John 13

Յիսուս իր աշակերտներուն ոտքերը կը լուայ

1Զատիկի տօնին նախօրեակին, Յիսուս գիտնալով թէ հասած է ժամը, երբ այս աշխարհէն իր Հօրը քով պիտի երթայ, սիրեց անոնք որոնք այս աշխարհի մէջ իրեն հետեւորդ էին եւ ծայր աստիճան սիրեց զանոնք։
2Երբ Յիսուս եւ իր աշակերտները ընթրիք կ՚ընէին, Սատանան արդէն իսկ Իսկարիոտացի Սիմոնի որդիին՝ Յուդայի մտքին մէջ դրած էր Յիսուսը մատնելու խորհուրդը։ 3Յիսուս գիտնալով հանդերձ որ Հայրը ամէն իշխանութիւն տուած է իրեն եւ թէ ինք Աստուծմէ եկած է եւ Աստուծոյ կ՚երթայ, 4ելաւ սեղանէն, մէկ կողմ դրաւ իր վրայի հագուստը եւ ղենջակ մը առնելով՝ մէջքին կապեց։ 5Ապա ջուր առնելով՝ լեցուց կոնքին մէջ եւ սկսաւ աշակերտներուն ոտքերը լուալ եւ մէջքին կապած ղենջակով սրբել։ 6Երբ եկաւ Սիմոն Պետրոսի մօտ, անիկա ըսաւ.
– Տէ՛ր, դո՞ւն իմ ոտքերս պիտի լուաս։
7Յիսուս պատասխանեց.
– Ինչ որ կ՚ընեմ՝ դուն հիմա չես հասկնար, բայց յետոյ պիտի հասկնաս։
8Պետրոս ըսաւ.
– Երբե՛ք դուն իմ ոտքերս պիտի չլուաս։
Յիսուս պատասխանեց.
– Եթէ ոտքերդ չլուամ՝ ինծի հետ բաժին պիտի չունենաս։
– 9Տէ՛ր,– ըսաւ Սիմոն Պետրոս,– ուրեմն ո՛չ միայն ոտքերս լուա, այլ նաեւ ձեռքերս եւ գլուխս։
10Յիսուս պատասխանեց.
– Ան որ լուացուած է՝ մաքուր կ՚ըլլայ, հետեւաբար միայն ոտքերը լուալ պէտք է։ Դուք մաքուր էք, բայց ո՛չ բոլորդ։
11Քանի Յիսուս գիտէր թէ ո՛վ պիտի մատնէր զինք, ահա թէ ինչո՛ւ ըսաւ՝ «Դուք մաքուր էք, բայց ո՛չ բոլորդ»։
12Յիսուս իր աշակերտներուն ոտքերը լուալէ ետք՝ հագաւ իր հագուստները եւ կրկին սեղան բազմեցաւ։ Ապա հարցուց.
– Գիտէ՞ք ինչ ըրի ձեզի։ 13Դուք զիս «Վարդապետ» եւ «Տէր» կը կոչէք, եւ ճիշդ կ՚ըսէք, որովհետեւ իրապէս ալ եմ։ 14Արդ, եթէ ես՝ որ Տէր եւ Վարդապետ եմ՝ լուացի ձեր ոտքերը, դուք ալ պարտաւոր էք իրարու ոտքերը լուալ։ 15Ես ձեզի օրինակ մը տուի, որպէսզի դուք ալ իրարու ընէք այն՝ ինչ որ ես ձեզի ըրի։ 16Լա՛ւ գիտցէք, թէ ծառան իր տիրոջմէ մեծ չէ եւ ոչ ալ ղրկուածը՝ զինք ղրկողէն։ 17Եթէ ասիկա գիտէք, երանելի պիտի ըլլաք՝ եթէ գործադրէք զայն։ 18Խօսքս բոլորիդ համար չէ, որովհետեւ ես կը ճանչնամ ընտրածներս. այլ որպէսզի իրականանայ Սուրբ գիրքին խօսքը, որ կ՚ըսէ. «Ան որ ինծի հետ հաց կ՚ուտէր՝ դաւաճանեց ինծի»։ 19Հիմակուընէ իսկ կ՚ըսեմ ձեզի, տակաւին ասիկա չպատահած, որպէսզի երբ պատահի՝ հաւատաք թէ Ես եմ։ 20Լա՛ւ գիտցէք, թէ ով որ կ՚ընդունի ան՝ որ ես պիտի ղրկեմ՝ զիս ընդունած կ՚ըլլայ, եւ ով որ զիս կ՚ընդունի՝ ընդունած կ՚ըլլայ զիս ղրկողը։

Յիսուս իր մատնութիւնը կը գուշակէ
(Մտ 26.20-25Մր 14.17-21Ղկ 22.21-23)

21Այս խօսքերը ըսելէ ետք՝ Յիսուս հոգեպէս խռովեցաւ եւ բացայայտօրէն ըսաւ.
– Լա՛ւ գիտցէք, թէ ձեզմէ մէկը պիտի մատնէ զիս։
22Աշակերտները իրարու կը նայէին, շուարած՝ թէ որո՞ւն համար կ՚ըսէ։ 23Աշակերտներէն մէկը, զոր Յիսուս կը սիրէր, բազմած էր Յիսուսի կողքին։ 24Սիմոն Պետրոս նշան ըրաւ անոր՝ հարցնելու թէ որո՞ւն համար կ՚ըսէ։
25Այդ աշակերտը Յիսուսի կողմը դառնալով՝ հարցուց.
– Տէ՛ր, ո՞վ է։
26Յիսուս պատասխանեց.
– Պատառը թաթխելով որո՛ւն որ տամ՝ ան է։
Եւ պատառը թաթխելով տուաւ Իսկարիոտացի Յուդային։ 27Յուդա հազիւ պատառը առած՝ Սատանան իր մէջ մտաւ։ Յիսուս ըսաւ անոր.
– Ինչ որ պիտի ընես՝ շուտով ըրէ։
28Սեղանին շուրջ նստողներէն ո՛չ ոք հասկցաւ, թէ ինչո՛ւ այս խօսքը ըսաւ անոր։ 29Եւ որովհետեւ Յուդայի մօտ կը գտնուէր գանձանակը, աշակերտներէն ոմանք կարծեցին՝ թէ Յիսուս անոր ըսաւ. «Գնա՛ եւ տօնին առիթով ինչ որ մեզի պէտք է՝ գնէ, եւ կամ աղքատներուն բան մը տուր»։
30Յուդա պատառը առնելէ ետք՝ անմիջապէս դուրս ելաւ։ Եւ գիշեր էր։

Նոր պատուիրանը

31Յուդայի մեկնելէն ետք, Յիսուս ըսաւ.
– Այժմ փառաւորուեցաւ Մարդու Որդին եւ Աստուած փառաւորուեցաւ անով։ 32Եւ եթէ Աստուած փառաւորուեցաւ անով, Աստուած ալ զայն պիտի փառաւորէ իրմով. եւ շուտով պիտի փառաւորէ զայն։ 33Որդեակնե՛ր, կարճ ժամանակ մըն ալ ձեզի հետ եմ. պիտի փնտռէք զիս։ Եւ ինչպէս որ Հրեայ ղեկավարներուն ըսի՝ ձեզիալ կ՚ըսեմ. «Հոն՝ ուր ես կ՚երթամ, դուք չէք կրնար գալ»։ 34Նոր պատուիրան մը կու տամ ձեզի.– Սիրեցէ՛ք իրար։ Ինչպէս ես ձեզ սիրեցի՝ դուք ալ իրար սիրեցէք։ 35Ձեր իրար սիրելով է որ մարդիկ պիտի գիտնան, թէ դուք իմ աշակերտներս էք։

Յիսուս կը գուշակէ Պետրոսի ուրացումը
(Մտ 26.31-35Մր 14.27-31Ղկ 22.31-34)

– 36Տէ՛ր, ո՞ւր կ՚երթաս,– հարցուց Սիմոն Պետրոս։
Յիսուս պատասխանեց.
– Հոն՝ ուր ես կ՚երթամ, այժմ չես կրնար գալ, բայց յետոյ պիտի գաս ետեւէս։
37Պետրոս ըսաւ.
– Տէ՛ր, ինչո՞ւ հիմա չեմ կրնար հետեւիլ քեզի։ Կեանքս անգամ կը զոհեմ քեզի համար։
38Յիսուս պատասխանեց.
– Կեա՞նքդ պիտի զոհես ինծի համար։ Լա՛ւ գիտցիր, որ աքաղաղը չկանչած՝ դուն երեք անգամ պիտի ուրանաս զիս։