John 20

Պարապ գերեզմանը
(Մտ 28.1-8Մր 16.1-8Ղկ 24.1-12)

1Կիրակիառաւօտ կանուխ, մթնշաղին, Մարիամ Մագդաղենացին գերեզման գնաց եւ տեսաւ որ գերեզմանի մուտքին դրուած քարը վերցուած է։ 2Ուստի վազելով գնաց Սիմոն Պետրոսի եւ միւս աշակերտին մօտ, զոր Յիսուս կը սիրէր, ու ըսաւ անոնց.
– Տէրը վերցուցեր են գերեզմանէն եւ չենք գիտեր թէ ո՛ւր դրեր են զայն։
3Ասոր վրայ՝ Պետրոս եւ միւս աշակերտը ելան եւ ճամբայ ինկան դէպի գերեզման։ 4Երկուքը միասին կը վազէին. բայց միւս աշակերտը աւելի արագ վազելով՝ Պետրոսէն առաջ հասաւ գերեզման 5եւ ծռելով տեսաւ, որ հոն միայն կտաւները կային, սակայն ներս չմտաւ։ 6Հասաւ Սիմոն Պետրոսն ալ, որ ետեւէն կու գար, գերեզմանէն ներս մտաւ եւ տեսաւ որ կտաւները հոն էին, 7իսկ վարշամակը, որ անոր գլուխն էր, միւս կտաւներուն հետ չէր, այլ ծալլուած եւ առանձին մէկ կողմ դրուած էր։ 8Այն ատեն միւս աշակերտն ալ, որ աւելի առաջ հասած էր գերեզման, ներս մտաւ, տեսաւ եւ հաւատաց։ 9Քանի տակաւին չէին հասկցած Սուրբ գիրքերուն խօսքը, որուն համաձայն՝ պէտք էր որ ան մեռելներէն յարութիւն առնէր։
10Ապա, աշակերտները վերադառնալով՝ հաւաքուեցան իրարու մօտ։

Յիսուս կ՚երեւի Մարիամ Մագդաղենացիին
(Մտ 28.9-10Մր 16.9-11)

11Իսկ Մարիամ դուրսը, գերեզմանին մօտ կեցած՝ կու լար։ Մինչ կու լար, ծռեցաւ եւ գերեզմանէն ներս նայեցաւ 12ու տեսաւ ճերմակ զգեստներ հագած երկու հրեշտակներ, որոնք նստած էին հոն՝ ուր նախապէս Յիսուսի մարմինը դրուած էր, մէկը գլխուն կողմը, միւսը՝ ոտքերուն։ 13Անոնք ըսին իրեն.
– Ո՛վ կին, ինչո՞ւ կու լաս։
Անիկա պատասխանեց.
– Որովհետեւ Տէրս վերցուցեր են գերեզմանէն եւ չեմ գիտեր թէ ո՛ւր դրեր են զայն։
14Ասիկա ըսելէ ետք՝ ետեւ դարձաւ եւ տեսաւ Յիսուսը որ կեցած էր, բայց չէր գիտեր թէ Յիսուսն է։
– 15Ո՛վ կին, ինչո՞ւ կու լաս, ո՞վ կը փնտռես,– հարցուց Յիսուս։
Մարիամ կարծեց թէ պարտիզպանն է, ուստի ըսաւ.
– Տէ՛ր, եթէ դուն վերցուցեր ես զայն, ըսէ՛ ինծի՝ ո՞ւր դրեր ես, որպէսզի երթամ առնեմ զայն։
16Յիսուս ըսաւ անոր.
– Մարիա՛մ։
Անիկա դարձաւ եւ Եբրայերէնով ըսաւ.
– Րաբբունի՜,– որ կը նշանակէ՝ Վարդապետ։
– 17Մի՛ դպչիր ինծի,– ըսաւ Յիսուս անոր,– որովհետեւ տակաւին Հօրս մօտ չեմ ելած։ Բայց դուն գնա՛ իմ եղբայրներուս եւ ըսէ՛ անոնց, թէ ես կ՚ելլեմ իմ Հօրս եւ ձեր Հօրը մօտ, իմ Աստուծոյս եւ ձեր Աստուծոյն մօտ։
18Մարիամ Մագդաղենացին գնաց եւ աշակերտներուն պատմեց, թէ ինք տեսաւ Տէրը եւ յայտնեց այն՝ ինչ որ անիկա ըսած էր իրեն։

Յիսուս կ՚երեւի իր աշակերտներուն
(Մտ 28.16-20Մր 16.14-18Ղկ 24.36-49)

19Այդ Կիրակի օրը երեկոյեան, երբ աշակերտները միասին հաւաքուած էին եւ դռներն ալ գոցած՝ Հրեայ ղեկավարներէն վախնալով, Յիսուս եկաւ եւ կանգնեցաւ անոնց մէջտեղ եւ ըսաւ անոնց.
– Ողջո՛յն ձեզի։
20Եւ բարեւելէ ետք՝ անոնց ցոյց տուաւ իր ձեռքերն ու կողը։ Աշակերտները ուրախացան, տեսնելով իրենց Տէրը։ 21Յիսուս կրկին ըսաւ անոնց.
– Ողջո՛յն ձեզի։ Ինչպէս որ Հայրս զիս ղրկեց, ես ալ ձեզ կը ղրկեմ։
22Ապա փչեց անոնց վրայ եւ ըսաւ.
– Առէ՛ք Սուրբ Հոգին. 23եթէ մէկուն ներէք իր մեղքերը՝ թող ներուած ըլլան եւ եթէ չներէք մէկուն մեղքերը՝ թող ներուած չըլլան։

Յիսուս եւ Թովմաս

24Տասներկու աշակերտներէն մէկը՝ Թովմասը, որ Երկուորեակ կը կոչուէր, Յիսուսի եկած ատեն անոնց հետ չէր։ 25Միւս աշակերտները ըսին անոր.
– Մենք տեսա՛նք Տէրը։
Թովմաս ըսաւ անոնց.
– Մինչեւ որ գամերուն հետքերը չտեսնեմ անոր ձեռքերուն մէջ ու մատներս չդնեմ գամերուն տեղերը եւ ձեռքս չդպցնեմ անոր կողին՝ չեմ հաւատար։
26Ութը օր ետք, աշակերտները դարձեալ ներսը հաւաքուեր էին եւ Թովմաս իրենց հետ էր։ Հակառակ որ դռները գոց էին, Յիսուս եկաւ եւ կանգնեցաւ անոնց մէջտեղ ու ըսաւ.
– Ողջո՛յն ձեզի։
27Յետոյ ըսաւ Թովմասին.
– Մատդ բեր՝ հո՛ս դիր եւ տե՛ս ձեռքերս. բե՛ր ձեռքդ եւ դպցուր կողիս եւ անհաւատ մի՛ ըլլար, այլ՝ հաւատացեալ։
28Թովմաս բացագանչեց.
– Տէ՜րս եւ Աստուա՜ծս։
29Յիսուս ըսաւ անոր.
– Զիս տեսնելուդ համար հաւատացիր, չէ՞. երանի՜ անոնց՝ որոնք առանց զիս տեսնելու կը հաւատան։

Այս աւետարանին գրութեան նպատակը

30Յիսուս իր աշակերտներուն ներկայութեան ուրիշ բազմաթիւ հրաշքներ ալ կատարեց, որոնք այս գիրքին մէջ գրուած չեն։ 31Իսկ այսքանը գրուեցաւ, որպէսզի հաւատաք թէ Յիսուսն է Քրիստոսը, Աստուծոյ Որդին, եւ իրեն հանդէպ ձեր ունեցած հաւատքին միջոցաւ յաւիտենական կեանք ունենաք։