Luke 14
Ջրգողեալ մարդուն բժշկութիւնը
1Շաբաթ օր մը Յիսուս մտաւ Փարիսեցիներու իշխանաւորներէն մէկուն տունը՝ ճաշելու համար։ Ներկաները զինք կը դիտէին՝ տեսնելու համար թէ ի՛նչ պիտի ընէ։ 2Եւ հոն ջրգողեալ մարդ մը կար Յիսուսի դիմաց։ 3Յիսուս հարցուց Օրէնքի ուսուցիչներուն եւ Փարիսեցիներուն.
– Մեր Օրէնքը կ՚արտօնէ՞ Շաբաթ օրով բժշկութիւն կատարել։
4Անոնք լուռ մնացին։ Յիսուս բռնեց մարդը, բժշկեց ու ճամբեց։ 5Եւ ապա ըսաւ անոնց.
– Եթէ ձեզմէ մէկուն էշը կամ եզը ջրհոր իյնայ, զայն չի՞ հաներ Շաբաթ օրով։
6Եւ անոնք պատասխան չկրցան տալ։
Խոնարհութիւն
7Յիսուս տեսնելով թէ ի՛նչպէս հրաւիրեալները պատւոյ տեղերը կը փնտռէին, անոնց հետեւեալ առակը պատմեց.
– 8Եթէ մէկը քեզ հարսանիքի կամ խնճոյքի հրաւիրէ, սեղանին գլուխը մի՛ նստիր, որովհետեւ կրնայ ըլլալ որ քեզմէ աւելի յարգելի անձ մըն ալ հրաւիրուած ըլլայ։ 9Այն ատեն քեզ եւ զայն հրաւիրողը պիտի գայ եւ քեզի ըսէ՝ «Տեղդ իրեն տուր»։ Եւ դուն խայտառակ ըլլալով՝ ամենէն վերջին աթոռին պիտի նստիս։ 10Ընդհակառակը, երբ կը հրաւիրուիս՝ գնա եւ վերջին աթոռին նստէ, որպէսզի երբ քեզ հրաւիրողը գայ, ըսէ քեզի՝ «Բարեկա՜մ, վե՛ր հրամմէ»։ Այն ատեն դուն հրաւիրեալներուն մօտ պատուըուած պիտի ըլլաս։ 11Որովհետեւ՝ ով որ իր անձը կը բարձրացնէ՝ պիտի խոնարհի, իսկ ով որ իր անձը կը խոնարհեցնէ՝ պիտի բարձրանայ։
Ո՞վ հրաւիրել
12Ապա Յիսուս տանտիրոջ ըսաւ.
– Երբ ճաշի կամ ընթրիքի հրաւէր կու տաս, մի՛ կանչեր բարեկամներդ կամ եղբայրներդ, ազգականներդ եւ հարուստ դրացիներդ, որպէսզի չըլլայ որ անոնք ալ քու հրաւէրիդ փոխարէն քեզ հրաւիրեն, եւ այս ձեւով քեզի հատուցում կատարած ըլլան։ 13Ընդհակառակը, երբ ճաշկերոյթ կու տաս, կանչէ աղքատներն ու խեղանդամները, կաղերն ու կոյրերը 14եւ այն ատեն երանելի պիտի ըլլաս, որովհետեւ անոնք փոխարէնը քեզի հատուցանելիք ոչինչ ունին։ Եւ գիտցած եղիր, որ քու հատուցումդ պիտի ստանաս արդարներու յարութեան ժամանակ։
Մեծ խնճոյքին առակը
(Մտ 22.1-10)
15Երբ սեղանակիցներէն մէկը այս խօսքերը լսեց, ըսաւ Յիսուսի.
– Երանի՜ անոր որ Աստուծոյ արքայութեան մէջ ճաշ պիտի ուտէ։
16Յիսուս անոր հետեւեալ առակը պատմեց.
– Մարդ մը կար, որ մեծ ընթրիք մը սարքեց եւ շատեր հրաւիրեց։ 17Ընթրիքի ժամուն իր ծառան ղրկեց, որպէսզի հրաւիրեալներուն ըսէ. «Եկէք, ամէն ինչ պատրաստ է արդէն»։ 18Հրաւիրեալները սկսան մէկ առ մէկ հրաժարիլ։ Առաջինը ըսաւ. «Արտ մը գնեցի, պէտք է երթամ եւ տեսնեմ զայն, հետեւաբար կը խնդրեմ որ ներողամիտ գտնուի»։ 19Միւսը ըսաւ. «Հինգ զոյգ եզ գնեցի, պէտք է երթամ փորձեմ զանոնք, հետեւաբար կը խնդրեմ որ ներողամիտ գտնուի»։ 20Ուրիշ մը ըսաւ. «Տակաւին նոր ամուսնացայ, հետեւաբար չեմ կրնար գալ»։ 21Ծառան վերադարձաւ եւ իր տիրոջ պատմեց անոնց ըսածները։ Այն ատեն տանտէրը վրդոված՝ ըսաւ ծառային. «Անմիջապէս քաղաք գնա եւ հրապարակներուն ու փողոցներուն մէջ որքան որ աղքատ, խեղանդամ, կաղ եւ կոյր տեսնես՝ բոլորն ալ հոս բեր»։ 22Քիչ ետք ծառան վերադառնալով իր տիրոջ ըսաւ. «Տէ՛ր, հրամանդ կատարեցի, բայց տակաւին տեղ կայ»։ 23Տէրը ծառային հրամայեց. «Քաղաքէն դուրս գնա եւ ճամբաներուն վրայ ու դաշտերուն մէջ ո՛վ որ գտնես՝ ստիպէ որ գայ, որպէսզի տունս լեցուի։ 24Կ՚ըսեմ ձեզի, որ առաջին հրաւիրեալներէն ո՛չ մէկը իմ ընթրիքէս պիտի ճաշակէ»։
Աշակերտ ըլլալու գինը
(Մտ 10.37-38)
25Բազմաթիւ ժողովուրդ Յիսուսի հետ կ՚երթար։ Յիսուս անոնց դառնալով՝ ըսաւ.
– 26Ով որ ինծի կու գայ եւ զիս աւելի չի սիրեր քան իր հայրն ու մայրը, կինն ու զաւակները, եղբայրներն ու քոյրերը, ինչպէս նաեւ իր իսկ անձը, չի կրնար ինծի աշակերտ ըլլալ։ 27Որովհետեւ ով որ իր խաչը չ՚առներ եւ ինծի չի հետեւիր, ինծի աշակերտ չի կրնար ըլլալ։ 28Եթէ ձեր մէջէն մէկը ուզէ աշտարակ մը շինել, նախ չի նստիր եւ ծախսերը չի՞ հաշուեր, տեսնելու համար թէ գործը վերջացնելու չափ դրամ ունի՞: 29Այլապէս, երբ հիմը նետելէ ետք՝ չկարենայ աշտարակը աւարտել, բոլոր տեսնողները պիտի սկսին ծիծաղիլ իր վրայ, 30ըսելով. «Այս մարդը շինել սկսաւ, բայց չկրցաւ աւարտել»։ 31Կամ, եթէ թագաւոր մը տասը հազար հոգինոց բանակով մը ուզէ պատերազմի ելլել քսան հազար հաշուող բանակով մը իր դէմ եկող թագաւորի մը դէմ, նախ չի նստիր եւ չի՞ մտածեր, թէ արդեօք պիտի կարենա՞յ յաղթել անոր։ 32Այլապէս, տակաւին հեռուէն, պատգամաւոր պիտի ղրկէ՝ հաշտութիւն խնդրելու համար անկէ։ 33Նմանապէս, ձեր մէջէն անոնք որոնք չեն կրնար հրաժարիլ իրենց ամբողջ ունեցածէն, չեն կրնար ինծի աշակերտ ըլլալ։
Անպէտ աղը
(Մտ 5.13, Մր 9.50)
– 34Լաւ բան է աղը. բայց եթէ իր համը կորսնցնէ, ինչո՞վ պիտի աղեն զայն։ 35Ո՛չ հողին օգտակար է, ո՛չ ալ կարելի է պարարտացուցիչ շինել, այլ՝ զայն կը թափեն։ Ականջ ունեցողը թող լսէ։