John 21

Յիսուս Գալիլեայի մէջ կ՚երեւի եօթը աշակերտներուն

1Անկէ ետք Յիսուս դարձեալերեւցաւ իր աշակերտներուն, Տիբերիայի լիճին եզերքը։ Ահա՛ թէ ինչպէս երեւցաւ.–
2Սիմոն Պետրոս, Թովմաս՝ Երկուորեակ կոչուածը, Նաթանայէլ, որ Գալիլեայի Կանա քաղաքէն էր, Զեբեդէոսի որդիները եւ Յիսուսի աշակերտներէն երկու ուրիշներ միասին էին։ 3Սիմոն Պետրոս ըսաւ անոնց.
– Ձուկ որսալու կ՚երթամ։
– Մենք ալ քեզի հետ կու գանք,– ըսին միւսները։
Ուստի գացին եւ նաւակ մտան, բայց այդ գիշեր բան մըն ալ չբռնեցին։ 4Առաւօտ կանուխ՝ Յիսուս կանգնած էր ջուրին եզերքը. սակայն աշակերտները չգիտցան թէ Յիսուսն է։ 5Յիսուս ըսաւ անոնց.
– Տղա՛ք, ուտելիք բան մը ունի՞ք։
– Ո՛չ,– պատասխանեցին անոնք։
6Յիսուս ըսաւ անոնց.
– Ուռկանը նաւակին աջ կողմը ձգեցէք եւ պիտի գտնէք։
Անոնք ուռկանը ձգեցին, եւ երբ ուզեցին ետ քաշել՝ ձուկերու շատութենէն չէին կրնար։ 7Այն աշակերտը, զոր Յիսուս կը սիրէր, ըսաւ Պետրոսի.
– Տէ՜րն է։
Սիմոն Պետրոս երբ լսեց թէ Տէրն է, հագուստը վրան առաւ, քանի մերկ էր, եւ ջուրը նետուեցաւ։ 8Միւս աշակերտները նաւակով եզերք եկան՝ իրենց հետ քաշելով ձուկերով լեցուն ուռկանը։ Անոնք ցամաքէն շատ հեռու չէին, մօտաւորապէս հարիւր մեթր։ 9Երբ ցամաք ելան, վառած կրակ տեսան եւ վրան դրուած ձուկ, եւ հաց։ 10Յիսուս ըսաւ անոնց.
– Բերէ՛ք այդ ձուկերէն, որ հիմա բռնեցիք։
11Սիմոն Պետրոս նաւակ ելաւ եւ ուռկանը ցամաք քաշեց՝ հարիւր յիսուն երեք մեծ ձուկերով լեցուն։ Հակառակ այդչափ ձուկին, ուռկանը չպատռեցաւ։ 12Յիսուս ըսաւ անոնց.
– Եկէք կերէ՛ք։
Աշակերտներէն ոչ ոք կը համարձակէր հարցնել իրեն՝ թէ ո՛վ ես դուն, քանի գիտէին որ Տէրն է։ 13Յիսուս մօտեցաւ, առաւ հացը եւ տուաւ անոնց. նոյնպէս ալ ձուկը։
14Ասիկա երրորդ անգամն էր, որ Յիսուս աշակերտներուն երեւցաւ՝ մեռելներէն յարութիւն առնելէ ետք։

Պետրոս կը վերականգնուի իր պաշտօնին մէջ

15Ուտելէ ետք, Յիսուս ըսաւ Սիմոն Պետրոսի.
– Սիմո՛ն, Յովնանի՛ որդի, կը սիրե՞ս զիս ասոնցմէ աւելի։
– Այո՛, Տէ՛ր,– պատասխանեց ան,– դուն գիտես որ կը սիրեմ քեզ։
– Արածէ՛ իմ գառնուկներս,– ըսաւ Յիսուս անոր։
16Եւ դարձեալ հարցուց.
– Սիմո՛ն, Յովնանի՛ Որդի, կը սիրե՞ս զիս։
– Այո՛ Տէ՜ր,– պատասխանեց ան,– դուն գիտես որ կը սիրեմ քեզ։
– Արածէ՛ իմ ոչխարներս,– ըսաւ Յիսուս անոր։ 17Եւ երրորդ անգամ հարցուց.
– Սիմո՛ն, Յովնանի՛ որդի, կը սիրե՞ս զիս։
Պետրոս տրտմեցաւ որ երեք անգամ հարցուց իրեն՝ «կը սիրե՞ս զիս», եւ ըսաւ անոր.
– Տէ՛ր, դուն ամէն ինչ գիտես, եւ գիտես թէ կը սիրեմ քեզ։
18Յիսուս ըսաւ անոր.
– Արածէ՛ իմ ոչխարներս։
Եւ աւելցուց.
– Լաւ գիտցիր, որ երբ երիտասարդ էիր՝ քու ձեռքովդ կը կապէիր գօտիդ եւ կ՚երթայիր ո՛ւր որ կ՚ուզէիր։ Բայց երբ ծերանաս, ձեռքդ վեր պիտի բարձրացնես եւ ուրիշներ պիտի կապեն գօտիդ ու տանին հոն՝ ուր դուն չես ուզեր երթալ։
19Յիսուս ասիկա ըսաւ՝ ցոյց տալու համար, թէ ի՛նչպիսի մահով Պետրոս պիտի փառաւորէ զԱստուած։ Յետոյ Յիսուս ըսաւ անոր.
– Հետեւէ՛ ինծի։

Յիսուս եւ իր սիրելի աշակերտը

20Պետրոս ետեւ դարձաւ եւ տեսաւ որ իրեն կը հետեւէր այն աշակերտը, զոր Յիսուս կը սիրէր, ան՝ որ ընթրիքի ատեն Յիսուսի կողմը դառնալով հարցուցած էր՝ «Տէ՛ր, ո՞վ է քեզ մատնողը»։ 21Պետրոս զայն տեսնելով՝ հարցուց Յիսուսի.
– Տէ՛ր, իսկ ասիկա՞ ինչ պիտի ըլլայ։
22Յիսուս պատասխանեց.
– Եթէ ես կ՚ուզեմ որ ասիկա ապրի՝ մինչեւ ես գամ, քու ի՞նչ հոգդ է. դուն հետեւէ՛ ինծի։
23Այս խօսքէն Յիսուսի հետեւորդներուն մէջ այն կարծիքը տարածուեցաւ՝ թէ այդ աշակերտը պիտի չմեռնի։ Բայց Յիսուս չըսա՛ւ թէ «Պիտի չմեռնի», այլ՝ «Եթէ ես կ՚ուզեմ որ ասիկա ապրի մինչեւ ես գամ, քու ի՞նչ հոգդ է»։

Վերջաբան

24Ասիկա նոյն այն աշակերտն է, որ կը վկայէ այս բաներուն մասին եւ որ գրի առաւ ասոնք. եւ գիտենք թէ անոր վկայութիւնը վաւերական է։ 25Բայց տակաւին Յիսուս շատ բաներ ալ կատարեց, որոնք եթէ մէկ առ մէկ գրուէին՝ կը կարծեմ թէ ամբողջ աշխարհն ալ բաւական պիտի չըլլար պարփակելու գրուած այդ գիրքերը։