Luke 6

Շաբաթ օրը յարգելու հարցը
(Մտ 12.1-8Մր 2.23-28)

1Յիսուս առաջին ամսուան երկրորդ Շաբաթ օրը ցորենի արտերուն մէջէն կ՚անցնէր։ Իր աշակերտները հասկեր փրցնելով իրենց ափերուն մէջ կըշփէին եւ հատիկները կ՚ուտէին։ 2Փարիսեցիներէն ոմանքանոնց ըսին.
– Այդ ի՞նչ կ՚ընէք. չէ՞ որ Օրէնքը կ՚արգիլէ ատիկա Շաբաթ օրով ընել։
3Յիսուս անոնց պատասխանեց.
– Չէ՞ք կարդացած թէ ի՛նչ ըրաւ Դաւիթ, երբ ինք եւ իր հետ եղողները անօթեցան։ 4Աստուծոյ տունը չմտա՞ւ, չկերա՞ւ առաջաւորութեան հացը եւ չտուա՞ւ նաեւ իր հետ եղողներուն, երբ Օրէնքին համաձայն՝ քահանաներէն զատ ո՛չ ոք կրնար այդ հացէն ուտել։
5Ապա աւելցուց.
– Մարդու Որդին Շաբաթ օրուան Տէրն է։

Գօսացած ձեռքով մարդուն բժշկութիւնը
(Մտ 12.9-14Մր 3.1-6)

6Ուրիշ Շաբաթ օր մը, Յիսուս ժողովարան մտաւ եւ սկսաւ ուսուցանել։ Հոն մարդ մը կար, որուն աջ ձեռքը գօսացած էր։ 7Օրէնքի ուսուցիչներն ու Փարիսեցիները կը սպասէին, տեսնելու համար թէ Յիսուս Շաբաթ օրով պիտի բժշկէ՞ մարդը, որպէսզի ամբաստանեն զայն։ 8Յիսուս գիտցաւ անոնց մտածումը եւ դառնալով մարդուն, որուն ձեռքը գօսացած էր, ըսաւ.
– Ոտքի՛ ել եւ մէջտեղ կեցիր։
Անիկա ոտքի ելաւ եւ մէջտեղ կեցաւ։ 9Յետոյ Յիսուս անոնց ըսաւ.
– Ձեզի բան մը պիտի հարցնեմ։ Մեր Օրէնքը Շաբաթ օրով ի՞նչ ընել կը թոյլատրէ. բարի՞ք գործել, թէ չարիք. կեանք մը փրկե՞լ թէ կորսնցնել։
10Ապա նայուածք մը նետեց շուրջիններուն վրայ եւ վրդոված՝ ըսաւ մարդուն.
– Ձե՛ռքդ երկարէ։
Անիկա ձեռքը երկարեց եւ ահա գօսացած ձեռքը միւս ձեռքին նման առողջացաւ։ 11Օրէնքի ուսուցիչներն ու Փարիսեցիները կատաղութեամբ լեցուեցան եւ իրարու հետ կը խորհրդակցէին թէ ի՛նչ ընեն Յիսուսի։

Յիսուս տասներկու առաքեալները կ՚ընտրէ
(Մտ 10.1-4Մր 3.13-19Գրծ 1.13)

12Յիսուս օր մը լեռ բարձրացաւ աղօթելու համար եւ ամբողջ գիշերը Աստուծոյ աղօթելով անցուց։ 13Առաւօտուն իր մօտ կանչեց իր աշակերտները եւ անոնցմէ տասներկու հոգի ընտրեց, որոնք նաեւ առաքեալ կոչեց։ 14Այդ առաքեալներն էին՝ Սիմոնը, որ Պետրոս ալ անուանեց, անոր եղբայրը՝ Անդրէասը, Յակոբոսը, Յովհաննէսը, Փիլիպպոսը, Բարթողոմէոսը, 15Մատթէոսը, Թովմասը, Ալփէոսի որդին՝Յակոբոսը, Նախանձայոյզ կոչուած Սիմոնը, 16Յակոբի որդին՝ Յուդան եւ Իսկարիոտացի Յուդան, որ մատնիչը եղաւ։

Յիսուս կ՚ուսուցանէ եւ կը բժշկէ
(Մտ 4.23-25Մր 3.7-11)

17Ապա անոնց հետ տափարակ տեղ մը իջաւ։ Հոն էին բոլոր աշակերտները, ինչպէս նաեւ ժողովուրդի մեծ բազմութիւն մը հաւաքուած էր Հրէաստանի բոլոր կողմերէն, Երուսաղէմէն եւ շրջակայքէն եւ Տիւրոսի ու Սիդոնի ծովեզերեայ շրջաններէն։ 18Բոլորն ալ եկած էին Յիսուսի խօսքերը մտիկ ընելու եւ իրենց հիւանդութիւններէն բուժուելու։ Անոնք որոնք չար ոգիներէ կը տառապէին՝ կը բժշկուէին։ 19Ամբողջ ժողովուրդը կ՚ուզէր իրեն դպչիլ, որովհետեւ իրմէ զօրութիւն դուրս կ՚ելլէր եւ կը բժշկէր բոլորն ալ։

Երանութիւններ եւ վայեր
(Մտ 5.3-12)

20Յիսուս իր աչքերը աշակետներուն յառելով, ըսաւ.
– Երանի՜ աղքատներուդ, որովհետեւ ձերն է Աստուծոյ արքայութիւնը։ 21Երանի՜ ձեզի՝ այժմ քաղցածներուդ, որովհետեւ պիտի յագենաք։ Երանի՜ ձեզի՝ այժմ լացողներուդ, որովհետեւ պիտի խնդաք։ 22Երանի՜ ձեզի, երբ մարդիկ ձեզ ատեն, մերժեն ձեզ ընդունիլ, նախատեն եւ վարկաբեկեն ձեզ՝ Մարդու Որդիին հետեւելնուդ համար։ 23Այդ օր ուրախացէք եւ ցնծացէք, որովհետեւ մեծ վարձատրութիւն պիտի ունենաք երկինքի մէջ։ Անոնց նախահայրերը մարգարէներուն նկատմամբ նոյն վերաբերումը ունեցան։
24Բայց վա՜յ ձեզի՝ հարուստներուդ, որովհետեւ ձեր հանգիստն ու վարձատրութիւնը արդէն իսկ ստացաք։
25Վա՜յ ձեզի որ այժմ յագեցած էք, որովհետեւ պիտի անօթենաք։
Վա՜յ ձեզի որ այժմ կը խնդաք, որովհետեւ պիտի սգաք ու լաք։
26Վա՜յ ձեզի, երբ մարդիկ գովաբանեն ձեզ, որովհետեւ անոնց հայրերը նոյն վերաբերումը ունեցան սուտ մարգարէներուն հանդէպ։

Սէր թշնամիին հանդէպ
(Մտ 5.38-487.12)

– 27Բայց դուք որ ինծի մտիկ կ՚ընէք, ձեզի կ՚ըսեմ.է Սիրեցէ՛ք ձեր թշնամիները, բարիք ըրէք ձեզ ատողներուն. 28օրհնեցէ՛ք ձեզ անիծողները եւ աղօթեցէք անոնց համար՝ որոնք ձեզի նեղութիւն կը պատճառեն։ 29Ով որ երեսիդ ապտակ մը զարնէ՝ միւսն ալ դարձուր անոր. ով որ բաճկոնդ վրայէդ հանէ՝ ձգէ որ անիկա շապիկդ ալ առնէ։ 30Ով որ քեզմէ բան մը խնդրէ՝ տուր, եւ ով որ քեզմէ բան մը առնէ՝ ետ մի՛ պահանջեր։ 31Ինչ որ կ՚ուզէք որ մարդիկ ձեզի ընեն՝ դուք ալ նոյնը ըրէք անոնց։ 32Ի՞նչ արժանիք կ՚ունենաք՝ եթէ սիրէք միայն ձեզ սիրողները. մեղաւորներն ալ կը սիրեն իրենց սիրելիները։ 33Ի՞նչ արժանիք կ՚ունենաք՝ եթէ բարիք գործէք միայն անոնց, որոնք ձեզի բարիք կ՚ընեն. մեղաւորներն ալ նոյնը կ՚ընեն։ 34Դարձեալ, ի՞նչ արժանիք կ՚ունենաք՝ եթէ փոխ տաք միայն անոնց, որոնցմէ կ՚ակնկալէք ձեր տուածը ետ առնել, չէ՞ որ մեղաւորներն ալ մեղաւորներուն փոխ կու տան եւ իրենց տուածը ամբողջութեամբ ետ կ՚առնեն։
35Ընդհակառակը, սիրեցէ՛ք ձեր թշնամիները եւ բարիք ըրէք անոնց. փոխ տուէք անոնց՝ որոնցմէ յոյս չունիք ձեր տուածը ետ առնելու։ Եւ այն ատեն առատ վարձատրութիւն պիտի ունենաք. այն ատեն՝ բարձրեալ Աստուծոյ որդիները պիտի ըլլաք, որովհետեւ անիկա գթասիրտ է չարերուն եւ ապերախտներուն հանդէպ։ 36Գթասիրտ եղէք, ինչպէս որ ձեր երկնաւոր Հայրն ալ գթասիրտ է։

Ուրիշները չդատել
(Մտ 7.1-510.24-2515.14)

– 37Մի՛ դատէք, որպէսզի Աստուած ալ ձեզ չդատէ. մի՛ դատապարտէք, որպէսզի Աստուած ալ ձեզ չդատապարտէ։ Ներեցէ՛ք ուրիշներուն եւ Աստուած ալ ձեզի պիտի ներէ։ 38Տուէք եւ Աստուած ձեզի պիտի տայ. պիտի տայ լաւ չափով, բերնէ բերան, զեղուն առատութեամբ։ Ինչ չափով որ ուրիշները չափէք, նոյն չափով Աստուած ձեզ պիտի չափէ։
39Օրինակ մըն ալ տուաւ անոնց.
– Միթէ կոյրը կրնա՞յ ուրիշ կոյր մը առաջնորդել. չէ՞ որ երկուքն ալ փոսը կ՚իյնան։
40Աշակերտը ուսուցիչէն գերիվեր չէ, բայց կատարեալ պատրաստութիւն ունեցող աշակերտը իր ուսուցիչին նման պիտի ըլլայ։
41Ինչո՞ւ եղբօրդ աչքին մէջ գտնուող շիւղը կը տեսնես, բայց քու աչքիդ գերանը չես նշմարեր։
42Կամ, ի՞նչպէս կրնաս եղբօրդ ըսել. «Եղբայր, ձգէ՛ որ աչքիդ մէջէն շիւղը հանեմ», մինչ դուն քու աչքիդ գերանը չես տեսներ։ Կեղծաւո՛ր, նախ քու աչքիդ մէջէն գերանը հանէ, որպէսզի յստակ տեսնելով՝ կարենաս եղբօրդ աչքէն շիւղը հանել։

Ծառը եւ իր պտուղը
(Մտ 7.16-2012.33-35)

– 43Լաւ ծառը գէշ պտուղ չի տար, ոչ ալ գէշ ծառը՝լաւ պտուղ։ 44Իւրաքանչիւր ծառ իր պտուղէն պիտի ճանչցուի։ Ոեւէ մէկը փուշէն թուզ չի քաղեր եւ ոչ ալ մորենիէն՝ խաղող։ 45Բարի մարդը իր սիրտի բարի գանձէն բարիք կը բղխեցնէ, իսկ չար մարդը՝ չարիք, քանի բերանը սիրտին մէջ եղածն է որ կը խօսի։

Ժայռի վրայ շինել տունը
(Մտ 7.24-27)

– 46Ինչո՞ւ զիս «Տէ՛ր, Տէ՛ր» կը կոչէք, եւ սակայն իմ ըսածներս չէք կատարեր։ 47Ով որ ինծի կու գայ եւ խօսքերս լսելով կը գործադրէ զանոնք, ըսեմ ձեզի թէ որո՛ւ կը նմանի։ 48Կը նմանի այն մարդուն, որ տուն շինելու համար հողը խորունկ կը փորէ եւ հիմը ժայռի վրայ կը հաստատէ։ Երբ գետը հեղեղներէն յորդելով կը զարնէ տան, չի կրնար զայն խախտել, որովհետեւ տան հիմը ժայռի վրայ հաստատուած է։ 49Իսկ ով որ կը լսէ խօսքերս եւ սակայն չի գործադրեր, կը նմանի այն մարդուն, որ հողի վրայ առանց հիմի տուն կը շինէ, որուն երբ գետը զարնուի՝ անմիջապէս կը քանդուի։ Եւ ի՜նչ ահաւոր կ՚ըլլայ այդ տան կործանումը։