Luke 7

Հարիւրապետին ծառային բժշկութիւնը
(Մտ 8.5-13Յհ 4.46-54)

1Յիսուս ժողովուրդին իր բոլոր ըսելիքները վերջացնելէ ետք Կափառնաում գնաց։ 2Հոն Հռոմայեցի հարիւրապետ մը կար, որուն ծառան, որ շատ սիրելի էր իրեն, մահամերձ հիւանդ էր։ 3Հարիւրապետը երբ լսեց Յիսուսի մասին, քանի մը Հրեայ երէցներ ղրկեց անոր, խնդրելով որ գայ եւ փրկէ ծառան։ 4Երէցները եկան Յիսուսի մօտ եւ թախանձագին խնդրելով, ըսին.
– Արժանաւոր մէկուն է որ բարիք պիտի ընես. 5անիկա մեր ազգը կը սիրէ եւ ինքն էր որ մեզի համար ժողովարան շինեց։
6Յիսուս անոնց հետ գնաց։ Երբ մօտեցած էր տան, հարիւրապետը իր բարեկամները ղրկեց, որպէսզի անոր ըսեն.
– Տէ՛ր, մի՛ յոգնիր. ես արժանի չեմ քեզ իմ յարկիս տակ ընդունելու. 7ահա թէ ինչո՛ւ ինքզինքս արժանի չգտայ քեզի գալու։ Միայն հրահանգ մը տուր եւ ծառան պիտի առողջանայ։ 8Որովհետեւ ես ալ, որպէս իշխանութեան ենթակայ մարդ մը՝ ձեռքիս տակ զինուորներ ունիմ. մէկուն կ՚ըսեմ՝ «Գնա՛» եւ կ՚երթայ, ուրիշի մը կ՚ըսեմ՝ «Եկո՛ւր» եւ կու գայ. ծառայիս կ՚ըսեմ՝ «Ատիկա ըրէ» եւ կը կատարէ։
9Յիսուս երբ լսեց ասիկա, հիացաւ անոր վրայ, եւ դառնալով իրեն հետեւող բազմութեան, ըսաւ.
– Իրապէ՛ս կ՚ըսեմ ձեզի, թէ նոյնիսկ Իսրայէլի մէջ այսչափ հաւատք չգտայ։
10Պատգամաւորները տուն վերադարձան եւ հիւանդ ծառան բժշկուած գտան։

Այրի կնոջ որդիին յարութիւնը

11Յաջորդ օր Յիսուս ճամբայ ելաւ՝ Նային կոչուած քաղաքը երթալու համար։ Իրեն կ՚ընկերանային իր աշակերտները եւ բազմաթիւ ժողովուրդ։ 12Հազիւ քաղաքին դարպասին մօտեցած էր, ահա անկէ դուրս կը հանէին մեռել մը, որ այրի մօր մը մէկ հատիկ զաւակն էր։ Քաղաքի ժողովուրդէն շատեր անոր կը հետեւէին։ 13Տէրը երբ կինը տեսաւ, գթաց անոր եւ ըսաւ.
– Մի՛ լար։
14Ապա մօտեցաւ եւ դպաւ դագաղին։ Դագաղը շալկողները կանգ առին։ Յիսուս ըսաւ.
– Պատանի՛, քեզի կ՚ըսեմ՝ ե՛լ։
15Մեռած պատանին ելաւ նստաւ եւ սկսաւ խօսիլ։ Յիսուս զայն յանձնեց մօրը։
16Բոլորն ալ վախցան եւ փառաւորեցին զԱստուած՝ ըսելով.
– Մեծ մարգարէ մը յայտնուեր է մեր մէջ, Աստուած իր ժողովուրդը փրկելու եկեր է։
17Եւ Յիսուսի մասին այս լուրերը տարածուեցան Հրէաստանի եւ անոր շրջակայքին մէջ։

Յովհաննէս Մկրտիչի պատգամաւորները
(Մտ 11.2-6)

18Երբ Յովհաննէսի աշակերտները այս բոլորին մասին պատմեցին իրեն, 19Յովհաննէս իր աշակերտներէն երկուքը քովը կանչելով՝ զանոնք Յիսուսի ղրկեց, հարցնելու համար.
– Դո՞ւն ես ան՝ որ պիտի գար, թէ ուրիշի մը սպասենք։
20Աշակերտները եկան եւ Յիսուսի ըսին.
– Յովհաննէս Մկրտիչը մեզ քովդ ղրկեց՝ հարցնելու համար, թէ «Դո՞ւն ես ան՝ որ պիտի գար, թէ ուրիշի մը սպասենք»։
21Նոյն այդ ժամուն Յիսուս շատեր իրենց հիւանդութիւններէն, ցաւերէն եւ չար ոգիներէն բժշկեց, ինչպէս նաեւ շատ մը կոյրերու տեսողութիւն պարգեւեց։ 22Ապա Յովհաննէսի ղրկած երկու աշակերտներուն ըսաւ.
– Գացէք եւ Յովհաննէսի պատմեցէք ինչ որ տեսաքու լսեցիք. ահա կոյրերը կը տեսնեն, կաղերը կը քալեն, բորոտները կը մաքրուին, խուլերը կը լսեն, մեռելները յարութիւն կ՚առնեն եւ Աւետարանը աղքատներուն կը քարոզուի։ 23Երանի՜ անոր որ իմ պատճառովս իր հաւատքը չի կորսնցներ։

Յիսուսի կարծիքը Յովհաննէսի մասին
(Մտ 11.7-19)

24Երբ Յովհաննէսի պատգամաւորները մեկնեցան, Յիսուս Յովհաննէսի մասին սկսաւ խօսիլ ժողովուրդին, ըսելով.
– Ի՞նչ տեսնելու գացիք անապատ. հովէն շարժող եղէ՞գ մը։ 25Հապա ի՞նչ տեսնելու գացիք. փափուկ հագուստներ հագած մա՞րդ մը։ Բայց անոնք որ փառաւոր հագուստ կը հագնին եւ ճոխութեան մէջ կ՚ապրին, անոնք արքունի պալատներուն մէջ են։ 26Հապա ի՞նչ տեսնելու գացիք. մարգարէ՞ մը։ Այո՛, վստա՛հ եղէք, նոյնիսկ աւելի քան մարգարէ մը։ 27Որովհետեւ Յովհաննէսի մասին է որ մարգարէութեան մէջ Տէրը կ՚ըսէ.–
«Ահա պատգամաւորս քու առջեւէդ պիտի ղրկեմ, որ քեզի համար ճամբայ պատրաստէ»։
28Վստահ եղէք, մարդոց մէջ Յովհաննէսէն մեծ մարգարէ չէ ծնած, սակայն Աստուծոյ արքայութեան մէջ յետին եղողը Յովհաննէսէն աւելի մեծ է։
29Ամբողջ ժողովուրդը, ինչպէս նաեւ մաքսաւորները, որոնք մկրտուած էին Յովհաննէսէն, երբ այս խօսքերը լսեցին՝ ճանչցան Աստուծոյ արդար ծրագիրը։ 30Իսկ Փարիսեցիներն ու Օրէնքի ուսուցիչները, որոնք Յովհաննէսէն չէին մկրտուած, մերժեցին ինչ որ Աստուած ծրագրած էր իրենց համար։
31Ապա Յիսուս շարունակեց.
– Որո՞ւ նմանցնեմ այս սերունդի մարդիկը. որո՞ւ կը նմանին։ 32Կը նմանին այն փոքրիկներուն, որոնք հրապարակի վրայ կը նստին եւ իրարու ձայն կու տան, ըսելով. «Մենք նուագեցինք՝ բայց դուք չպարեցիք. ողբի երգեր երգեցինք՝ բայց դուք չլացիք»։ 33Յովհաննէս Մ կրտիչը եկաւ, ո՛չ հաց կ՚ուտէր, ոչ գինի կը խմէր, կ՚ըսէք. «Դիւահար է»։ 34Մարդու Որդին եկաւ, կ՚ուտէ ու կը խմէ, եւ կ՚ըսէք. «Ուտող ու խմող է այս մարդը, մաքսաւորներուն եւ մեղաւորներուն՝ բարեկամ»։ 35Բայց արդարութեան հետեւորդները կրնան հասկնալ Աստուծոյ իմաստութիւնը։

Յիսուս Փարիսեցի Սիմոնին տան մէջ

36Փարիսեցիներէն մէկը Յիսուսէն կը խնդրէր որ միասին ճաշեն։ Յիսուս գնաց անոր տունը եւ նստաւ ուտելու։ 37Քաղաքին մէջ պոռնիկ կին մը կար, որ երբ լսեց թէ Յիսուս Փարիսեցիին տունն է, անուշահոտ ազնիւ իւղի շիշ մը առնելով՝ Փարիսեցիին տունը եկաւ. 38ետեւի կողմէն Յիսուսի ոտքերուն մօտ կեցած՝ կու լար, արցունքներով անոր ոտքերը կը թրջէր եւ մազերով կը սրբէր, կը համբուրէր ոտքերը եւ իւղով կ՚օծէր զանոնք։ 39Փարիսեցին, որ հրաւիրած էր Յիսուսը, ասիկա տեսնելով՝ ինքնիրեն կ՚ըսէր.
– Եթէ այս մարդը մարգարէ ըլլար, պէտք է գիտնար թէ ո՛վ է իրեն մօտեցող այս կինը, եւ թէ ի՛նչպիսի մեղաւոր կեանք մը կ՚ապրի ան։
40Յիսուս Փարիսեցիին ըսաւ.
– Սիմո՛ն, քեզի ըսելիք մը ունիմ։
– Ըսէ՛, Վարդապետ, է ըսաւ ան։
41Յիսուս ըսաւ.
– Երկու հոգիներ փոխատուի մը դրամ պարտական էին. մէկը հինգ հարիւր արծաթ դրամ, միւսը՝ յիսուն։ 42Երբ անոնք չկրցան դրամը վերադարձնել, պարտատէրը երկուքին ալ պարտքը ջնջեց։ Հիմա դո՛ւն ըսէ, այս երկու պարտապաններէն ո՞ր մէկը աւելի պիտի սիրէ զայն։
43Սիմոն պատասխանեց.
– Ինծի այնպէս կը թուի թէ ան՝ որուն աւելի շատ շնորհեց։
– Ճի՛շդ դատեցիր, է ըսաւ Յիսուս։
44Ապա դառնալով դէպի կինը, շարունակեց.
–Սիմո՛ն, կը տեսնե՞ս այս կինը։ Տունդ մտայ, բայց ոտքերս լուալու համար ջուր չտուիր, մինչ ասիկա իր արցունքներով ոտքերս թրջեց եւ մազերովը սրբեց։ 45Դուն բարի գալուստի համբոյր մը չտուիր ինծի, մինչ ասիկա տունդ մտնելէս ի վեր չդադրեցաւ ոտքերս համբուրելէ։ 46Դուն գլուխս իւղով չօծեցիր, մինչ ասիկա ոտքերս օծեց անուշահոտ իւղով։ 47Ուստի կ՚ըսեմ քեզի, քանի զիս շատ սիրեց՝ ներուած են անոր բազմաթիւ մեղքերը։ Որովհետեւ անոր որ աւելի կը ներուի՝ անիկա աւելի սէր ցոյց կու տայ, իսկ անոր որ քիչ կը ներուի՝ աւելի քիչ կը սիրէ։
48Ապա կնոջ դառնալով՝ ըսաւ.
– Մեղքերդ ներուած են։
49Անոնք որոնք միասին նստած էին, սկսան իրենք իրենց ըսել.
– Ո՞վ է այս մարդը, որ նոյնիսկ մեղքերը կը ներէ։
50Իսկ Յիսուս կնոջ ըսաւ.
– Հաւատքդ քեզ փրկեց. խաղաղութեամբ գնա։