Luke 21

Այրի կնոջ լուման
(Մր 12.41-44)

1Մինչ Յիսուս իր շուրջը կը դիտէր, տեսաւ մեծահարուստներ, որոնք իրենց նուէրները կը նետէին տաճարի գանձանակին մէջ։ 2Երբ տեսաւ աղքատ այրի մըն ալ, որ երկու լումայ նետեց գանձանակին մէջ, 3ըսաւ իր աշակերտներուն.
– Վստահ գիտցէք, որ այդ աղքատ այրին բոլորէն աւելի նետեց գանձանակին մէջ։ 4Միւսները բոլորն ալ իրենց աւելորդ գումարներէն նուիրեցին Աստուծոյ, մինչ անիկա՝ հակառակ կարօտեալ ըլլալուն, իր ամբողջ ապրուստը նետեց։

Տաճարի աւերումին մասին
(Մտ 24.1-22Մր 13.1-2)

5Ոմանք տաճարին մասին խօսելով՝ կ՚ըսէին թէ գեղեցիկ քարերով եւ աշտարակներով զարդարուած է։ 6Յիսուս ըսաւ.
– Այս բոլորը որ կը տեսնէք՝ պիտի քանդուին. օր պիտի գայ, երբ քար քարի վրայ պիտի չմնայ։

Նեղութիւններ եւ հալածանքներ
(Մտ 10.17-2224.3-14Մր 13.3-13)

7Անոնք հարցուցին.
– Վարդապե՛տ, ե՞րբ պիտի ըլլայ ատիկա։ Ի՞նչ նշանով պիտի գիտնանք թէ ե՛րբ ատիկա պիտի պատահի։
8Յիսուս ըսաւ.
– Զգոյշ եղէք. չխաբուի՛ք։ Շատեր իմ անունովս պիտի գան եւ ըսեն. «Ես եմ Քրիստոսը», կամ՝ «Ժամանակը հասած է»։ Բայց մի՛ հետեւիք անոնց։ 9Մի՛ սարսափիք, երբ լսէք պատերազմներու եւ խռովութիւններու մասին, որովհետեւ պէտք է որ նախ անոնք պատահին։ Սակայն ատիկա չի՛ նշանակեր թէ արդէն աշխարհի վախճանն է։
10Եւ շարունակեց.
– Ազգեր իրարու դէմ պիտի կռուին եւ թագաւորութիւններ՝ թագաւորութիւններու դէմ։ 11Զօրաւոր երկրաշարժներ տեղի պիտի ունենան եւ զանազան տեղեր՝ սով եւ համաճարակ։ Երկինքէն սարսափազդու եւ մեծամեծ նշաններ պիտի երեւին։ 12Բայց այս բոլորէն առաջ ձեզ պիտի ձերբակալեն եւ հալածեն, ձեզ պիտի դատեն ժողովարաններու մէջ եւ բանտ նետեն. իմ պատճառովս ձեզ պիտի տանին թագաւորներու եւ կառավարիչներու դիմաց։ 13Ասիկա ձեզի առիթ պիտի ըլլայ վկայութիւն տալու իմ մասիս։ 14Այժմէն իսկ ձեր միտքերուն մէջ ըլլայ, որ սկիզբէն չմտածէ՛ք թէ ինչ պատասխան պիտի տաք, 15որովհետեւ ես ձեզի պէտք եղած խօսքը եւ իմաստութիւնը պիտի տամ, որուն պիտի չկրնան հակառակիլ կամ պատասխան տալ ձեր բոլոր հակառակորդները։ 16Նոյնիսկ ձեր ծնողները, եղբայրները, ազգականներն ու բարեկամները պիտի մատնեն ձեզ եւ պիտի սպաննեն ձեզմէ ոմանք։ 17Ամէն մարդ պիտի ատէ ձեզ՝ իմ պատճառովս։ 18Սակայն ձեր գլուխէն մազ մը իսկ պիտի չկորսուի։ 19Եւ ձեր համբերութեամբ պիտի փրկէք ձեր հոգիները։

Երուսաղէմի աւերումին մասին
(Մտ 24.15-21Մր 13.14-19)

20Երբ տեսնէք Երուսաղէմը զօրքերով շրջապատուած, գիտցէք որ անոր աւերումը մօտեցած է։ 21Այն ատեն անոնք որ Հրէաստանի մէջ են՝ թող լեռները փախչին, անոնք որ Երուսաղէմի մէջ են՝ թող քաղաքէն դուրս ելլեն, իսկ անոնք որ շրջակայքն են՝ թող քաղաք չմտնեն։ 22Որովհետեւ այդ օրերը աստուածային դատաստանի եւ պատիժի օրեր են, որպէսզի իրականանան Սուրբ գիրքերուն մէջ բոլոր գրուածները։ 23Բայց այդ օրերուն վա՜յ է եկեր յղիներուն եւ ստնտու կիներուն, որովհետեւ երկիրը մեծ տագնապի պիտի մատնուի եւ Աստուծոյ բարկութիւնը այս ժողովուրդին վրայ պիտի գայ։ 24Անոնք սրամահ պիտի ըլլան կամ գերի պիտի տարուին բոլոր ազգերուն մէջ։ Երուսաղէմը ազգերուն ոտքի կոխան պիտի ըլլայ, մինչեւ որ ազգերուն ժամանակը լրանայ։

Մարդու Որդիին գալուստը
(Մտ 24.29-35Մր 13.24-31)

– 25Արեւուն, լուսինին եւ աստղերուն հետ կապ ունեցող նշաններ պիտի պատահին։ Աշխարհի բոլոր ժողովուրդները տագնապի եւ շփոթութեան պիտի մատնուին ահեղ ձայներէն, որոնք կարծես ծովու ալեկոծումի գոչումը ըլլան։ 26Աշխարհի վրայ պատահելիքներու ակնկալութենէն մարդիկ սարսափէն պիտի նուաղին, որովհետեւ երկնային մարմինները պիտի սասանին։ 27Եւ այն ատեն պիտի տեսնեն Մարդու Որդին, որ կու գայ ամպերուն վրայ՝ զօրութեամբ եւ մեծ փառքով28Եւ երբ ասոնք սկսին պատահիլ, շտկուեցէք եւ ձեր գլուխները բարձրացուցէք, որովհետեւ ձեր փրկութիւնը մօտ է։
29Ապա Յիսուս օրինակ մըն ալ տուաւ անոնց, ըսելով.
– Նայեցէ՛ք թզենիին եւ բոլոր միւս ծառերուն։ 30Երբ տեսնէք որ ծիլ կը սկսին արձակել՝ կը գիտնաք թէ ամառը մօտ է։ 31Նոյնպէս ալ, երբ տեսնէք որ ըսածներս կը կատարուին՝ գիտցէք թէ Աստուծոյ արքայութիւնը մօտ է։ 32Վստահ եղէք, որ այս սերունդը չանցած՝ ասոնք բոլորը պիտի պատահին։ 33Նոյնիսկ եթէ երկինքն ու երկիրը անհետանան, խօսքերս պիտի չանհետանան։

Արթուն մնալու անհրաժեշտութիւնը

– 34Գալով ձեզի, ուշադի՛ր եղէք ձեր անձերուն։ Չըլլայ որ ձեր սիրտերը գրաւուին կերուխումով, արբեցութեամբ եւ աշխարհիկ հոգերով, եւ յանկարծ այդ օրը ձեր վրայ գայ։ 35Որովհետեւ այդ օրը պիտի գայ ծուղակի պէս՝ բոլոր մարդոց, որոնք ամբողջ աշխարհի վրայ կ՚ապրին։ 36Ուստի արթուն եղէք եւ միշտ աղօթեցէք, որ արժանի ըլլաք այս պատահելիքներէն ազատելու եւ Մարդու Որդիին ներկայութեան կանգնելու։
37Յիսուս ամբողջ օրը տաճարին մէջ կ՚ուսուցանէր, իսկ երեկոյեան կ՚երթար Ձիթենեաց կոչուած լեռը՝ գիշերելու։ 38Առաւօտ կանուխ ամբողջ ժողովուրդը տաճար կ՚երթար զինք լսելու համար։