Luke 17

Մեղք եւ ներում
(Մտ 18.6-7,21-22Մր 9.40)

1Յիսուս իր աշակերտներուն ըսաւ.
– Գայթակղութիւններ անպայման որ պիտի պատահին, բայց վա՜յ այն մարդուն, որուն ձեռքով ուրիշներ գայթակղութեանմէջ կ՚իյնան։ 2Նախընտրելիպիտի ըլլար, որ իր վիզին ջաղացքի քար անցընէին եւ զինք ծովը նետէին, քան թէ այս փոքրիկներէն մէկը գայթակղեցնէր։ 3Հետեւաբար, զգուշացէ՛ք։ Եթէ եղբայրդ մեղք գործէ՝ յանդիմանէ՛ զինք, եւ եթէ զղջայ՝ ներէ՛ իրեն։ 4Նոյնիսկ եթէ մէկ օրուան մէջ եօթն անգամ քեզի դէմ մեղանչէ եւ եօթն անգամ քեզի գալով ըսէ՝ «Կը զղջամ», պէտք է ներես իրեն։

Հաւատք
(Մտ 17.19)

5Առաքեալները ըսին Տիրոջ.
– Աւելցո՛ւր մեր հաւատքը։
6Տէրը ըսաւ.
– Եթէ մանանեխի հատիկի մը չափ հաւատք ունենաք եւ ըսէք այս թթենիին. «Արմատախիլ եղիր եւ ծովուն մէջ տնկուէ», պիտի հնազանդի ձեզի։

Ծառայի մը պարտականութիւնը

– 7Ենթադրենք որ ձեզմէ մէկը ծառայ մը ունի, որ հողագործ է կամ հովիւ։ Երբ ծառան դաշտէն դառնայ եւ տուն մտնէ, տէրը իրեն կ՚ըսէ՞. «Անմիջապէս գնա՛, ճաշդ կեր»։ Բնականաբար ո՛չ։ 8Ընդհակառակը, անոր կ՚ըսէ. «Ընթրիքս պատրաստէ եւ գոգնոցդ կապելով սպասարկէ՛ ինծի, մինչեւ ընթրիքս վերջացնեմ, անկէ ետք կրնաս ուտել ու խմել»։ 9Կը կարծէ՞ք որ տէրը իր ծառային երախտապարտ պէտք է ըլլայ իր հրահանգները կատարելուն համար։ Չեմ կարծեր։ 10Դուք ալ նոյնպէս, երբ կը կատարէք ինչ որ հրամայուած է ձեզի, ըսէք. «Անպիտան ծառաներ ենք, ինչ որ պարտաւոր էինք ընել՝ կատարեցինք»։

Յիսուս տասը բորոտներ կը բուժէ

11Դէպի Երուսաղէմ իր ճամբուն վրայ, Յիսուս կ՚անցնէր Սամարիայի եւ Գալիլեայի սահմաններէն։ 12Եւ մինչ գիւղ մը կը մտնէր, իրեն հանդիպեցան տասը բորոտներ, որոնք հեռուն կեցան 13եւ բարձր ձայնով ըսին.
– Յիսո՛ւս Վարդապետ, ողորմէ՛ մեզի։
14Յիսուս տեսաւ զանոնք եւ ըսաւ.
– Գացէք եւ դուք ձեզ քահանաներուն ցոյց տուէք։
Եւ մինչդեռ կ՚երթային, արդէն իսկ մաքրուեցան։ 15Անոնցմէ մէկը երբ տեսաւ որ բժշկուեցաւ, վերադարձաւ եւ սկսաւ բարձրաձայն զԱստուած փառաւորել։ 16Երեսին վրայ գետին փռուեցաւ Յիսուսի ոտքերուն առջեւ եւ շնորհակալութիւն կը յայտնէր անոր։ Եւ անիկա Սամարացի մըն էր։ 17Յիսուս հարցուց.
– Տասը հոգի չէի՞ն մաքրուողները. ո՞ւր են մնացեալ իննը հոգիները 18Բացի այս օտարականէն ուրիշ մէկը չգտնուեցա՞ւ, որ դառնար եւ փառք տար Աստուծոյ։
19Ապա Սամարացիին դառնալով ըսաւ.
– Ոտքի՛ ել եւ գնա՛, հաւատքդ քեզ փրկեց։

Աստուծոյ թագաւորութեան գալուստը
(Մտ 24.23-28,37-41)

20Փարիսեցիներ Յիսուսի հարցուցին, թէ ե՛րբ պիտի գայ Աստուծոյ թագաւորութիւնը։ Անիկա պատասխանեց.
– Աստուծոյ թագաւորութիւնը արտաքնապէս տեսանելի նշաներով պիտի չգայ. 21կամ պիտի չըսեն թէ «Ահա հոս է կամ՝ հոն», որովհետեւ ահա Աստուծոյ թագաւորութիւնը ձեր մէջ կը գտնուի։
22Ապա իր աշակերտներուն ըսաւ.
– Ժամանակ պիտի գայ, երբ դուք պիտի ցանկաք Մարդու Որդիին այս օրերէն մէկը տեսնել, բայց պիտի չտեսնէք։ 23Եւ եթէ ձեզի ըսեն՝ «Ահա հոս է կամ հոն», մտիկ մի՛ ընէք, մի՛ հետեւիք անոնց։ 24Որովհետեւ՝ ինչպէս կայծակը փայլատակելով կը լուսաւորէ երկնակամարին մէկ կողմէն մինչեւ միւսը, նոյնպէս պիտի ըլլայ Մարդու Որդին իր գալստեան օրը։ 25Սակայն նախ պէտք է որ անիկա շատ չարչարանքներ կրէ եւ մերժուի այս սերունդէն։ 26Եւ ինչպէս որ Նոյի ժամանակ Աստուծոյ պատիժը յանկարծակի վրայ հասաւ, նոյնպէս պիտի պատահի Մարդու Որդիին օրերուն ալ։ 27Անոնք ալ կ՚ուտէին, կը խմէին, այր կամ կին կ՚առնէին, մինչեւ այն օրը, երբ Նոյ տապան մտաւ, եւ ջրհեղեղը եկաւ բնաջնջեց զանոնք։ 28Կամ ինչպէս Ղովտի օրերուն պատահեցաւ. կ՚ուտէին, կը խմէին, կը գնէին, կը ծախէին, կը տնկէին ու կը շինէին. 29բայց այն օրը որ Ղովտ Սոդոմը ձգեց, երկինքէն կրակ ու ծծումբ տեղաց եւ բնաջնջեց բոլորը։ 30Նոյնը պիտի պատահի այն օրը, երբ Մարդու Որդին յայտնուի։
31Այդ օրը, ան որ տանիք ելած է՝ թող վար իջնելով տուն չմտնէ՝ հոն գտնուող իր գոյքերը առնելու համար։ Նոյնպէս, ան որ դաշտին մէջ է՝ թող տուն չվերադառնայ ունեցածները առնելու համար։ 32Յիշեցէ՛ք Ղովտի կնոջ պարագան։ 33Ով որ կը ջանայ իր կեանքը փրկել՝ պիտի կորսընցնէ զայն, եւ ով որ կորսնցնէ իր կեանքը՝ պիտի փրկէ զայն։ 34Կ՚ըսեմ ձեզի, այդ գիշեր եթէ մէկ անկողինի մէջ երկու հոգի ըլլան՝ անոնցմէ մէկը պիտի առնուի եւ միւսը ձգուի, կամ եթէ երկու կին միասին ցորեն կ՚աղան՝ անոնցմէ մէկը պիտի առնուի եւ միւսը ձգուի, 35կամ եթէ արտին մէջ երկու հոգի ըլլան, անոնցմէ մէկը պիտի առնուի եւ միւսը ձգուի։
36Աշակերտները հարցուցին Յիսուսի.
– Տէ՛ր, ո՞ւր պիտի պատահի ատիկա։
37Անիկա պատասխանեց.
– Անգղները կը հաւաքուին հոն՝ ուր դիակ կայ։