Luke 23

Յիսուս Պիղատոսի առջեւ
(Մտ 27.1-2,11-14Մր 15.1-5Յհ 18.28-38)

1Ասոր վրայ բոլորը մէկ ոտքի ելան։ Յիսուսը տարին Պիղատոսի մօտ 2եւ սկսան ամբաստանել զայն, ըսելով.
– Մենք տեսանք որ այս մարդը մեր ժողովուրդը կը մոլորեցնէր եւ կ՚արգիլէր կայսրին տուրք տալ, ինչպէս նաեւ իր անձին համար կ՚ըսէր՝ թէ ինք Քրիստոսն է, օծեալ թագաւորը։
3Պիղատոս հարցուց Յիսուսի.
– Դո՞ւն ես Հրեաներու թագաւորը։
Յիսուս անոր պատասխանեց.
– Ահա դուն կ՚ըսես։
4Ապա Պիղատոս աւագ քահանաներուն եւ ժողովուրդին ըսաւ.
– Այս մարդուն վրայ յանցանք չեմ գտներ։
5Սակայն անոնք կը պնդէին ու կ՚ըսէին.
– Անիկա իր ուսուցումներով ամբողջ ժողովուրդը ըմբոստութեան կը մղէ ամբողջ Հրէաստանի մէջ, Գալիլեայէն սկսեալ մինչեւ հոս։

Յիսուս Հերովդէսի առջեւ
6Պիղատոս երբ Գալիլեա անունը լսեց, հարցուց.
– Այս մարդը Գալիլեացի՞ է։
7Եւ երբ գիտցաւ որ Հերովդէսի իշխանութեան հպատակ է, զայն ղրկել տուաւ Հերովդէսի, որ ինք ալ այդ օրերուն Երուսաղէմ կը գտնուէր։
8Հերովդէս շատ ուրախացաւ երբ տեսաւ Յիսուսը, որովհետեւ շատ յաճախ լսելով անոր մասին, երկար ժամանակէ ի վեր կ՚ուզէր տեսնել զայն եւ կը յուսար որ անիկա իր ներկայութեան հրաշք մը կը գործէ։ 9Հերովդէս շատ մը հարցումներ ըրաւ Յիսուսի, սակայն անիկա բնաւ չէր պատասխաներ։ 10Աւագ քահանաները եւ Օրէնքի ուսուցիչները կեցած էին հոն եւ աւելի բուռն ամբաստանութիւններ կ՚ընէին անոր դէմ։
11Հերովդէս ալ իր զինուորներուն հետ նախատեց Յիսուսը եւ զայն ծաղրելու համար փառաւոր պատմուճան մը հագցուց անոր եւ վերստին Պիղատոսի ղրկեց։ 12Այդ օր Պիղատոս եւ Հերովդէս, որոնք նախապէս թշնամիներ էին, բարեկամ դարձան։

Յիսուս մահուան կը դատապարտուի
(Մտ 27.15-26Մր 15.6-15Յհ 18.39—19.16)

13Պիղատոս իր մօտ կանչեց աւագ քահանաները, իշխաններն ու ժողովուրդը 14եւ ըսաւ անոնց.
– Դուք այս մարդը ինծի բերիք, ըսելով թէ ժողովուրդը ապստամբութեան կը մղէ։ Ահա ձեր ներկայութեան ես հարցաքննեցի զայն եւ իր մասին ձեր ըրած ամբաստանութիւններէն ո՛չ մէկ բան գտայ իր վրայ։ 15Զայն Հերովդէսի ղրկեցի, եւ ան ալ յանցանք չգտաւ։ Այս մարդը մահուան արժանի բան կատարած չէ ուրեմն։ 16Ես անոր պատիժ մը տամ եւ արձակեմ։
17Պիղատոս ամէն Զատիկի տօնին պէտք էր որ բանտարկեալ մը ազատ արձակէր։ 18Ամբողջ ամբոխը աղաղակեց.
– Սպաննէ՛ զայն։ Կ՚ուզենք որ Բարաբբան ազատ արձակես։
19Բարաբբան բանտարկուած էր, որովհետեւ քաղաքին մէջ խռովութիւն յարուցած էր եւ մէկը սպաննած։
20Պիղատոս դարձեալ ժողովուրդին խօսեցաւ, որովհետեւ կ՚ուզէր Յիսուսը ազատ արձակել։ 21Սակայն անոնք նորէն կ՚աղաղակէին.
– Խա՛չը հանէ, խա՛չը հանէ զայն։
22Պիղատոս երրորդ անգամ ըսաւ անոնց.
– Բայց այս մարդը ի՞նչ յանցանք գործած է։ Մահուան արժանի ո՛չ մէկ բան գտայ իր վրայ։ Ուստի անոր պատիժ մը տամ եւ արձակեմ։
23Սակայն անոնք բարձրաձայն կանչերով կը պնդէին ու կը պահանջէին որ խաչուի։ Երբ ժողովուրդին եւ աւագ քահանաներուն աղաղակները զօրացան, 24Պիղատոս տեղի տուաւ անոնց պահանջներուն։ 25Եւ իրենց պահանջքին համաձայն՝ ազատ արձակեց Բարաբբան, որ խռովութիւն յարուցած ըլլալուն եւ մարդասպանութեան համար բանտարկուած էր. իսկ Յիսուսը յանձնեց անոնց, որպէսզի իրենց ուզածը ընեն։

Դէպի Գողգոթա
(Մտ 27.32Մր 15.21)

26Երբ զինուորները Յիսուսը առած կը տանէին, ճամբուն վրայ բռնեցին Կիւրենացի Սիմոն անունով մէկը, որ արտէն կու գար, եւ անոր ուսերուն դրին խաչը, որպէսզի Յիսուսի ետեւէն տանի։ 27Հսկայ բազմութիւն մը կը հետեւէր Յիսուսի։ Կիներ կուլային ու կ՚ողբային իր վրայ։ 28Յիսուս անոնց դառնալով ըսաւ.
– Երուսաղէմի՛ աղջիկներ, մի՛ լաք իմ վրաս, այլ լացէք դուք ձեր եւ ձեր զաւակներուն վրայ։ 29Որովհետեւ օրեր պիտի գան, երբ մարդիկ պիտի ըսեն. «Երանի՜ ամուլներուն, այն կիներուն՝ որոնք զաւակ չծնան եւ չդիեցուցին»։ 30Այն ատեն մարդիկ լեռներուն պիտի ըսեն՝ «Մեր վրայ ինկէք». «Մեզ ծածկեցէք»,– պիտի ըսեն բլուրներուն։ 31Որովհետեւ եթէ այսպէս կը վարուին դալար փայտին հետ, հապա ի՞նչ պիտի ընեն չորին։

Յիսուսի խաչելութիւնը
(Մտ 27.33-44Մր 15.22-32Յհ 19.17-27)

32Երկու այլ չարագործներ ալ բերին, որպէսզի Յիսուսի հետ սպաննուին 33Երբ հասան Գանկ կոչուած վայրը, հոն խաչեցին Յիսուսը եւ երկու չարագործները՝ մէկը անոր աջ կողմը, իսկ միւսը՝ ձախ։ 34Յիսուս ըսաւ.
– Հա՜յր, ներէ՛ անոնց, որովհետեւ չեն գիտեր թէ ի՛նչ կ՚ընեն։ Ապա զինուորները վիճակ ձգելով անոր հագուստները բաժնեցին իրենց միջեւ։ 35Ժողովուրդը կեցած կը դիտէր, մինչ իշխանները անոնց հետ կը հեգնէին զայն, ըսելով.
– Ուրիշները ազատեց. թող ինքզինք ալ ազատէ, եթէ իրապէս Քրիստոսն՝ է ինք, Աստուծոյ ընտրեալ Որդին։
36Զինուորներն ալ կը ծաղրէին եւ դիմացը գալով քացախ կու տային 37ու կ՚ըսէին. է Եթէ Հրեաներու թագաւորն ես՝ դուն քեզ ազատէ՛։ 38Իր խաչին վրայ Յունարէն, Լատիներէն եւ Եբրայերէն արձանագրութիւն մըն ալ կար.է «Ասիկա է Հրեաներու թագաւորը»։ 39Կախուած չարագործներէն մէկը կը նախատէր զայն, ըսելով. է Դուն չե՞ս Քրիստոսը, ազատէ թէ՛ դուն քեզ, թէ՛ մեզ։
40Բայց միւս չարագործը սաստեց զայն եւ ըսաւ.
– Աստուծմէ չե՞ս վախնար, դուն՝ որ նոյն պատիժը կը կրես։ 41Տակաւին մեր պատիժը իրաւացի է, որովհետեւ մենք մեր ըրածին արժանի հատուցումն է որ կը ստանանք, մինչդեռ ասիկա գէշ բան մը չէ ըրած։
42Եւ ապա ըսաւ Յիսուսի.
– Տէ՛ր, յիշէ՛ զիս, երբ քու թագաւորութեամբդ գաս։
43Յիսուս ըսաւ անոր.
– Վստահ եղիր, այսօր ինծի հետ պիտի ըլլաս դրախտին մէջ։

Յիսուսի մահը
(Մտ 27.45-56Մր 15.33-41Յհ 19.28-30)

44Գրեթէ կէսօր էր, երբ արեւը խաւարեցաւ եւ ամբողջ երկիրը խաւարի մէջ մնաց մինչեւ ժամը երեք։ 45Տաճարին վարագոյրը մէջտեղէն պատռուեցաւ։ 46Այն ատեն Յիսուս բարձրաձայն ըսաւ.
– Հա՛յր, ձեռքերուդ մէջ կ՚աւանդեմ հոգիս։
Այս խօսքը ըսաւ եւ հոգին աւանդեց։
47Հարիւրապետը պատահածը տեսնելով՝ զԱստուած փառաւորեց, ըսելով.
– Իրապէս որ այս մարդը արդար էր։
48Եւ բոլորն ալ, որոնք եկած էին դիտելու, երբ տեսան պատահածները, իրենց կուրծքը ծեծելով տուն դարձան։ Այնտեղ, հեռուն կեցած էին 49Յիսուսի բոլոր ծանօթները, ինչպէս նաեւ այն կիները, որոնք Գալիլեայէն իրեն հետեւած էին, եւ կը դիտէին եղածները։

Յիսուսի թաղումը
(Մտ 27.57-61Մր 15.42-47Յհ 19.38-42)

50-51Հրէաստանի Արիմաթեա քաղաքէն Յովսէփ անուն մարդ մը կար, որ բարեգործ եւ արդար էր եւ որ կը սպասէր Աստուծոյթագաւորութեան։ Հակառակ անոր որ Հրեաներուն Ատեանին անդամ էր, սակայն անոնց որոշումին եւ կատարածին համաձայն չէր եղած։ 52Ասիկա գնաց Պիղատոսի մօտ եւ խնդրեց որ Յիսուսի մարմինը իրեն տրուի։ 53Ապա խաչէն իջեցուցզայն, պատանքով փաթթեց եւ դրաւ զայն ժայռափոր գերեզմանի մը մէջ, ուր նախապէս ոեւէ մէկը չէր թաղուած։ 54Օրը Ուրբաթ էր եւ Շաբաթ օրը պիտի սկսէր։
55Կիները, որոնք Գալիլեայէն Յիսուսի հետեւած էին,
Յովսէփի հետ գացին, տեսան գերեզմանը եւ թէ ի՛նչպէս անոր մարմինը հոն դրուեցաւ։ 56Ապա տուն վերադարձան եւ խունկեր ու իւղեր պատրաստեցին։ Եւ Շաբաթ օրը հանգիստ ըրին, ինչպէս որ Օրէնքը կը պատուիրէ։