Luke 8

Յիսուսի ընկերացող կիներ

1Անկէ ետք Յիսուս տասներկու աշակերտներուն հետ քաղաքներն ու գիւղերը կը շրջէր՝ քարոզելով եւ Աստուծոյ արքայութիւնը աւետելով։ 2Իրեն հետ էին նաեւ կարգ մը կիներ, որոնք չար ոգիներէ եւ հիւանդութիւններէ բժշկուած էին, ինչպէս Մարիամը, որ Մագդաղենացի կը կոչուէր եւ որմէ եօթը չար ոգիներ հանած էր, 3Հերովդէսի պալատին վերակացու Քուզայի կինը՝ Յովհաննան, Շուշանը, ինչպէս նաեւ շատ մը ուրիշներ, որոնք իրենց միջոցներով կը հոգային Յիսուսի պէտքերը։

Սերմնացանին առակը
(Մտ 13.1-9Մր 4.1-9)

4Երբ շատ մը քաղաքներէ մարդիկ սկսան հաւաքուիլ իր շուրջ եւ խուռն բազմութիւն մը կազմուեցաւ, Յիսուս հետեւեալ առակը պատմեց.
– 5Սերմնացան մը սերմ ցանելու ելաւ։ Սերմանած ատեն՝ սերմերէն ոմանք ճամբուն եզերքը ինկան ու ոտքի կոխան եղան, եւ երկինքի թռչունները եկան կերան զանոնք։ 6Ուրիշներ ժայռոտ տեղ ինկան, եւ երբ բուսան՝ անմիջապէս չորցան, քանի հողը խոնաւ չէր։ 7Ոմանք ինկան փուշերու մէջ, եւ փուշերը միասին բուսնելով՝ խեղդեցին զանոնք։ 8Իսկ ուրիշներ ալ ինկան լաւ եւ պարարտ հողի մէջ եւ հարիւրապատիկ պտուղ տուին։
Այս առակը պատմելէ ետք՝ ըսաւ.
– Ականջ ունեցողը թող լսէ։

Յիսուս կը մեկնէ սերմնացանին առակը
(Մտ 13.10-23Մր 4.10-20)

9Աշակերտները հարցուցին Յիսուսի, թէ ի՛նչ է առակին իմաստը։ 10Յիսուս պատասխանեց.
– Դուք պէտք է գիտնաք Աստուծոյ արքայութեան գաղտնիքները, բայց ուրիշներուն առակներով կը յայտնուի, այնպէս որ «նային՝ բայց չտեսնեն, լսեն՝ բայց չհասկնան»։ 11Իսկ առակին իմաստը հետեւեալն է.է Սերմը Աստուծոյ խօսքն է։ 12Ճամբուն եզերքը գտնուող հողը պատկերն է այն մարդոց, որոնք կը լսեն, սակայն Սատանան գալով անոնց սիրտէն կը հանէ Աստուծոյ խօսքը, որպէսզի չհաւատան եւ չփրկուին։ 13Ժայռոտ հողը նմանութիւնն է անոնց, որոնք երբ կը լսեն Աստուծոյ խօսքը՝ ուրախութեամբ կ՚ընդունին. սակայն ասոնք արմատ չունին, այսինքն՝ ժամանակուան մը համար կը հաւատան եւ փորձութեան ժամանակ կը հեռանան։ 14Փուշերով ծածկուած հողը կը նմանի այն մարդոց, որոնք Աստուծոյ խօսքը կը լսեն, սակայն երկրաւոր կեանքի հոգերը, հարստութիւնը եւ հաճոյքները, որոնցմով կ՚ապրին՝ կը խեղդեն իրենց մէջ ինկած սերմերը եւ անպտուղ կը դառնան։ 15Իսկ պարարտ հողը կը նմանի այն մարդոց, որոնք բարի եւ ուրախ սիրտով կը լսեն Աստուծոյ խօսքը ու կ՚ընդունին զայն, եւ յարատեւելով՝ պտուղ կու տան։

Ճրագին օրինակը
(Մտ 5.1510.26Մր 4.21-25Ղկ 6.3811.3)
– 16Ոչ ոք ճրագը կը վառէ եւ կը պահէ կաթսայի տակ եւ կամ կը դնէ մահիճի տակ. ընդհակառակը, զայն աշտանակի վրայ կը դնէ, որպէսզի ներս մտնողները լոյսը տեսնեն։
17Չկայ ծածուկ բան որ չյայտնուի եւ կամ գաղտնի բան՝ որ չգիտցուի եւ երեւան չգայ։ 18Ուրեմն ուշադիր եղէք թէ ի՛նչպէս կ՚ընդունիք այս խօսքերը, որովհետեւ ունեցողին պիտի տրուի, իսկ չունեցողէն պիտի առնուի նոյնիսկ այն՝ ինչ որ կը կարծէ թէ ունի։

Յիսուսի մայրն ու եղբայրները
(Մտ 12.46-50Մր 3.31-35)

19Յիսուսիմայրնուեղբայրները իրեն եկան, բայց խուռնբազմութեանպատճառով չկրցան իրեն մօտենալ։
20Լուր տուին իրեն, ըսելով.
– Մայրդ եւ եղբայրներդ դուրսն են եւ կ՚ուզեն քեզ տեսնել։
21Յիսուս ըսաւ.
– Մայրս ու եղբայրներս ասոնք են, որոնք Աստուծոյ խօսքը կը լսեն եւ կը գործադրեն։

Յիսուս կը խաղաղեցնէ փոթորիկը
(Մտ 8.18,23-27Մր 4.35-41)

22Օր մը Յիսուս նաւակ ելաւ իր աշակերտներուն հետ եւ անոնց ըսաւ.
– Եկէք լիճին միւս կողմը անցնինք։
Ու ճամբայ ելան։ 23Մինչ աշակերտները կը նաւարկէին, Յիսուս քնացաւ։ Յանկարծ զօրաւոր փոթորիկ մը փչեց լիճին վրայ. ալիքները նաւակին մէջ կը թափէին. բոլորն ալ վտանգի մէջ էին։ 24Աշակերտները մօտեցան Յիսուսի եւ արթնցուցին զինք, ըսելով.
– Վարդապե՛տ, Վարդապե՛տ, ահա կը կորսուինք։
Յիսուս ոտքի ելաւ, սաստեց հովը եւ ալեկոծեալ ջուրերը, որոնք հանդարտեցան եւ խաղաղութիւն տիրեց։ 25Ապա աշակերտներուն ըսաւ.
– Ո՞ւր է ձեր հաւատքը։
Անոնք սարսափած՝ հիացումով իրարու ըսին.
– Ո՞վ է արդեօք այս մարդը, որովհետեւ կը հրահանգէ հովերուն եւ ալիքներուն, եւ կը հնազանդին իրեն։

Գերգեսացի դիւահարին բժշկութիւնը
(Մտ 8.28-34Մր 5.1-20)

26Ապանաւարկեցինեւ հասան Գերգեսացիներու երկիրը, լիճին միւս կողմը, Գալիլեայի դիմացը։ 27Յիսուս հազիւ ցամաք ելած էր, ահա իրեն հանդիպեցաւ քաղաքէն մէկը, որ չար ոգիներ ունէր ներսիդին։ Այս մարդը երկար ատենէ ի վեր հագուստ չէր հագներ եւ տան մէջ չէր բնակեր, այլ՝ ժայռափոր գերեզմաններու մէջ։ 28Ասիկա երբ տեսաւ Յիսուսը, աղաղակելով ինկաւ անոր ոտքերուն առջեւ եւ բարձրաձայն ըսաւ.
– Ինձմէ ի՞նչ կ՚ուզես, Յիսո՛ւս, բարձրեալ Աստուծոյ Որդին, կ՚աղաչեմ քեզի, մի՛ տանջեր զիս։
29Որովհետեւ Յիսուս չար ոգիին հրամայած էր որ դուրս ելլէ այդ մարդուն մէջէն։ Երկար ժամանակէ ի վեր չար ոգին տիրացած էր անոր, եւ այդ պատճառով՝ շղթայով կապած էին անոր ոտքերն ու ձեռքերը։ Սակայն դիւահարը կը փշրէր շղթաները եւ չար ոգին զինք դէպի անբնակվայրեր կը տանէր։
30Յիսուս անոր հարցուց.
– Ի՞նչ է անունդ։
– Լէգէոն,– ըսաւ։ Որովհետեւ շատ մը ոգիներ մտած էին իր մէջ 31եւ կ՚աղաչէին Յիսուսի, որ իրենց չհրամայէ՝ դեւերուն սահմանուած անդունդը երթալ։
32Հոն խոզերու մեծ երամակ մը կար, որ լերան վրայ կ՚արածէր։ Չար ոգիները աղաչեցին Յիսուսի, որ իրենց հրամայէ խոզերուն մէջ մտնել։ Եւ Յիսուս արտօնեց։ 33Չար ոգիները մարդուն մէջէն ելլելով՝ մտան խոզերուն մէջ, եւ խոզերու երամակը գահավէժ խուժեց դէպի լիճ եւ խեղդուեցաւ։
34Խոզարածները երբ պատահածը տեսան, փախան եւ քաղաքին ու ագարակներուն մէջ պատմեցին։ 35Ժողովուրդը գնաց տեսնելու թէ ի՛նչ պատահած էր։ Եկան Յիսուսի մօտ, եւ երբ տեսան որ մարդը, որմէ չար ոգիները դուրս ելած էին, նստած էր Յիսուսի ոտքերուն մօտ՝ հագուստներ հագած եւ զգաստացած, վախցան։ 36Ականատեսները անոնց պատմեցին թէ ի՛նչպէս դիւահարը բժշկուած էր։ 37Գերգեսացիներու շրջանի բոլոր բնակիչները կ՚աղաչէին Յիսուսի, որ հեռանայ իրենց սահմաններէն, քանի սաստիկ վախցած եւ տագնապի մէջ էին։ Ուստի Յիսուս նաւակ մտաւ եւ վերադառնալու վրայ էր, 38երբ մարդը, որմէ չար ոգիներ ելած էին, աղաչեց Յիսուսի, որ իրեն հետ երթայ։ Բայց Յիսուս զինք ետ ղրկեց, ըսելով. է 39Տունդ դարձիր եւ պատմէ ինչ որ Աստուած քեզի ըրաւ։ Ան ալ գնաց եւ ամբողջ քաղաքին մէջ պատմեց ինչ որ Յիսուս ըրած էր իրեն։

Յայրոսի աղջիկը եւ հիւանդ կինը
(Մտ 9.18-26Մր 5.21-43)

40Երբ Յիսուս Գալիլեա վերադարձաւ, ժողովուրդը զինք դիմաւորեց, քանի բոլորն ալ իրեն կը սպասէին։ 41Եւ ահա Յայրոս անունով մէկը, որ ժողովրդապետ էր, ինկաւ Յիսուսի ոտքերուն առջեւ եւ կ՚աղաչէր որ իր տունը գայ, 42որովհետեւ իր մէկ հատիկ աղջիկը, որ տասներկու տարեկան էր, մահամերձ էր։
Եւ մինչ Յիսուս կ՚երթար, ժողովուրդը չորս կողմէն զինք կը նեղէր։ 43Կին մը, որ տասներկու տարիէ ի վեր արիւնահոսութենէ կը տառապէր եւ հակառակ որ իր ամբողջ ունեցածը բժիշկներու ծախսեր էր՝ ո՛չ մէկը կրցած էր զինք բժշկել, 44ետեւէն մօտեցաւ եւ դպաւ Յիսուսի հագուստին քղանցքին։ Նոյն վայրկեանին արիւնահոսութիւնը դադրեցաւ։ 45Յիսուս հարցուց.
– Ո՞վ դպաւ ինծի։
Բոլորն ալ կ՚ուրանային։ Պետրոս եւ իրեն ընկերակցողները ըսին.
– Վարդապե՛տ, ժողովուրդը չորս կողմէն կը հրէ ու կը հրմշտկէ քեզ, եւ դուն ալ կ՚ըսես՝ «Ո՞վ դպաւ ինծի»։
46Յիսուս ըսաւ.
– Մէկը դպաւ ինծի, որովհետեւ զգացի որ ինձմէ զօրութիւն մը դուրս եկաւ։
47Երբ կինը տեսաւ թէ չէր կրնար եղածը Յիսուսէն ծածուկ պահել, դողալով եկաւ ինկաւ անոր ոտքերուն առջեւ եւ բոլորին դիմաց ըսաւ, թէ ինչո՛ւ համար դպած էր անոր եւ թէ ի՛նչպէս վայրկեանին բժշկուած էր։ 48Յիսուս անոր ըսաւ.
– Աղջիկս, քաջալերուէ՛, հաւատքդ քեզ փրկեց. խաղաղութեամբ գնա։
49Մինչ Յիսուս կը խօսէր, ժողովրդապետին տունէն մէկը եկաւ եւ անոր ըսաւ.
– Աղջիկդ մեռաւ, այլեւս մի՛ յոգնեցներ Վարդապետը։
50Յիսուս ասիկա լսելով՝ըսաւ ժողովրդապետին.
– Մի՛ վախնար, միայն հաւատա՛ եւ աղջիկդ պիտի ապրի։
51Երբ Յիսուս ժողովրդապետին տունը հասաւ, չձգեց որ ոեւէ մէկը ներս մտնէ՝ բացի Պետրոսէն, Յակոբոսէն, Յովհաննէսէն եւ աղջկան հօրմէն ու մօրմէն։ 52Ներս գտնուողները բոլորն ալ կու լային ու կ՚ողբային։ Յիսուս ըսաւ անոնց.
– Մի՛ լաք, աղջիկը մեռած չէ, այլ կը քնանայ։
53Անոնք զինք կը ծաղրէին, որովհետեւ գիտէին որ աղջիկը մեռած է։ 54Յիսուս բոլորն ալ դուրս հանեց, ապա բռնեց աղջկան ձեռքէն եւ բարձրաձայն ըսաւ.
– Աղջի՛կս, ոտքի՛ ել։
55Անմիջապէս անոր հոգին վերադարձաւ եւ ոտքի կանգնեցաւ։ Ապա Յիսուս հրամայեց որ ուտելիք տան աղջկան, 56մինչ ծնողները ապշահար եղած էին։ Յիսուս անոնց պատուիրեց որ պատահածին մասին ոեւէ մէկուն բան չըսեն։