John 15

Յիսուս՝ ճշմարիտ որթատունկը

– 1Ես եմ ճշմարիտ որթատունկը, եւ Հայրս մշակն է։ 2Անիկա կը կտրէ վրաս հաստատուած բոլոր այն ճիւղերը որոնք պտուղ չեն տար, իսկ բոլոր անոնք որոնք պտուղ կու տան՝ յօտելով կը մաքրէ, որպէսզի աւելի պտղաբեր ըլլան։ 3Դուք արդէն իսկ մաքրուած էք այն խօսքին համար՝ որ ձեզի խօսեցայ։ 4Ինծի միացած մնացէք եւ ես ձեզի միացած պիտի մնամ։ Ինչպէս որ ճիւղը ինք առանձին պտուղ չի տար՝ եթէ որթատունկին միացած չըլլայ, նոյնպէս ալ դուք չէք կրնար պտուղ տալ՝ եթէ ինծի միացած չըլլաք։
5Ես եմ որթատունկը եւ դուք՝ ճիւղերը։ Ով որ ինծի միացած է եւ ես անոր՝ անիկա առատ պտուղ պիտի տայ, որովհետեւ առանց ինծի դուք ոչինչ կրնաք ընել։ 6Ով որ ինծի միացած չի մնար՝ կտրուելով դուրս կը նետուի եւ կը չորնայ, նման այն ճիւղերուն՝ որ կը հաւաքեն եւ կրակը նետելով կ՚այրեն։ 7Եթէ ինծի միացած մնաք եւ խօսքերս ձեր մէջ մնան, խնդրեցէք Աստուծմէ ինչ որ ուզէք եւ պիտի տայ ձեզի։ 8Իմ Հայրս կը փառաւորուի՝ երբ դուք առատ պտուղ տաք եւ այսպիսով իմ աշակերտներս ըլլաք։
9Ինչպէս որ Հայրս զիս սիրեց, նոյն ձեւով ալ ես ձեզ սիրեցի։ Մնացէ՛ք իմ սիրոյս մէջ։ 10Եթէ գործադրէք իմ պատուիրաններս, իմ սիրոյս մէջ մնացած պիտի ըլլաք, ինչպէս որ ես Հօրս պատուիրանները գործադրելով անոր սիրոյն մէջ կը մնամ։ 11Ասոնք ըսի ձեզի, որպէսզի իմ ուրախութիւնս ձեր մէջ ըլլայ եւ ձեր ուրախութիւնը կատարեալ ըլլայ։ 12Իմ պատուէրս է՝ որ սիրէք իրար, ինչպէս ես ձեզ սիրեցի։ 13Մեծագոյն սէրը այն սէրն է, որով մարդ ինքզինք կը զոհէ իր բարեկամներուն համար։ 14Դուք իմ բարեկամներս էք, եթէ գործադրէք ինչ որ կը պատուիրեմ ձեզի։ 15Այլեւս ձեզ ծառայ չեմ կոչեր, որովհետեւ ծառան չի գիտեր թէ ի՛նչ կ՚ընէ իր տէրը. այլ՝ ձեզ բարեկամ կոչեցի, որովհետեւ ինչ որ Հօրմէս լսեցի՝ ձեզի յայտնեցի։ 16Դուք չէ որ զիս ընտրեցիք, այլ ե՛ս ձեզ ընտրեցի եւ նշանակեցի ձեզ՝ որ երթաք եւ պտղաբեր ըլլաք եւ ձեր պտուղը մնայուն ըլլայ, որպէսզի Հայրս տայ ձեզի ինչ որ իմ անունովս խնդրէք։ 17Դարձեալ կը պատուիրեմ ձեզի, սիրեցէ՛ք իրար։

Աշխարհի ատելութիւնը

– 18Եթէ աշխարհը ձեզ կ՚ատէ, գիտցէք որ նախ զիս ատեց։ 19Եթէ այս աշխարհին պատկանած ըլլայիք՝ աշխարհը ձեզ պիտի սիրէր, որպէս իրմէ եղող մէկը։ Բայց աշխարհը ձեզ կ՚ատէ, որովհետեւ ես ձեզ այս աշխարհէն զատեցի, եւ դուք այս աշխարհին չէք պատկանիր այլեւս։ 20Յիշեցէ՛ք այն խօսքը որ ըսի ձեզի, թէ «Ծառան իր տիրոջմէ աւելի մեծ չէ»։ Եթէ զիս հալածեցին, ձեզ ալ պիտի հալածեն. եթէ իմ խօսքերս գործադրեցին, ապա ձերն ալ պիտի գործադրեն։ 21Բայց այս բոլորը ձեզի պիտի ընեն իմ անունիս պատճառով, որովհետեւ զիս ղրկողը չեն ճանչնար։ 22Եթէ աշխարհ եկած չըլլայի եւ խօսած չըլլայի իրենց, մեղք պիտի չունենային. բայց հիմա իրենց մեղքին համար ոեւէ արդարացում չունին։ 23Ով որ զիս կ՚ատէ, իմ Հայրս ատած կ՚ըլլայ։ 24Եթէ իրենց մէջ կատարած չըլլայի այնպիսի գործեր, որոնք ուրիշ ոչ ոք ըրած է, անոնք մեղք պիտի չունենային։ Սակայն ահա անոնք տեսան իմ գործերս եւ ատեցին թէ՛ զիս եւ թէ՛ Հայրս։ 25Արդ, կը կատարուի իրենց Օրէնքին մէջ գրուածը, որ կ՚ըսէ «Զիս ատեցին՝ առանց ոեւէ պատճառի»։ 26Բայց երբ գայ Մխիթարիչը, այսինքն Սուրբ Հոգին, որ ես ձեզի պիտի ղրկեմ Հօրմէն, որովհետեւ Հօրմէն կ՚ելլէ, անիկա ճշմարտութիւնը պիտի պատմէ եւ վկայէ իմ մասիս։ 27Դուք ալ կը վկայէք իմ մասիս, որովհետեւ սկիզբէն ինծի հետ եղաք։