John 18
Յիսուսի ձերբակալութիւնը
(Մտ 26.47-56, Մր 14.43-50, Ղկ 22.47-53)
1Յիսուս այս աղօթքը ընելէ ետք՝ իր աշակերտներուն հետ գնաց Կեդրոն կոչուած ձորին միւս կողմը։ Հոն պարտէզ մը կար, ուր Յիսուս մտաւ իր աշակերտներուն հետ։ 2Յուդան՝ մատնիչը, գիտէր պարտէզին տեղը, որովհետեւ շատ անգամ Յիսուս եւ իր աշակերտները հոն կը հաւաքուէին։ 3Ուստի, Յուդա իր հետ առնելով զինուորներու գունդ մը եւ աւագ քահանաներուն ու Փարիսեցիներուն կողմէ ղրկուած սպասաւորները, եկաւ պարտէզ։ Անոնք զինուած էին եւ ունէին ջահեր եւ լապտերներ։ 4Յիսուս տեսնելով բոլոր մարդիկը, որոնք իր վրայ կու գային, առաջ անցնելով ըսաւ.
– Ո՞վ կը փնտռէք։
– 5Նազովրեցի Յիսուսը,– պատասխանեցին անոնք։
Յիսուս ըսաւ.
– Ես եմ։
Յուդան՝ մատնիչը, անոնց հետ հոն կեցած էր։ 6Երբ Յիսուս «Ես եմ» ըսաւ, անոնք ետ–ետ քաշուեցան եւ գետին ինկան։ 7Յիսուս դարձեալ հարցուց անոնց.
– Ո՞վ կը փնտռէք։
– Նազովրեցի Յիսուսը,– պատասխանեցին անոնք։
8Յիսուս ըսաւ.
– Ձեզի ըսի թէ ե՛ս եմ. արդ, եթէ զիս կը փնտռէք՝ ձգեցէք որ ասոնք երթան։ 9Այս ձեւով կ՚իրականանար՝ ինչ որ Յիսուս նախապէս ըսած էր. «Պիտի չկորսնցնեմ ո՛չ իսկ մէկը անոնցմէ որ ինծի տուիր»։ 10Այն ատեն Սիմոն Պետրոս, որ սուր մը ունէր, քաշեց սուրը եւ զարկաւ Քահանայապետին ծառային՝ կտրելով անոր աջ ականջը։ Ծառային անունը Մաղքոս էր։ 11Յիսուս ըսաւ Պետրոսի.
– Սուրդ իր պատեանը դիր. տառապանքի բաժակը, որ Հայրս տուաւ ինծի, պիտի չխմե՞մ կը կարծես։
Յիսուս Հաննա Քահանայապետին առջեւ
12Ապա զինուորները, հազարապետը եւ Հրեայ ղեկավարներուն սպասաւորները բռնեցին Յիսուսը եւ կապեցին 13ու նախ տարին Հաննայի մօտ, որ այդ տարուան Քահանայապետին՝ Կայիափայի աներն էր։ 14Ասիկա այն Կայիափան էր, որ Հրեայ ղեկավարներուն խորհուրդ տուած էր՝ ըսելով, թէ աւելի լաւ է որ մէկ հոգի մեռնի ժողովուրդին համար։
Պետրոս կ՚ուրանայ Յիսուսը
(Մտ 26.69-70, Մր 14.66-68, Ղկ 22.55-57)
15Սիմոն Պետրոս եւ ուրիշ աշակերտ մը կ՚երթային Յիսուսի ետեւէն։ Այս աշակերտը ծանօթ ըլլալով Քահանայապետին՝ Յիսուսի հետ Քահանայապետին տան գաւիթը մտաւ, 16մինչ Պետրոս դուրսը՝ դրան քով կեցաւ։ Միւս աշակերտը, որ ծանօթ էր Քահանայապետին, դուրս ելաւ եւ խօսելէ ետք դռնապանին հետ, որ կին մըն էր, ներս առաւ Պետրոսը։ 17Դռնապան աղախինը հարցուց Պետրոսի.
– Արդեօք դուն ալ այդ մարդուն աշակերտներէն չե՞ս։
– Ո՛չ,– պատասխանեց Պետրոս։
18Օդը ցուրտ ըլլալուն, ծառաները եւ սպասաւորները կրակ վառած էին հոն ու կը տաքնային։ Պետրոս ալ անոնց քով կեցած էր ու կը տաքնար։
Քահանայապետը կը հարցաքննէ Յիսուսը
(Մտ 26.59-66, Մր 14.55-64, Ղկ 22.66-71)
19Քահանայապետը հարցումներ ըրաւ Յիսուսի՝ անոր աշակերտներուն եւ ուսուցումներուն մասին։ 20Յիսուս պատասխանեց.
– Ես հրապարակաւ խօսեցայ բոլորին, ամէն ատեն սորվեցուցի ժողովարաններու եւ տաճարին մէջ, ուր բոլոր Հրեաները կը հաւաքուէին. ես գաղտնի բան բնաւ չեմ խօսած։ 21Ինչո՞ւ կը հարցնես ինծի, հարցուր անոնց՝ որոնք լսեցին թէ ի՛նչ ըսի իրենց. ահա անոնք գիտեն թէ ինչ խօսած եմ։
22Յիսուս հազիւ այս խօսքերը ըսած՝ սպասաւորներէն մէկը, որ հոն կեցած էր, ապտակ մը զարկաւ Յիսուսի, ըսելով.
– Այդպէ՞ս կը պատասխանես Քահանայապետին։
23Յիսուս ըսաւ անոր.
– Եթէ սխալ բան մը խօսեցայ՝ ցոյց տուր սխալը. իսկ եթէ շիտակ է ըսածս՝ ինչո՞ւ կը զարնես ինծի։
24Յետոյ Հաննա՝ Յիսուսը կապուած վիճակով ղրկեց Կայիափա Քահանայապետին։
Պետրոս դարձեալ կ՚ուրանայ Յիսուսը
(Մտ 26.71-75, Մր 14.69-72, Ղկ 22.58-62)
25Մինչ Սիմոն Պետրոս հոն կեցած էր ու կը տաքնար, հարցուցին իրեն.
– Արդեօք դուն ալ անոր աշակերտներէն չե՞ս։
Անիկա ուրացաւ եւ պատասխանեց.
– Ո՛չ։
26Քահանայապետին ծառաներէն մէկը, ազգականը անոր՝ որուն ականջը Պետրոս կտրած էր, ըսաւ.
– Ես քեզ չտեսա՞յ հոն՝ պարտէզին մէջ, անոր հետ։
27Պետրոս դարձեալ ուրացաւ. եւ իսկոյն աքաղաղը կանչեց։
Յիսուս Պիղատոսի առջեւ
Մտ 27.1-2,11-14, Մր 15.1-5, Ղկ 23.1-5)
28Կայիափայի տունէն Յիսուսը տարին կառավարիչին պալատը։ Առաւօտ կանուխ էր։ Հրեաները պալատ չմտան, որպէսզի իրենց Օրէնքին համաձայն չպղծուին եւ կարենան զատկական ընթրիքը ուտել։ 29Ուստի Պիղատոս դուրս ելաւ եւ հարցուց.
– Ի՞նչ բանով կ՚ամբաստանէք այս մարդը։
30Անոնք պատասխանեցին.
– Եթէ այս մարդը չարագործ չըլլար՝ քեզի չէինք յանձներ զայն։
31Պիղատոս ըսաւ.
– Ուրեմն առէք եւ ձեր Օրէնքին համաձայն դատեցէք զայն։
Անոնք պատասխանեցին.
– Մենք իրաւունք չունինք ոեւէ մէկը մահուան դատապարտելու։
32Այսպիսով կ՚իրականանար Յիսուսի խօսքը, որով կ՚ակնարկէր՝ թէ ի՛նչպիսի մահով պիտի մեռնէր ինք։
33Պիղատոս կրկին պալատ մտաւ, կանչեց Յիսուսը եւ հարցուց.
– Դո՞ւն ես Հրեաներուն թագաւորը։
34Յիսուս պատասխանեց.
– Այդ հարցումը դուն քեզմէ՞ կ՚ընես, թէ ուրիշներ ըսին քեզի իմ մասիս։
35Պիղատոս ըսաւ.
– Ինչու ե՞ս ալ Հրեայ եմ։ Քու ժողովուրդդ եւ աւագ քահանաները քեզ յանձնեցին ինծի։ Ի՞նչ ըրած ես դուն։
36Յիսուս պատասխանեց.
– Իմ թագաւորութիւնս այս աշխարհէն չէ։ Եթէ իմ թագաւորութիւնս այս աշխարհէն ըլլար՝ անշուշտ հետեւորդներս պիտի կռուէին, որպէսզի Հրեաներուն ձեռքը չիյնամ։ Բայց ո՛չ, իմ թագաւորութիւնս այստեղէն չէ։
37Պիղատոս ըսաւ.
– Այդպէս ուրեմն, թագաւո՞ր ես։
Յիսուս պատասխանեց.
– Ահա դո՛ւն ես ըսողը որ թագաւոր եմ։ Ես ծնած եւ աշխարհ եկած եմ մէկ բանի համար, որպէսզի վկայեմ ճշմարտութեան։ Ով որ կողմնակից է ճշմարտութեան՝ անիկա իմ խօսքս կը լսէ։
38Պիղատոս հարցուց.
– Ի՞նչ է ճշմարտութիւնը։
Յիսուս մահուան կը դատապարտուի
(Մտ 27.15-31, Մր 15.6-20, Ղկ 23.13-25)
Ասիկա ըսելէ ետք՝ Պիղատոս կրկին դուրս ելաւ Հրեաներուն մօտ եւ ըսաւ անոնց.
– Այս մարդուն վրայ ոեւէ յանցանք չեմ գտներ։ 39Բայց ձեր սովորութեան համաձայն, ամէն Զատիկի տօնին բանտարկեալ մը ազատ կ՚արձակեմ ձեզի։ Արդ, կ՚ուզէ՞ք որ Հրեաներու թագաւորը ազատ արձակեմ ձեզի։
40Բոլորը միասին աղաղակեցին.
– Ո՛չ զինք, այլ՝ Բարաբբա՛ն։
Եւ Բարաբբան աւազակ մըն էր։