John 6

Հինգ հազարին կերակրումը
(Մտ 14.13-21Մր 6.30-44Ղկ 9.10-17)

1Ասկէ ետք Յիսուս Գալիլեայի լիճին դիմացի կողմըանցաւ։ Լիճը Տիբերիայի լիճ ալ կը կոչուէր։ 2Մեծ բազմութիւն մը հետեւեցաւ իրեն, քանի կը տեսնէին հիւանդներուն վրայ իր կատարած հրաշքները։ 3Յիսուս լեռ ելաւ եւ իր աշակերտներուն հետ հոն նստաւ։ 4Հրեաներու Զատիկի տօնը մօտ էր։
5Յիսուս աչքերը բարձրացնելով՝ տեսաւ մեծ բազմութիւն մը, որ իրեն կու գար, ու հարցուց Փիլիպպոսի.
– Ուրկէ՞ գնենք բաւական հաց, որ ասոնք ուտեն։
6Ասիկա ըսաւ՝ փորձելու համար Փիլիպպոսը, քանի ինք իր ընելիքը գիտէր։ 7Փիլիպպոս պատասխանեց.
– Երկու հարիւր արծաթ դահեկանի հաց ալ պիտի չբաւէ ասոնց, նոյնիսկ եթէ իւրաքանչիւրը պատառ մը առնէ։
8Իր աշակերտներէն ուրիշ մէկը, Անդրէասը, որ Սիմոն Պետրոսի եղբայրն էր, ըսաւ. – 9Հոս պատանի մը կայ, որ գարիի հինգ հաց եւ երկու ձուկ ունի. բայց ատիկա ի՞նչ կ՚ընէ այսքան մարդոց համար։
– 10Նստեցուցէ՛ք ժողովուրդը,– ըսաւ Յիսուս։
Խոտը առատ էր հոն. եւ շուրջ հինգ հազար մարդիկ նստան գետին։ 11Յիսուս առաւ հացը, շնորհակալութիւն յայտնեց Աստուծոյ եւ բաժնեց նստողներուն։ Ձուկերը առնելով՝ նոյնը ըրաւ, եւ ժողովուրդը առաւ՝ ո՛րքան որ ուզեց։ 12Երբ կշտացան, Յիսուս ըսաւ իր աշակերտներուն.
– Հաւաքեցէ՛ք աւելցած կտորները, որպէսզի բան չկորսուի։
13Աշակերտները հաւաքեցին բազմացած հինգ գարիի հացերու կտորները, որոնք աւելցան ժողովուրդին կերածէն, եւ տասներկու սակառ լեցուցին։ 14Իսկ մարդիկ երբ Յիսուսի գործած այս հրաշքը տեսան, ըսին.
– Իրապէս որ ասիկա է մարգարէն, որ աշխարհ պիտի գար։
15Յիսուս երբ գիտցաւ թէ պիտի գան զինք բռնութեամբ թագաւոր ընելու, դարձեալ լեռը ելաւ, առանձինն։

Յիսուս կը քալէ ջուրին վրայէն
(Մտ 14.22-33Մր 6.45-52)

16Երեկոյեան, Յիսուսի աշակերտները լիճին եզերքը իջան 17եւ նաւակ մտնելով՝ սկսան երթալ լիճին դիմացի կողմը, դէպի Կափառնաում։ Երբ մթնցաւ, տակաւին Յիսուս իրենց չէր եկած։ 18Լիճը զօրաւոր հովէն կ՚ալեկոծէր։
19Աշակերտները հազիւ հինգ կամ վեց քիլոմեթր նաւարկած էին, երբ տեսան Յիսուսը, որ լիճին վրայէն քալելով կը մօտենար նաւակին։ Բոլորը սարսափեցան։ 20Յիսուս ըսաւ անոնց.
– Ես եմ, մի՛ վախնաք։
21Անոնք կ՚ուզէին զինք նաւակին մէջ առնել, բայց արդէն նաւակը հասաւ այն տեղը, ուր կ՚երթային։

Յիսուս՝ կեանքի հացը

22Յաջորդ օր, ժողովուրդը՝ որ մնացած էր լիճին միւս կողմը, տեսաւ թէ հոն միայն մէկ նաւակ կար, որուն մէջ Յիսուսի աշակերտները մտան եւ առանձինն գացին. իսկ Յիսուս աշակերտներուն հետ նաւակ չմտաւ։ 23Յետոյ Տիբերիայէն ուրիշ նաւակներ ալ եկան հոն, ուր Յիսուս Աստուծոյ գոհութիւն տալով բազմացուցած էր հացը եւ տուած ժողովուրդին, որպէսզի ուտեն։ 24Ժողովուրդը տեսնելով թէ Յիսուս հոն չէր, ոչ ալ իր աշակերտները, նաւակները առին եւ Կափառնաում եկան Յիսուսը փնտռելու համար։ 25Երբ զինք գտան լիճին միւս կողմը, հարցուցին.
– Վարդապե՛տ, ե՞րբ եկար հոս։
26Յիսուս անոնց պատասխանեց.
– Կ՚ըսեմ ձեզի, վստահաբար դուք զիս կը փնտռէք՝ ո՛չ թէ որովհետեւ հրաշքներ տեսաք, այլ որովհետեւ այդ հացէն կերաք եւ կշտացաք։ 27Փոխանակ կորստական ուտելիքը փնտռելու, ջանացէք ապահովել այն կերակուրը որ յաւիտենական կեանքի մէջ կը մնայ։ Այդ կերակուրը Մարդու Որդին պիտի տայ ձեզի, որովհետեւ Հայրն Աստուած իր հաւանութեան կնիքը դրաւ անոր վրայ։
28Անոնք հարցուցին.
– Ի՞նչ ընենք, որ Աստուծոյ ուզածը կատարած ըլլանք։
29Յիսուս անոնց պատասխանեց.
– Աստուծոյ ուզած գործը այն է, որ հաւատաք անոր՝ որ ինք ղրկեց։
30Անոնք ըսին.
– Ի՞նչ հրաշք պիտի գործես, որպէսզի տեսնենք եւ քեզի հաւատանք. ի՞նչ պիտի ընես։ 31Մեր հայրերը մանանան կերան անապատին մէջ, ինչպէս գրուած է. «Անոնց երկինքէն հաց տուաւ ուտելու համար»։
32Յիսուս անոնց ըսաւ.
– Ճշմարտութիւնը կ՚ըսեմ ձեզի, թէ ինչ որ Մովսէս ձեզի տուաւ՝ երկինքէն իջած հացը չէր։ Հայրս է որ ձեզի կու տայ երկինքէն իջած ճշմարիտ հացը։ 33Որովհետեւ Աստուծոյ տուած հացը ան է՝ որ երկինքէն կ՚իջնէ եւ կեանք կու տայ աշխարհին։
34Անոնք ըսին.
– Տէ՜ր, մի՛շտ տուր մեզի այդ հացը։
35Յիսուս ըսաւ անոնց.
– Ես եմ կեանքի հացը։ Ան որ ինծի կու գայ՝ բնաւ պիտի չանօթենայ եւ ան որ ինծի կը հաւատայ՝ երբեք պիտի չծարաւնայ։ 36Բայց հիմա ըսի ձեզի, տեսաք ալ զիս, եւ տակաւին չէք հաւատար։ 37Բոլոր անոնք որ Հայրը ինծի կու տայ՝ ինծի պիտի գան, եւ ես ինծի եկողը պիտի չմերժեմ. 38որովհետեւ ես երկինքէն իջայ՝ ո՛չ թէ իմ կամքս կատարելու, այլ կամքը անոր՝ որ զիս ղրկեց։ 39Զիս ղրկող Հօրս կամքն է, որ չկորսնցնեմ ո՛չ իսկ մէկը բոլոր անոնցմէ՝ որ ինծի տուաւ, այլ յարուցանեմ զայն վերջին օրը։ 40Հօրս կամքը հետեւեալն է.– Ով որ տեսնէ Որդին եւ հաւատայ անոր՝ յաւիտենական կեանք պիտի ունենայ, եւ ես պիտի յարուցանեմ զայն վերջին օրը։
41Հրեաները սկսան տրտնջալ իրեն դէմ, որովհետեւ ըսած էր՝ թէ «Ես եմ երկինքէն իջած հացը», 42եւ կը հարցնէին.
– Այս մարդը Յովսէփի որդին՝ Յիսուսը չէ՞, որուն հայրն ու մայրը կը ճանչնանք. ինչպէ՞ս ուրեմն կ՚ըսէ՝ «Ես երկինքէն իջայ»։
43Յիսուս անոնց պատասխանեց.
– Կը բաւէ՛ դուք ձեզի քրթմնջէք։ 44Ոեւէ մէկը չի կրնար ինծի գալ՝ եթէ զիս ղրկող Հայրը զայն ինծի չբերէ. եւ ես պիտի յարուցանեմ զայն վերջին օրը։ 45Մարգարէութիւններուն մէջ գրուած է. «Ամէն մարդ Աստուծմէ սորված պիտի ըլլայ»։ Ով որ Հօրմէս կը լսէ եւ իրմէ կը սորվի՝ ինծի կու գայ։ 46Ոչ ոք Հայրը տեսած է, բացի անկէ՝ որ Աստուծմէ է, որովհետեւ միայն անիկա տեսած է Հայրը։ 47Ու ես կ՚ըսեմ ձեզի, թէ ով որ ինծի հաւատայ՝ յաւիտենական կեանք ունի։ 48Ե՛ս եմ կեանքի հացը։ 49Ձեր հայրերը մանանան կերան անապատին մէջ, բայց մեռան. 50մինչդեռ ով որ ուտէ երկինքէն իջած այս հացէն՝ պիտի չմեռնի։ 51Ես եմ կենդանի հացը, որ երկինքէն իջած է. ով որ այս հացէն ուտէ՝ յաւիտեան պիտի ապրի։ Հացը որ ես պիտի տամ՝ իմ մարմինս է, որպէսզի աշխարհը կեանք ունենայ։
52Այս խօսքին վրայ Հրեաները սկսան իրարու հետ բուռն կերպով վիճաբանիլ, ըսելով.
– Ի՞նչպէս կրնայ այս մարդը իր մարմինը մեզի տալ ուտելու համար։
53Յիսուս ըսաւ անոնց.
– Լաւ գիտցէք, որ եթէ չուտէք Մարդու Որդիին մարմինէն եւ չխմէք անոր արիւնէն՝ կեանք պիտի չունենաք ձեր մէջ։ 54Ով որ մարմինէս կ՚ուտէ եւ արիւնէս կը խմէ՝ յաւիտենական կեանք կ՚ունենայ եւ ես անոր յարութիւն պիտի տամ վերջին օրը, 55քանի մարմինս ճշմարիտ կերակուր է եւ արիւնս՝ ճշմարիտ խմելիք։ 56Ով որ մարմինէս կ՚ուտէ եւ արիւնէս կը խմէ՝ մէջս կը բնակի եւ ես՝ անոր մէջ։ 57Ինչպէս Հայրը, որ զիս ղրկեց, կ՚ապրի, ես ալ իրմով կ՚ապրիմ։ Նմանապէս, ով որ իմ մարմինէս կ՚ուտէ՝ պիտի ապրի ինձմով։ 58Ա՛յս է երկինքէն իջած հացը։ Ասիկա չի նմանիր այն մանանային, որ ձեր հայրերը կերան եւ յետոյ մեռան։ Ով որ այս հացը ուտէ՝ յաւիտեան պիտի ապրի։
59Յիսուս այս խօսքերը ըսաւ, երբ կ՚ուսուցանէր Կափառնաումի ժողովարանին մէջ։

Յաւիտենական կեանքի խօսքեր

60Երբ աշակերտներէն շատերը լսեցին այս խօսքերը, ըսին.
– Դժուար ընդունելի է ըսած խօսքդ, ո՞վ կրնայ մտիկ ընել։
61Յիսուս երբ գիտցաւ թէ աշակերտները ատոր համար կը տրտնջային, ըսաւ անոնց.
– Ատիկա կը գայթակղեցնէ՞ ձեզ։ 62Ի՞նչ պիտի ընէք հապա, եթէ տեսնէք որ Մարդու Որդին կ՚ելլէ հոն՝ ուր էր նախապէս։ 63Աստուծոյ Հոգին է որ կեանք կու տայ. մարդս բան մը չի կրնար ընել։ Այն խօսքերը որ ես ձեզի խօսեցայ, Աստուծոյ Հոգիէն կու գան եւ կեանք կու տան։ 64Բայց ձեզմէ ոմանք չեն հաւատար։
Յիսուս ասիկա ըսաւ, քանի սկիզբէն գիտէր, թէ որո՛նք են անոնք որ չեն հաւատար եւ ո՛վ է ան որ պիտի մատնէր զինք։ 65Եւ աւելցուց.
– Ճիշդ ատոր համար ըսի ձեզի, թէ ոչ ոք կրնայ ինծի գալ, եթէ Հայրս իրեն շնորհքը չտայ։ 66Այս խօսքերուն պատճառով աշակերտներէն շատերը հեռացան եւ այլեւս չէին շրջեր իրեն հետ։ 67Յիսուս հարցուց տասներկու աշակերտներուն.
– Միթէ դո՞ւք ալ կ՚ուզէք երթալ։
68Սիմոն Պետրոս պատասխանեց.
– Տէ՛ր, որո՞ւն պիտի երթանք. յաւիտենական կեանք տուող խօսքերը դո՛ւն ունիս։ 69Մենք հաւատացինք ու գիտցանք թէ դո՛ւն ես Քրիստոսը, Աստուծոյ Սուրբը։ 70Յիսուս ըսաւ անոնց.
– Չէ՞ որ ես էի որ ձեզ՝ տասներկուքդ ընտրեցի. բայց ձեզմէ մէկը սատանայ է։
71Յիսուս կ՚ակնարկէր Սիմոնի որդի Յուդա Իսկարիոտացիին, որ պիտի մատնէր զինք. եւ անիկա տասներկու աշակերտներէն մէկն էր։