John 8
Շնացող կինը
1Իսկ Յիսուս գնաց Ձիթենեաց լեռը։ 2Առաւօտ կանուխ դարձեալ տաճար ելաւ։ Ամբողջ ժողովուրդը իրեն կու գար, եւ ինք նստած՝ կ՚ուսուցանէր անոնց։
3Օրէնքի ուսուցիչները եւ Փարիսեցիները Յիսուսի բերին կին մը, որ շնութեան մէջ բռնուած էր, եւ զայն կանգնեցնելով բոլորին դիմաց, 4ըսին Յիսուսի.
– Վարդապե՛տ, այս կինը շնութիւն ըրած ատեն բռնուեցաւ։ 5Մովսէս իր տուած Օրէնքին մէջ մեզի պատուիրեց այսպիսիները քարկոծել։ Արդ, դուն ի՞նչ կ՚ըսես այս մասին։
6Ասիկա կ՚ըսէին՝ փորձելու համար Յիսուսը, որպէսզի զինք ամբաստանելու պատճառ մը ունենան։ Իսկ Յիսուս գետին նայելով՝ մատովը հողին վրայ կը գրէր։ 7Երբ անոնք շարունակեցին հարցնել, Յիսուս վեր նայեցաւ եւ ըսաւ անոնց.
– Ձեր մէջէն անմեղը թող ի՛նք առաջին քարը նետէ անոր վրայ։
8Եւ դարձեալ գլուխը խոնարհեցնելով՝ հողին վրայ կը գրէր։ 9Այս խօսքը լսելով՝ մեծէն պզտիկ բոլորն ալ մէկ առ մէկ հեռացան։ Յիսուս մինակ մնաց եւ կինը՝ իր դիմաց կանգնած։ 10Ապա շտկուեցաւ եւ հարցուց կնոջ.
– Ո՛վ կին, ո՞ւր են քեզ ամբաստանողները. մէկը քեզ չդատապարտե՞ց։
11Անիկա պատասխանեց.
– Ո՛չ մէկը, Տէ՛ր։
Յիսուս ըսաւ.
– Ես ալ քեզ չեմ դատապարտեր. գնա՛ եւ ասկէ ետք մի՛ մեղանչեր։
Յիսուս՝ աշխարհի լոյսը
12Յիսուս դարձեալ խօսեցաւ ժողովուրդին, ըսելով.
– Ե՛ս եմ աշխարհի լոյսը։ Ով որ ինծի կը հետեւի՝ խաւարի մէջ պիտի չքալէ, այլ պիտի ունենայ այն լոյսը որ կեանքին կ՚առաջնորդէ։
13Փարիսեցիները ըսին.
– Դուն ես քու անձիդ մասին վկայութիւն տուողը, հետեւաբար այդ վկայութիւնը ընդունելի չէ։
14Յիսուս պատասխանեց.
– Հակառակ անոր որ ե՛ս եմ իմ մասիս վկայողը, այսուհանդերձ այդ վկայութիւնը ճշմարիտ է, որովհետեւ գիտեմ թէ ուրկէ՛ եկայ եւ ու՛ր կ՚երթամ։ Բայց դուք չէք գիտեր թէ ես ուրկէ կու գամ եւ ուր կ՚երթամ։ 15Դուք արտաքին երեւոյթներէն կը դատէք. ես ոչ ոք կը դատեմ։ 16Իսկ եթէ դատելու ըլլամ՝ դատաստանս ճշմարիտ է, որովհետեւ առանձին չեմ, այլ իմ հետս է նաեւ զիս ղրկող Հայրը։ 17Ձեր Օրէնքին մէջ իսկ գրուած է, թէ երբ երկու հոգիի տուած վկայութիւնները համաձայն են իրարու, ուրեմն այդ վկայութիւնը ճշմարիտ է։ 18Ես եմ իմ մասիս վկայողը, եւ Հայրը որ զիս ղրկեց՝ ան ալ կը վկայէ իմ մասիս։
19Անոնք հարցուցին իրեն.
– Ո՞ւր է Հայրդ։
Յիսուս պատասխանեց.
– Դուք ո՛չ զիս կը ճանչնաք, ո՛չ ալ Հայրս։ Որովհետեւ եթէ զիս ճանչնայիք՝ Հայրս ալ ճանչցած պիտի ըլլայիք։
20Յիսուս այս խօսքերը ըսաւ տաճարի գանձատան մէջ ուսուցած ատեն։ Ոչ ոք զինք ձերբակալեց, որովհետեւ տակաւին անոր ժամանակը հասած չէր։
Ես այս աշխարհէն չեմ
21Յիսուս դարձեալ ըսաւ անոնց.
– Ահա ես կ՚երթամ. դուք պիտի փնտռէք զիս, եւ պիտի մեռնիք ձեր մեղքին մէջ, որովհետեւ չէք կրնար գալ հոն՝ ուր ես կ՚երթամ։
22Հրեաները կը հարցնէին իրարու.
– Կ՚ըսէ՝ թէ չէք կրնար գալ հոն ուր ես կ՚երթամ. արդեօք անձնասպա՞ն պիտի ըլլայ։
23Յիսուս պատասխանեց.
– Դուք այս աշխարհին կը պատկանիք, բայց ես վերէն կու գամ. դուք այս աշխարհէն էք, բայց ես այս աշխարհէն չեմ։ 24Ահա ասոր համար ձեզի ըսի, թէ ձեր մեղքերուն մէջ պիտի մեռնիք։ Այո՛, եթէ չհաւատաք թէ Ես եմ, դուք պիտի մեռնիք ձեր մեղքերուն մէջ։
25Անոնք հարցուցին.
– Ո՞վ ես դուն։
– Ան՝ որ սկիզբէն իսկ կը խօսէր ձեզի հետ,– պատասխանեց Յիսուս։ – 26Ձեր մասին շատ ըսելիքներ ունիմ եւ շատ բաներ՝ ձեզ դատապարտելու համար։ Բայց ան որ զիս ղրկեց՝ ճշմարիտ է, եւ ես հիմա այս աշխարհին կ՚ըսեմ այն՝ ինչ որ իրմէ լսեցի։
27Սակայն անոնք չհասկցան թէ Յիսուս Հօրը մասին կը խօսէր։ 28Ուստի ըսաւ անոնց.
– Երբ Մարդու Որդին բարձրացնէք, այն ատեն պիտի գիտնաք թէ Ես եմ, եւ թէ ոչինչ կ՚ընեմ ես ինձմէ, այլ կը խօսիմ այն՝ ինչ որ Հայրս սորվեցուց ինծի։ 29Եւ ան որ զիս ղրկեց՝ ինծի հետ միասին է։ Անիկա զիս առանձին չձգեց, որովհետեւ միշտ կը կատարեմ այն՝ ինչ որ հաճելի է իրեն։
30Այս խօսքերուն վրայ շատեր հաւատացին Յիսուսի։
Ճշմարտութիւնը ազատարար
31Յիսուս իրեն հաւատացող Հրեաներուն ուղղելով իր խօսքը, ըսաւ.
– Եթէ հաւատարիմ մնաք իմ ուսուցումներուս՝ ճշմարտապէս իմ աշակերտներս եղած կ՚ըլլաք. 32ճշմարտութիւնը պիտի ճանչնաք եւ ճշմարտութիւնը ձեզ պիտի ազատէ։
33Անոնք պատասխանեցին.
– Մենք Աբրահամի զաւակ ենք եւ ոեւէ մէկուն ծառայ չենք եղած բնաւ. ինչպէ՞ս կ՚ըսես թէ «ազատ պիտի ըլլաք»։
34Յիսուս ըսաւ անոնց.
– Լաւ գիտցէք, թէ ով որ մեղք կը գործէ՝ ծառայ է մեղքին։ 35Ծառան տան մէջ մնայուն չէ, մինչդեռ որդին մնայուն է։ 36Արդ, եթէ Որդին ձեզ ազատէ, այն ատեն իրապէս ազատ պիտի ըլլաք։ 37Գիտեմ որ Աբրահամի զաւակ էք, բայց զիս սպաննել կ՚ուզէք, որովհետեւ խօսքս ձեր ներսիդին տեղ չունի։ 38Ես ինչ որ տեսայ Հօրս մօտ՝ զայն կը խօսիմ, իսկ դուք ինչ որ լսեցիք ձեր հօրմէն, զայն կը կատարէք։
39Անոնք պատասխանեցին.
– Մեր հայրը Աբրահամն է։
– Եթէ Աբրահամի զաւակ ըլլայիք,– ըսաւ Յիսուս,– Աբրահամի ըրած գործերը պիտի կատարէիք։ 40Բայց դուք հիմա կ՚ուզէք սպաննել զիս, պարզապէս որովհետեւ ձեզի խօսեցայ ճշմարտութիւնը, որ Հօրմէս լսեցի։ Աբրահամ այսպիսի բան մը չըրաւ։ 41Ահա դուք ձեր հօրը գործն է որ կ՚ընէք։
Անոնք պատասխանեցին.
– Մենք ապօրինի զաւակներ չենք. մէ՛կ հայր ունինք՝ Աստուած։
42Յիսուս ըսաւ անոնց.
– Եթէ Աստուած ըլլար ձեր Հայրը, բնականաբար պիտի սիրէիք զիս, որովհետեւ ես Աստուծմէ ելայ եւ եկայ. ես ինձմէ չեկայ, այլ անիկա ղրկեց զիս։ 43Ինչո՞ւ խօսքս չէք հասկնար։ Անոր համար՝ որ չէք կրնար մտիկ ընել։ 44Դուք ձեր հօր՝ Սատանային զաւակներն էք եւ անոր ցանկութիւնները կատարել կ՚ուզէք։ Անիկա սկիզբէն մարդասպան էր եւ ճշմարտութեան կողմնակից չէ եղած բնաւ, որովհետեւ անոր մէջ ճշմարտութիւն չկայ։ Երբ սուտ խօսի՝ իր նկարագիրը ցոյց կու տայ, քանի որ ստախօս մըն է եւ սուտին հայրը։ 45Իսկ որովհետեւ ես ճշմարտութիւնը կը խօսիմ՝ չէք հաւատար ինծի։ 46Ձեզմէ ո՞վ կրնայ ամբաստանել զիս ոեւէ մեղքով։ Իսկ եթէ ճշմարտութիւնը կը խօսիմ, ինչո՞ւ չէք հաւատար ինծի։ 47Ով որ Աստուծմէ է՝ Աստուծոյ խօսքերը մտիկ կ՚ընէ. իսկ դուք որովհետեւ Աստուծմէ չէք, անոր խօսքերը մտիկ չէք ըներ։
Յիսուս եւ Աբրահամ
48Հրեաները պատասխանեցին Յիսուսի.
– Իրաւունք չունի՞նք ըսելու՝ թէ դուն Սամարացի ես եւ դեւ կայ մէջդ։
– 49Մէջս դեւ չկայ,– ըսաւ Յիսուս.– Ես Հայրս է որ կը պատուեմ, բայց դուք կ՚անարգէք զիս։ 50Ես ինծի համար փառք չեմ փնտռեր։ Կա՛յ մէկը, որ զիս կ՚ուզէ փառաւորել, եւ անիկա՛ է Դատաւորը։ 51Լաւ գիտցէք, թէ ով որ իմ խօսքերս գործադրէ՝ յաւիտեան պիտի չմեռնի։
52Անոնք ըսին.
– Հիմա գիտցանք որ դեւ կայ մէջդ։ Աբրահամ մեռաւ, մեռան նաեւ մարգարէները, բայց տակաւին կ՚ըսես, թէ ով որ իմ խօսքերս գործադրէ՝ մահ պիտի չճաշակէ յաւիտեան։ 53Արդեօք դուն աւելի մե՞ծ ես քան մեր հայրը՝ Աբրահամը, որ մեռաւ։ Նմանապէս մեռան մարգարէներն ալ. դուն քեզ ո՞վ կը կարծես։
54Յիսուս պատասխանեց.
– Եթէ ես ինքզինքս փառաւորեմ՝ այդ փառքը ոչինչ կ՚արժէ։ Ան որ զիս կը փառաւորէ՝ իմ Հայրս է, որուն համար կ՚ըսէք՝ «Մեր Աստուածն է»։ 55Բայց դուք չէք ճանչնար զայն, մինչդեռ ես կը ճանչնամ զինք։ Եթէ ըսեմ թէ չեմ ճանչնար զինք՝ ձեզի նման ստախօս մը պիտի ըլլամ։ Բայց ես կը ճանչնամ զինք ու կը գործադրեմ իր խօսքերը։ 56Աբրահամ՝ ձեր հայրը, ցանկաց աշխարհ գալս տեսնել. տեսաւ եւ ուրախացաւ։
57Անոնք ըսին.
– Նոյնիսկ յիսուն տարեկան չես եւ Աբրահա՞մը տեսեր ես։
58Յիսուս պատասխանեց.
– Լաւ գիտցէք, Աբրահամի ծնունդէն առաջ եմ ես։
59Ասոր վրայ քարեր առին՝ որ քարկոծեն զինք, սակայն Յիսուս խոյս տուաւ եւ տաճարէն դուրս ելաւ գնաց։