Luke 12

Կեղծաւորներուն դէմ ազդարարութիւն
(Մտ 10.26-27)

1Մինչ հազարաւոր մարդիկ սկսան Յիսուսի շուրջ խռնուիլ, այնքան որ իրար կը կոխկռտէին, Յիսուս իր աշակերտներուն ըսաւ.
– Նախ եւ առաջ զգուշացէ՛ք Փարիսեցիներուն թթխմորէն, այսինքն՝ անոնց կեղծաւորութենէն։ 2Չկայ ծածուկ բան որ չյայտնուի եւ ոչ ալ գաղտնի բան՝ որ չգիտցուի։ 3Որովհետեւ ինչ որ մութին մէջ կ՚ըսէք՝ օր ցերեկով պիտի լսուի, եւ ինչ որ առանձին սենեակի մէջ իրարու ականջին կը փսփսաք՝ տանիքներէն բարձրաձայն պիտի քարոզուի։

Որմէ՞ վախնալ
(Մտ 10.28-31)

– 4Սիրելինե՛ր, ձեզի կ՚ըսեմ.է Մի՛ վախնաք անոնցմէ որոնք մարմինը կը սպաննեն եւ ապա ուրիշ բան չեն կրնար ընել։ 5Ըսեմ թէ որմէ՛ պէտք է վախնաք։ Վախցէք Աստուծմէ, որ ձեզ սպաննելէ ետք իշխանութիւն ունի դժոխք նետելու։ Այո՛, կ՚ըսեմ ձեզի, անկէ վախցէք։ 6Հինգ ճնճղուկը տասը դահեկան չ՚ա՞րժեր, եւ սակայն անոնցմէ մէկն իսկ Աստուծոյ կողմէ մոռցուած չէ։ 7Գալով ձեզի, ձեր գլխուն իւրաքանչիւր մազն իսկ համրուած է։ Հետեւաբար մի՛ վախնաք, որովհետեւ դուք բոլոր ճնճղուկներէն աւելի արժէք ունիք Աստուծոյ աչքին։

Յիսուսը դաւանիլ կամ ուրանալ
(Մտ 10.19-20,32-3312.32)

– 8Եւ կ՚ըսեմ ձեզի.է Ով որ մարդոց առջեւ դաւանի թէ ինծի կը հետեւի, Մարդու Որդին ալ զինք իրեն հետեւորդ պիտի դաւանի Աստուծոյ հրեշտակներուն դիմաց։ 9Իսկ ով որ զիս ուրանայ մարդոց առջեւ, նոյնպէս ալ Մարդու Որդին պիտի ուրանայ զինք Աստուծոյ հրեշտակներուն դիմաց։ 10Աստուած կը ներէ անոր՝ որ Մարդու Որդիին դէմ կը խօսի, բայց բնաւ պիտի չներէ անոր՝ որ Սուրբ Հոգին կը նախատէ, որովհետեւ ըրածը հայհոյութիւն է։
11Երբ ձեզ ժողովարան տանին կամ կառավարիչներու եւ իշխաններուդիմաց հանեն դատելու համար, մի՛ մտահոգուիք թէ ի՛նչպէս պիտի պաշտպանէք դուք ձեզ եւ կամ ի՛նչ պիտի ըսէք, 12որովհետեւ Սուրբ Հոգին ձեզի պիտի սորվեցնէ այդ ժամուն ձեր ըսելիքը։

Անմիտ հարուստին առակը

13Ժողովուրդէն մէկը Յիսուսի ըսաւ.
– Վարդապե՛տ, ըսէ՛ եղբօրս, որ մեր հօր ձգած ժառանգութենէն իմ բաժինս տայ ինծի։
14Յիսուս պատասխանեց.
– Ո՛վ մարդ, ո՞վ զիս դատաւոր կամ իրաւունքի բաժանարար կարգեց ձեր վրայ։
15Ապա դառնալով ժողովուրդին, շարունակեց.
– Նայեցէք եւ զգուշացէ՛ք ագահութեան բոլոր տեսակներէն, որովհետեւ մարդու մը կեանքը կախեալ չէ՛ իր ամբարած հարստութենէն։
16Յիսուս անոնց առակ մըն ալ խօսեցաւ եւ ըսաւ.
– Հարուստ մարդ մը կար, որուն արտերը առատ բերք տուին։ 17Անիկա կը մտածէր ու կ՚ըսէր. «Ի՞նչ ընելու եմ, որովհետեւ հունձքս ամբարելու համար շտեմարաններուս մէջ տեղ չմնաց։ 18Այո՛, գիտե՛մ ինչ պիտի ընեմ։ Պիտի քակեմ շտեմարաններս, աւելի ընդարձակները պիտի շինեմ եւ հոն ամբարեմ ցորենս եւ ամբողջ բերքերս։ 19Ապա ես ինծի պիտի ըսեմ.է Ով մարդ, քանի որ երկար տարիներու համար ամբարած հարստութիւն ունիս, հանգիստ ըրէ. կե՛ր, խմէ՛ եւ վայելէ՛»։ 20Բայց Աստուած ըսաւ իրեն. «Անմիտ մարդ, այս գիշեր իսկ հոգիդ քեզմէ պիտի առնեն. որո՞ւն պիտի մնայ պատրաստածդ»։
21Եւ Յիսուս եզրակացուց.
– Նոյնն է պարագան բոլոր անոնց, որոնք միայն իրենց անձերուն համար հարստութիւն կը դիզեն, փոխանակ Աստուծոյ աչքին հարստանալու։

Աստուծոյ վստահիլ
(Մտ 6.25-34)

22Ապա Յիսուս իր աշակերտներուն ըսաւ.
– Ահա թէ ինչո՛ւ կ՚ըսեմ ձեզի.է Մի՛ մտահոգուիք ձեր կեանքին համար՝ թէ ի՛նչ պիտի ուտէք, եւ ո՛չ ալ ձեր մարմինին համար՝ թէ ի՛նչ պիտի հագնիք։ 23Որովհետեւ կեանքը աւելի կարեւոր է քան ուտելիքը, եւ մարմինը աւելի կարեւոր՝ քան հագուստը։ 24Դիտեցէ՛ք ագռաւները, որոնք ո՛չ կը սերմանեն, ո՛չ կը հնձեն, ո՛չ շտեմարաններ եւ ո՛չ ալ ամբարներ ունին, սակայն Աստուած կը կերակրէ զանոնք։ Իսկ պիտի չկերակրէ՞ ձեզ, դուք՝ որ իր աչքին թռչուններէն գերազանց էք։ 25Մտահոգուիլը կանգունով մը կ՚երկարէ՞ ձեր հասակը։ 26Եթէ նուազագոյն բանը չէք կրնար ընել, ինչո՞ւ ուրեմն ուրիշ բաներով կը մտահոգուիք։ 27Դիտեցէք եւ տեսէք թէ ի՛նչպէս կ՚աճի դաշտի շուշանը։ Ո՛չ կ՚աշխատի, ո՛չ կը հիւսէ։ Հաւատացէք, որ նոյնիսկ Սողոմոն իր ամբողջ փառքին մէջ անոնցմէ մէկուն պէս գեղեցիկ չկրցաւ հագնիլ։ 28Եթէ Աստուած այդպէս աղուոր կը հագցնէ խոտը՝ որ այսօր դաշտին մէջ է եւ վաղը կրակը պիտի նետուի, ձեզ աւելի լաւ պիտի չհագցնէ՞ թերահաւատնե՛ր։ 29Հետեւաբար, մի՛ մտահոգուիք ո՛չ ձեր ուտելիքով եւ ո՛չ ալ ձեր խմելիքով, եւ մի՛ մտատանջէք դուք ձեզ, 30որովհետեւ ասոնք բոլորը հեթանոսներուն յատուկ են։ Ձեր Հայրը գիտէ որ այդ բոլորին պէտք ունիք։ 31Այլ, ուզեցէք որ Աստուծոյ արքայութիւնը գայ, եւ Աստուած այդ բոլորը աւելիով պիտի տայ ձեզի։

Երկնային գանձը
(Մտ 6.19-21)

– 32Մի՛ վախնար, փոքրիկ հօտ, որովհետեւ ձեր Հայրը հաճեցաւ ձեզի տալ արքայութիւնը: 33Ծախեցէ՛ք ձեր ստացուածքները եւ դրամը ողորմութեան յատկացուցէք։ Փորձեցէք ձեռք ձգել այնպիսի հարստութիւն մը՝ որ չի մաշիր, գանձ մը՝ որ չի պակսիր, եւ զայն երկինքի մէջ դիզեցէք, ուր ո՛չ գողը կրնայ անոր մօտենալ եւ ո՛չ ալ ցեցը կրնայ զայն կրծել։ 34Որովհետեւ ուր որ է ձեր հարստութիւնը՝ հոն կ՚ըլլայ նաեւ ձեր սիրտը։

Արթուն ծառաներ
(Մտ 24.43-44)

– 35Պատրաստ եղէք, ձեր գօտիները ձեր մէջքին ամրացուցած եւ ճրագները՝ վառած, 36նման այն ծառաներուն, որոնք կը սպասեն որ իրենց տէրը հարսանիքէն վերադառնայ, որպէսզի երբ տէրը գայ եւ դուռը զարնէ՝ իրենք անմիջապէս բանան դուռը։ 37Երանի՜ այն ծառաներուն, որոնց տէրը երբ կու գայ՝ արթուն կը գտնէ զիրենք։ Կ՚ըսեմ ձեզի, թէինք իր մէջքին գօտի պիտի կապէ, պիտի նստեցնէ զիրենք եւ ինք պիտի սպասարկէ անոնց։ 38Երանելի են այն ծառաները, որոնց տէրը զիրենք արթուն կը գտնէ, երբ կէս գիշերին կամ աւելի ուշ տուն դառնայ։ 39Բայց այս ալ գիտցէք, որ եթէ տանտէրը գիտնար թէ գողը ո՛ր ժամուն պիտի գայ, արթուն կը մնար եւ թոյլ չէր տար որ գողը պատը քանդելով տունը մտնէ։ 40Ուրեմն, դուք ալ պատրաստ եղէք, որովհետեւ Մարդու Որդին ձեր չակնկալած ժամուն կրնայ գալ։

Հաւատարիմ եւ անհաւատարիմ ծառան
(Մտ 24.45-51)

41Պետրոս ըսաւ.
– Տէ՛ր, այս օրինակը մեզի՞ համար ըսիր, թէ բոլորին։
42Տէրը ըսաւ.
– Ո՞վ է հաւատարիմ եւ իմաստուն տնտեսը։ Անիկա է, որ տէրը իր ծառաներուն վրայ վերակացու կը կարգէ, որպէսզի ճիշդ ատենին անոնցկերակուրի բաժինը տայ։ 43Երանի՜ այն ծառային, որուն տէրը երբ կու գայ, զինք կը գտնէ իր պաշտօնը լաւապէս կատարած։ 44Իրապէս կ՚ըսեմ ձեզի, որ տէրը այդ ծառան իր բոլոր ստացուածքներուն վերակացու պիտի կարգէ 45Սակայն եթէ ծառան ինքնիրեն ըսէ՝ «Տէրս կ՚ուշանայ գալու», եւ սկսի միւս ծառաներն ու սպասուհիները ծեծել, ուտէ, խմէ եւ գինովնայ, 46յանկարծ իր չակնկալած ատենին եւ չսպասած ժամուն տէրը պիտի գայ եւ զայն խստութեամբ պիտի պատժէ եւ անհաւատներուն կարգին դասէ։
47Այն ծառան, որ իր տիրոջ կամքը գիտէ եւ չի պատրաստեր կամ չի կատարեր անոր ուզածը, շատ պատիժ կը ստանայ։ 48Իսկ ան որ չի գիտեր տիրոջ պահանջածը եւ պատիժի արժանի բաներ կ՚ընէ, այդ ծառան նուազ պատիժ կը ստանայ։ Որուն որ շատ տրուած է՝ շատ պիտի պահանջուի, իսկ որուն որ աւելի շատ տրուած է՝ շատ աւելի պիտի պահանջուի։

Յիսուս բաժանումի պատճառ
(Մտ 10.34-36)

– 49Եկայ կրակ ձգելու երկրի վրայ եւ որքա՜ն կ՚ուզէի որ արդէն իսկ բռնկած ըլլար։ 50Մկրտութիւն մը ինծի կը սպասէ, եւ որքա՜ն կը տագնապիմ՝ մինչեւ որ անիկա կատարուի։ 51Կը կարծէք թէ աշխարհին խաղաղութի՞ւն տալու եկայ։ Ո՛չ։ Կ՚ըսեմ ձեզի, ոչ թէ խաղաղութիւն, այլ՝ բաժանում։ 52Այսպէս, եթէ ընտանիքի մը մէջ հինգ անդամներ կան, պիտի բաժնուին՝ երեքը երկուքին դէմ եւ երկուքը՝ երեքին։ 53Հայրը իր զաւակին դէմ պիտի ըլլայ, զաւակը իր հօրը, մայրը աղջկան դէմ եւ աղջիկը՝ մօրը, կեսուրը հարսին դէմ եւ հարսը՝ կեսուրին։

Ժամանակի նշանները ճանչնալ
(Մտ 16.2-3)

54Ապա ժողովուրդին ըսաւ.
– Երբ տեսնէք որ ամպը արեւմուտքէն կու գայ, անմիջապէս կ՚ըսէք՝ «Անձրեւ պիտի գայ», եւ այդպէս ալ կ՚ըլլայ։ 55Երբ հովը հարաւէն փչէ՝ կ՚ըսէք՝ «Սաստիկ տաք պիտի ըլլայ», եւ այդպէս ալ կ՚ըլլայ։ 56Կեղծաւորնե՛ր, երկինքն ու երկիրը դիտելով կրնաք նախատեսել գալիք օդը, ինչո՞ւ սակայն չէք կրնար ներկայ ժամանակին իմաստը հասկնալ։

Հակառակորդին հետ նախապէս համաձայնիլ
(Մտ 5.25-26)

– 57Ինչո՞ւ դուք անձնապէս չէք դատեր ճիշդը։ 58Այնպէս՝ ինչպէս երբ խնդրի մը համար թշնամիիդ հետ դատաւորին կ՚երթաս, ճամբու ընթացքին ջանա՛ անոր հետ համաձայնիլ՝ տակաւին դատարան չհասած։ Այլապէս քեզ դատաւորին առջեւ պիտի հանէ, դատաւորն ալ ոստիկանին պիտի յանձնէ եւ ոստիկանն ալ բանտ պիտի նետէ քեզ։ 59Գիտցի՛ր, որ բանտէն պիտի չելլես՝ մինչեւ տուգանքիդ վերջին դահեկանը չվճարես։