John 16

1Ասոնք խօսեցայ ձեզի, որպէսզի ձեր հաւատքը չկորսնցնէք։ 2Իրենց ժողովարաններէն դուրս պիտի դնեն ձեզ, եւ ժամանակ պիտի գայ, երբ ո՛վ որ ձեզ սպաննէ՝ պիտի կարծէ թէ Աստուծոյ ծառայութիւն կը մատուցանէ։ 3Մարդիկ այս բաները պիտի ընեն ձեզի, որովհետեւ չճանչցան ո՛չ Հայրը եւ ո՛չ ալ զիս։ 4Սակայն ասիկա ըսի ձեզի, որպէսզի երբ ատոնց ժամանակը գայ՝ յիշէք թէ արդէն ըսեր էի ձեզի։

Սուրբ Հոգիին դերը

Ասոնք սկիզբէն չըսի ձեզի, որովհետեւ ձեզի հետ էի։ 5Բայց հիմա կ՚երթամ զիս ղրկողին մօտ, եւ ձեզմէ ոչ մէկը կը հարցնէ ինծի, թէ՝ ո՛ւր կ՚երթաս։ 6Սակայն որովհետեւ այս բոլորը խօսեցայ ձեզի, ձեր սիրտերը տրտմութեամբ լեցուեցան։ 7Բայց ես ճշմարտութիւնը կ՚ըսեմ ձեզի.– Ձեզի համար լաւ է որ ես երթամ, որովհետեւ եթէ չերթամ՝ Մխիթարիչը պիտի չգայ ձեզի. իսկ եթէ ես երթամ՝ զայն պիտի ղրկեմ ձեզի։ 8Երբ անիկա գայ, ցոյց պիտի տայ աշխարհի մեղքը, իմ արդարութիւնս եւ չարին դատաստանը։ 9Աշխարհի մեղքը՝ որովհետեւ ինծի չեն հաւատար, 10իմ արդարութիւնս՝ որովհետեւ ես Հօրս քով կ՚երթամ եւ այլեւս պիտի չտեսնէք զիս, 11եւ չարին դատաստանը՝ որովհետեւ Սատանան, այս աշխարհի իշխանը, արդէն իսկ դատապարտուած է։
12Տակաւին շատ բաներ ունիմ ըսելիք ձեզի, սակայն այժմ չէք կրնար տանիլ։ 13Բայց երբ գայ ինքը՝ Սուրբ Հոգին, որ ճշմարտութիւնը կը յայտնէ, անիկա պիտի առաջնորդէ ձեզ ամբողջական ճշմարտութեան, որովհետեւ անիկա ինքնիրմէ պիտի չխօսի, այլ ինչ որ լսէ՝ զայն պիտի խօսի եւ ձեզի պիտի պատմէ գալիք բաները։ 14Անիկա զիս պիտի փառաւորէ, որովհետեւ ինչ որ ինձմէ առնէ՝ պիտի յայտնէ ձեզի։ 15Ինչ որ Հայրս ունի՝ իմս է. ասոր համար է որ ըսի ձեզի, թէ ինչ որ առնէ ինձմէ՝ պիտի յայտնէ ձեզի։

Տրտմութիւն եւ ուրախութիւն

– 16Ես Հօրս քով կ՚երթամ։ Մօտ ատենէն այլեւս պիտի չտեսնէք զիս, բայց կարճ ժամանակ մը ետք դարձեալ պիտի տեսնէք զիս։
17Աշակերտներէն ոմանք իրարու հարցուցին.
– Ի՞նչ ըսել կ՚ուզէ մեզի իր այս խօսքերով, թէ՝ «Մօտ ատենէն այլեւս պիտի չտեսնէք զիս. բայց կարճ ժամանակ մը ետք դարձեալ պիտի տեսնէք զիս», ինչպէս նաեւ կ՚ըսէ թէ՝ «Ես Հօրս քով կ՚երթամ»։ 18Այս «Մօտ ատենէն» ը ի՞նչ կը նշանակէ։ Չենք գիտեր թէ ի՛նչ կը խօսի։
19Յիսուս գիտցաւ թէ կ՚ուզէին իրեն հարցնել, ուստի ըսաւ անոնց.
– Ի՞նչ է. «Մօտ ատենէն այլեւս պիտի չտեսնէք զիս, բայց կարճ ժամանակ մը ետք դարձեալ պիտի տեսնէք զիս» ըսելո՞ւս համար իրարու կը հարցնէք։ 20Լա՛ւ գիտցէք, թէ դուք պիտի լաք ու ողբաք, բայց աշխարհը պիտի ուրախանայ. դուք պիտի տրտմիք, բայց ձեր տրտմութիւնը ուրախութեան պիտի փոխուի։ 21Կին մը երբ պիտի ծնի՝ ցաւ կը քաշէ, քանի ծննդաբերութեան ժամանակը հասած է, բայց երախային ծնունդէն ետք այլեւս իր նեղութիւնները չի յիշեր այն ուրախութեան պատճառով, որ մարդ մը աշխարհ եկաւ։ 22Նոյնն է ձեր պարագային. դուք այժմ տրտմած էք, բայց ես կրկին պիտի տեսնեմ ձեզ եւ ձեր սիրտերը ուրախութեամբ պիտի լեցուին. ուրախութեամբմը՝ որ ոչ ոք պիտի կարենայ խլել ձեզմէ։ 23Այդ օրը այլեւս ինծի բան պիտի չհարցնէք։ Լաւ գիտցէք, թէ ինչ որ Հօրմէս խնդրէք իմ անունովս՝ պիտի տայ ձեզի։ 24Մինչեւ հիմա իմ անունովս բան չխնդրեցիք։ Խնդրեցէք եւ պիտի ստանաք, որպէսզի ձեր ուրախութիւնը կատարեալ ըլլայ։

Ես յաղթեցի աշխարհին

– 25Այս բաները պատկերաւոր բացատրութիւններով ըսի ձեզի։ Բայց ժամանակ պիտի գայ, երբ այլեւս պատկերաւոր ձեւով պիտի չխօսիմ, այլ բացայայտօրէն պիտի խօսիմ ձեզի՝ Հօրս մասին։ 26Այդ օր իմ անունովս դո՛ւք պիտի խնդրէք իրմէ. ես պէտք պիտի չունենամ ձեզի համար Հօրս աղաչելու, 27որովհետեւ Հայրս ինք ձեզ կը սիրէ, քանի դուք զիս սիրեցիք եւ հաւատացիք թէ Աստուծմէ ելայ։ 28Հօրմէն ելայ եւ աշխարհ եկայ եւ այժմ կը ձգեմ աշխարհը եւ Հօրը կ՚երթամ։
29Աշակերտները ըսին իրեն.
– Ահա հիմա բացայայտ կը խօսիս, առանց պատկերաւոր բացատրութիւններ գործածելու։ 30Այժմ գիտենք որ ամէն ինչ գիտես եւ պէտք չունիս ոեւէ մէկուն հարցումին՝ պատասխան տալու համար։ Ասոր համար է որ կը հաւատանք՝ թէ Աստուծմէ ելար։
31Յիսուս անոնց պատասխանեց.
– Կը հաւատա՞ք հիմա։ 32Ահա ժամանակը կու գայ եւ արդէն իսկ եկած է, երբ պիտի ցրուիք, իւրաքանչիւրը իր տունը, եւ զիս մինակ պիտի ձգէք։ Բայց ես մինակ չեմ, որովհետեւ Հայրս ինծի հետ է։ 33Ասոնք խօսեցայ ձեզի, որպէսզի ինձմով խաղաղութիւն ունենաք։ Աշխարհի վրայ նեղութիւն պիտի ունենաք, բայց քաջալերուեցէ՛ք, որովհետեւ ես յաղթեցի աշխարհին։