Luke 5

Հրաշալի ձկնորսութիւն եւ առաջին աշակերտներ
(Մտ 4.18-22Մր 1.16-20Յհ 1.35-42)

1Յիսուս Գեննեսարէթի լիճին եզերքը կեցած էր, երբժողովուրդը սկսաւ իր շուրջ խառնուիլ՝ լսելու համար Աստուծոյ խօսքը։ 2Անիկա երկու նաւակներ տեսաւ լիճին եզերքը. իսկ ձկնորսները նաւակէն դուրս ելած՝ իրենց ուռկանները կը լուային։ 3Յիսուս մտաւ նաւակներէն մէկուն մէջ, որ Սիմոնին կը պատկանէր, եւ խնդրեց որ ցամաքէն քիչ մը հեռացնէր նաւակը։ Եւ նաւակին մէջ նստած՝ սկսաւ ժողովուրդին ուսուցանել։
4Երբ իր խօսքը վերջացուց, Սիմոնին ըսաւ.
– Քիչ մը աւելի խորը տար նաւակը եւ ձուկ որսալու համար ձեր ուռկանները նետեցէք։
5Սիմոն պատասխանեց.
– Վարդապե՛տ, ամբողջ գիշերը յոգնեցանք եւ ոչինչ որսացինք, բայց քու խօսքիդ համար ուռկանները նետենք։
6Ուռկանները նետեցին եւ մեծ քանակութեամբ ձուկ բռնեցին մէջը, այնքան՝ որ իրենց ուռկանները կը պատռտէին։ 7Նշան ըրին իրենց գործի ընկերներուն, որոնք միւս նաւակին մէջ էին, որպէսզի իրենց օգնութեան գան։ Անոնք եկան եւ երկու նաւակները ա՛յնքան լեցուեցան, որ այլեւս պիտի ընկղմէին։ 8Երբ Սիմոն Պետրոս տեսաւ ասիկա, ինկաւ Յիսուսի ծունկերուն առջեւ եւ ըսաւ.
–Հեռացի՛ր ինձմէ, Տէ՜ր, որովհետեւ ես մեղաւոր մարդ մըն եմ։
9Քանի ինք եւ իրեն հետ եղողները շատ վախցած էին, տեսնելով իրենց բռնած մեծ քանակութեամբ ձուկերը։ 10Նոյն վիճակին մատնուած էին Զեբեդէոսի որդիները՝ Յակոբոսն ու Յովհաննէսը, որոնք Սիմոնի գործընկեր էին։
Յիսուս ըսաւ Սիմոնի.
– Մի՛ վախնար, ասկէ ետք մարդիկ պիտի որսաս՝ կեանքի համար։
11Անոնք նաւակները ցամաք հանեցին եւ ամէն ինչ ձգելով՝ հետեւեցան Յիսուսի։

Յիսուս բորոտ մը կը բժշկէ
(Մտ 8.1-4Մր 1.40-45)

12Յիսուս օր մը երբ քաղաք մը հասաւ, ահա բորոտութեամբ ծածկուած մարդ մը տեսաւ զինք եւ երեսին վրայ գետին փռուելով՝ աղաչեց եւ ըսաւ.
– Տէ՛ր, եթէ ուզես՝ կրնաս զիս մաքրել։
13Յիսուս ձեռքը երկարեց, դպաւ անոր ու ըսաւ.
– Կ՚ուզեմ, մաքրուէ՛։
Անմիջապէս բորոտութիւնը գնաց անկէ։ 14Ապա Յիսուս անոր պատուիրեց.
– Ոեւէ մէկուն բան մի՛ ըսեր, այլ գնա եւ դուն քեզ քահանային ցոյց տուր. ապա ժողովուրդին իբրեւ վկայութիւն՝ թէ բորոտութենէդ մաքրուած ես՝ զոհդ մատուցանէ, ինչպէս որ Մովսէս հրամայած է։
15Եւ Յիսուսի համբաւը աւելի կը տարածուէր։ Խուռն բազմութիւններ կը հաւաքուէին, լսելու համար զինք եւ բժշկուելու իրենց հիւանդութիւններէն։ 16Իսկ ինք դէպի ամայի վայրեր խոյս կու տար եւ կ՚աղօթէր։

Յիսուս անդամալոյծ մը կը բժշկէ
(Մտ 9.1-8Մր 2.1-12)

17Օր մը, երբ Յիսուս կ՚ուսուցանէր, Գալիլեայի եւ Հրէաստանի շրջաններէն ու Երուսաղէմէն եկած Փարիսեցիներ եւ Օրէնքի ուսուցիչներ ալ նստած էին հոն։ Յիսուս Տիրոջ զօրութեամբ բժշկութիւններ կը կատարէր։ 18Եւ ահա քանի մը հոգիներ անդամալոյծ մը բերին մահիճի վրայ. կ՚ուզէին ներս մտցնել զայն եւ Յիսուսի առջեւ բերել։ 19Երբ խճողումին պատճառով ներս մտնելու ճամբայ չգտան, տանիք ելան եւ առաստաղէն կախելով՝ մահիճով միասին իջեցուցին բազմութեան մէջտեղը, Յիսուսի առջեւ։ 20Յիսուս անոնց հաւատքը տեսնելով, անդամալոյծին ըսաւ.
– Ո՛վ մարդ, մեղքերդ ներուած են քեզի։
21Օրէնքի ուսուցիչներն ու Փարիսեցիները սկսանխորհիլ եւ իրարու ըսել.
– Ո՞վ է այս մարդը, որ կը համարձակի այսպիսի հայհոյութիւն ընել. Աստուծմէ զատ ո՞վ կրնայ մեղքերը ներել։
22Յիսուս անոնց մտածումը գիտնալով, ըսաւ.
– Ի՞նչ է այդ ձեր մտածածը. 23ո՞ր մէկը աւելի դիւրին է, «Մեղքերդ քեզի ներուած են» ըսե՞լը, թէ՝ «Ել եւ քալէ՛» ըսելը։ 24Բայց պէտք է գիտնաք, թէ Մարդու Որդին երկրի վրայ մեղքերը ներելու իշխանութիւն ունի։
Ապա անդամալոյծին դառնալով՝ ըսաւ.
– Քեզի կ՚ըսեմ, ե՛լ, ա՛ռ մահիճդ եւ տո՛ւնդգնա։
25Անմիջապէս բոլորին դիմաց անդամալոյծը ոտքի ելաւ, առաւ մահիճը, որուն վրայ պառկած էր եւ տուն գնաց՝ զԱստուած փառաւորելով։ 26Բոլորն ալ ապշեցան եւ վախով լեցուեցան, եւ զԱստուած կը փառաւորէին՝ ըսելով.
– Այսօր հրաշալի բաներ տեսանք։

Յիսուս կը կանչէ Ղեւին
(Մտ 9.9-13Մր 2.13-17)

27Այս հրաշքէն ետք, երբ Յիսուս ելաւ հոնկէ, տեսաւ Ղեւի անունով մաքսաւոր մը, որ մաքս գանձելու նստած էր, եւ ըսաւ անոր.
– Ինծի՛ հետեւէ։
28Ղեւի ձգեց ամէն ինչ եւ ելաւ ու անոր հետեւեցաւ։
29Ապա Ղեւի Յիսուսի համար մեծ ճաշկերոյթ մը սարքեց իր տան մէջ։ Հրաւիրեալներուն մէջ շատ մը մաքսաւորներ ալ կային, որոնքմիասին նստած էին։ 30Փարիսեցիներն ու Օրէնքի ուսուցիչները սկսան Յիսուսի մասին տրտնջալ իր աշակերտներուն, ըսելով.
– Ինչո՞ւ մաքսաւորներուն եւ մեղաւորներուն հետ կ՚ուտէք ու կը խմէք։
31Յիսուս անոնց պատասխանեց.
– Առողջները չեն որ բժիշկի պէտք ունին, այլ՝ հիւանդները։ 32Չեկա՛յ արդարները ապաշխարութեան հրաւիրելու, այլ՝ մեղաւորները։

Ծոմապահութեան հարցը
(Մտ 9.14-17Մր 2.18-22)

33Անոնցմէ ոմանք հարցուցին Յիսուսի.
– Ինչո՞ւ Յովհաննէսի աշակերները յաճախ ծոմ կը պահեն եւ կ՚աղօթեն. նոյնը կ՚ընեն Փարիսեցիներու աշակերտներն ալ, մինչ քուկիններդ կ՚ուտեն ու կը խմեն։
34Յիսուս պատասխանեց անոնց.
– Կրնա՞ք հարսանիքի հրաւիրեալներուն ըսել՝ որ ծոմ պահեն, երբ տակաւին փեսան իրենց հետ է։ 35Օր պիտի գայ, երբ փեսան պիտի վերցուի իրենցմէ եւ այն ատեն անոնք ալ ծոմ պիտի պահեն։
36Ապա օրինակ մըն ալ տուաւ անոնց.
– Ոչ ոք նոր հագուստէ մը կտոր մը առնելով՝ հինին համար կարկտան կ՚ընէ. այդպիսով թէ՛ նոր հագուստը կը փճանայ եւ թէ՛ կարկտանը հինին չի յարմարիր։ 37Նոյնպէս, ոչ ոք նոր գինին հին տիկերու մէջ կը լեցնէ. այլապէս՝ նոր գինին կը պայթեցնէ հին տիկերը եւ պատճառ կ՚ըլլայ որ թէ՛ գինին թափի եւ թէ՛ տիկերը փճանան։ 38Ընդհակառակը, նոր գինին նոր տիկերու մէջ դրուելու է, որպէսզի երկուքն ալ չփճանան։ 39Ոչ ոք հին գինին խմելէ ետք անմիջապէս նորը կ՚ուզէ, քանի կ՚ըսէ. «Հին գինին աւելի քաղցրահամ է»։