John 2

Կանայի հարսանիքը

1Յիսուսի Գալիլեա հասնելուն երրորդ օրը հարսանիք մը կար Կանա քաղաքին մէջ, եւ Յիսուսի մայրը հոն էր։ 2Յիսուս եւ իր աշակերտներն ալ հրաւիրուած էին հարսանիքին։ 3Երբ գինին պակսեցաւ, Յիսուսի մայրը իրեն ըսաւ.
– Գինի չունին։
– 4Մա՜յր, մեզի ի՛նչ,– պատասխանեց Յիսուս,– իմ ժամանակս տակաւին չէ՛ հասած։
5Սակայն իր մայրը ըսաւ սպասաւորներուն.
– Ինչ որ ըսէ ձեզի՝ կատարեցէ՛ք։
6Հրեաներու ծիսական մաքրութեան սովորութեան համաձայն, հոն քարէ վեց կարասներ կային, որոնցմէ իւրաքանչիւրը ութսունէն հարիւր լիթր կ՚առնէր։ 7Յիսուս ըսաւ սպասաւորներուն.
– Կարասները ջուրով լեցուցէք։
Եւ սպասաւորները լեցուցին մինչեւ բերան։ 8Յետոյ ըսաւ անոնց.
– Հիմա առէք եւ սեղանապետին տարէք։
Անոնքալտարին։ 9Սեղանապետը համտեսեց գինիի փոխուած ջուրը, բայց չգիտցաւ թէ ուրկէ էր. թէեւ սպասաւորները, որոնք ջուրը լեցուցած էին, գիտէին։ Այն ատեն սեղանապետը փեսային 10ըսաւ.
– Ամէն մարդ նախ ընտիր գինին կը հրամցնէ, իսկ երբ գինովնան՝ այն ատեն հասարակը, մինչ դուն ընտիր գինին պահեր ես մինչեւ հիմա։
11Յիսուս իր այս առաջին հրաշքը կատարեց Գալիլեայի Կանա քաղաքին մէջ։ Հոն ան իր փառքը յայտնեց, եւ աշակերտները հաւատացին իրեն։
12Այս դէպքէն ետք՝ Յիսուս իր մօրը, եղբայրներուն եւ աշակերտներուն հետ Կափառնաում գնաց եւ քանի մը օր հոն մնաց։

Յիսուս տաճար կ՚երթայ
(Մտ 21.12-13Մր 11.15-17Ղկ 19.45-46)

13Հրեաներուն Զատիկը մօտ էր, եւ Յիսուս Երուսաղէմ գնաց։ 14Տաճարին մէջ տեսաւ արջառ, ոչխար եւ աղաւնի ծախողները, ինչպէս նաեւ լումայափոխները, որոնք նստած էին սեղաններու ետին։ 15Չուանէ խարազան մը շինեց եւ սկսաւ տաճարէն դուրս հանել բոլորը, իրենց ոչխարներով եւ արջառներով. լումայափոխներուն պղնձադրամները ցիրուցան ըրաւ եւ անոնց սեղանները շրջեց։ 16Իսկ աղաւնեվաճառներուն ըսաւ.
– Վերցուցէ՛ք ատոնք հոսկէ եւ Հօրս տունը վաճառատան մի՛ վերածէք։
17Այն ատեն իր աշակերտները յիշեցին Սուրբ գիրքին մէջ գրուածը. «Տանդ հանդէպ ունեցած նախանձախընդրութիւնս զիս պիտի այրէ»։ 18Սակայն Հրեայ ղեկավարները հարցուցին Յիսուսի.
– Ի՞նչ նշանով կրնաս ցոյց տալ մեզի, թէ իրաւունք ունիս այս բաները ընելու։
19Յիսուս պատասխանեց.
– Քանդեցէ՛ք այս տաճարը, եւ երեք օրէն ես պիտի վերաշինեմ զայն։
20Հրեաները ըսին.
– Դուն երեք օրէ՞ն պիտի վերաշինես. քառասունվեց տարի առաւ ասոր շինութիւնը։
21Բայց տաճարը, որուն մասին Յիսուս կը խօսէր, իր մարմինն էր։ 22Եւ երբ ինք մեռելներէն յարութիւն առաւ, աշակերտները յիշեցին թէ ա՛յդ էր ըսածը եւ հաւատացին Սուրբ գիրքին մէջ գրուածին եւ Յիսուսի խօսքին։

Յիսուսի առաջին Զատիկը Երուսաղէմի մէջ

23Զատիկի տօնին, մինչ Յիսուս Երուսաղէմ կը գտնուէր, շատեր հաւատացին իրեն, երբ տեսան անոր գործած հրաշքները։ 24Սակայն Յիսուս ինքզինք չէր վստահեր անոնց, որովհետեւ բոլորն ալ կը ճանչնար 25եւ պէտք չունէր ոեւէ մէկուն մասին ուրիշին վկայութեան, քանի ինք գիտէր թէ ի՛նչ կայ մարդոց սիրտին մէջ։