Luke 2

Յիսուսի ծնունդը
(Մտ 1.18-25)

1Այդ օրերուն Օգոստոս կայսր հրամանագիր հանեց՝ իր կայսրութեան սահմաններուն մէջ գտնուող բոլոր բնակիչներուն մարդահամարը կատարելու։ 2Այս առաջին մարդահամարը տեղի ունեցաւ Սուրիայի կառավարիչ Կիրենիոսի օրերուն։ 3Ամէն մարդ իր ծննդավայր քաղաքը կ՚երթար իր անունը արձանագրել տալու համար։ 4Յովսէփ, Դաւիթի ցեղէն եւ ազգատոհմէն ըլլալուն համար, Գալիլեայի Նազարէթ քաղաքէն ելաւ 5եւ իր անունը արձանագրել տալու համար գնաց Հրէաստանի Բեթլեհէմ քաղաքը, Դաւիթ թագաւորին ծննդավայրը։ Իրեն կ՚ընկերանար իր նշանածը՝ Մարիամ, որ յղի էր։
6Բեթլեհէմի մէջ Մարիամի ծննդաբերութեան ժամանակը հասաւ 7եւ ծնաւ իր անդրանիկ զաւակը, որ փաթթեց խանձարուրի մէջ եւ դրաւ մսուրի մը մէջ, որովհետեւ պանդոկին մէջ իրենց համար տեղ չկար։

Հովիւները եւ հրեշտակները

8Այնտեղ, դաշտերուն մէջ հովիւներ կային, որոնք գիշերով իրենց հօտերուն պահակութիւն կ՚ընէին։ 9Տիրոջ հրեշտակը անոնց երեւցաւ եւ Տիրոջ փառքը լոյսի պէս անոնց վրայ ծագեցաւ։ Հովիւները սաստիկ վախցան. 10հրեշտակը ըսաւ անոնց.
– Մի՛ վախնաք, ձեզի աւետիս մը պիտի տամ, որ ամբողջ ժողովուրդին մեծ ուրախութիւն պիտի պատճառէ։ 11Այսօր, Դաւիթի քաղաքին մէջ ձեր Փրկիչը ծնաւ, որ Օծեալ Տէրն է։ 12Հետեւեալը ապացոյց ըլլայ ձեզի.է հոն մանուկ մը պիտի գտնէք՝ խանձարուրով փաթթուած եւ մսուրի մէջ դրուած։
13Եւ յանկարծ այդ հրեշտակին միացաւ երկնաւոր զօրքերու բազմութիւն մը, որ կ՚օրհնաբանէր զԱստուած, ըսելով.
14«Բարձունքներուն մէջ Աստուծոյ փա՜ռք,
խաղաղութի՜ւն երկրի վրայ
եւ մարդոց միջեւ հաճութիւն»։
15Հազիւ հրեշտակները երկինք բարձրացած, հովիւները իրարու ըսին.
– Եկէք Բեթլեհէմ երթանք եւ տեսնենք պատահածը, այն ինչ որ Տէրը մեզի յայտնեց։
16Անոնք աճապարանքով գացին եւ հոն գտան Մարիամն ու Յովսէփը, ինչպէս նաեւ մանուկը՝ մսուրին մէջ դրուած 17Այս տեսնելով անոնք Մարիամի եւ Յովսէփի յայտնեցին ինչ որ հրեշտակը ըսած էր իրենց՝ մանուկին մասին։ 18Բոլոր անոնք որոնք կը լսէին հովիւներուն պատմածը, կը զարմանային։ 19Մարիամ բոլոր այս ըսուածները միտքը կը պահէր եւ անոնց վրայ կը խոկար։ 20Իսկ հովիւները վերադարձան, փառաբանելով եւ օրհնաբանելով զԱստուած՝ իրենց լսածին եւ տեսածին համար, որ ճիշդ հրեշտակին պատմածին պէս էր։
21Ութը օր ետք, երբ մանուկը թլփատելու ժամանակը հասաւ, Յիսուս կոչեցին զայն, այն անունով որ հրեշտակը տուած էր անոր՝ տակաւին Մարիամի որովայնին մէջ չյղացած։

Յիսուսի տաճար ընծայումը

22Իսկ երբ Մովսէսի հաստատած Օրէնքին համաձայն անոնց ծիսական մաքրութեան ժամանակը լրացաւ, Յովսէփն ու Մարիամը մանուկը Երուսաղէմ տարին Տիրոջ ընծայելու համար, 23որովհետեւ Տիրոջ Օրէնքին մէջ գրուած է. «Տիրոջ պէտք է նուիրուի ամէն արու զաւակ, որ մօրը առաջին զաւակն է». 24ինչպէս նաեւ Տիրոջ Օրէնքին համաձայն զոհ մատուցանելու «զոյգ մը տատրակ կամ աղաւնիի երկու ձագ»։
25Այդ ժամանակ Երուսաղէմի մէջ Սիմոն անունով մարդ մը կ՚ապրէր։ Սիմոն արդար եւ աստուածավախ էր եւ Իսրայէլի փրկութեան կը սպասէր։ Սուրբ Հոգին իրեն հետ էր 26եւ վստահեցուցած էր զինք՝ թէ Տիրոջ Օծեալը չտեսած պիտի չմեռնէր։ 27Արդ, Սուրբ Հոգիէն առաջնորդուած՝ անիկա տաճար գնաց։ Երբ ծնողքը մանուկ Յիսուսը տաճար բերին, որպէսզի կատարեն այն ինչ որ Օրէնքը կը պահանջէր մանուկին համար, 28Սիմոն իր գիրկը առաւ փոքրիկը եւ գոհաբանեց զԱստուած, ըսելով.
– 29Այժմ, ո՛վ Տէր, համաձայն քու խոստումիդ՝
ձգէ՛ որ ծառադ խաղաղութեամբ մեռնի.
30որովհետեւ աչքերովս տեսայ Փրկիչը,
31որ ղրկեցիր բոլոր ժողովուրդներուն,
32որպէս լոյս՝ հեթանոսները լուսաւորելու
եւ քու ժողովուրդիդ՝ Իսրայէլի փառք ըլլալու։
33Յիսուսի հայրն ու մայրը զարմանքով մտիկ կ՚ընէին այս խօսքերը, որ Սիմոն կ՚ըսէր մանուկին մասին։ 34Սիմոն օրհնեց զիրենք ալ, ապա մանուկին մօրը՝ Մարիամին ըսաւ.
– Այս մանուկը Իսրայէլի ժողովուրդէն շատերու անկումին 35եւ շատերու փրկութեան պատճառ պիտի ըլլայ։ Անիկա նաեւ հակառակութեան նշան պիտի ըլլայ եւ շատերու սիրտերուն խորհուրդները պիտի յայտնէ։ Գալով քեզի, քու ալ սիրտէդ սուր մը պիտի անցնի։
36Հոն էր նաեւ Փանուէլի աղջիկը՝ Աննա մարգարէուհին, որ Ասերի ցեղէն էր։ Աննա բաւականյառաջացած տարիք ունէր. անիկա միայն եօթը տարի ամուսնական կեանք վարած էր 37եւ այժմ ութսուն չորս տարեկան այրի մըն էր։ Տաճարէն չէր հեռանար, այլ գիշեր ու ցերեկ ծոմապահութեամբ եւ աղօթքով անցնելով՝ զԱստուած կը պաշտէր։ 38Արդ, ինք ալ նոյն ժամուն գալով՝ գոհութիւն տուաւ Տիրոջ եւ մանուկին մասին կը խօսէր բոլոր անոնց, որոնք Երուսաղէմի մէջ Փրկիչին կը սպասէին։

Վերադարձ դէպի Նազարէթ

39Երբ Յովսէփ ու Մարիամ Տիրոջ Օրէնքին պահանջքները կատարեցին, վերադարձան Գալիլեա, իրենց քաղաքը՝ Նազարէթ։ 40Հոն մանուկը մեծցաւ, զօրացաւ եւ իմաստութեամբ լեցուեցաւ։ Աստուծոյ շնորհքը կար անոր վրայ։

Յիսուս մանուկը տաճարին մէջ

41Յիսուսի ծնողները ամէն տարի Զատիկի տօնին Երուսաղէմ կ՚երթային։ 42Երբ Յիսուս տասներկու տարեկան եղաւ, անոնք Երուսաղէմ գացին, ինչպէս տօնին սովորութիւն էր երթալ։ 43Տօնակատարութեան աւարտին, մինչ անոնք կը վերադառնային, Յիսուս մանուկը Երուսաղէմ մնաց։ Իր ծնողները չանդրադարձան ասոր։ 44Անոնք կը կարծէին թէ ուղեկիցներուն հետ է։ Օրուան մը ճամբայ կտրելէ ետք, սկսան փնտռել Յիսուսը ազգականներու եւ ծանօթներու մօտ։ 45Երբ չգտան, կրկին Երուսաղէմ դարձան՝ հոն փնտռելու համար զինք։ 46Երեք օր ետք զինք գտան տաճարին մէջ։ Անիկա տաճարին ուսուցիչներուն հետ նստած՝ անոնց մտիկ կ՚ընէր եւ հարցումներ կ՚ուղղէր։ 47Բոլոր անոնք որ իրեն մտիկ կ՚ընէին, կը հիանային անոր իմաստութեան եւ տուած պատասխաններուն վրայ։
48Ծնողները երբ տեսան Յիսուսը, ապշած մնացին։ Իր մայրը ըսաւ.
– Այս ի՞նչ ըրիր մեզի, տղա՛ս. ահա հայրդ ու ես տակնուվրայ եղած՝ քեզ կը փնտռէինք։
49Յիսուս ըսաւ անոնց.
– Ինչո՞ւ զիս ուրիշ տեղ կը փնտռէիք. չէի՞ք գիտեր թէ հօրս տան մէջ պէտք է գտնուիմ։
50Սակայն ծնողները այս խօսքերուն իմաստը չհասկցան։
51Յետոյ Յիսուս ծնողներուն հետ միասին Նազարէթ գնաց, եւ հնազանդ մնաց անոնց։ Իր մայրը այս բոլորը իր սիրտին մէջ կը պահէր։ 52Յիսուս կը զարգանար իմաստութեամբեւ մարմնով՝ Աստուծոյ եւ մարդոց սիրելի ըլլալով։