Luke 10

Յիսուս կ՚առաքէ եօթանասուներկու աշակերտները
(Մտ 9.37-3810.7-16Մր 6.8-11Ղկ 9.3-5)

1Այսդէպքէնետք՝Յիսուս եօթանասուներկու աշակերտներ եւս նշանակեց եւ զանոնք զոյգ–զոյգ իրմէ առաջ ղրկեցիր երթալիք բոլոր քաղաքներն ու շրջանները։ 2Անոնց ըսաւ.
– Հունձքը առատ է, բայց մշակները՝ քիչ. հետեւաբար խնդրեցէք հունձքի Տիրոջմէն, որ իր հունձքին համար մշակներ պատրաստէ եւ ղրկէ։ 3Գացէ՛ք, ահա կը ղրկեմ ձեզ իբրեւ գառնուկներ՝ գայլերու մէջ։ 4Ո՛չ քսակ առէք ձեզի հետ, ո՛չ ճամբու պարկ, ո՛չ կօշիկ։ Ճամբու ընթացքին կենալով ոեւէ մէկուն բարեւ մի՛ տաք։ 5Ո՛ր տունը որ մտնէք՝ նախ ըսէք՝ «Խաղաղութիւն այս տան»։ 6Եթէ այդ տան մէջ խաղաղասէր մարդ ըլլայ՝ ձեր ողջոյնին խաղաղութիւնը անոր վրայ պիտի հանգչի, ապա թէ ոչ՝ ձեր ողջոյնը պիտի վերադառնայ ձեզի։ 7Ձեր իջեւանած տան մէջ մնացէք. եւ հոն, ինչ որ ձեզի տան՝ կերէք ու խմեցէք, որովհետեւ մշակը իր վարձքին արժանի է։ Տունէ տուն մի՛ տեղափոխուիք։ 8Ո՛ր քաղաքը որ մտնէք եւ ձեզ ընդունին, կերէք ինչ որ հրամցնեն ձեզի։ 9Եթէ հոն հիւանդներ կան՝ բժշկեցէք զանոնք եւ ըսէք ժողովուրդին. «Աստուծոյ թագաւորութիւնը մօտեցած է ձեզի»։ 10Իսկ այն քաղաքը, ուր կը մտնէք եւ որուն բնակիչները ձեզ չեն ընդունիր, այդ քաղաքին հրապարակները ելլելով՝ ըսէք. 11«Նոյնիսկ ձեր քաղաքի փոշին, որ մեր ոտքերուն փակած է, կը թօթուենք ձեր վրայ։ Բայց գիտցէք, որ Աստուծոյ թագաւորութիւնը մօտեցած է»։ 12Ձեզի կ՚ըսեմ, որ Դատաստանի օրը Սոդոմի բնակիչներուն պատիժը աւելի թեթեւ պիտի ըլլայ, քան թէ այդ քաղաքինը։

Անհաւատ քաղաքներ
(Մտ 11.20-24)

– 13Վա՜յ քեզի, Քորազի՛ն, վա՜յ քեզի, Բեթսայիդա՛, եթէ այն հրաշքնեըը որոնք ձեր մէջ գործուեցան՝ կատարուէին Տիւրոսի եւ Սիդոնի մէջ, անոնց բնակիչները շատոնց քուրձ հագնելով եւ մոխիրի վրայ նստելով՝ ապաշխարած պիտի ըլլային։ 14Սակայն դատաստանի օրը Տիւրոսի եւ Սիդոնի բնակիչներուն պատիժը աւելի թեթեւ պիտի ըլլայ, քան ձերը։ 15Իսկ դուն, Կափառնաո՛ւմ, որ մինչեւ երկինք բարձրացեր ես, գիտցիր՝ որ մինչեւ դժոխք պիտի իջնես։
16Ապա ըսաւ իր աշակերտներուն.
– Ով որ ձեզ լսէ՝ զիս լսած կ՚ըլլայ, եւ ով որ ձեզ մերժէ՝ զիս մերժած կ՚ըլլայ, իսկ ով որ զիս մերժէ՝ մերժած կ՚ըլլայ զիս ղրկողն ալ։

Եօթանասուներկու աշակերտներուն վերադարձը

17Եօթանասուներկու աշակերտները ուրախութեամբ վերադարձան եւ ըսին Յիսուսի.
– Տէ՛ր, նոյնիսկ չար ոգիները մեզի կը հնազանդին, երբ քու անունովդ կը հրամայենք։
18Յիսուս ըսաւ անոնց.
– Տեսայ Սատանան՝ կայծակի նման երկինքէն վար ինկած։ 19Ահա ձեզի իշխանութիւն տուի կոխկռտելու օձերն ու կարիճները, ինչպէս նաեւ յաղթահարելու թշնամիին զօրութիւնը, եւ ոեւէ բան պիտի չվնասէ ձեզի։ 20Սակայն մի՛ ուրախանաք որ չար ոգիները կը հնազանդին ձեզի, այլ ուրախացէք որ ձեր անունները երկինքի մէջ գրուած են։

Յիսուսի ուրախութիւնը
(Մտ 11.25-2713.16-17)

21Նոյն ժամուն Յիսուս Սուրբ Հոգիին պարգեւած ուրախութեամբ ըսաւ.
– Հա՜յր, երկինքի եւ երկրի Տէր, շնորհակալ եմ քեզի, որ այս բաները պահեցիր իմաստուններէն ու գիտուններէն եւ յայտնեցիր պարզ ու համեստ մարդոց։ Այո՛, Հա՛յր, դուն այսպէս ուզեցիր։ 22Հայրս ամէն ինչ տուած է ինծի։ Ոչ ոք կը ճանչնայ Որդին՝ բացի Հօրմէն, եւ ոչ ոք կը ճանչնայ Հայրը՝ բացի Որդիէն, կամ բացի անկէ՝ որուն յայտնել ուզէ Որդին։
23Յետոյ դառնալով իր աշակերտներուն՝ առանձին ըսաւ.
– Երանի՜ այն աչքերուն, որոնք ձեր տեսածները կը տեսնեն։ 24Կ՚ըսեմ ձեզի, որ շատ մը մարգարէներ եւ թագաւորներ ուզեցին ձեր տեսածները տեսնել, բայց չտեսան, եւ ձեր լսածները լսել՝ բայց չլսեցին։

Բարի Սամարացիին առակը

25Օրէնքի ուսուցիչ մը ելաւ եւ Յիսուսը փորձելու համար ըսաւ.
– Վարդապե՛տ, ի՞նչ պէտք է ընեմ յաւիտենական կեանքը ժառանգելու համար։
26Յիսուս ըսաւ.
– Օրէնքի գիրքին մէջ գրուածը ի՞նչ է. ինչպէ՞ս կը հասկնաս։
27Ան պատասխանեց.
– «Սիրէ՛ քու Տէր Աստուածդ ամբողջ սրտովդ, ամբողջ հոգիովդ, ամբողջ զօրութեամբդ եւ ամբողջ մտքովդ» եւ «Սիրէ՛ ընկերդ քու անձիդ պէս»։
28Յիսուս ըսաւ.
– Ճիշդ պատասխան տուիր։ Ըրէ՛ ըսածդ եւ պիտի ապրիս։
29Բայց անիկա ինքզինք արդարացնել ուզելով, ըսաւ Յիսուսի.
– Բայց ո՞վ է իմ ընկերս։
30Այս հարցումին վրայ Յիսուս ըսաւ.
– Մարդ մը Երուսաղէմէն Երիքով կ՚իջնէր։ Ճամբան աւազակներու ձեռքը ինկաւ, որոնք կողոպտելով՝ մերկացուցին զինք, վիրաւորեցին եւ կիսամահ վիճակի մէջ ձգեցին ու գացին։ 31Պատահեցաւ որ քահանայ մը նոյն ճամբայէն կ՚անցնէր։ Տեսաւ վիրաւորը, բայց ճամբան շեղելով՝ անցաւ գնաց։ 32Ղեւտացի մըն ալ նոյն տեղէն անցնելու ատեն՝ տեսաւ վիրաւորը եւ ինքն ալ շրջանցեց գնաց։ 33Բայց Սամարացի մը, որ հոնկէ կ՚անցնէր, տեսաւ վիրաւորը եւ գթաց անոր։ 34Մօտեցաւ եւ վէրքերը փաթթեց՝ անոնց վրայ ձէթ եւ գինի դնելով. ապա դրաւ իր գրաստին վրայ եւ տարաւ պանդոկ մը ու զայն խնամեց։ 35Յաջորդ օր, երբ պանդոկէն պիտի մեկնէր, պանդոկապետին երկու արծաթ դահեկան տուաւ եւ ըսաւ. «Խնամէ՛ զայն, եւ ինչ ծախս որ ընես իրեն համար՝ յաջորդ գալուս կը վճարեմ»։
36Յետոյ Յիսուս հարցուց.
– Արդ, քու կարծիքովդ՝ այս երեքէն ո՞ր մէկը եղաւ աւազակներուն ձեռքը ինկողին ընկերը։
37Օրէնքի ուսուցիչը ըսաւ.
– Ան՝ որ հոգ տարաւ անոր։
Յիսուս ըսաւ.
– Գնա՛, դո՛ւն ալ նոյնը ըրէ։
Յիսուս կ՚այցելէ Մարիամի եւ Մարթայի
38Մինչ իրենց ճամբան կը շարունակէին, Յիսուս գիւղ մը մտաւ։ Հոն Մարթա անունով կին մը ընդունեց զինք իր տան մէջ։ 39Ասիկա քոյր մը ունէր, Մարիամ անունով, որ եկաւ եւ Տիրոջ ոտքերուն քով նստելով՝ սկսաւ անոր խօսքերը մտիկ ընել, 40մինչ Մարթա սեղանի պատրաստութեամբ չափազանց զբաղած էր։ Ուստի Մարթա եկաւ Յիսուսի մօտ եւ ըսաւ.
– Տէ՛ր, հոգդ չէ՞ որ քոյրս առանձին ձգած է զիս գործիս մէջ. ըսէ՛ իրեն, որ օգնէ ինծի։
41Յիսուս պատասխանեց.
– Մարթա՛, Մարթա՛, դուն շատ բաներու համար կը մտահոգուիս ու կը նեղուիս։ 42Սակայն մէկ բան պէտք է։ Մարիամ լաւ բաժինը ընտրեց, բան մը՝ որ բնաւ ետ պիտի չառնուի իրմէ։