Luke 15

Կորսուած ոչխարին առակը
(Մտ 18.12-14)

1Շատ մը մաքսաւորներ եւ մեղաւորներ Յիսուսի կու գային՝ զինք լսելու համար։ 2Փարիսեցիներն ու Օրէնքի ուսուցիչները սկսան տրտնջալ, ըսելով.
– Ինչպէ՞ս կ՚ըլլայ որ այս մարդը մեղաւորները կ՚ընդունի եւ անոնց հետ կը ճաշէ։
3Յիսուս հետեւեալ առակը պատմեց անոնց.
– 4Ենթադրենք որ ձեզմէ մէկը հարիւր ոչխար ունի։ Երբ անոնցմէ մէկը կորսնցնէ, չի՞ ձգեր իննսունինը արօտավայրին մէջ եւ չ՚ե՞րթար կորսուածին ետեւէն, մինչեւ որ գտնէ զայն։ 5Եւ երբ գտնէ՝ ուրախութեամբ իր ուսերուն վրայ կը դնէ 6եւ տուն կը դառնայ, կը կանչէ իր բարեկամներն ու դրացիները եւ կ՚ըսէ անոնց. «Ուրախացէ՛ք ինծի հետ, որովհետեւ կորսուած ոչխարս գտայ»։ 7Կ՚ըսեմ ձեզի, երկինքի մէջ նոյնպէս ուրախութիւն պիտի ըլլայ մէկ ապաշխարող մեղաւորի համար, քան իննսունինը արդարներու համար, որոնք ապաշխարութեան պէտք չունին։

Կորսուած դրամին առակը

– 8Կամ ենթադրենք թէ կին մը տասը արծաթ դահեկան ունի։ Երբ անոնցմէ մէկը կորսնցնէ, ճրագը չի՞ վառեր եւ տունը ուշադրութեամբ չ՚ա՞ւլեր, մինչեւ որ դահեկանը գտնէ։ 9Եւ երբ գտնէ, կը կանչէ իր բարեկամուհիներն ու դրացիները եւ կ՚ըսէ անոնց. «Ուրախացէ՛ք ինծի հետ, որովհետեւ կորսնցուցած դահեկանս գտայ»։ 10Կ՚ըսեմ ձեզի, Աստուծոյ հրեշտակները նոյն ձեւով պիտի ուրախանան մեղաւորի մը համար, որ կ՚ապաշխարէ։

Անառակ որդիին առակը

11Ապա շարունակեց.
– Մարդ մը երկու զաւակ ունէր։ 12Կրտսերը հօրը ըսաւ. «Հա՛յր, քու ստացուածքէդ ինծի ինկած բաժինը հիմա՛ տուր ինծի»։ Եւ հայրը իր զաւակներուն միջեւ բաժնեց իր ունեցածը։
13Քանի մը օր ետք, կրտսեր զաւակը առաւ իր ամբողջ հարստութիւնը եւ հեռու երկիր մը գնաց։ Հոն անառակ կեանք մը ապրելով՝ մսխեց հարստութիւնը 14եւ սպառեց իր ամբողջ ունեցածը։
Պատահեցաւ որ այդ երկրին մէջ մեծ սով մը տիրեց, երբ արդէն ինք սկսած էր աղքատանալ։ 15Ուստի գնաց այդ երկրի քաղաքացիներէն մէկուն քով ծառայ եղաւ, եւ անիկա իր ագարակը ղրկեց զինք՝ խոզ արածելու համար։ 16Նոյնիսկ պատրաստ էր խոզերուն կերած եղջիւրներէն իր փորը լեցնելու, սակայն ոչ ոք կու տար իրեն։ 17Երբ անդրադարձաւ իր վիճակին, ինքնիրեն ըսաւ. «Հօրս տան մէջ քանի՜ գործաւորներ կան, որոնք իրենց պէտք եղած կերակուրէն աւելին ունին, մինչ ես հոս անօթութենէ կը մեռնիմ։ 18Ելլեմ երթամ հօրս քով եւ ըսեմ իրեն.է Հա՛յր, մեղանչեցի Աստուծոյ եւ քեզի դէմ. 19այլեւս արժանի չեմ քու որդիդ կոչուելու. զիս քու գործաւորներէդ մէկը նկատէ»։ 20Ապա ելաւ եւ հօրը քով գնաց։
Տակաւին տունէն բաւական հեռու էր, երբ հայրը տեսաւ զինք ու գթաց. վազելով դիմաւորեց զայն, վիզին փաթթուեցաւ եւ համբուրեց։ 21Որդին հօրը ըսաւ. «Հա՛յր, մեղանչեցի Աստուծոյ եւ քեզի դէմ. այլեւս արժանի չեմ քու որդիդ կոչուելու»։ 22Հայրը իր ծառաներուն հրամայեց. «Անմիջապէս բերէք լաւագոյն պատմուճանը եւ հագցուցէք իրեն. մատանի անցուցէք իր մատին եւ կօշիկ տուէք իրեն։ 23Բերէ՛ք պարարտ հորթը, մորթեցէք, ուտենք եւ ուրախանանք։ 24Որովհետեւ իմ այս զաւակս մեռած էր՝ ողջնցաւ, կորսուած էր՝ գտնուեցաւ»։ Եւ սկսան խրախճանքի։
25Մինչ այդ, երէց զաւակը ագարակ կը գտնուէր։ Վերադարձին, երբ տան մօտեցաւ, երգի ու պարի ձայներ լսեց։ 26Կանչեց ծառաներէն մէկը եւ հարցուց թէ ի՛նչ կայ։ 27Ծառան ըսաւ իրեն. «Եղբայրդ եկաւ, եւ որովհետեւ ողջ–առողջ վերադարձաւ, հայրդ պարարտ հորթը մորթեց»։ 28Երէց եղբայրը զայրացաւ եւ չուզեց ներս մտնել։ Այս մասին իմանալով, հայրը դուրս ելաւ եւ աղաչեց որ ներս մտնէ։ 29Իսկ անիկա պատասխանեց. «Տարիներէ ի վեր քեզի կը ծառայեմ. ոեւէ մէկ հրահանգդ չանտեսեցի, եւ սակայն նոյնիսկ ուլ մը չտուիր ինծի, որ ուրախանայի բարեկամներուս հետ։ 30Մինչդեռ, երբ եկաւ այդ որդիդ, որ քու ստացուածքդ պոռնիկներուն հետ մսխեց, պարարտ հորթը մորթեցիր անոր համար»։ 31Հայրը ըսաւ. «Տղա՛ս, դուն միշտ ինծի հետ ես եւ ամբողջ ունեցածս քուկդ է։ 32Սակայն հիմա պէտք է ուրախանանք եւ ցնծանք, որովհետեւ այս եղբայրդ մեռած էր՝ ողջնցաւ, կորսուած էր՝ գտնուեցաւ»։