John 14

Ես եմ ճամբան, ճշմարտութիւնը եւ կեանք

1Ապա Յիսուս ըսաւ իր աշակերտներուն.
– Թող չխռովին ձեր սիրտերը։ Հաւատացէ՛ք Աստուծոյ, հաւատացէ՛ք նաեւ ինծի։ 2Հօրս տան մէջ շատ օթեւաններ կան. եթէ այդպէս չըլլար՝ չէի ըսեր ձեզի, թէ կ՚երթամ եւ ձեզի համար տեղ կը պատրաստեմ։ 3Եւ երբ երթամ եւ ձեզի համար տեղ պատրաստեմ, դարձեալ պիտի գամ եւ ձեզ քովս առնեմ, որպէսզի ըլլաք հոն՝ ուր ես կը գտնուիմ։ 4Եւ դուք գիտէք թէ ո՛ւր կ՚երթամ եւ անոր ճամբան ալ գիտէք։
– 5Թովմաս ըսաւ իրեն.
– Տէ՛ր, չենք գիտեր ուր կ՚երթաս. արդ, ինչպէ՞ս կրնանք ճամբան գիտնալ։
6Յիսուս պատասխանեց անոր.
– Ե՛ս եմ ճամբան, ճշմարտութիւնը եւ կեանքը։ Միայն ինձմով կարելի է Հօրս երթալ։ 7Եթէ զիս ճանչնայիք՝ Հայրս ալ պիտի ճանչնայիք. եւ այժմէն իսկ դուք գիտէք զայն եւ տեսած էք զայն։ 8Փիլիպպոս ըսաւ.
– Տէ՛ր, ցոյց տուր մեզի Հայրը եւ կը բաւէ մեզի։
9Յիսուս պատասխանեց.
– Այսքան ատեն ձեզի հետ եմ եւ տակաւին չճանչցա՞ր զիս, Փիլիպպո՛ս։ Ով որ զիս տեսաւ՝ Հայրը տեսած եղաւ, ալ ի՞նչպէս կ՚ըսես՝ «Ցոյց տուր մեզի Հայրը»։ 10Չե՞ս հա– ւատար թէ ես Հօրս մէջ եմ եւ Հայրս իմ մէջս է։ Այս խօս– քերը որ ձեզի կ՚ըսեմ՝ ես ինձմէ չեմ ըսեր. Հայրը որ մէջս կը բնակի՝ իմ միջոցաւս կը կատարէ իր գործերը։ 11Հաւատացէ՛ք ինծի, թէ ես Հօրս մէջ եմ եւ Հայրը իմ մէջս. եթէ ոչ խօսքերուս համար՝ գոնէ կատարած գործերուս համար հաւատացէք։ 12Լա՛ւ գիտցէք, թէ ով որ ինծի կը հաւատայ՝ պիտի կատարէ ինչ որ ես կ՚ընեմ եւ անոնցմէ աւելին ալ պիտի կատարէ, որովհետեւ ես Հօրս քով կ՚երթամ։ 13Եւ ինչ որ իմ անունովս խնդրէք՝ պիտի կատարեմ զայն, որպէսզի Հայրը փառաւորուի Որդիով։ 14Այո՛, եթէ ոեւէ բան խնդրէք իմ անունովս՝ պիտի կատարեմ զայն։

Սուրբ Հոգին ղրկելու խոստում

– 15Եթէ կը սիրէք զիս՝ պիտի գործադրէք իմ պատուիրաններս։ 16Եւ ես Հօրս պիտի աղաչեմ՝ որ ուրիշ Մխիթարիչ մը տայ ձեզի, որպէսզի յաւիտեան ձեզի հետ ըլլայ։ 17Անիկա Սուրբ Հոգին է, որ ճշմարտութիւնը կը յայտնէ։ Աշխարհը չի կրնար զայն ընդունիլ, որովհետեւ ո՛չ կը տեսնէ եւ ո՛չ ալ կը ճանչնայ զայն։ Բայց դուք կը ճանչնաք զայն, որովհետեւ ձեր մէջ պիտի մնայ եւ ձեր հետ պիտի ըլլայ։
18Որբ պիտի չձգեմ ձեզ. կրկին պիտի գամ ձեզի։ 19Մօտ ատենէն այլեւս աշխարհը զիս պիտի չտեսնէ, բայց դուք պիտի տեսնէք զիս, որովհետեւ ես կ՚ապրիմ եւ դուք ալ պիտի ապրիք։ 20Այն օրը դուք պիտի գիտնաք՝ թէ ես Հօրս մէջ եմ, դուք իմ մէջս եւ ես՝ ձեր մէջ։ 21Ով որ կ՚ընդունի իմ պատուիրաններս եւ կը գործադրէ զանոնք, ա՛ն է որ զիս կը սիրէ։ Եւ Հայրս պիտի սիրէ զիս սիրողը։ Ես ալ պիտի սիրեմ զայն եւ ինքզինքս յայտնեմ անոր։
22Յուդան, ոչ Իսկարիոտացին, ըսաւ իրեն.
– Տէ՛ր, ի՞նչպէս կ՚ըլլայ որ ինքզինքդ մեզի պիտի յայտնես եւ ոչ թէ աշխարհին։
23Յիսուս պատասխանեց անոր.
– Ով որ կը սիրէ զիս՝ խօսքերս կը գործադրէ. Հայրս ալ պիտի սիրէ զայն եւ ես ու Հայրս անոր պիտի գանք եւ անոր հետ բնակինք։ 24Եւ ով որ չի սիրեր զիս՝ խօսքերս չի գործադրեր։ Այս ըսածներս որ լսեցիք՝ իմ խօսքերս չեն, այլ խօսքերը Հօրս, որ զիս ղրկեց։ 25Այս բոլորը խօսեցայ ձեզի, քանի տակաւին ձեզի հետ եմ։ 26Բայց Մխիթարիչը՝ Սուրբ Հոգին, որ Հայրս ձեզի պիտի ղրկէ իմ անունովս, անիկա ձեզի ամէն ինչ պիտի սորվեցնէ եւ յիշեցնէ ինչ որ ես ձեզի ըսի։

Քրիստոսի խաղաղութիւնը

– 27Խաղաղութիւն կը թողում ձեզի. իմ խաղաղութիւնս է որ կու տամ ձեզի, որ այս աշխարհի տուած խաղաղութենէն տարբեր է։ Մի՛ խռովիք ու մի՛ վախնաք։ 28Լսեցիք ինչ որ ըսի ձեզի, թէ՝ «Ահա կ՚երթամ, բայց կրկին պիտի գամ ձեզի»։ Եթէ զիս սիրէիք, ուրախ պիտի ըլլայիք որ Հօրս կ՚երթամ, որովհետեւ Հայրս ինձմէ մեծ է։ 29Այս բոլորը ձեզի ըսի՝ նախ քան պատահիլը, որպէսզի երբ պատահին՝ այն ատեն հաւատաք։ 30Այլեւս երկար պիտի չխօսիմ ձեզի, որովհետեւ ահա կու գայ այս աշխարհի իշխանը, որ իմ վրաս ո՛չ մէկ իշխանութիւն ունի։ 31Բայց աշխարհը պէտք է գիտնայ թէ ես Հայրը կը սիրեմ եւ այդ է պատճառը, որ ինծի բոլոր պատուիրածները կը կատարեմ։ Ելէ՛ք, երթանք այստեղէն։