John 7

Յիսուսի եղբայրները չեն հաւատար

1Ասկէ ետք Յիսուս Գալիլեայի մէջ կը շրջէր, քանի չէր ուզեր Հրէաստանի մէջ շրջիլ, որովհետեւ Հրեայ ղեկավարները կ՚ուզէին սպաննել զինք։ 2Երբ Հրեաներու Տաղաւարահարաց տօնը մօտեցաւ, 3Յիսուսի եղբայրները ըսին իրեն.
– Հոսկէ ել եւ Հրէաստան գնա, որպէսզի հետեւորդներդ ալ տեսնեն քու կատարած գործերդ։ 4Որովհետեւ ով որ կ՚ուզէ հրապարակի վրայ յայտնի ըլլալ՝ գաղտնաբար չի գործեր։ Քանի դուն այս գործերը կը կատարես, դուն քեզ ճանչցուր աշխարհին։
5Որովհետեւ նոյնիսկ եղբայրները տակաւին չէին հաւատացած իրեն։ 6Յիսուս ըսաւ անոնց.
– Ժամանակս դեռ չէ հասած, բայց ձեզի համար ժամանակի հարց չկայ։ 7Աշխարհը ձեզ չի կրնար ատել, բայց զիս կ՚ատէ, որովհետեւ աշխարհի մասին երբ կը խօսիմ՝ կը վկայեմ թէ մարդոց գործերը չար են։ 8Դուք գացէ՛ք տօնակատարութեան. ես չեմ երթար, որովհետեւ ժամանակս տակաւին չէ հասած։
9Ասիկա ըսաւ եւ մնաց Գալիլեա։ 10Բայց իր եղբայրները երթալէ ետք՝ ինք ալ գնաց տօնակատարութեան, ո՛չ թէ բացայայտ կերպով, այլ՝ ծածուկ։

Յիսուս Երուսաղէմի մէջ Տաղաւարահարաց տօնին

11Տօնակատարութեան ատեն Հրեայ ղեկավարները Երուսաղէմի մէջ Յիսուսը կը փնտռէին եւ կը հարցնէին.
– Ո՞ւր է։
12Ժողովուրդին մէջ իր մասին շշուկ ինկաւ։ Ոմանք կ՚ըսէին.
– Լաւ մարդ է։
Իսկ ուրիշներ կ՚ըսէին.
– Ո՛չ, ընդհակառակը, ժողովուրդը կը մոլորեցնէ։
13Բայց ոչ ոք համարձակ կը խօսէր իր մասին, Հրեայ ղեկավարներէն վախնալով։
14Տաղաւարահարաց տօնակատարութեան մօտաւորապէս կէսին, Յիսուս տաճար ելաւ եւ սկսաւ ուսուցանել։ 15Հրեաներ կը զարմանային եւ կ՚ըսէին.
– Ի՞նչպէս այս մարդը Սուրբ գիրքերը գիտէ, երբ բնաւ չէ ուսած զանոնք։
16Յիսուս պատասխանեց անոնց.
– Ինչ որ ձեզի կ՚ուսուցանեմ՝ իմ վարդապետութիւնս չէ, այլ անորը՝ որ զիս ղրկեց։ 17Ով որ կ՚ուզէ Աստուծոյ կամքը կատարել, պիտի հասկնայ՝ թէ Աստուծմէ՞ է այս վարդապետութիւնը, թէ ես իմ հեղինակութեամբս կը խօսիմ։ 18Ան որ իր հեղինակութեամբ կը խօսի՝ իր անձին համար փառք կը փնտռէ, իսկ ան որ զինք ղրկողին փառքը կը փնտռէ, ճշմարիտ է եւ խաբէութիւն չկայ անոր մէջ։ 19Մովսէս ձեզի Օրէնքը չտուա՞ւ. սակայն ձեզմէ ո՛չ ոք կը հնազանդի Օրէնքին։ 20Ինչո՞ւ կ՚ուզէք զիս սպաննել։
Ժողովուրդը պատասխանեց.
– Դիւահա՞ր ես, ի՞նչ ես. ո՞վ կ՚ուզէ քեզ սպաննել։
21Յիսուս պատասխանեց.
– Հրաշք մը գործեցի եւ բոլորդ վրդովեր էք։ 22Մովսէս հրահանգեց թլփատել ձեր զաւակները — թէեւ Մովսէս չէր սկսողը, այլ ձեր նախահայրերը — եւ դուք ձեր զաւակները կը թլփատէք Շաբաթ օրով։ 23Եթէ մէկը կը թլփատէք Շաբաթ օրով, որպէսզի չբեկանուի Մովսէսի Օրէնքը, ինչո՞ւ զայրացած էք ինծի դէմ, որովհետեւ մէկը ամբողջութեամբ բժշկեցի Շաբաթ օրով։ 24Երեւոյթներէն մի՛ դատէք, այլ արդար դատաստան կատարեցէք։

Վէճ Քրիստոսի անձին շուրջ

25Երուսաղէմի բնակիչներէն ոմանք ըսին.
– Ասիկա չէ՞ այն մարդը որ մեր ղեկավարները կ՚ուզեն սպաննել։ 26Տեսէք, բացէ ի բաց կը խօսի եւ իր դէմ ո՛չ մէկ խօսք կ՚ընեն։ Կրնա՞յ ըլլալ՝ որ անոնք ալ գիտցան թէ իրապէս ասիկա է Քրիստոսը27Բայց Քրիստոսը երբ գալու ըլլայ՝ ո՛չ ոք պիտի գիտնայ թէ ուրկէ է, մինչ մենք գիտենք ասոր ուրկէ ըլլալը։
28Յիսուս տաճարին մէջ ուսուցանելու ժամանակ բարձրաձայն ըսաւ.
– Դուք կ՚ըսէք՝ թէ զիս կը ճանչնաք եւ իմ ուրկէ ըլլալս գիտէք։ Բայց ես իմ հեղինակութեամբս եկած չեմ. սակայն ան որ զիս ղրկեց՝ վստահելի է, թէպէտ դուք չէք ճանչնար զայն։ 29Ես կը ճանչնամ զայն, որովհետեւ անոր կողմէ կու գամ եւ ի՛նք զիս ղրկեց։
30Այս խօսքին համար ուզեցին զինք բռնել, բայց ոչ ոք ձեռք զարկաւ, որովհետեւ տակաւին անոր ժամանակը հասած չէր։ 31Սակայն ժողովուրդէն շատեր հաւատացին իրեն եւ կ՚ըսէին.
– Քրիստոսը երբ գայ, միթէ աւելի՞ հրաշքներ պիտի կատարէ քան այս մարդը։

Փարիսեցիները կ՚ուզեն Յիսուսը ձերբակալել

32Փարիսեցիները երբ լսեցին Յիսուսի մասին ժողովուրդին մէջ ինկած շշուկները, իրենք եւ աւագ քահանաները սպասաւորներ ղրկեցին՝ ձերբակալելու համար զայն։ 33Յիսուս ըսաւ շուրջիներուն.
– Կարճ ժամանակ մըն ալ ձեզի հետ եմ եւ ապա պիտի երթամ անոր՝ որ զիս ղրկեց։ 34Պիտի փնտռէք զիս, բայց պիտի չգտնէք, որովհետեւ չէք կրնար գալ հոն ուր ես կ՚երթամ։
35Հրեայ ղեկավարները իրարու ըսին.
– Ինչու ո՞ւր պիտի երթայ, որ զինք պիտի չգտնենք։ Արդեօք հեթանոսներուն մէջ ցրուած Հրեաներո՞ւն պիտի երթայ, կամ արդեօք հեթանոսներո՞ւն պիտի ուսուցանէ։ 36Ի՞նչ կը նշանակէ ըսած խօսքը, թէ՝ «Պիտի փնտռէք զիս, բայց պիտի չգտնէք, որովհետեւ չէք կրնար գալ հոն՝ ուր ես կ՚երթամ»։

Կեանքի ջուրին աղբիւրը

37Տօնին վերջին եւ հանդիսաւոր օրը, Յիսուս ոտքի կանգնած՝ բարձրաձայն կ՚ըսէր.
– Ով որ ծարաւ է՝ թող ինծի գայ եւ խմէ։ 38Ով որ ինծի կը հաւատայ, ինչպէս Սուրբ գիրքը կ՚ըսէ՝ «Անոր սիրտէն կենսատու ջուրի գետեր պիտի բղխին»։
39Յիսուս ասիկա կ՚ըսէր Հոգիին համար, որ իրեն հաւատացողները պիտի ընդունէին. իսկ Հոգին տակաւին չէր տրուած, քանի Յիսուս փառաւորուած չէր։

Կրկին վէճ Յիսուսի անձին շուրջ

40Ժողովուրդէն ոմանք երբ լսեցին այս խօսքերը, ըսին.
– Ասիկա է ճշմարիտ մարգարէն։
41Ուրիշներ կ՚ըսէին.
– Քրիստոսն է։
Իսկ ոմանք ալ կ՚ըսէին.
– Միթէ Գալիլեայէ՞ն պիտի գայ Քրիստոսը։ 42Սուրբ գիրքը չ՚ը՞սեր՝ թէ Քրիստոս Դաւիթ թագաւորի սերունդէն պիտի ըլլայ եւ Դաւիթի քաղաքին՝ Բեթլեհէմի մէջ պիտի ծնի։
43Եւ Յիսուսի պատճառով տարակարծութիւններ յառաջ եկան ժողովուրդին մէջ։ 44Ոմանք ուզեցին ձերբակալել զինք, բայց ոչ ոք համարձակեցաւ ձեռք զարնել։
45Երբ տաճարին պահակները վերադարձան, աւագ քահանաներն ու Փարիսեցիները հարցուցին անոնց.
– Ինչո՞ւ զինք հոս չբերիք։
46Պահակները պատասխանեցին.
– Այս մարդուն պէս խօսող երբեք չենք տեսած։
47Փարիսեցիները ըսին.
– Ի՞նչ, դո՞ւք ալ խաբուեցաք։ 48Իշխանաւորներէն կամ Փարիսեցիներէն ոեւէ մէկը հաւատա՞ց անոր։ 49Մեր Օրէնքը չգիտցող տգէտ ամբոխը միայն հաւատաց։ Անոնք արդէն իսկ նզովուած են։
50Նիկոդեմոս, Փարիսեցիներէն մէկը, որ նախապէս գիշերով եկած էր Յիսուսի մօտ, ըսաւ անոնց.
– 51Արդեօք մեր Օրէնքը մարդս կը դատէ՞ նախ քան զինք լսելը եւ գիտնալը թէ ի՛նչ ըրած է։ 52Անոնք պատասխանեցին Նիկոդեմոսի.
– Միթէ դո՞ւն ալ Գալիլեայէն ես. քննէ՛ Սուրբ գիրքերը եւ պիտի տեսնես, թէ Գալիլեայէն մարգարէ չ՚ելլեր։
53Ապա ամէն մարդ իր տունը դարձաւ։