John 9

Ի ծնէ կոյրին բժշկութիւնը

1Երբ Յիսուս կ՚անցնէր, տեսաւ ի ծնէ կոյր մարդ մը։ 2Աշակերտները հարցուցին իրեն.
– Վարդապե՛տ, մեղքը որո՞ւնն է որ այս մարդը կոյր ծնած է. ի՞րն է, թէ իր հօրն ու մօրը։
3Յիսուս պատասխանեց.
– Մեղքը ո՛չ իրն է, ո՛չ ալ հօրն ու մօրը։ Կոյր ծնած է, որպէսզի Աստուծոյ զօրութիւնը յայտնի ըլլայ իրմով։ 4Այնքան ատեն որ ցերեկ է, պէտք է կատարեմ զիս ղրկողին գործերը։ 5Գիշերը կու գայ, երբ ոչ ոք կրնայ աշխատիլ։ Քանի դեռ աշխարհի մէջ եմ՝ աշխարհի լոյսն եմ։
6Ասիկա ըսելէ ետք՝ թքեց գետին, թուքով ցեխ շինեց եւ ծեփեց կոյրին աչքերը, 7եւ ըսաւ անոր.
– Գնա՛ եւ աչքերդ լուա Սելովամի աւազանին մէջ։ (Սելովամ կը նշանակէ՝ ղրկուած)։
Կոյրը գնաց, աչքերը լուաց եւ երբ վերադարձաւ՝ արդէն կը տեսնէր։ 8Դրացիները եւ անոնք որոնք նախապէս տեսած էին կոյրը, որ կը մուրար, ըսին.
– Ասիկա չէ՞ այն մարդը, որ կը նստէր կը մուրար։
9Ոմանք կ՚ըսէին.
– Ինքն է։
Ուրիշներ կ՚ըսէին.
– Ո՛չ, ինքը չէ, այլ իրեն նմանող մէկն է։
Բայց ինք կ՚ըսէր.
– Ես այդ կոյրն եմ։
– 10Բայց ինչպէ՞ս եղաւ որ աչքերդ բացուեցան,– հարցուցին անոնք։
11Անիկա պատասխանեց.
– Յիսուս անունով մէկը ցեխ շինեց, ծեփեց աչքերս եւ ըսաւ ինծի. «Գնա՛ Սելովամ եւ աչքերդ լուա»։ Գացի, աչքերս լուացի եւ ահա կը տեսնեմ։
– 12Ո՞ւր է ան,– հարցուցին անոնք։
Պատասխանեց.
– Չեմ գիտեր։
Փարիսեցիները կը հարցաքննեն բժշկուած կոյրը
13Յետոյ անոնք երբեմնի կոյր մարդը տարին Փարիսեցիներուն։ 14Օրը Շաբաթ էր, երբ Յիսուս ցեխ շինած էր եւ կոյրին աչքերը բացած։ 15Փարիսեցիներն ալ հարցուցին իրեն, թէ ի՛նչպէս կ՚ըլլայ որ կը տեսնէ։ Անիկա պատասխանեց.
– Ցեխ դրաւ աչքերուս. յետոյ աչքերս լուացի եւ հիմա կը տեսնեմ։
16Փարիսեցիներէն ոմանք ըսին.
– Այդ մարդը չի կրնար Աստուծմէ ըլլալ, քանի Շաբաթ օրը չի պահեր։
Ուրիշներ սակայն կ՚ըսէին.
– Իսկ ինչպէ՞ս կրնայ մեղաւոր մարդ մը այսպիսի հրաշքներ կատարել։
Եւ երկպառակութիւն ինկաւ անոնց մէջ։ 17Ուստի Փարիսեցիները անգամ մը եւս հարցուցին մարդուն.
– Դո՞ւն ինչ կ՚ըսես այդ մարդուն համար, որ քու աչքերդ բացաւ։
– Մարգարէ մըն է,– պատասխանեց մարդը։
18Բայց Հրեայ ղեկավարները չէին ուզեր հաւատալ, թէ անիկա կոյր էր եւ հիմա կը տեսնէ։ Ուստի անոր ծնողները կանչեցին 19եւ հարցուցին անոնց.
– Ասիկա՞ է ձեր զաւակը. կ՚ըսէիք թէ կոյր ծնած է. աղէկ, ինչպէ՞ս կ՚ըլլայ որ հիմա կը տեսնէ։
20Ծնողները պատասխանեցին.
– Գիտենք որ ասիկա է մեր զաւակը եւ գիտենք որ կոյր ծնաւ. 21բայց թէ այժմ ի՞նչպէս կը տեսնէ՝ չենք գիտեր, կամ թէ ո՞վ բացաւ անոր աչքերը՝ ատ ալ չենք գիտեր։ Իրե՛ն հարցուցէք, արդէն չափահաս է։ Թող ի՛նք խօսի իր մասին։
22Ծնողները այսպէս ըսին, Հրեայ ղեկավարներէն վախնալով, որովհետեւ անոնք համաձայնած էին ժողովարանէն դուրս դնել ան՝ որ կը հաւատար թէ Յիսուսը Քրիստոսն է, Օծեալը։ 23Ասոր համար էր որ անոր ծնողները ըսին. «Ինք արդէն չափահաս է, իրե՛ն հարցուցէք»։
24Կրկին կանչեցին մարդը, որ կոյր էր, եւ ըսին իրեն.
– Փառք տուր Աստուծոյ. մենք գիտենք թէ այդ մարդը մեղաւոր մըն է։
25Անիկա պատասխանեց.
– Չեմ գիտեր, թէ այդ մարդը մեղաւո՞ր է թէ ոչ. բայց մէկ բան գիտեմ, թէ կոյր էի եւ հիմա կը տեսնեմ։
– 26Ի՞նչ ըրաւ քեզի,– հարցուցին անոնք,– Ի՞նչպէս բացաւ աչքերդ։
27Մարդը պատասխանեց.
– Դեռ նոր ըսի ձեզի, բայց դուք չէք ուզեր մտիկ ընել։ Ինչո՞ւ կ՚ուզէք անգամ մըն ալ լսել. արդեօք դո՞ւք ալ կ՚ուզէք անոր աշակերտ դառնալ։
28Անոնք սկսան նախատել զինք եւ ըսին.
– Դո՛ւն ես անոր աշակերտը. մենք Մովսէսի աշակերտ ենք։ 29Գիտենք որ Աստուած Մովսէսի հետ խօսեցաւ, բայց ասիկա՝ չենք գիտեր թէ ուրկէ՛ է։
30Մարդը պատասխանեց.
– Զարմանալին ալ այդ է, որ դուք չէք գիտեր թէ անիկա ուրկէ է, եւ սակայն անիկա իմ աչքերս բացաւ։ 31Գիտենք որ Աստուած մեղաւորներուն մտիկ չ՚ըներ, բայց կը լսէ անոնց՝ որոնք աստուածապաշտ են եւ իր կամքը կը կատարեն։ 32Աշխարհի սկիզբէն ի վեր լսուած բան չէ, որ մէկը ի ծնէ կոյրի մը աչքերը բացած ըլլայ։ 33Եթէ այդ մարդը Աստուծմէ եկած չըլլար, բան մըն ալ պիտի չկրնար ընել։
34Անոնք պատասխանեցին.
– Ամբողջութեամբդ մեղքի մէջ ծնած ես, եւ մեր գլխուն ուսուցի՞չ կ՚ուզես ըլլալ։
Եւ ժողովարանէն դուրս դրին զայն։

Հոգիի կուրութիւնը

35Յիսուս լսեց թէ անոնք դուրս դրեր են մարդը, եւ երբ գտաւ զայն՝ հարցուց անոր.
– Դուն կը հաւատա՞ս Աստուծոյ Որդիին։
36Անիկա պատասխանեց.
– Տէ՛ր, ո՞վ է, որպէսզի հաւատամ անոր։
37Յիսուս ըսաւ.
– Դուն արդէն տեսար զայն. քեզի հետ խօսողն է։
– 38Կը հաւատամ, Տէ՛ր,– ըսաւ ան եւ երկրպագեց անոր։
39Յիսուս ըսաւ.
– Դատաստան ընելու եկայ այս աշխարհը, որպէսզի չտեսնողները տեսնեն եւ անոնք որ կը տեսնեն՝ կուրնան։
40Փարիսեցիներէն ոմանք, որ շուրջն էին, լսեցին ասիկա եւ հարցուցին.
– Արդեօք մե՞նք ալ կոյր ենք։
41Յիսուս անոնց պատասխանեց.
– Եթէ կոյր ըլլայիք՝ մեղք պիտի չունենայիք. բայց քանի կ՚ըսէք թէ կը տեսնէք, կը նշանակէ՝ թէ ձեր մեղաւոր ըլլալը կը հաստատէք։