հողին մէջ չիյնայ եւ չմեռնի, ինք որպէս առանձին հատիկ կը մնայ, իսկ եթէ մեռնի՝ բազմաթիւ հատիկներ կու տայ։ 25Ով որ իր անձը կը սիրէ՝ կը կորսնցնէ զայն, իսկ ով որ իր անձը կ՚անտեսէ այս աշխարհի վրայ՝ զայն յաւիտենական կեանքին համար պահած կ՚ըլլայ։ 26Ով որ ուզէ ինծի ծառայել՝ պէտք է ինծի հետեւի, եւ ինծի ծառայողը պիտի ըլլայ հոն՝ ուր ես կը գտնուիմ։ Եւ Հայրս պիտի պատուէ ինծի ծառայողը։
27Բայց հիմա հոգիս խռոված է. եւ ի՞նչ ըսեմ։ Ըսե՞մ՝ «Հա՜յր, ազատէ՛ զիս այս ժամէն»։ Բայց տառապանքի այս ժամուն համար եկած եմ արդէն։ 28Հա՜յր, փառաւորէ՛ քու անունդ։ Ձայն մը եկաւ երկինքէն, որ կ՚ըսէր.
– Փառաւորեցի եւ դարձեալ պիտի փառաւորեմ։
29Ժողովուրդը, որ հոն կը գտնուէր, լսեց ձայնը։ Ոմանք ըսին.
– Որոտում եղաւ։
Իսկ ուրիշներ ըսին.
– Հրեշտակ մը խօսեցաւ իրեն։
30Բայց Յիսուս պատասխանեց.
– Ինծի համար չէ որ այս ձայնը եկաւ, այլ՝ ձեզի համար։ 31Հիմա կը սկսի այս աշխարհի դատաստանը։ Հիմա այս աշխարհի իշխանը դուրս պիտի նետուի։ 32Եւ երբ երկրէն բարձրանամ՝ ամէնքն ալ ինծի պիտի քաշեմ։
33Ասիկա ըսելով՝ կը հասկցնէր թէ ի՛նչ տեսակ մահով պիտի մեռնէր։ 34Ժողովուրդը պատասխանեց.
– Մեր Օրէնքը մեզի կ՚ըսէ, թէ Քրիստոս յաւիտեան պիտի մնայ, իսկ դուն ինչպէ՞ս կ՚ըսես թէ Մարդու Որդին պէտք է բարձրանայ։ Ո՞վ է այդ Մարդու Որդին։
35Յիսուս պատասխանեց.
– Լոյսը քիչ մը ատեն ալ ձեզի հետ է. քալեցէ՛ք քանի լոյսը ունիք, որպէսզի խաւարը ձեզի չտիրէ։ Որովհետեւ ան որ խաւարին մէջ կը քալէ՝ չի գիտեր թէ ո՛ւր կ՚երթայ։ 36Հաւատացէ՛ք լոյսին՝ քանի տակաւին լոյսը ունիք, որպէսզի լոյսի որդիներ ըլլաք։
Յիսուս այս խօսքերը ըսելէ ետք՝ գնաց եւ անոնցմէ պահուըտեցաւ։
Հրեաներու անհաւատութիւնը
37Հակառակ անոր որ Յիսուս բազմաթիւ հրաշքներ գործած էր անոնց դիմաց, բայց անոնք չէին հաւատար իրեն, 38որպէսզի իրականանայ ինչ որ Աստուած ըսած էր Եսայի մարգարէի բերնով.–
«Տէ՛ր, ո՞վ հաւատաց մեր տուած լուրին,
Տիրոջ զօրութիւնը որո՞ւն յայտնուեցաւ»։
39Անոնք չէին կրնար հաւատալ, որովհետեւ Տէրը դարձեալ կ՚ըսէ Եսայիի բերնով.–
40«Աստուած անոնց աչքերը կուրցուց,
եւ անոնց միտքերը կարծրացուց,
որպէսզի չըլլայ որ աչքերով տեսնեն
եւ միտքով հասկնան ու դարձի գան,
եւ ես բժշկեմ զանոնք»։
41Եսայի այս խօսքերը ըսաւ, որովհետեւ տեսաւ Յիսուսի փառքը եւ խօսեցաւ անոր մասին։ 42Ամէն պարագայի, նոյնիսկ Հրեայ իշխանաւորներէն շատեր հաւատացին Յիսուսի, բայց Փարիսեցիներուն պատճառով չէին յայտներ, որպէսզի ժողովարաններէն դուրս չդրուին, 43քանի նախընտրեցին մարդոցմէ փառաւորուիլ, քան՝ Աստուծմէ։
Աշխարհի լոյսը
44Եւ Յիսուս բարձրաձայն ըսաւ.
– Ով որ ինծի կը հաւատայ, ո՛չ թէ ինծի հաւատացած կ՚ըլլայ, այլ անոր՝ որ զիս ղրկած է։ 45Նոյնպէս, ով որ զիս կը տեսնէ՝ զիս ղրկողն ալ տեսած կ՚ըլլայ։ 46Ես որպէս լոյս եկայ աշխարհ, որպէսզի ով որ ինծի հաւատայ՝ խաւարի մէջ չմնայ։ 47Ես չեմ դատապարտեր ան՝ որ իմ խօսքերս կը լսէ եւ սակայն չի գործադրեր, որովհետեւ չեմ եկած աշխարհը դատապարտելու, այլ՝ աշխարհը փրկելու։ 48Սակայն կայ մէկը որ պիտի դատապարտէ զիս անարգողը եւ խօսքերս չընդունողը։ Աստուծոյ խօսքը, որ ես ձեզի խօսեցայ, անիկա՛ զայն պիտի դատապարտէ վերջին օրը։ 49Որովհետեւ ես ինձմէ չխօսեցայ, այլ զիս ղրկող Հայրը ինծի պատուիրեց ինչ որ պիտի ըսեմ եւ խօսիմ։ 50Եւ գիտեմ որ այդ պատուէրը յաւիտենական կեանք կու տայ։ Հետեւաբար, ինչ որ կը խօսիմ՝ Հօրս ինծի ըսածն է որ կը խօսիմ։