Luke 16

Ճարպիկ տնտեսին առակը

1Իր աշակերտներուն Յիսուս այս առակը պատմեց. է Մեծահարուստ մարդ մը կար, որ իր ստացուածքներուն վրայ տնտես մը ունէր։ Երբ տնտեսին մասին մարդիկ ամբաստանութիւն ըրին՝ ըսելով թէ իր տիրոջ հարստութիւնը կը վատնէ, 2մեծահարուստը կանչեց զինք եւ ըսաւ. «Ի՞նչ են քու մասիդ այս ըսուածները։ Քեզի յանձնուած բոլոր ստացուածքներուս հաշիւը տուր։ Այլեւս իմ տնտեսս չես կրնար ըլլալ»։
3Տնտեսը ինքնիրեն խորհեցաւ. «Ի՞նչ կրնամ ընել. ահա տէրս զիս տնտեսութեան պաշտօնէն կը զրկէ։ Բանուորութիւն չեմ կրնար ընել, մուրալու կ՚ամչնամ։ 4Սակայն գիտեմ թէ ինչ պէտք է ընեմ, որ երբ տէրս զիս տնտեսութեան պաշտօնէն հեռացնէ, մարդիկ ընդունին զիս իրենց տուներէն ներս»։ 5Ապա մէկ առ մէկ կանչեց իր տիրոջ պարտապանները եւ առաջինին հարցուց. «Ո՞րքան պարտք ունիս տիրոջս»։ 6Անիկա պատասխանեց. «Երկու հարիւր թիթեղ ձէթ»։ Տնտեսը ըսաւ. «Ահաւասիկ պարտամուրհակդ. նստէ եւ անմիջապէս գրէ՝ հարիւր»։ 7Յետոյ հարցուց միւսին. «Դո՞ւն որքան պարտք ունիս»։ Անիկա պատասխանեց. «Չորս հարիւր յիսուն պարկ ցորեն»։ Տնտեսը ըսաւ. «Ահաւասիկ պարտամուրհակդ. նստէ եւ գրէ՝ երեք հարիւր յիսուն»։ 8Տէրը ասիկա լսելով՝ գովեց անիրաւ տնտեսը իր հնարամտութեան համար։ Որովհետեւ այս աշխարհի մարդիկը իրարու հանդէպ իրենց վարմունքին մէջ աւելի ճարպիկ են քան լոյսի որդիները։ 9Եւ ես կ՚ըսեմ ձեզի.է Աշխարհիկ հարստութիւնը գործածեցէք այնպէս՝ որ Աստուծոյ բարեկամութիւնը շահիք, որպէսզի երբ այս աշխարհէն ելլէք, ձեզ յաւիտենական յարկերու մէջ ընդունին։
10Ով որ փոքր ծառայութեան մէջ հաւատարիմ է՝ մեծին մէջ ալ հաւատարիմ է, իսկ ով որ փոքր ծառայութեան մէջ անհաւատարիմ է՝ մեծին մէջ ալ անհաւատարիմ է։ 11Հետեւաբար, եթէ աշխարհիկ հարստութիւնը գործածելուն մէջ հաւատարիմ չեղաք, ճշմարիտ հարստութիւնը ո՞վ պիտի վստահի ձեզի։ 12Այսինքն, եթէ հաւատարիմ չեղաք աշխարհիկ հարստութեան, որ ձերը չէ, ինչպէ՞ս կ՚ուզէք որ Աստուած ձեզի տայ ձեզի սպասող ճշմարիտ հարստութիւնը։ 13Ոչ մէկ ծառայ կրնայ երկու տէրերու ծառայել, որովհետեւ՝ կա՛մ մէկը պիտի ատէ եւ միւսը սիրէ, կամ՝ մէկը պիտի մեծարէ եւ միւսը արհամարհէ։ Չէք կրնար թէ՛ Աստուծոյ ծառայել եւ թէ՛ դրամին։

Օրէնքը եւ Աստուծոյ արքայութիւնը
(Մտ 11.12-135.18,31-3219.9Մր 10.11-12)

14Փարիսեցիները, որոնք դրամասէր էին, երբ այս բոլորը լսեցին, սկսան հեգնել զինք։ 15Յիսուս ըսաւ անոնց.
– Դուք ձեզ ուրիշներուն արդար ցոյց կու տաք, սակայն Աստուած գիտէ ձեր սիրտերը։ 16Որովհետեւ մարդոց աչքին փառաւորը Աստուծոյ աչքին անարգ է։ Մովսէսի Օրէնքը եւ մարգարէներու ուսուցումները մինչեւ Յովհաննէս ի զօրու էին. անկէ ասդին Աստուծոյ արքայութիւնը կ՚աւետարանուի եւ ամէն մարդ կը փութայ բռնութեամբ ներս մտնել։ 17Աւելի դիւրին է որ երկինքն ու երկիրը կորսուին, քան Օրէնքին ամենափոքր տառը։
18Ով որ իր կինը արձակէ եւ ուրիշ մը առնէ՝ կը շնայ. նոյնպէս կը շնայ ան՝ որ արձակուած կնոջ հետ կ՚ամուսնանայ։

Աղքատ Ղազարոսին առակը

19Մեծահարուստ մարդ մը կար, որ բեհեզ եւ ծիրանի հագուստներ կը հագնէր եւ ամէն օր փառաւոր խնճոյք կ՚ընէր։ 20Ղազարոս անունով աղքատ մըն ալ կար, որ անոր դրան առջեւ կը նստէր 21եւ կը յուսար իր փորը լեցնել մեծահարուստին սեղանի աւելցուքներով։ Ղազարոս վէրքերով ծածկուած էր, եւ շուներ կու գային իր վէրքերը կը լզէին։ 22Աղքատը մեռաւ եւ հրեշտակները զինք տարին Աբրահամի մօտ։ Մեծահարուստն ալ մեռաւ եւ թաղուեցաւ։ 23Դժոխքին մէջ, մինչ մեծահարուստը կը տանջուէր, աչքերը բարձրացուց եւ հեռուն Աբրահամը տեսաւ, ինչպէս նաեւ Ղազարոսը՝ անոր քով։ 24Մեծահարուստը աղաղակեց. «Հա՛յր Աբրահամ, ողորմէ՛ ինծի եւ ղրկէ Ղազարոսը, որ մատին ծայրը ջուրին թաթխէ եւ զովացնէ լեզուս, որովհետեւ այս կրակին մէջ ծարաւէն կը տառապիմ»։ 25Աբրահամ ըսաւ անոր. «Որդեա՛կ, յիշէ՛ թէ ի՛նչպէս դուն քու կեանքիդ ընթացքին ամէն բարիք վայելեցիր, մինչ Ղազարոս չարչարուեցաւ։ Հիմա անիկա հոս կը հանգստանայ, մինչ դուն հոդ կը տառապիս։ 26Գիտցի՛ր նաեւ, որ մեծ անդունդ մը կայ մեր եւ ձեր միջեւ։ Եթէ ուզեն այստեղէն ձեր մօտ անցնիլ՝ չեն կրնար, եւ ոչ ալ մէկը հոնկէ մեր մօտ կրնայ գալ»։ 27Մեծահարուստը ըսաւ. «Կ՚աղաչեմ, հա՛յր, Ղազարոսը ղրկէ իմ հօրս տունը, 28ուր հինգ եղբայրներ ունիմ. թող զանոնք նախազգուշացնէ՝ որպէսզի անոնք ալ տանջանքի այս վայրը չգան»։ 29Աբրահամ ըսաւ անոր. «Անոնք Մովսէսի Օրէնքն ու մարգարէները ունին. թող անոնց պատուիրանները լսեն եւ գործադրեն»։ 30Մեծահարուստը ըսաւ. «Ատիկա բաւականչէ, հա՛յր Աբրահամ. բայցեթէմեռելներէն մէկը յարութիւն առնէ եւ երթայ իրենց՝ պիտի ապաշխարեն»։ 31Աբրահամ պատասխանեց. «Եթէ Մովսէսի Օրէնքին եւ մարգարէներուն մտիկ չեն ըներ, մեռելներէն յարութիւն առնող մըն ալ պիտի չկարենայ համոզել զիրենք»։